Կորո՞ւստ, թե կողոպուտ

[ 2009/12/24 | 09:56 ]

Ոսկան Մխիթարեան

Լիբանանի աշակերտական տարիներէս ի վեր յաճախակի առիթներ եւ բախտաւորութիւնը ունեցեր եմ Մխիթարեան Միաբանութեան եւ անոր վաստակաւոր միաբաններուն հետ կապ եւ բարեկամութիւն հաստատելու, ինչպէս օրինակի համար լուսահոգի եւ ամէնքէն գնահատուած Հայր Աւետիք Վրդ. Թալաթինեանի եւ իր անբաժանելի գործակից ու միաբանակից Հայր Արիստակէս Վրդ. Մանուկեանի հետ։

Այս վարդապետները իրենց կեանքով եւ գործունէութեամբ ոչ միայն անբասիր կղերականի վկայութիւն մը տուած են միջին արեւելքի մեր համայնքներուն, այլ յաջողած են մինչեւ իսկ խոր համակրանք մը ստեղծել նաեւ տարբեր տարիքի, կրօնական համոզումի եւ պատկանելիութեան անձերու մէջ անխտիր։

Պարզ է ուրեմն, ինչպէս արդէն նշած էի նախորդ յօդուածիս մէջ, որ իմ կապերս Մխիթարեան հաստատութեան եւ անհատ միաբաններու հետ երկար տարիներու պատմութիւն մըն է, հարուստ՝ կեանքի զանազան տեսակի փորձառութիւններով։
Գալով Լոս Անճելըսի Մխիթարեան վարժարանի հետ գործակցութեանս՝ ան սկիզբ առած է երբ 2008 Ապրիլ 2-ին ընդառաջելով Հ. Դաւիթ Վրդ. Ղազարեանի առաջարկին, կը ստանձնէի Վարժարանի տնօրէնութեան պատասխանատուութիւնը, որ դիմացս կը պարզէր կրթական, տնտեսական, կազմակերպչական եւ նաեւ վարկի լուրջ դժուարութիւններ։

Սոյն մտահոգիչ կացութիւնը որու մէջ կը գտնուէր Մխիթարեան վարժարանը  արդիւնքն էր ներքին բախումներու,  որոնց գլխաւոր դերակատարներ էին՝ առաջին, Հայր Եղիա Քիլաղպեան, որ անխոհեմօրէն դատ բացած էր դպրոցին դէմ եւ երկրորդ, Հայր Դաւիթ Ղազարեան, որ վստահելով փաստաբան Դերենիկ Քուչաքճեանին  (այս վերջինը ապահոված էր նաեւ իր Ամերիկա կեցութեան փաստաթուղթերը), ասպարէզ կարդացած  էր եւ հակամարտած իր Աբբահօր եւ միաբանութեան դէմ: Այս դաւաճանութիւնը ինքնին բաւական էր որ Հայր Դաւիթ Ղազարեան արտաքսուէր իր Միաբանութենէն:

Վերոյիշեալ դատերու պատճառով ո՛չ միայն վարժարանը ծանրօրէն տուժած էր աշակերտներու թիւի տեսակէտէն, հասած սնանկութեան սեմին, այլ մինչեւ իսկ ընթացքի մէջ մտած էր Հայր Դաւիթ Ղազարեանի միաբանական կարգէն արտաքսումի կանոնական գործընթացը։

Այստեղ մեր առջեւ կը պարզուին կարեւոր հարցեր, որոնք ժամանակին պէտք էր ՝ Հայր Եղիա Քիլաղպեան Աբբահայրը մտահոգած ըլլային,  որովհետեւ  այս հարցերու հանդէպ իր անտարբերութիւնը, բարոյականէն անդին՝ նիւթական մեծ կորուստներու մատնած էին դպրոցը, հաստատութիւն մը որ ի վերջոյ կը պատկանէր միաբանութեան:

Նիւթական կորուստ. Հինգ տարիներու ընթացքին 2003-էն մինչեւ 2008 թուական, Վարժարանը կորսնցուցած է աւելի քան ՄԷԿ ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ:

Ահաւասիկ հաշուապահական փաստացի իրողութիւն մը որուն համար Հայր Եղիա Քիլաղպեան ոչ մէկ հաշիւ պահանջած է մինչեւ այսօր Հայր Դաւիթէն, ո՛չ գրաւոր եւ ոչ ալ բերանացի։ Նման կորուստի պարագային կարելի՞ էր անտարբեր մնալ եթէ անոր ետին թաքուն հաշիւներ չըլլային եւ կամ արդեօք չափազանցա՞ծ պիտի ըլլայինք եթէ յայտարարէինք որ լռելը մեղսակցութիւն կ՚ենթադրէր:

Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ այսքան հսկայական նիւթական կորուստի դիմաց Աբբահայր մը հոգեպէս չալեկոծուէր եւ չփոթորկէր, երբ անդին միաբան եղբայրներ տնտեսական ծանր վիճակի մէջ կը գտնուէին։

Այս կորուստներու եւ մսխումներու շարքին են նաեւ, այն բոլոր յաւելեալ եկամուտները որոնք կարելի պիտի ըլլային ապահովել եթէ արդարօրէն վարձու տրուած ըլլային դպրոցապատկան կալուածները, որոնք կը գտնուէին դպրոցի անմիջական շրջափակէն ներս:

Տարիներու ընթացքին այս բոլորին հանդէպ անհոգ վերաբերումով, փակուեցան աչքերը  Հ. Եղիա Քիլաղպեան Աբբահօր, եւ առիթ տրուեցաւ Հ. Դաւիթ Ղազարեանին շարունակելու իր վնասաբեր գործունէութիւնները:

Այս իրողութեան իրազեկ ըլլալէ ետք, վերջին մէկ ու կէս տարիներու ընթացքին, թախանձագին խնդրած էի աբբահօրմէ որ այսուհետեւ դադրէին անպատասխանատու զանցառութիւնները, եւ թելադրած էի թէ ինչպէս կրնայինք սրբագրած ըլլալ անցեալի սխալները յօգուտ Վարժարանի վերելքին։Դժբախտաբար Հայր Եղիա Աբբահայրը, բառին բուն իմաստով, զիս եւ Հայր Օգոստինոոսը,  խաբելով կ՚օրօրէր, եւ այսօր վաղը ըսելով ո՛չ մէկ գործնական քայլ կ՚առնէր:

Եթէ դուք ըլլայիք մեր տեղը, ի՞նչ պիտի մտածէիք արդեօք:  Կրնա՞յ ըլլալ որ արդարամիտ մէկը, որ իսկապէս մտահոգուած ըլլայ վարժարանին ապագայով, նման անտարբերութիւն ցոյց տայ այսքան հսկայ խախտումներու եւ սայթաքումներու նկատմամբ:

Հետեւաբար, այս բոլորը մեզի ենթադրել կու տան, որ  անցեալի հակամարտ ուժեր, քով քովի եկած, թաքուն ծրագիրներ կ՚որոճան ի հեճուկս հայ մանուկի հայեցի դաստիարակութեան: Ի վերջոյ այդքան վնասներէ ետք, ինչպէ՞ս կարելի էր կրկնակի ձախողած անձ մը ետ բերել եւ Վարժարանը յանձնել ստոյգ անորոշութեան, եթէ Աբբահայրը չունենար այլ յետին նպատակներ, որովհետեւ իր այս անխոհեմ ընթացքը միայն կրնար արագացնել վարժարանին փակումը, բան մը որ տարիներէ ի վեր կ՚երազէր եւ ահաւասիկ, լաւագոյն առիթը կը ներկայանար իրեն:

Բարոյական կորուստ. Մտահոգիչ կացութիւնը որու մէջ կը գտնուէր Մխիթարեան վարժարանը մասամբ արդիւնքն էր նաեւ տնտեսական-դատական ներքին բախումներուն, որ գրեթէ երեք տարի ծանրօրէն հակադրութեան մէջ դրած էին Միաբանութեան ընդհանուր եւ կեդրոնական վարչութիւնը եւ մատակարարութիւնը մէկ կողմէն՝ իսկ միւս կողմէն վարժարանին տեղական իշխանութիւնները՝ մասնաւորապէս յանձին Հ. Դաւիթ Վրդ. Ղազարեանի։

Տխրահռչակ եւ միջ-միաբանական այս պայքարները որ անշուշտ հակառակ էին մեզի ծանօթ Մխիթարեան համերաշխութեան եւ միութեան գաղափարականներուն, բարեբախտաբար կանգ առած էին 2006 թուականին, աւելի՝ երկուստեք ծանր կորուստներու առաջքն առնելու շարժառիթով՝ քան թէ բարոյական արժէքներու ստիպողութենէն մղուած։

Բայց կը կարծէ՞ք որ կիրքերը հանդարտած ըլլային դատական մարտահրաւէրներու կասեցումով. անշուշտ ոչ։
Յուլիս 2008 թուականէն սկսեալ, Մխիթարեան Միաբանութիւնը զրկուած է իր ինքնավարութենէն եւ օրինական ու սահմանադրական կարգերէն։ Հետեւաբար, ներկայիս որոշ վճիռներ Մխիթարեան առաքելութեան եւ կեդրոններուն վերաբերող՝ սկսած են արդէն կասկած արթնցնել շատերու մէջ եւ զանազան երկիրներէ  ներս,  ըլլա՛յ Հայաստան, ըլլա՛յ սփիւռք, թէ՝ Վատիկանի միջամտութեան գլխաւոր նպատակը եւ ուղղութիւնը կը հանդիսանայ ոչ այնքան Միաբանութեան դժուարութիւններու աջակցութիւնը ապահովել,  որքան հսկել անոր «կալուածներու եւ գոյքերու լուծարքի» գործընթացին։

Սնանկութիւնը կը շարունակուի։Այստեղ չեն դադրիր Հ. Եղիա Աբբահօր «հերոսութիւնները». կան նաեւ աւելի լուրջ դէպքեր որոնք պատահեցան վերջին տարիներուն (2000 թուականէն  մինչեւ մեր օրերը), որոնց մասին կարդացինք Հայ եւ օտար մամուլի էջերուն մէջ:

Անձնապէս ալ առիթ ունեցած եմ կապ հաստատելու վերոյիշեալ գողութիւններու վերաբերող հայ ծագում ունեցող Մխիթարեան Միաբանութեան դատը պաշտպանող փաստաբանին հետ։ Դժբախտաբար շատ ցաւալի ու մտահոգիչ տպաւորութիւններ փոխանցուած են ինծի այս մասնագէտ-փաստաբանին կողմէ որ խորապէս հիասթափ մնացած է Մխիթարեան Միաբանութեան ղեկավարներու անփութկոտ կեցուածքէն նկատմամբ իրենց իսկ վերաբերող կենսական դատերուն։

Ամէնուս ծանօթ է Մխիթարեան վարդապետներուն թէ անցեալի եւ թէ ինչու չէ ներկայի մեծամասնութեան անբասիր կղերականի եւ յատկապէս մշակութային արժէքներու հանդէպ ունեցած անվերապահ հոգածութիւնը որ գրեթէ պաշտամունքի ձեւ կ՚առնէ։

Հետեւաբար փոքրամասնութիւն կազմող եւ յատկապէս ղեկավար դիրքի կանչուած կամ ինքզինքնին պարտադրած անձեր իրենց անպատասխանատու գործընթացով կրնան ոչ միայն ծանր գայթակղութեան եւ անվստահութեան առիթ ընծայել դարաւոր պաշտելի Միաբանութեան մը գործունէութեան մասին այլ կրնան մինչեւ իսկ նսեմացնել անոր մեծ տիտաններուն արեւանման փայլքը. «Վա՜յ քեզի քաղաք որ թագաւորդ մանուկ է»։

Հաստատութեան մը մեծութիւնը եւ բարգաւաճումը կը կայանայ անոր արժանիքի վրայ հիմնուած դրութեան վրայ։ Պետութիւն մը, եկեղեցի մը կամ որեւէ տեսակի կառոյց մը եթէ ինզինքը սրբագրելու կարելիութենէն զուրկ ըլլայ ոչ միայն կը դադրի յառաջադիմելէ այլ ապահովաբար եւ անխուսախելիօրէն կը դատապարտուի կործանումի։

Եթէ ղեկավար մը չկանչուի ստանձնելու իր իշխանութեան համեմատ պատասխանատուութիւնը, ան թէ՛ անկման կ՚առաջնորդէ իրեն յանձնուած հաստատութիւնը եւ թէ՛ կ՚ոչնչացնէ միեւնոյն կառոյցին վարկն ու վստահելիութիւնը։

Ուշադրութեամբ քննելով եւ թափանցելով Մխիթարեան Վարժարանին դէպքերը կ՚անդրադառնանք որ չկայ մէկը որ հաշիւ պահանջէ Մխիթարեան ղեկավարութենէն եւ հատուցման հրաւիրէ զիրենք ըստ արժանւոյն։

Հետեւաբար դաշտը բոլորովին անտէր մնացած կը թուի ըլլալ ուր կը վխտան անհամար մակաբոյծ մեղսակիցներ։

Ցաւ ի սիրտ սակայն միւս կողմէն կը տեսնենք թէ ինչպէս շատ աւելի մեծ թիւով արդարամիտ եւ պարկեշտ անձեր, ըլլան անոնք վանականներ կամ անոնց համամիտ աշխարհականներ, զոհ կ՚երթան նկարագրուած անարդարութիւններուն, կեղեքումներուն, բռնութիւններուն եւ ինչպէս առածը կ՚ըսէ, «Թացերն ալ չորերուն հետ կ՛այրին անարդարօրէն»:

Տես նաև՝

Print this page

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