HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

«Ամէնէն կարեւորը ժողովուրդիդ հասկնալն է եւ իրենցմէ մէկը ըլլալն է»

Մոնթէին տարելիցն է կրկին, և հերթական անգամ կը փնտռեմ իր պատգամներէն՝ բաժնելու համար զինք սիրող հասարակութեան հետ: Մոնթէին սիրող մարդոց տեսակները շատ են: Երբեմն անոնք կը «համապատասխանեցնեն» իրենց պատմութիւնները իրենց ցանկութեան, որոնք անպայմանօրէն չեն առընչուիր իրականութեան հետ: Առաւել՝ Մոնթէն կը սկսի ընկալուիլ այնպէս՝ ինչպէս տուեալ անհատը կը հաւատայ, որ ան պէտք է ըլլար: Մէկ բան պէտք է յիշենք, որ երբեմն մեր ամէնասիրած անհատներն անգամ կրնան ունենալ բաներ, որ մեզ հարազատ չեն: Սակայն այդ ոչ մէկ ձևով պէտք է նսեմացնէ տուեալ մարդը: Մենք միայն աղաւաղած կ'ըլլանք կերպարը երբ անոր կը վերագրենք բաներ, որոնք ճիշդ չեն: Մոնթէն այդ տեսակ վերաբերմունքը անարգանք կը համարէր, որովհետև կեղծիք է և սուտ:

Վերջին ժամանակները մեր ժողովուրդի ուշադրութիւնը սևեռած է բաներու վրայ, որոնք ազգային առաջնահերթութիւններու սանդղակին վրայ պէտք չէ որ բարձր տեղ զբաղեցնէին: Իսկ անոնք, որոնք պէտք է այդ սանդղակին վրայ առաջիններէն ըլլան, անուշադրութեան կը մատնուին:

Մօտ տաս օր առաջ տեսայ իմ Երևանի փլուզման մէկ այլ ապացոյց ևս. Մաշտոցի պողոտայի գոց շուկայի քանդման լուսանկարները, որոնք իրօք յուզիչ էին: Մաշտոցի այգիի փրկութեան համար այնքա՜ն ուրախ էինք մենք՝ հին Երևանի կարօտով ապրող անհատներս: Սակայն քաղաքի քանդման սա անիւը կարծես կանգնելու նպատակ բնաւ չունի: 1990-ական թուականներուն Վանօ Սիրադեղեանին թեթև ձեռքով ստորագրուած հարիւրամեայ կամ հինգ հարիւրամեայ վարձակալութեան փաստաթուղթերու կոյտը մեծցաւ ու մեծցաւ անկէ ետք եկող պաշտօնակատարներու ժամանակ ևս: Թէ բարոյական ի՞նչ իրաւունքով այդ տարածքները յանձնուեցան անհատ մարդոց, ես չեմ գիտեր: Միայն գիտեմ, որ այդ մարդոցմէ շատեր հնարաւորութիւն ունէին սեփական տուն կամ հողամաս գնելու, սակայն աչքերնին դրին ժողովուրդի՛ն պատկանող հողի և տիրացան անոր: Այդ տարածքներուն ցուցակը շատ երկար է, ցաւօք: Բազմազանութեան օրուան ցոյցերու մեր հերոսները գուցէ նմա՞ն բաներու մէջ փորձեն իրենց ազգայինի պաշտպանութեան երթերը:

Մոնթէն պիտի պատգամէր «Երբեք չեմ ըսեր, որ հայ ժողովուրդը որևէ ուրիշ ժողովուրդէն լաւ է: Ո՛չ, այդ տեսակ բաներ ճիշդ չեն: Այլ նոյնիսկ այդ տեսակ հարց չի դրուիր: Պարզապէս ամէն մէկ ժողովուրդ իր յատկութիւնները ունի և այս յատկութիւններու տեսակները և բազմութիւնն է, որ աշխարհի մարդկութեան հարստութիւնն է: Իսկ դուն և ես և միւս հայերը, մենք հայ ենք ուրեմն բնական է որ մենք պիտի մեր յատկութիւններուն, մեր մշակոյթին կապուած ըլլանքՄեր մշակոյթը ամբողջ մարդկութեան հարստութեան մէկ բաժինն է: Պէտք է պաշտպանենք և զարգացնենք այդ մշակոյթը» (ընդգծումը Մոնթէինն է: Ս.Մ.):

Մենք ամէն մէկս պարտաւոր ենք պահանջելու, որ կարգին երկիր ունենանք, որ մեր երիտասարդները երթան ծառայելու լաւ կազմակերպուած և հոգատար բանակի մը մէջ: Եւ յիշենք, որ լաւ բանակային պայմաններու ապահովումը միայն նախարարի մը ուսերուն դրուած չէ: Նախարար մը հրաշագործ չէ: Եւ եթէ մենք՝ բոլորս չ'աշխատինք այդ ուղղութեամբ, չպահանջենք պետութենէն և միաժամանակ չդաստիարակենք պարկեշտ զաւակներ, այդ զաւակները բանակին մէջ անտանելի պայմաններու տակ պիտի ծառայեն, պիտի փորձեն իրենց ուժերը իրենցմէ տկար ծառայողներուն վրայ և երբեմն նոյնիսկ սպանեն զանոնք, կատարելով թշնամիին գործը: Մեր խնդիրները մենք բոլորս միասին կրնանք լուծել միայն:

Պարկեշտութիւնն ու պատասխանատուութեան զգացումը Մոնթէին շատ հարազատ էին: Վկայ՝ ներքոբերեալ հատուածը.

«Միայն կրնամ եզրակացնել, որ հակառակ իմ «բարի» նպատակներուս, ես իմ ձախողութիւններովս դաւաճանեցի մեր պայքարին, մեր ժողովուրդին, մեր հայրենիքին եւ իմ ամենամտերիմ ընկերներէս շատերուն: ՀԱՀԳԲ-ը «մաֆիայէն» շատ աւելի գէշ բան մը դարձած էր, բայց նաեւ աւելի թունաւոր, քանի որ «մաֆիան» կը գործէ դրամի անունով, իսկ ՀԱՀԳԲ-ը իր հակամարդկային, հակահայկական եւ հակայեղափոխական գործերը կ'ընէր հայ ժողովուրդի, Հայաստանի եւ մեր յեղափոխութեան անունով: Թէեւ կամքէս անկախ, բայց եւ այնպէս մենատէրին բօզը եղայ այս գործին մէջ:

Ուրեմն իմ ուսերուս վրայ շատ ծանր յանցանք կայ: Յանցաւոր եմ, եւ եթէ յանցաւորները պէտք է պատժուին, ինծի համար ոչ մէկ պատիժ բաւական խիստ կ'ըլլայ: Ես նոյնիսկ անկեղծօրէն պատրաստ եմ մահապատիժի, բայց այն պայմանով, որ զիս պատժողը, զիս գնդակահարողը ինծի չափ փորձեր ըրած ըլլայ խնդիրներ լուծելու, պայքարելու, եւ ինձմէ աւելի քիչ յանցանքներ գործած ըլլայ»:

Չեմ վարանիր ըսելու, որ այս տողերուն հեղինակը մեր ժամանակի ամէնապարկեշտ, ամէնաբարի, ամէնաազնիւ, ամէնանուիրեալ, ամէնաանձնազոհ անհատն է: Չեմ ըսեր անհատներէն մէկը, քանի որ այս յատկութիւնները միաժամանակ ունենալը չափազանց յատուկ բան է՝ մանաւանդ հանրաճանաչ մարդու համար: Մոնթէին ճանչցող մարդիկ կը վկայէն, որ ան այս բոլոր յատկանիշները ընդգծուած ձևով ունէր: Մենք բոլորս ունինք տկարութիւններ, որոնք ժամանակ առ ժամանակ ի յայտ կու գան նոյնիսկ երբ չենք ուզէր մենք զմեզ անգամ խոստովանիլ անոնց գոյութիւնը: Մոնթէն քաջաբար կը դիմակայէր ոչ միայն իր թշնամիները, այլ նաև իր սխալներն ու յանցանքները: Երբեմն այդ բացթողումներուն ամէնաանողոք դատաւորը ինք կ'ըլլար, համոզուած՝ որ եթէ չընդունէր զանոնք, չէր կրնար սրբագրել: Առաւել՝ երբ ժողովուրդին առընչուող հարց կար, ինք պարտական էր ժողովուրդին բացատրութիւն տալու և հաշուետու ըլլալու: «Կը ծառայեմ Հայաստանի հանրապետութեան» կ'ենթադրեմ կը նշանակէ կը ծառայեմ հայ ժողովուրդին: Մոնթէին համար ասոնք երդման արարողութեան մը ընթացքին արտասանուած խօսքեր չէին լոկ: Այս օրերուն բոլորս շատ դիւրութեամբ կը մոռնանք, թէ ո՞վ պիտի ծառայէ որո՞ւ: Պետական ոևէ պաշտօնեայ, անկախ ունեցած աստիճանէն, իր դերին մէջ կը գտնուի ծառայելու համար ժողովուրդին, ոչ թէ ժողովուրդը ծառայեցնելու իր շահերուն:

Մոնթէն կը հաւատայ, որ «ամէնէն կարեւոր բանը ժողովուրդիդ հասկնալն է եւ իրենցմէ մէկը ըլլալն է: Միայն այս ձեւով կարող ես շիտակ գործել իրենց համար»:

Հայրենասիրութեան նման օրինակ ծառայող մարդու հետ ապրած ըլլալով ինծի համար չափազանց դժուար է հասկնալ մեր աչքերուն առջև պատմական յուշարձան քանդող, սին ու ցոփ փառասիրութեան համար ազգակիցը փողոց նետելու գնով՝ պատմական քաղաք աւերող, քաղաքին քիչ մը շունչ տուող զբօսայգիները փլուզող ու ծառերը հատող հայրենասիրութիւնը: Բոլորս կ'ուզենք մեր քաղաքը գեղեցիկ ու մաքուր ըլլայ, բայց նաև իր նկարագիրը պահէ: Թող վերանորոգուէին այդ հին տուներն ու փողոցները: Երկրաշարժային թէժ գօտիի վրայ բազմաթիւ խախտումներով շինուած այդ բարձրայարկ շէնքերը ինչի՞ կը ծառայեն, բացի քանի մը հարուստներու գրպանները քիչ մը աւելի ուռեցնելէ: Իր հայրենիքն ու ժողովուրդը սիրող մարդը նմա՛ն «հայրենասիրական քալերով» չ'արտայայտուիր: Ինքնիր ժողովուրդին կամքը անարգող մարդը յարգանքի արժանի չի՛ կրնար ըլլալ: Իսկ այս անպատժելիութիւնը գլուխը առած կ'երթայ... 

Սեդա Գպրանյան-Մելքոնյան

Մեկնաբանություններ (3)

Nona
Hargeli yntercoghner indz anhrajesht e kayq vortegh trvac en seda melqonyani tvyalnery ev bnakutyan vayry es hay em......Alaverdi qahgaqi H5 avag dproci ashakertuhi mer dprocum kazmakerpvelu e voleyboli mrcuyt nvirvac MONTE MELQONYANI anvan hishtakin mez petq e teghekacnel ir tiknojy ayd masin hnaravorin ognuyun cucaberelu hamar xndrum em namaky ugharkel ayc hasceov [email protected] .Naxapes shnorhakalutyun.
zohrab
he is right in his thinking a lot of diasphorans think similar.god bless him
Գրիգոր
Մենք միայն աղաւաղած կ'ըլլանք կերպարը երբ անոր կը վերագրենք բաներ, որոնք ճիշդ չեն: Մոնթէն այդ տեսակ վերաբերմունքը անարգանք կը համարէր, որովհետև կեղծիք է և սուտ:

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter