Ոչ միայն Յովհաննէս Իշխանեանի եւ գրաքննութեան մասին
Սագօ Արեան
Քիչ առաջ, չորս ու կէսի, Պէյրութեան Հայկական լուրերու խօսնակը հպարտութեամբ կը յայտնէր թէ Հայոց Բանակին մէջ խիստ կարեւոր գատրային փոփոխութիւններ են տեղին ունեցած: Այսպէս, յաճախ Հայկական լուրերու հաղորդավարները հայրենական թարմ լուրեր կը հրամցնեն: Էջը կը փակուի, կը մոռցուի, կ'անցնի: Պէյրութի մէջ քիչ են անոնք որ գիտեն թէ , Հայոց բանակը ունի բաւականին լուրջ խնդիրներ, խնդիրներ որոնք արժանի են լուրջ վերաբերմունքի եւ հոգածութեան:
Այդ խնդիրներուն մասին, գեղարուեստական ժանրի պատումներ էր գրած՝ Յովհաննէս Իշխանեանը, որ նորէն ծանօթ անուն մը չէ սփիւռքի ազգային- գրական շրջանակներուն, որոնց հաւանական յիշողութեան սլաքը հասած է՝ Պարոյր Սեւակի, Յովհաննէս Շիրազի, Սիլվա Կապուտիկեանի անուններուն վրայ ու հոն կանգ առած: Այս անուններուն հետ ոչ մէկ խնդիր: Պատկառելի մարդիկ են բոլորը, անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր լուման է ներդրած Հայոց մշակոյթի դարաւոր գանձարանին մէջ:
Իւրաքանչիւրը մէկ լումայ եւ գանձարանը կը հորդի ...
....
Մինչեւ հոս, զարմանալի բան չկայ: Բայց երբ ՖՊուք-ի եւ ընկերային այլ ցանցերու էջերէն կը հորդին նաեւ տեղեկութիւններ ու գրառումներ այն մասին թէ կերպով մը կարգիլուի երիտասարդ գրողի մը գործը, նոյնիսկ գրատուներէն դուրս կը դրուի , այս արդէն կը գնահատուի որպէս անընդունելի:
Յովհաննէս Իշխանեանի ՝ «Ուվալնյատի Օրը» գիրքը, - ի դէպ Ուվալնյատ կը նշանակէ զօրացրում- ներկայացուած է գրաքննութեան, մամուլը կը նշէ նաեւ ինքը՝ Իշխանեանը ներկայացած է ռազմական ոստիկանութիւն ՝ հարցաքննութեան:
Ատեաններուն կայացուցած կամ կայացնելիք որոշումները այդքան ալ կարեւոր չեն որքան արարքը:
Պահու մը երբ Հայաստան երկիրը կը պատրաստուի նշելու հայոց գրատպութեան 500-ամեակը:
Ի տես այս դէպքին, բողոքի ալիք կը բարձրանայ գրողական համեմատաբար աւելի երիտասարդ շրջանակներուն մօտ:
Մտավախութիւնը գիրքին արգիլումը չէ: Վախ պատճառողը գրաքննութեան դարաշրջան վերադառնալն է:
Ու կարծէք Հայաստանը ձերբազատուած չըլլայ այդ մտածելակերպէն: Երեսուն եօթի նոյն ոգիէն:
Իշխանութեան հանդէպ քծնելու նոր երանգներ եւ հոլովոյթներ, հայրենապաշտութիւն եւ սուտ հայրենասիրութիւն, գովասանք եւ գովերգութիւն: Հովուերգութիւն, ռանչպարի երգեր ու պարեր:Քիչ մը սիրերգութիւն առանց պաչիկներու, տաղեր անձրեւի մասին, հին ժիկուլիին տեղ նոր շքեղ ճիբեր ու ճիբազգիներ, աղբարներով նորացուող հին գրողներուն նոր հաստակազմ եւ հազար էջանոց վիպերգութիւն ահա այս է պահանջուածը այսօր:
Անկախ Հայաստանը նոր բան չտուաւ սփիւռքին, ընդամէնը կապկում- կապկում վրայ կանցընենք մեր օրերը:Մինչ սփիւռքը Հայաստանը կը վարակէ իր ախտերով՝ քիչ մը թեթեւ հայրենասիրութիւն, Արարատին շուրջ պարելու փորձերով, ցեղասպանաերգութեամբ, ամէնուր աճիւնի ու գանկի տեսարաններ, լուսեղէն տէրզօրներ եւ սփիւռքեան թթուած արձակը կը մտնէ, կը փոխանցուի Հայաստանեան գրական օճախ- քյապապանոցներուն մէջ:
Գիտեմ, քաջ գիտեմ որ Երեւանի մէջ ալ կան գրականութեան արթուն պահապանները, որովհետեւ գիրը նախ եւ առաջ մասին չէ: Գրականութիւնը սահման չընդունիր, ան մեր կեանքի հայելին է, ինչքան անկեղծ այնքան յաջողած, ինչքան իրական այնքան դիպուկ ու ճշմարիտ:
Երեւի մարդիկ եւ իշխանութիւններ պիտի փափաքէին որ Յովհաննէսը միայն դրուատիքով գրէ բանակի մը մասին ուր սպանութիւններու տոկոսը գլած անցած է ընդունելիի սահմանները:
Եթէ երկրի մը մէջ մարդիկ ու իշխանաւորներ իւրաքանչիւրը զբաղին իրենց վստահուած գործերով, այն ատեն ամէն բան աւելի տանելի ու աւելի կայուն կը դառնայ:
Յովհաննէս Իշխանեանի գործը առաւելագոյնը կարգիլեն ու կը պահեն փակ գզրոցներու մէջ: Ոչինչ: Յովհաննէս Իշխանեաններու բերանը կը փակեն, կառաքեն կամովին աքսորի, կը լռեցնեն, կոկորդը կը խցկեն, ատ ալ հէչ: Այս բոլորը կրնան կատարել, գիտենք այդքանը:
Բայց կարեւոր է, պէտք է իմանան որ նոր Յովհաննէս Իշխանեաններ պիտի յայտնուին:
Գրականութեան կռիւը ունի մէկ ճակատ: Ինչպէս ինք երկաթեայ բազուկներով ու ներվոտ ձեռքերով գրականութեան դռները թակող Յովհաննէսը պիտի ըսէր ՝ «Ես ընթերցողին Քարոզել չեմ սիրում, որ ինչ որ մեսիջներ ուղղակէի:» Գրականութեան մարդը՝ գրողը, ոչ քարոզիչ է, ոչ պատուելի ոչ ալ բարոյախօս:
Գրականութիւնը կը յաջողի եթէ իրական է: Այլապէս կանցնի պատմութեան աղբանոցը, կը պատուի թանձր փոշիով ու կը մեռնի:
Եթէ գրողը ներվ ունի, անոր բառը արեան բաց երակներէ կը հոսի, յայնժամ անոր ստեղծածը մնայուն արժէք կը դառնայ:
Գրողը ինքը, ունի գերխնդիրներ, գրելու արարքին, մարդու, իր ապրած ժամանակին, կտոր մը հողին տուած բերկրանքին ու պատառ մը սեւ հացին համար թափուած ու թափուելիք այսքան արիւններուն դիմաց:
Գրողը ունի մեծ հարցումներ... ու անոր համար ալ հարկէ որ մենք, ուր ալ գտնուինք խաղաղութեամբ լսենք անոր ձայնը, միշտ չէ որ այդ ձայնը պիտի հաւնինք կամ ըսենք հա մեր ալ ձայնն է:
Առնուազն այսօր, այս մեծ փոփոխութիւններուն առջեւ, գրողին տանք իր համար ամէնէն արժէքաւոր բանը, իր համար այդքան սուրբն ու մնայունը՝ ազատութիւնը:
Գրողը իր ժամանակի լոյսէն պիտի տայ, գրողը իր անունը պիտի փորագրէ սերունդին անունով, ինչքան ճշմարիտ է այդ խօսքը, այդքան մեծ է անոր առաքելատիպ քայլն առ մեզ:
Գրողը պիտի գրէ, առանց հաշիւի, առանց կաշկանդումի ու այդպէս է որ ըրած է Յովհաննէս Իշխանեանը, ինչպէս իրմէ առաջ շատ անուններ որոնց գործերը արգիլուած են, որոնց բառը պախարակուած է եւ անունը անտեսուած:
Այս բոլորը հէչ: Որով միով բանիւ գրողը, իր ճանապարհին օրէն, իր սկիզբէն գիտէ որ հանրային պարտէզ չէ որ կը մտնէ այլ կը բարձրանայ ՝ Ձիթենեաց լեռ:
Պէտք է ձերբազատուինք գրողներուն ազատութիւնը կաշկանդել փորձողի հին դերերէն, պէտք է անցնինք գետին միւս ափը:
Եթէ ի հարկէ ուզենք դասուիլ քաղաքակիրթ ազգերու շարքին:
Եթէ ...
Լուսանկարում Հովհաննես Իշխանյանն է
Տեսանյութեր
Լուսանկարներ
Մեկնաբանել