HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Այո… ճակատաբաց յաղթանակ

Հետաքրքրական էր նաեւ դատերու նախօրեակին Վիեննայի վանահօր՝ Հայր Պօղոս Գոճանեանի այցելութիւնը ի Լոս Անճէլըս, եւ անոր կատարած անձնական թէ պաշտօնական յայտարարութիւնները հայկական մամուլին միջոցաւ, թէեւ քաջութիւնը չէր ունեցած իր հաղորդագրութիւնը ստորագրելու, եւ իր անուան փոխարէն գրած էր «Մխիթարեան Միաբանութիւն»։ Ի տես այս իրողութեան, մանաւանդ անճիշդ եւ անարդար յայտարարութիւններուն, կարգ մը միաբան հայրեր որոնք լուր իսկ չունէին հաղորդագրութենէն, կարդալէ ետք զայն գրաւոր կերպով բողոքեցին եւ իրեն թելադրեցին որ լաւ կ’ըլլար եթէ իր անունը դնէր հաղորդագրութեան տակ։

Ահաւասիկ սուտերով լեցուն հաղորդագրութիւնը. «Երեք տարի առաջ երբ Լոս Անճճէլըսի Մխիթարեան Վարժարանը մնաց առանց Մխիթարեան Վարդապետի, միաբանութեան ընդհանուր աբբահայրը՝ Հայր Եղիա Քիլաղպեան, դպրոցը ամէն գնով շարունակելու համար անոր տնօրէն նշանակեց Ոսկան Մխիթարեանը։ Նոր տնօրէնը չարդարացուց իր վրայ դրուած յոյսերը, ուստի 2009ի Նոոյմբերին, աբբահայրը անձամբ Լոս Անճէլըս երթալով արձակեց տնօրէն Ոսկանը իր պաշտօնէն, ինչ որ առիթ տուաւ նաեւ խռովութիւններու դպրոցէն ներս։ Արձակուած տնօրէնը իր համակիրներուն հետ, թերթերուն եւ համացանցի միջոցով տգեղ պայքարի մը սկսաւ աբբահօր եւ միաբանութեան դէմ անհեթեթ վերագրումներով մինչեւ իսկ Վատիկանի դէմ»։  Ահաւասիկ եկեղեցականի մը կողմէ հրապարակ նետուած հսկայական կոյտ մը սուտերու, զորս փաստերով պիտի չեզոքացնեմ մէկ առ մէկ։

Առաջին.- Գրաւոր արձանագրութիւններու եւ փաստաթուղթերու համաձայն, իրողութիւն մը որ դատարանին մէջ եւս ներկայացուեցաւ, կը վկայակոչեմ տեղեկագիրներէս հետեւեալ տողերը. «Վարժարանը ունի 39 վերդարձող աշակերտներ նախորդ տարիէն, 11 մանկապարտէզ եւ 28 Նախակրթարան։ Այս տարի 2008-2009 տարեշրջանին համար արձանագրեցինք 48 նոր աշակերտներ». մէկ խօսքով աշակերտներուն թիւը կրկնապատկուեցաւ եւ քիչ մըն ալ աւելի։

Երկրորդ՝ Լինսի Հիմնարկի հսկայական նուիրատուութիւնը $150,000 տոլարի։ Նախորդ տաս տարիներու ընթացքին ոչ մէկ յատուկ ճիգ թափուած էր հրաւիրելու Լինսի Հիմնարկի ղեկավարները Մխիթարեան Վարժարան, մօտէն ծանօթանալու համար վարժարանին եւ անոր կարիքներուն։  Առաւելագոյն գումարը զոր Վարժարանը Լինսի Հիմնարկէն ստացած էր մինչ այդ՝ եղած էր $25,000 տոլար։  Մեր հրաւէրով, Լինսի Հիմնարկի վարչութեան ատենապետին եւ փոխ ատենապետին այցելութիւնը մեծ դեր ունեցաւ այս յաջողութեան մէջ, որուն կ’ընկերանային իմ բերանացի եւ գրաւոր տեղեկագիրներս։ Այս բոլորին որպէս արդիւնք Վարժարանը ստացաւ այդ մեծ գումարը, ի զարմանս Հայր Օգոստինոսին որ յաճախ զիս կը խրատէր եւ կ’ըսէր. «Շատ յոյս մի ունենար. մեզի $25,000-էն աւելի երբեք չեն տար եւ չեն տուած»։ Պէտք էր ձեր աչքերը հոն ըլլային եւ տեսնէին Հայր Օգոստինոսի թրջուած աչքերը երբ յանձնեցի իրեն $150,000 տոլարնոց չէքը, որուն վրայ  88-ամեայ վարդապետը երիտասարդի մը պէս ինծի փաթթուեցաւ  իր ուրախութիւնը յայտնելու, զիս ալ անակնկալի մատնելով։

