HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սագօ Արեան

«Մեր պատերազմները»

ԿԱՊՈՅՏ ԱՐԵՒԵԼՔ

Երկար Ժամանակէ ի վեր, գրեթէ 2006 թուականի Սեպտեմբերէն ի վեր կը մտածէի գրել ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ  մասին:Այն պատերազմը որ անձայն ,աննշուկ եկաւ խառնեց մեր կեանքը, օդին տուաւ մեր թուղթերը, ցաքուցրիւ ըրաւ ամէն ինչ ու  այդ օրէն էր որ մենք զգացինք որ այն հողը որ մեր ոտքերուն տակն էր, խախուտ էր, գնայուն էր, մի խօսքով մերը չէր: 

Տարիները սահեցան, կնոջս Մասսիվի տան մէջ, այդ տարիներու ահաւոր դանդաղ ինթէրնէթ  կապին յենած , հաւաքեցի պատերազմի սաղ նիւթերը, լուսանկարներ ու պատումներ, վերլուծական գրութիւններ՝ Լիբանանեան  «ԱԼ ՍԱՖԻՐ» ԵՒ «ԱՆ ՆԱՀԱՐ» թերթերէն, անգամ փոքր վերլուծութիւններ հայկական օրուան մամուլէն, այնքան երկչոտ, անվաւեր ու անյստակ վերլուծութիւններ:

Հաւաքած եմ այդ բոլորը, սակայն ինչ փոյթ: Առիթ չներկայացաւ գրելու լիբանանի վրայ շղթայազերծուած այնքան ահաւոր Իսրայէլեան պատերազմին մասին: Որուն կարմիր էջերը մնացին  յիշողութեանս մէջ  եւ հետագային անցան երակներուս մէջ. մերթ ընդ մերթ նորէն երեւալու, նորէն լոյսին գալու, հրկիզելով ամբողջ անցեալ մը...

Մենք բարի տուն կը կառուցէինք, ինչպէս բոլոր այն փոքրամասնութիւններու անուան տակ իրենց գոյութիւնը պահպանող համայնքները, որոնք կուզէին մնալ ու գրկել  միջերկրականի կապոյտը:

Կապոյտը մեր գոյնն էր, չէինք անգամ մտածած որ նոյն այդ կապոյտը, որ եզերած էր մեր հուգեբանական կամ տնտեսական  սահմանները նաեւ մաս կը կազմէր Մեծն Իսրայէլին:Չէինք գիտեր այս ամէնինչը: Ու փոքր բարի տուներ կառուցելու պահին էր, որ Յուլիսեան առաւօտ մը հրէշի կերպարանքով պատերազմը  հարուածեց մեզ:

Ինչպէս անկէ առաջ, անկէ տարիներ առաջ հարուածած  էր նոյն կապոյտ Պէյրութը օրինակ՝  1978ին կամ աւելի ուշ  ու աւելի ահագնօրէն՝ 1982ին:

Կապոյտ էր մեր երազը, ու այդ կապոյտին միշտ կուգային խառնուիլ արեան հետքերով ու պատշգամներէն կախուած ու պարզ օդին տրուած արեան կէտիկներով մեր շապիկները,  որոնց գրպաններուն մէջ ապայման մենք պահած կըլլայինք ձիթենիի փոքր ճիւղ մը  յիշելու համար որ մենք սերած են խաղաղութեան օրրանէն՝      կապոյտ արեւելքէն:

ՀԱԼԷՊԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ

«Հալէպը խաղաղ է, դուրսը նստած նարկիլէ կը ծխենքկոր», «Հալէպ բան մը չիկայ,մի մտածէք ...» Այսօրինակ  էին Հալէպեան մեր ծանօթներուն  փոխանցած լուրերը: Մինչեւ այն օրը երբ «Ալ Ճազիրա»ով սկսած, մինչեւ պէյրութեան զանազան տեղական մեծ ու փոքր լրատուամիջոցները , որոնք օրն ի բուն կը տեղեկացնէին արդէն որ Հալէպը կը դառնար հրոյ ճարակ: Պէյրութի մէջ այդ օրերուն գրեթէ երեւելի հոսք չկար հալէպահայութեան: Միայն  Հատ ու կէնտ պարագաներ էին  որ այդ օրերուն  կը փութային հասնիլ Պէյրութ: Ես ջանասիրաբառ, կտրելով օրուան սթրէսը եւ անորոշութիւնը կարողացայ հանդիպիլ յայտնի պլոկեր ՝ Սաղաթէլ Պասիլին հետ:

Պուրճ համուտի մեր խանութի շէմին: Հայրս էր որ զարմացկոտ կը նայէր մեզի, հարց տալով որ ով էր այս աչազուրկ վաճառականը: Քիչ անց Սաղաթէլին հասցուցի որոշուած վայր, բայց եւ այնպէս մէկ բան պարզ էր ու երեւելի որ՝ Սաղոն Հալէպը լքելու ոչ մէկ   տրամադրութիւն ունէր : Սաղոն վերջին տարիներուն զբաղած էր իր «Արթ Րիվըր»  գրատան հարցերով ու անգամ հաւատալ կուտար որ իր համար Հալէպն անփոխարինելի է, նոյնիսկ ան կարողացած էր մտնել՝ Հալէպի արաբական շրջանակներուն մէջ ու  շօշափել այդ մարդոց բազկերակը: Նշեմ նաեւ որ  Սաղոն  շատ զգուշ էր իր դիտարկումներուն եւ քաղաքական գնհատակնեեերուն մէջ յատկապէս՝ Սուրիոյ  օրուան իշխանութեան հետ կապուած:

Պարզ էր մէկ բան որ Հալէպը նոյն իր խաղաղ ընթացքին մէջ չէր այլեւս:   Հալէպը այսօր ամբողջ մէկ ու կէս տարի տեւած  Սուրիոյ տարբեր շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած մարտերէն զերծ չէր այլեւս: Հերթաբար՝ Սարղէպ, Տարհա, Հոմս եւ Համա, Մաարաթ  Նաաման , Դամասկոս եւ Դամասկոսի գիւղական շրջաններ,  եւն. Եւն.  ու հիմա հերթը  դժբախտաբար՝ Հալէպինն էր: Ու մինչ այդ Հայաստանեան եւ Սփիւռքեան զանազան խոսափողներ ու մարդիկ ովքեր միայն լռութեամբ կը հետեւէին դէպքերուն՝  յանկարծ սկսած էին խօսիլ ու գնահկատական տալ եղածներուն:

Այդպէս  դէպքերուն արագ զարգացումը կը դառնար պարզ, մարտերը կը հասնէին հայկական թաղամասերուն մօտերը եւ դէպի Հայաստան գաղթելու նոր ալիք մը կ'ուրուագծուէր հորիզոնին վրայ: Ֆէյսպուքի մեր ընհկերները կը հիմնէին «ալէբբո արմինեըսանս խումբը» (ALEPPO ARMENIANS GROUP) որ տեսակ մը ամէնէն արագ լրատուական միջոցը կը դառնար բոլորիս  համար: Հոն կը տպագրուէին նաեւ զանազան յօդուածներ՝ Հալէպի  եւ Սուրիոյ հետ առնչութիւն ունեցող գրութիւններ ու նշմարներ:

Անդին Հայաստանի լրատուական կայքերը, տեսագրութիւններ  կը տեղադրէին իրենց կայքերուն վրայ, կը խօսէին Երեւանի «Զուարթնոց Միջազգային Օդանաւակայան» հասնող հալէպահայերուն մասին:Այդ լրատուամիջոցներէն պէտք էր առանձնացել «ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ ՌԱՏԻՕԿԱՅԱՆ» կայքը որ բաւականին առատ նիւթեր կը տեղադրէր:     Այդ տեսանիւթերը ընդհանրապէս կը խօսէին հալէպահայերուն դժգոհ վիճակին մասին,  անոնք պատերազմէն փախած հասած էին Երեւան  եւ իրենց համար  մեծ նշանակութիւն պիտի ունենար Հայրենի իշխանութիւններուն ու միանգամայն ժողովուրդին ուշադրութիւնը:

Բայց այդպէս չէր ընթանար ամէն ինչ:

Նոյն ծիրին մէջ կ'առանձացուէր Առաջին Լրատուական կայքէջի խմբագիր, լրագրող ՝ Արման Բաբաջանեանի այցը Հալէպ:Անոր  որուն նկարահանած նիւթերը բաւական մեծ աղմուկ կը բարձրացնէին յատկապէս Հալէպեան շրջանակներուն մէջ: Հոս պարտաւոր ենք պահ մը վերլուծել ու  հասկնալ եղածը: Տակաւին չեմ հասկցած Արմանին վերագրուած եւ  վրդովմունքով խառնուած մեղադրագիրներեը եւ յայտերը ՖՊուքեան էջերուն վրայ: Ընդամէնը Արմանն ու իր ընկերները ուզած էին իրենց աչքերով տեսնել հոն կատարուած ամէն ինչ: Ես գոնէ յստակ կողմնորոշում չեմ տեսած անոնց աքթերուն եւ նկարած նիւթերուն մէջ, կը մնար ընդահանուր մէկ խնդիր:

