Սուրիահայութիւնը աճուրդի հանուած է...
Վերջերս, սուրիահայութեան թեման հայաստանեան լրատուամիջոցներու եւ տարբեր հասարակական կազմակերպութիւններու թէժ քննարկման առարկան դարձած է: Այս երեւոյթը երբեմն պայմանաւորուած է ազգային ապրումներէ մղուած հետաքրքրութեամբ, իսկ աւելի յաճախ այդ պայմանաւորուած է լրատուադաշտի մէջ տիրող մրցակցութեան եւ մոտայի մթնոլորտով:
Սակայն խնդիրը այդ չէ: Խնդիրը կը սկսի, երբ այդ լրատուամիջոցները իրենց աշխատանքը կը կատարեն մասնագէտի ոչ վայել պարկեշտութեամբ ընդհանրապէս, եւ այս թեմային հետ կապակցաբար յատկապէս: Այսինքն, քարտէզի վրայ հազիւ Սուրիոյ տեղը իմացող լրագրողը, երբ կ'երթայ օդակայան եւ Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին մասին կը հարցնէ օդանաւէն նոր իջնող տիկին Ծովինարներուն, Հայկանոյշներուն կամ Սարգիս հոբարներուն՝ այդ լուրջ խնդիր է:
Այսօր չկայ ինքզինք յարգող որեւէ մէկ համաշխարհային լրատուամիջոց, որ Սուրիոյ մէջ լրագրող չունի, ըլլան անոնք օրինական ձեւերով երկիր մուտք գործած լրագրողներ թէ անօրէն ճանապարհներով: Ճիշդ է, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը կրնայ ունենալ իր նպատակները եւ կրնայ նաեւ անաչառ չըլլալ, սակայն նուազագոյնը անոնք դէպքերուն մօտիկ ըլլալու եւ իրենց դիտանկիւնէն իրականութեան ամէնամօտ տարբերակը ներկայացնելու համար ջանք չեն խնայեր: Իսկ կա՞յ արդեօք գէթ մէկ հայ լրագրող, որ այսօր Սուրիոյ մէջ կը գտնուի Հայաստանի ժողովուրդին Սուրիոյ իրադարձութիւնները լուսաբանելու համար:
Քանի մը օր առաջ, Սուրիոյ մասին համացանցի վրայ տարածուած սիրողական վիտիոները Ճաբոնցի ֆոթոլրագրողի մը Սուրիա գտնուիլը կը հաղորդէր: Արդեօք Ճաբոնցիները առաւե՞լ կապ ունին, կամ առաւե՞լ հետաքրքրուած են սուրիական իրադարձութիւններով, քան հայերը:
Արեւմտեան լրատուամիջոցները կը պնդեն, որ սուրիական իշխանութիւնները շատ յաճախ թոյլ չեն տար օտարերկրացի լրագրողներու երկիր մուտքը: Անգամ եթէ այդ ճիշդ ըլլայ, նկատի առնելով Սուրիա-Հայաստան երկկողմանի բացառիկ յարաբերութիւնները, հայ լրագրողի մը Սուրիա մուտքի մերժման հաւանականութիւնը շատ փոքր է: Եթէ կան անգամ Ամերիկացի, Ֆրանսացի եւ Սուրիոյ հետ բարդ յարաբերութիւններ ունեցող այլ երկիրներէ լրագրողներ, որոնք Սուրիա մտած են օրինական արտօնութեամբ, հետեւաբար հայ լրագրողի մը մերժումը գրեթէ անհաւանական է:
Բայց ի հարկ է, որ «Զուրաթնոցը» աւելի մօտ կը թուի հայ լրագրողին կամ լրատուամիջոցին... Ո՛չ թէ հաւաստիութեան, այլ սեփական հանգստութեան համար: Եւ դեռ Սփիւռքի նախարարութեան անտարբերութիւնը, «Արմավիայի» չարաշահումները, կամ այլոց մեղադրելէ առաջ, պէտք է անգամ մը այս հարցին մասին մտածել՝ ամէն մէկը իր հերթով: Եթէ իսկապէս հայաստանեան հասարակութիւնը շահագրգռուած կամ մտահոգուած է Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած դէպքերով, եւ քանի որ այդտեղ կայ մեծ հայկական համայնք, ինչո՞ւ ոչ մէկ հայ լրագրող տակաւին չէ ուղարկուած Սուրիա: Բան մը, որ աւելի առաջնահերթ է, քան մտաւորականներու, մասնագէտներու, քաղաքական գործիչներու կամ դիւանագէտներու այցելութիւնը:
Ահա թէ ինչպէս լրագրողներու թերացման պատճառով այսօր Հայաստանի մէջ գործի անցած են ինքնակոչ մասնագէտներ, արաբագէտներ, հայագէտներ, ազգային եւ կուսակցական գործիչներ եւայլն, մէկ խօսքով՝ բոլոր անոնք, որոնց մասնագիտութենէն հեռու են տարբեր իրադարձութիւններու մասին լուրեր հաղորդելն ու հասարակութիւնը տեղեկացուած պահելը:
Այսօր արաբագէտները հայաստանեան մամուլը հեղեղած են իրենց «դաւադրութեան տեսութիւններով» եւ սովետական արեւելագիտութեան թափթփուկներով: Միւս կողմէն, տարբեր հասարակական կազմակերպութիւններ սուրիահայութեան հայրենադարձութեան կոչեր կ'ուղղեն, առանց իսկ անգամ մը հարցնելու, թէ արդեօք անոնց ցանկութիւններն ու նախընտրութիւնները ի՛նչ են: Գալով քաղաքական գործիչներուն, անոնցմէ ոմանք ամբողջովին այլ կարծիք ունին: Վերջերս յայտնի կուսակցական գործիչ մը Սուրիա այցելած եւ «Սուրիացի ժողովուրդին հետ լաւ օրերը կիսեցիք, հիմա ալ վատ օրերը պիտի կիսուիք» յորդորած էր սուրիահայերուն՝ առանց մեկնաբանելու, թէ ե՞րբ էին այդ «լաւ օրերը», կամ արդեօք ինքը այժմ պատրա՞ստ է կիսուելու այդ «վատ օրերը»...
Յամէնայնդէպս, օրինակներու շարքը երկար է, սակայն զանոնք թուելու համբերութիւնը՝ սահմանափակ: Մէկ խօսքով՝ այս բոլորը ցոյց կու տայ մարդկային, համահայկական, իսկ շատ յաճախ ներքին հայաստանեան խնդիրներու հետ մեր վերաբերմունքի խեղճ որակն ու մակարդակը:
Յարութ Էքմանեան
Օգոստոս 3, 2012 թ.
Մեկնաբանություններ (13)
Մեկնաբանել