Երրորդ՝ Շինարարական Աշխատանքներ.- Վարժարանը օժտուեցաւ նոր խոհանոցով մը որուն շինարարական աշխատանքները մեծաւ մասամբ կատարուեցան իմ կողմէ՝ անձնապէս: Վերջապէս ես ալ կը միախառնէի իմ շինարարական մասնագիտական գիտելիքներս, եւ բաժինս կը բերէի դպրոցի վերելքին, առանց որեւէ նիւթական ակնկալութեան։  Այդ նորահաստատ խոհանոցը ընտանեկան տաքուկ ճաշեր մատակարարեց աշակերտութեան, այնքան ատեն որ ես այդ վարժարանէն ներս կը պաշտօնավարէի, նոյն ատեն պատրաստելով մեր ձեռնարկներուն ու հանդէսներուն համադամ կերակուրներու մատակարարումը, Վարժարանին ալ կոկիկ եկամուտ մը ապահովելով։

Վարժարանը օժտուեցաւ նաեւ նոր շտեմարանով մը ուր կարելի եղաւ ամբարել Վարժարանի հանդէսներու պիտոյքները ինչպէս նաեւ Նոր Տարուան կաղանդի ծառերն ու զարդեղէնները, որոնք նախապէս աղբի պէս նետուած էին հոս ու հոն։ Այս շինութեան կողքին անմիջապէս կառուցուեցաւ նաեւ Ապրիլ 24ի Նահատակաց Յուշարձանը, որուն առջեւ ամէն տարի տեղի կ’ունենար աշակերտական յուշահանդէս եւ հոգեհանգիստ վասն նահատակաց մերոց։

Վարժարանի երկու դաշտերն ալ ծածկուեցան յատուկ կտաւներով, աշակերտները պաշտպանելու համար թէ՛ ձմեռնային անձրեւէն եւ թէ մասնաւորաբար ամառնային կիզիչ արեւէն, նկատի ունենալով Հարաւային Գալիֆորնիոյ կլիման։ Այս բոլոր բարենպաստ պայմանները ստեղծուեցան Վարժարանէն ներս մարմնամարզական աշխուժութիւն քաջալերելու համար, նոյն ատեն առիթ ընծայելով շրջանի օտար վարժարաններ յաճախող հայ պատանիներուն, որոնք այլապէս առիթը պիտի չունենային հաղորդուելու եւ շփման մէջ մտնելու Վարժարանիս աշակերտութեան հետ, ծանօթանալու Մխիթարեան Վարժարանի տեսլականին եւ ծրագիրներուն հետ։

Վարժարանի մուտքի ճակատին վերջապէս զետեղեցինք Վարժարանին անունը հայերէն տառերով, բան մը զոր իմ յատուկ ուշադրութեանս յանձնած էր այդ օրերուն Աթոռակալ՝ Հայր Վահան Օհանեան, որ պաշտօնապէս Վենետիկէն եկած էր յայտարարելու Վարժարանի տնօրէնութեան պաշտօնի ստանձնումս։

Վարժարանի մուտքին զետեղուցան նաեւ յատուկ ծածքեր, որպէսզի անձրեւոտ օրերուն, դպրոցէն արձակուելէ ետք, աշակերտներ տուն դարձի համար հանգիստ կերպով հասնէին իրենց ծնողներուն ինքնաշարժները, առանց խուճապի մատնուելու եւ կամ սահելու սալայատակին վրայ։

Վարժարանը շրջապատուած ըլլալով հսկայական ծառերով, անհրաժեշտ էր որ այդ ծառերը խնամուէին միշտ, եւ աւելորդ ու վտանգաւոր ճիւղերը անպայմանօրէն կտրուէին։ Վերջին տասնամեակին անխնամ պահուած այս ծառերը արդէն վտանգ կը սպառնային մեր աշակերտներուն։ Յատուկ խնամքով հեռացուեցան բոլոր այդպիսի ճիւղերը, իսկ խաղավայրի անմիջապէս կողքին գտնուող երկու չորցած ծառերը հեռացուեցան յատուկ արտօնութեամբ։

Անցեալէն ինծի ժառանգուած կոյուղիներու հարցը հսկայական գլխացաւ դարձաւ։  Արդէն հազիւ պաշտօնի կոչուած՝ երկու անգամ մանկապարտէզի բաղնիքները յորդեցան եւ պատճառ դարձան դասարաններու փակման, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներու եւ ծնողներու բողոքին։ Այս բարդութիւնը շտկելու մեր սկզբնական ջանքերն ու փորձերը ապարդիւն մնացին։ Կանչեցինք մանագէտներ, որոնք հսկայական գումարներ պահանջեցին կոյուղիներուն գիծը ամբողջութեամբ վերանորոգելու համար։ Հայր Օգոստինոսի հաւանութեամբ յանձն առի հարցը լուծելու, որովհետեւ Վարժարանը նման անակնկալի համար յաւելեալ գումար չունէր տրամադրելու։ Մի քանի բանուորներու հետ տիւ ու գիշեր անձնապէս աշխատելով յաջողեցանք վերանորոգել կոյուղիին ամբողջ ճամբան, Վարժարանին խնայելով աւելի քան $10,000 տոլար։

Հակառակ այն իրողութեան որ Վարժարանի հաստատման առիթով այս հողաշերտին վրայ զետեղուած էին յատուկ զանգեր հրդեհի պարագային աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն զգուշացնելու համար, դժբախտաբար անոնք այնուհետեւ խնամքէ զուրկ մնալով չէին աշխատեր: Նոյնիսկ պատէն կախուած կրակմարի շիշերն անգամ 3-4 տարուան հնութիւն ունէին: Այս բոլոր  անկանոնութիւնները հետզհետէ սրբագրեցինք, մեր աշակերտներուն եւ անձնակազմին ֆիզիքական ապահովութիւնը ամուր հիմերու վրայ հաստատելու նպատակով: Զո՛րն ասեմք, զո՛րն խոստովանիմք։

Վարժարանի վերելքն ու արագ աճումը ի մտի ունենալով, որոշուեցաւ ընդարձակել մանկամսուրի շէնքը, յաւելեալ աշակերտներ ընդունելու համար։ Նոյն առիթով մանկամսուրին մօտ շինուեցաւ նոր խաղավայր մը, --մէկ բաժինը ծածկուած,-- երախաները արեւէն պաշտպանելու համար։  Մանկամսուրի երախաները որպէսզի կարենային վերի խաղադաշտը օգտագործել, յարմար նկատուեցաւ նոր աստիճաններու շինութիւնը, կոկիկ եւ ապահով անցման կարճ ճանապարհ մը հայթայթելով անոնց համար։

Նկատի ունենալով որ վարժարանը անցեալին կողոպուտի ենթարկուած էր, եւ նոյնը պատահեցաւ նաեւ իմ օրով, թէեւ վնասը միայն Վարժարանի ինքնաշարժին հասած էր, այնուհետեւ անմիջապէս երկաթեայ պահպանակներ դրուեցան բոլոր դասարաններու պատուհաններուն, նոր գողութիւններու առաջքը առնելու համար։

Ոսկան Մխիթարեան                                                

Նախկին Տնօրէն Մխիթարեան Վարժարանի

ի Լոս Անճէլըս

 

Շար. Դ.

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter