HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սագօ Արեան

Հայոց աշխարհի Հերովդէսներ, կը լսէ՞ք:

Վաղ պատանեկութեանս, չեմ գիտեր ինչպէս կրցայ ապահով անցնիլ Հերովդէսներու մօտէն: Աւելի ճիշդը՝ ապրեցայ անոնց հետ, ապրեցայ անոնց մօտ, լսեցի անոնց խօսքերն ու ճառերը, յետոյ միայն իմացայ որ փսխունք էր ամէնը: Ամէնը սուտ էր:

Ու այդ սուտը այսօր ալ կը շարունակուի:

Իմ ծնած գիշերը Հերովդէսները   լուր չունեցան եւ կամ պատահածը զարմանքով ընդունեցին թերեւս: Սակայն իմ նման շատ- շատերու տուներուն լոյսը մնաց ուժեղ եւ բոցավառ:

Աճեցանք ցեխին մէջ, մայթին վրայ, առնէտները մեր շուրջ:

Գարշելի սողուններ բուսան ամէն քայլի հետ:

Ոխ, քէն եւ ատելավառ աչքեր կամար կապեցին մեր գլխավերեւին:

Ու յետոյ զարմացան շատեր, որ բանաստեղծութիւնը մեզի համար դարձաւ տուն ու պատսպարան:

Շատ անգամ ձաղկեցին այդ ամէն ինչը եւ ձեւացուցին որ կը պարեն օղիի ազդեցութեան տակ:

Բոլոր մանուկները գլխատուեցան ու ձայները բոլոր խեղդամահ եղան:

Հերովդէսները գիտէին իրենց գործը ճիշդ կատարել:

Սեւազգեստ էին յաճախ:

Ըսին, որ հաւատքին մէջ պիտի մխրճուիս ու նկար քաշուիս մեր հետ, որպէսզի լսելի դառնայ ձանյդ:

Այլապէս ձայնդ կը դառնար աղմուկ:   

Հերովդէսները մեծ բառերով կը խօսէին, չգտնուած ու անպիտան բառեր կ'օգտագործէին միայն:  Անմիաբան էին, վարժապետ կամ արապայի վրայ քէպապ վաճառող հաւատարիմ շախսօներ էին: Կային այս բոլորը: Բայց ամենէն զարմանալին, այն էր որ բառը պիտի աճէր այդ ստերջ, անպտուղ անապատին մէջ, կակտուսներու պէս:

Շատեր կը զարմանային, թէ ինչպէս կրնար գրուածը թուղթին վրայ միայն թունաւոր ըլլալ, կարծես գամուած պիտ ըլլար իժերու  դեղին-թարախոտ լեզուէն միայն:

Չէին ուզեր հասկնալ, ու ցարդ պիտի չուզեն հասկնալ եղածին ահաւորութիւնը:

Իրենց համար կարեւոր ալ չէր վերափոխումը:

Լեզուն ոչ թէ կը պայթէր, այլ կը վերափոխուէր:

Փարիզ կամ Նոր Եորք նստող ընկերները խրատներ կուտային – ու ինչ հեշտ էր խրատի  լեզուով խօսիլը: Սապատդ տնկէ, ու յամառօրէն քալէ անապատներէն ու գրէ. այդ էր ուզուածը: Կը մորթուէր ամբողջ սերունդ մը:

Առաւելագոյն պարագային փոքր ու լեզուանի գիրամիտճիները կը դառնային հետեւակներ ու կը նստէին օդափոխիչներուն տակ:

Կը փոխէին իրենց անունները ու կը քալէին մեծ ճանապարհէն . լոյսերուն տակ կամ բեմերէն:

Կը խաղային հին խաղը:

Ոտաբոպիկ ու  հռետորական:

Հերովդէսները կը մորթէին մանուկները ոչ թէ փնտռելու ու գտնելու Նազովրեցին կամ անոր իրական ժառանգորդները,  այլ կուզէին  մեծ  արգանդին մէջ սատկեցնել մեր լեզուն:

Լեզուի մասին

Անցնինք: Ի՞նչ է լեզուն: Կամ ո՞ւր կ'ապրի անոր իրական սերմը,  այսօր այս նահանջներուն, այս աքսորականի տիղմերուն մէջ:Ի՞նչ հանգրուան կը բոլորէ մեր լեզուն այսօր, կամ ի՞նչ է անոր իրական էութիւնը: Եթէ ունի ան հաւաքական ու միացեալ էութիւն մը. համապարփակ բան մը:Ասոնք հարցադրումներ են, որոնք ի պաշտօնէ չեն դրուիր սեղանին, կամ դասախօսութեան մը պէս չեն կարդացուիր մեր ականջներուն:

Մեր սերունդը ձանձրացած է փուճ քարոզներէն, երկար-բարակ ժողովներէն ու զով սրահներու տակ արտասանուող ու հաճոյ թուալու համար կարդացուած կամ ըսուած խօսքերէն:

Մենք սփիւռքով մէկ, Հայաստանն ալ տարած ենք այս խաղին: Վերջերս էր միայն, որ սփիւռքի գրողներէն քանի մը անուններ անդրադարձան որ Հայաստանն ալ նոյն ապիկար խաղը կը խաղայ:

Ժողովներ, լուսանկարներ, ալպոմներ, մետալներ եւ ծաղկեպսակներ:

Այս բոլորը կը յուշեն, որ լեզուն կը մեռնի:

Այս բոլորը կը սգան արեւմտահայերէնի անկողնային վիճակ ունենալը, անոր մահաքուն մտնելը եւ  կամ սպաննուիլը:

Իրօք ո՞վ  կը սպաննէ մեր լեզուն: Եթէ կայ սպաննութեան վարկած:

Կամ ո՞ւր է անոր իսկական ձայնը, անունը եւ հասցէն:

Սփիւռքի մէջ լեզուի պաշտպանութեան մարմիններ կը կազմուին, բայց լեզուն կը բացակայի նորէն:

Պէյրութի, Հալէպի, Լոսի, Թեհրանի եւ Երեվանի եւ ուրիշ վայրերու մէջ  յաւուր պատշաճի ճառեր կը գրուին ու կը կարդացուին, բայց լեզուն մեծագոյն բացական է այս հրավառութեններէն:

Պայթուցիկ, լուսաւոր ճեմասրահներ, վարդապետական քարոզներ,  բաժակաճառ եւ բացակայ լեզուն:

Գինի, հրաւէր, տոմսակ եւ մեխակներ ... բայց բացակայ լեզուն:

Ո՞ւր է լեզուն:

Լեզուն, որ ճմռթկուած լաթի մը պէս կը մրափէ Ազգային Ծերանոցի սենեակներէն մէկուն մէջ, սպիտակ թաթերով ու բարի:

Լեզուն, ահա լեզուն՝ նետուած Պուրճ Համուտի ստահակ մայթերու երեսին:

Լեզուն, մեր լեզուն, որ այսօր մահ ու կենաց կռիւ կ'ապրի Հալէպի նեղ ու գողտրիկ փողոցներուն մէջ, ուր մինակ նստած բեմադրիչ մը,իր օրուան  հացերը փռելու ու չորցնելու կողքին, պատշգամէն կը նայի հեռուն ու նշանառուի հայացքով կը զննէ վախի ազդեցութեան տակ լարուած ու   երկինք բարձրացող մինարէները:

Լեզուն,  ահա լեզուն Թեհրանի մէջ, ուր բանաստեղծ  մը աւուր հացին իր քրտինքը կը խառնէ, աւելցնելու տող մը մեր գրական ապերախտ ճակատագրին վրայ:

Լեզուն, ահա այդ լեզուն, Երեվանի  նոր լեզուն որ լռութեան թաղանդը կը պատռէ  նորահաս անուններու կողմէ եւ  որոնց բառին ուժը կը թակէ Եւրոպայի բոլոր փակ դռները ու կ'անցնի  փակ պարիսպներէն ներս...

Լեզուն Պոլսոյ, լեզուն Սուրբ Երուսաղէմի:

......

Կուլաք ու ողբ կ'արձակէք առանց իմանալու, որ լեզուն դեռ կ'ապրի:

Երդումներ կուտաք, ծրագիրներ կը կազմէք, կը ճառէք ճոռոմ ու նենգ, առանց իմանալու, որ ձեր կողքը ապրող գրողն ու բանաստեղծը դեռ զէնքերը վար չեն դրած:

Լեզուն վարն է, իջէք մեր երկրի խորքերը, իջէք մինչեւ ճանապարհի վերջին սահմանագիծը ուր հայ, քիւրտ, արաբ, ալեւի ու թուրք կը խօսին իրարու հետ:

Լեզուն սրահներու մէջ մի բանտարկէք:

Լեզուն բաց ձգեցէք, ազատ, անկաշկանդ ու իրաւ:

Այդ է մեր փրկութեան ճանապարհը:

Ու մինչեւ այն ատեն, որ Հերովդէսներուն մօտէն քալող ու անոնց սուրերուն ու դանակներուն զոհ չդարձած մանուկները, մեր միտքի պատերուն կամ ՖՊուքի էջերուն դեռ կարող են, բառ մը, տող մը, խազ մը շարել... Այդ կը նշանակէ որ ապրող է մեր լեզուն, ու կենդանի ենք մենք:

Ողբի ժամանակները վաղուց անցեր են:

Հերովդէսներ Հայոց աշխարհի, կը լսէ՞ք:

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter