HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Նամակ Երկրէն. United Nations of... Armenia

Վերջերս դարձեալ գործով Արցախ էի: Գացեր էի հանդիպելու Արեւելեան Ամերիկայի «Արցախ Ֆոնտ»ի ներկայացուցիչներուն, որպէսզի ծրագրենք Հադրութի հարաւը, Իրանի սահմանին եւ հակառակորդի հետ շփման գիծին մօտ գտնուող՝ Առաջամուղ նորակառոյց գիւղի ընդարձակման աշխատանքները: Այս գիւղը աւելի քան տանամեակ մը առաջ կաոռւցուած էր «Թուֆէնքեան Հիմնադրամ»ի ջանքերով, իսկ վերջին երկու տարիներուն գիւղի ընդարձակման աշխատանքներուն միացած էր «Արցախ Ֆոնտ»ը, ֆինանսաւորելով 6 նոր տուներու կառուցումը: Մեր պայմանաւորուածութեան համաձայն, գիւղի ընդարձակման պատասխանատուութիւնը յառաջիկայ Սեպտեմբերէն ամբողջութեամբ պիտի փոխանցուի «Արցախ Ֆոնտ»ի կողմէ, իսկ մինչ այդ՝ անհրաժեշտ է կազմակերպել գործերու հեզասահ փոխանցում եւ համադրել աշխատանքները՝ համապատասխան մարմիններու հետ:

Երկու օր շարունակ պաշտօնական հանդիպումներ եւ աշխատանքային ժողովներ ունենալէ ետք, բաւական յոգնած էինք, բայց փոխանակ հիւրանոց երթալու եւ հանգստանալու, որոշեցինք ընթրիքէն ետք քիչ մը պտտիլ Ստեփանակերտի փողոցներուն մէջ: Արեւը մար մտած էր եւ զով եղանակին, Ստեփանակերտի կեդրոնի հրապարակն ու կողքի փողոցները լեցուած էր ժողովուրդով, մանաւանդ՝ երիտասարդներով: Մինչ մենք կը քալէինք մաքուր ու ծաղկաշատ մայթերուն վրայ, մեր ականջին կը հասնէր երեխաներու եւ երիտասարդներու մերթ ռուսերէն, մերթ անգլերէն լեզուով արտայայտութիւններ: Քիչ մը յետոյ՝ արաբերէն բառեր, ֆրանսերէն խօսքեր... Ընկերներս՝ Ռաֆֆին եւ Սեպուհը, զարմացած էին, «Այս ի՞նչ է, կարծես թէ Նիւ Եորքի մէջ ենք, այսքան օտար ուրկէ՞ ուր Ստեփանակերտ հասած են», հարց կու տային անոնք: Բացատրեցի, որ ռուսախօսները մեծաւ մասամբ ռուսահայեր էին, անոնք զաւակները կամ թոռնիկներն են արցախցիներու, որոնք տարիներ առաջ Ռուսիա տեղափոխուած են, եւ հիմա ամառնային արձակուրդներուն՝ եկած են իրենց հայրական տունը: Անգլերէն եւ ֆրանսերէն խօսողները Հիւսիսային Ամերիկայէն կամ ֆրանսայէն երիտասարդական միութիւններու կամ հայկական դպրոցներու աշակերտներ են եւ ամէն տարի խումբ-խումբ կու գան Արցախ՝ մարզական, ընկերային կամ այլ ծրագիրներով: Արաբերէն բառեր արտասանողներն ալ սուրիահայ եւ լիբանանահայ երիտասարդներն են, անոնցմէ շատերը արդէն կ'ապրին այստեղ, իսկ ոմանք միւսներուն նման այցելուներ են:

Յաջորդ օրը վերադարձանք Երեւան եւ քիչ մը հանգստանալէ ետք, մեր աշխատանքները շարունակելու նպատակով երեկոյեան հանդիպեցանք կեդրոնի սրճարաններէն մէկուն մէջ եւ երկու ժամ անընդհատ աշխատելէ ետք, որոշեցինք դադար առնել եւ քիչ մը քալել, թէ' շարժած ըլլալու եւ թէ հանգստանալու համար: Այս անգամ, Երեւանի կեդրոնի բանուկ եւ գերխճողուած փողոցներուն մէջ արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերնի, ռուսերէնի, անգլերէնի, ֆրանսերէնի եւ արաբերէնի կողքին լսեցինք նաեւ սպաներէն, հոլանտերէն, պարսկերէն, վրացերէն խօսակցութիւններ եւ արտայայտութիւններ: Տարբեր երկիրներէ եկած հայեր էին անոնք, մեծաւ մասամբ երիտասարդներ: Ոմանք եկած էին իրենց ընտանիքներուն հետ, ուրիշներ այստեղ էին համաՀՄԸՄական խաղերուն մասնակցելու, ոմանք իրենց հարազատներուն այցելելու եկած էին: «This is like the United Nations of Armenia. Լաւ է, շատ լաւ է», ըսաւ Շիքակոյէն եկած Ռաֆֆին:

Հայաստանը այս օրերուն իրապէս դարձած է համայն հայութեան ժամադրավայրը, Երեւանի կեանքը կ'եռայ երիտասարդական խանդավառութեամբ: Բոլորս ալ համաձայնեցանք, որ սա պէտք է ըլլայ շատ բնական երեւոյթ, աշխարհով տարածուած բոլոր հայերուն սեւեռումը Հայաստանը պէտք է ըլլայ:

«Սա հաւանաբար ո'չ թէ Հայաստանի Միացեալ Ազգերն է, սա՝ Հայաստանով միաւորուած հայ ազգն է», ըսի ես:  Բոլորս համաձայնեցան: «Լա'ւ, հիմա արդէն շատ միաւորուեցանք, կրնանք յանկարծ աչք դպնալ», կատակով ըսաւ Սեպուհ եւ հակառակ գիշերուան ուշ ժամուն՝ հպարտ ու բարձր տրամադրութեամբ վերադարձանք աշխատանքի:

Գրեցէ՛ք ինծի:

Րաֆֆի Տուտագլեան

[email protected]

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter