Ո՞վ պիտի պահանջէ
[ 2010/01/27 | 12:16 ]Ոսկան Մխիթարեան
Ինչպէս յայտնած էի իմ նախորդ յօդուածիս մէջ թէ, եթէ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու ըլլանք Մխիթարեան Միաբանութեան ընդհանուր կեանքէն ներս, կ՚անդրադառնանք որ չկայ մէկը, որ հաշիւ պահանջէ Մխիթարեան ղեկավարութենէն, ուր այսօր խնդրոյ առարկայ են Հայ ժողովուրդի դարաւոր գանձերը, որոնց պաշտպանութեան համար հաշուետու է նոյն ինքն Մխիթարեան Միաբանութեան ղեկավարութիւնը:
Անմիջապէս միտքս կու գայ վաթսունական թուականներուն Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութենէն գողցուած Ձեռագիրներու վաճառքի անմոռանալի դէպքերը, Անգլիական Sotheby աճուրդի հաստատութեան միջոցաւ, ուր անմիջապէս տեսանք, թէ ինչպէ՞ս զօրաշարժի անցան եւ ահազանգ հնչեցուցին մեր Նուիրապետական Աթոռները, Հայկական կազմակերպութիւնները, ինչպէս նաեւ հայկական մամուլը իր հետ ունենալով Հայ արժէքներու հանդէպ բծախնդիր հայորդիները։
Եօթանասունական թուականներէն սկսեալ, տեսանք արդէն թէ ինչպէս հանգուցեալ Հ. Պօղոս Վրդ. Անանեան Աբբահօր օրով տեղի ունեցան կալուածային մեծածաւալ ձեռքբերումներ ինչպէս նաեւ շինարարական ձեռնարկներ, որոնց գլխաւոր նպատակն էր մնայուն եւ հասութաբեր եկամուտներ ապահովել միաբանութեան համար։
Դժբախտաբար սոյն մեծղի գործարքներու մատակարարումը, միաբաններու կողքին չունեցան մասնագէտ աշխարհականներ, որոնք կարենային մօտէն հետեւիլ եւ որոշ ապահովութիւն մը ընձեռել վերոյիշեալ ծրագիրներուն։
Միւս կողմէ, իտալական սնանկացած ու պարտքերու լուծին տակ գտնուող որոշ ընկերակցութիւններու հետ գործառնական բաժնեկցութիւնները, դուր բացին մեծագումար պարտքերու, որոնք Մխիթարեան Միաբանութիւնը ակնյայտ սնանկութեան մը սեմին հասցուցին։
Այս անխոհեմ քայլերը սրբագրելու համար, Միաբանութիւնը պարտաւոր եղաւ ծախելու շատ մը թանկարժէք կալուածներ, ներառեալ Վենետիկի Ս. Մարկոս Հրապարակի վրայ գտնուող խանութները, վճարելու համար իր պարտքերը պարտատէրերուն։
Չմոռնանք այստեղ յիշեցնելու որ Միաբանութեան վիթխարի պարտքերու պատճառով կալուածներու մեծամասնութիւնը կարճ ժամանակամիջոցի մէջ չնչին եւ շուկայական արժէքէն շատ ցած գիներով շտապ վաճառուեցան:
Նմանօրինակ անխոհեմ քայլեր յաջորդաբար պատճառ դարձան նաեւ, որ Միաբանութիւնը վերատեսութեան ենթարկէր իր տնտեսական ընդհանուր վիճակը, եւ ստիպուած ըլլար փակելու իր բազմադարեան ու պատմական տպարանը, որուն հետեւանքով նուազեցան նաեւ գրքերու տպագրութիւնները:
Ահաւասիկ այս հրատարակութիւններու ճամբով էր որ Մխիթարեան Հայրերը, իրենց աշխատասիրութեամբ եւ բանասիրութեամբ, օտարներուն ներկայացուցին եւ ծանօթացուցին Հայ գրականութեան տիտանները, ինչպէս նաեւ Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը, երբ մեր Նուիրապետական Աթոռները կը հիւծէին Օսմանեան եւ Ռուսական գերիշխանութիւններու երկաթեայ բազուկին տակ։
Դժբախտաբար, Մխիթարեան Միաբանութեան այսօրուայ պատկերը ամբողջութեամբ տարբեր է եւ մեր աչքին առջեւ կը պարզէ դառն եւ տխուր իրականութիւններ։
Յաջորդող կարգ մը Աբբահայրերու ձախաւեր գործունէութիւնը, նոյնքան իրենց տխուր անդրադարձը ունեցան Միաբանութեան վարկին եւ ընդհանրապէս միաբանութեան իւրաքանչիւր անձի հոգեբանութեան վրայ։
Ոմանք յուսահատ հեռացան միաբանութենէն, ոմանք աշխատանքի ասպարէզէն, ուրիշներ փոխեցին իրենց ծառայութեան մարզը, ոմանք ստեղծեցին իրենց անձնական աշխատանքի դաշտը եւ գրեթէ գործեցին անկախ։
Բարեբախտաբար խումբ մը պարկեշտ եւ անշահախնդիր միաբաններ մնացին պատնէշի վրայ այն ակնկալութեամբ որ օր մը արշալոյսը կրկին կը ծագի եւ իրենք աւելի պարզ եւ յստակ կը տեսնեն Հայ Մշակոյթի ծառայութեան անդաստանին պահանջները եւ անգամ մը եւս իրենց բազուկները սոթտելով կը նետուին ասպարէզ, առաջին առիթով փրկելու Մխիթարեան Միաբանութեան վարկը, ու ապա վերանորոգ հոգիով կենդանացնել եւ կերտել կը փորձեն, այն ինչ որ վերջին քառասնամեակին կործանած էին անխոհեմ, անջիղ եւ անպատասխանատու ղեկավարները։
Ահաւասիկ այս ակնկալութիւնները շատ կարճ ժամանակի համար եռուն գոյավիճակ մը ստացան երբ Մխիթարեան Միաբանութեան երկփեղկումը վերջ գտաւ Յուլիս 2000 թուականին, Վատիկանի ստիպողական ջանքերով։
Ճիշդ այս ատեն էր երբ Մխիթարեան Միաբանութեան, Վենետիկի եւ Վիեննայի արդիւնաշատ զոյգ ճիւղերը իրագործեցին մեր Հայ պատմութեան հազուագիւտ դրական արարքներէն մին՝ այսինքն է «գործադիր վերամիացումը»։
Միաբանութիւնները անգամ մը եւս որպէս մէկ սիրտ ու հոգի, իրենց միացեալ ուժերով լծուեցան գործի, ամբողջականօրէն նուիրուելու Հայ նոր սերունդի դաստիարակութեան։
Ափսո՜ս որ միութեան ակնկալութիւնները շատ արագ ցնդեցան շոգիի նման։ Ինչո՞ւ. որովհետեւ ընտրուեցաւ ղեկավար մը, յանձինս Հայր Եղիա Քիլաղպեանի, որ ոչ միայն չկրցաւ հին վէրքերուն սպեղանի գտնել, այլեւ իր անխոհեմ, անպատասխանատու, անկազմակերպ եւ անձնակեդրոն աշխատանքներով՝ բորբոքեց հին վէրքերը իր դէմ դարձնելով թէ՛ Վենետիկի եւ թէ՛ Վիեննայի Միաբանութեան անդամները։
Մեր ըսածները փաստելու համար, այստեղ պէտք է վկայակոչել 2004 թուականի դատավարութիւնները ընդդէմ Լոս Անճէլըսի Մխիթարեան վարժարանին, որ մինչեւ վերջերս կը վայելէր, Վիեննայի Մխիթարեան ուխտէն, Հայր Օգոստինոս Սեքուլեանի ղեկավարութիւնը ամբողջական նուիրուածութեամբ։
Տխրահռչակ եւ միջ-միաբանական այս պայքարները որ անշուշտ հակառակ էին մեզի ծանօթ Մխիթարեան համերաշխութեան եւ միութեան գաղափարականներուն, բարեբախտաբար կանգ առած էին 2006 թուականին, աւելին՝ երկուստեք ծանր նիւթական կորուստներու առաջքն առնելու շարժառիթով քան թէ բարոյական արժէքներու ստիպողութենէն մղուած եւ սակայն այս անպատուաբեր դատավարութիւնները միայն ջիղեր մաշեցուցին, վարկեր մրոտեցին եւ անուններ վարկաբեկեցին յանուն ոչինչի։
Այս անպատասխանատու ղեկավարութեան հետեւանքն է նաեւ վերջին տարիներուն տեղի ունեցած գողութիւնները, որոնց համար ստորագրեալս ահազանգ կը հնչեցնէ մամուլով իրենց անհոգ եւ անտարբեր թմբիրէն արթնցնելու մեր ղակավարութիւնը, որպէսզի ոտքի ելլեն եւ հաշիւ պահանջեն Մխիթարեան ղեկավարութենէն, մեր դարաւոր թշնամիէն հազիւ ազատած, մեր թանկագին եւ սրբազան գանձերուն համար։
Այս գողութիւններէն մի քանիին անդրադարձայ իմ նախորդ յօդուածիս մէջ, բայց այն ինչ որ ես հրամցուցի հանրութեան, միայն փոքրիկ չնչին մէկ մասն էր կողոպուտին որ այսօր կը շարունակուի զանազան կերպերով եւ գունաւորումներով ինչպէս անդրադարձած եմ իմ նախորդ յօդուածիս մէջ ( «Ով է գողը» յօդուածը կարելի է ընթեռնուլ hetq.am կայքէջին վրայ, Սփիւռք ենթախորագրի տակ)։
Բոլոր ժամանակներէ աւելի ԱՅՍՕՐ, իւրաքանչիւր Հայ, բարոյական պարտաւորութիւն ունի հաշիւ պահանջելու, ապա թէ ոչ, մեր լռութեամբ մեղսակից կը դառնանք այս աններելի կողոպուտին։
Չենք կրնար անտարբեր մնալ, եթէ ունինք անխորտակելի պաշտամունքը հանդէպ մեր մշակութային գանձերուն։ ժամանակն է որ անմիջապէս ստեղծենք վարչական մարմիններ, կազմուած մասնագէտ անհատներու կողմէ, որոնք անյապաղ պիտի աշխատին պարկեշտ միաբաններու հետ եւ պիտի ցանկագրեն Մխիթարեան Միաբանութեան տրամադրութեան տակ ի պահ դրուած բոլոր մշակութային հարստութիւնները (Գիրքեր, Ձեռագիրներ, Քարտէսներ, Գորգեր, Զգեստներ, Ոսկեղէն, արծաթեղէն դրամներ եւ իրեր, Արուեստի գործեր) ըլլան անոնք Վենետիկի եւ կամ Վիեննայի վանքերէն ներս։
Բացի մեր մշակութային գանձերէն, անհետ կը կորչին նաեւ մեր ազգապատկան կալուածները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը, դարերու ընթացքին նուիրուած են Մխիթարեան Միաբանութեան այն համոզումով որ անոնք պիտի պահուին որպէս աւանդ գալիք Հայ սերունդներուն համար։ Դժբախտաբար, այդ կալուածներէն շատեր ծախուած են այսօր զանազան պատճառներով, ոմանք հասկնալի պատճառաբանութիւններով, որոնց կարգին են անպատասխանատու եւ անհաշիւ մսխումները, իսկ ոմանք ալ զուտ անձնական շահադիտական նպատակներով։
Այսօր Մխիթարեան Միաբանութեան երկու ճիւղերն ալ ունին իրենց հսկայական եկամտաբեր կալուածները, որոնց պատասխանատուութիւնը միշտ ալ յանձնուած է անուանական մատակարարութեան մը։
Անկարելի է երեւակայել որ անձ մը կարենայ տնօրինել այդ բոլորը, երբ այս կալուածները սփռուած են, միջին Արեւելքէն մինչեւ Հայաստան, Եւրոպայէն մինչեւ Հարաւային Ամերիկա։
Կրնա՞ք հաւատալ որ այսքան հարստութիւն կուտակած հաստատութիւն մը այսօր կը կանգնի ստոյգ սնանկութեան եզրին, պարզապէս անոր համար որ կամայականութեան եւ անձնակեդրոն ղեկավարութեան զոհ են այս բոլորը։
Ասոնց վրայ աւելցնենք նաեւ, համայնավարութեան օրերուն Վիեննական Մխիթարեան Միաբանութենէն բռնագրաւուած կալուածներուն ցանկը, որոնք դժբախտաբար կը մնան պատանդ պատկան պետութիւններու մօտ, պարզապէս անոր համար որ չկայ լուրջ ղեկավարութիւն մը որ մտահոգուի այս հարցերով, ի վերջոյ ազգային կալուածներով։
Այսօր եօթը տարիներէ ի վեր կը խնդրեմ Հայր Քիլաղպեանէն որ Պուլկարիոյ Ֆիլիպպէ (Plovdiv) քաղաքի Մխիթարեան Վարժարանի կալուածը ետ առնելու ջանքերը հարկ է աշխուժացնել պատկան մարմիններու մօտ, նախ քան որ ետ պահանջելու ժամանակամիջոցը դադրի ըստ օրէնքի, բայց դժբախտաբար մեր բոլոր խնդրանքներն ալ հանդիպեցան խուլ ականջներու։
Նոյն ճակատագրին արժանացան նաեւ Վենետիկի Միաբանութեան պատկանող, Հունգարիոյ մայրաքաղաք, Պուտաբէշտի կալուածներն ալ, բռնագրաւուած համայնավարութեան օրերուն, որոնք հաւանաբար միլիոնաւոր տոլարներ կ՚արժեն այսօր, եւ սակայն կը մնան տակաւին պետութեան ձեռքը պարզապէս անոր համար որ չկայ լուրջ ղեկավարութիւն մը որ մտահոգուի այս կալուածներով, եւ իր արդար իրաւունքներըը ետ պահանջէ։
Այս կալուածի շուրջ մեր առաջարկած բոլոր թելադրութիւնները, նոյնպէս հանդիպեցան խուլ եւ անտարբեր ականջներու։
Այստեղ կ՝արժէ յիշեցնել նաեւ որ Պուտաբէշտի ժողովրդապետական եկեղեցին, ուր կը կատարուէին կիրակնօրեայ Հայկական Ս. Պատարագները, այսօր բռնագրաւուած կը մնայ տեղւոյն Լատին Արքեպիսկոպոսին կողմէ, պարզապէս անոր համար որ, Հայր Եղիա Քիլաղպեան չկարողացաւ անաչառ միջամտել գաղութային հարցերուն, որոնց անձնապէս մօտէն ծանօթ եմ եւ նոյնիսկ մասնակցած կարգ մը ժողովներու, իր անխոհեմութեամբ ո՛չ միայն բարդացուց եւ կնճռոտեց հարցերը, այլ եւ պատճառ դարձաւ որ Արքեպիսկոպոսը բռնագրաւէ Մխիթարեան Միաբանութեան կալուածը, ինչպէս նաեւ այնտեղ գտնուող հայկական գանձերը։ Այս բոլորին ի տես ոչ մէկ քաջութիւն եւ յանդգնութիւն իր կողմէ բողոք ներկայացնելու Վատիկանին։ Իրողութիւն մը որ մեզի կրկին մտածել կու տայ թէ արդեօ՞ք Հայր Քիլաղպեան դիտաւորեալ կամակատարն է Վատիկանի։
Նոյնպէս տակաւին ժամանակի բախտին ձգուած են նաեւ Ռումանիոյ, Պուքարէշտ քաղաքի, Գալիա Մոշիլոր փողոցին վրայ գտնուող Վիեննական Մխիթարեան կալուածը, բազմայարկանի շէնք մը, որուն ճակատին կարելի է տեսնել մինչեւ այսօր Վասպուրականի Արծիւը, տակաւին բռնագրաւուած կը մնայ Լատին Արքեպիսկոպոսարանին կողմէ եւ ոչ ոք Մխիթարեան Միաբանութեան ղեկավարութենէն ճիգ կը թափէ այս բռնագրաւուած կալուածը ետ առնելու օրինական ամէն ճամբաներով։
Այս անտարբերութիւնը ինքնին լաւագոյն ապացոյցներէն մէկն է թէ ինչպէ՞ս Վատիկանը տակաւ առ տակաւ, զանազան ձեւերով լուծարքի կ՚ենթարկէ Մխիթարեան կալուածները, ի վերջոյ նոյն ընդհանրական լուծարքին ենթարկելու ամբողջ Միաբանութիւնը, ինչպէս որ եղաւ վախճանը Անտոնեան Միաբանութեան։
Բռնագրաւուած կը մնան նաեւ, Վիեննական Մխիթարեան Միաբանութեան Սերպիոյ, Նովի Սատ քաղաքի եկեղեցին ու եկամտաբեր կալուածները, որոնք գրաւուած էին Նախագահ Թիթոյի ժամանակ։
Դժբախտաբար այդ կալուածները այսօր փլած են եւ հսկայ կալուածը վերածուած հանրային պարտէզի մը, ուր կանգուն կը մնայ միայն Հայ զօրավարի մը արձանը որպէս հերոս, որովհետեւ կռուած էր Սերպական պատերազմին։
Այս եկեղեցւոյ թանկարժէք իրերն ու գանձերը, ինչպէս նաեւ տոմարները կը զարդարեն այսօր Նովի Սատի եւ Պէլկրատի քաղաքներու թանգարանները. Ո՞վ պիտի պահանջէ։
Նոյնքան տժգոյն է դարձեալ, Վիեննական Մխիթարեան Միաբանութեան Եգիպտոսի Գահիրէ քաղաքին, Հելիոպոլիս արուարձանին մէջ գտնուող Մխիթարեան վարժարանը, որ կառուցել տուած էր հանգուցեալ Հ. Բարսեղ Ֆէրհաթեան եւ ուր ժամանակին սերունդներ դաստիարակուած էին Եգիպտոսի փառքի օրերուն։
Այդ դպրոցը այսօր կը մնայ Կաթողիկէ Ղպտի Արքեպիսկոպոսարանին ձեռքը, անուանական չնչին վարձքով մը։
Անծանօթ կը մնայ նաեւ ճակատագիրը, Արաքսի Համբարեանին կողմէ կտակով Մխիթարեան Հայրերուն փոխանցուած կալուածները Գահիրէի մէջ։ Ո՞վ պիտի պահանջէ։
Երկար է շարքը ժամանակի բախտին ձգուած մեր դարաւոր գանձերուն, բայց Ո՞Վ ՊԻՏԻ ՊԱՀԱՆՋԷ։