Ոնց անել, ի՞նչպէս ընել պահպանելու հայութեան համար այնքան մեծ նշանաութիւն ունեցող ու կարեւոր նկատուող Հալէպահայութիւնը: Տակաւին անհասկնալի, նոյնիսկ ոչ ընդունելի կը նկատեմ այն բոլոր մեղադրանքները այս լրագրողախումբի հասցէին, երբ այդ նոյն մեղադրողները  «փախուստ » են տուած Հալէպէն ու չի բաւեր այդ հեռանալը, նաեւ կը պաշտպանեն այս կամ այն կողմը հալէպի մէջ: Բաւական թէժ մեղադրանքներէն յետո, Արմանն ՖՊուքեան յայտով մը կը խնդրէր նոյն այդ մտահոգ հայերէն, որպէսզի մօտենային իրեն, որ միասնաբար, աքթ մը բարիք մը կատարէին հանուն Հալէպի Հայութեան ու բխելով միայն հայութեան ընդհանուր շահերէն:  

Չեմ գիտեր թէ մինչեւ այս պահը այդ հանդիպումը կայացաւ թէ ոչ, բայց ճշմարիտ է որ Առաջին լրատուականին խումբէն զատ ոչ ոք, քաջութիւնն ունեցաւ Երթալու հալէպ, անզէն աչքերով գնահատելու  հոն կատարուածը, ու ճշմարտացի տեղեկանք փիոխանցելու Հալէպի Հայութեան մասին:  Ի րէպ Երեւան հասնող հալէպահայերուն վիճակը այսպիսին էր՝ Դժգոհ ու վախուորած դէմքեր, անորոշ հայացքով ու  պատերազի ահէն դուրս նետուած, գաղթականի պատկերը նորէն կը հանուէր ջուրի երես: Զգալի էր մանաւանդ որ Հայաստան եկողներուն մեծ մասը, մեծաւ մասամբ ունէին հայաստանցի կիներ ու այդ մէկը տեսակ մը հովանի կը դառնար իրենց համար:  ճիշդ է Հալէպահայերը դժգոհ էին վիճակներէն,  ու պարզ էր որ դժգոհ պիտ ըլլային ոչ թէ անոր համար որ նոյն բարիքները եւ կեանքի սդանտարտը պիտի չգտնէին այլ անոր համար միայն ու միայն որ պատերազմէն փախչելով եկած էին  պատառ մը հաց ունենալու:

Պատերազմը վատ էր: Ու այս ապրուած իրողութիւնէ կը բխի: Պատերազմը քոշմար է, ոչ մէկ լուծում , ոչ ոքի  բարւոք բան, ոչ մի յոյսի պատուհան կը  բանայ: .Ու ճիշդ չէ այն նկատառումը  որ պատերազմը կը լուայ ժողովուրդներու  հիւծած մարմինը: Ընդահակառակը: Պատերազմի բերած վէրքերը սպի չեն դառնար:

Հարցուցէք Լիբանանի հարաւի բնակիչներուն, Չէչէնիոյ կամ Հարաւ Սլաւիոյ,Եէմէնի ու Իրաքի արաբներուն, Յիշեցէք ղարաբաղի վէրքը.  ու արիւնէն ու մահէն դուրս եկած ու նոր կեանքով ապրող Ստեփանակերտի կամ Շուշիի բնակիչներուն:  

Այդպէս է պատերազմը վէրքերուն վէրքն է.

Այդպէս է որ ես ու դուք առյաւէտ պիտի ատենք  պատերազմները, ինչի համար ալ մղուած ըլլան  պատերազմները, ինչ խորհրդդանիշներով ու ինչ դրօշներու ետին ցցուած պատերազմները: բոլոր պատերազմները անգութ են, եպերելի են, ամօթ են:

Պատերազմները սեւ մուր են ժողովուրդներու ճակտին: Այսքան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԹՆՃՈՒԿԸ

Հիմա յստակ չէ որ Հալէպը ինչ ներվ կրնայ ունենալ, թէ որու կողմը կ'ուղղուի յաղթանակի սլաքը,այս պահուն երբ  Պէյրութաբնակ բեմադրիչ՝Նիկոլ Պէզճեանի հետ կը խօսէի,  վրդովմունքով կը պատմէր ան որ իր մանկութեանը այնքան դարւաոր ու իրեն համար մեծ արժէք,  անգամ ոգի ներարակող թաղերը կը գտնուէին կրակներու տակ: Ո՞վ էր գրոհողը, ո՞վ էր առաջ մղողը եւ ո՞վ էր նահանջողը ,տակաւին պարզ չէ: Պարզ է միայն որ Հալէպէն դուրս այդքան դաժան պայմաններով, եւ հալէպը իրենց ետին թողած հալէպահայերը կարօտի աչքերով կը նային իրենց քաղաքին, տեսակ մը սպասումով ու վաղուան հանդէպ յոյսով ու վիշտով :

Երեւան   ամէն քայլափոխի կը հանդիպինք հալէպահայերու, որոնց հետ  պիտի  փափաքիս կիսուիլ, անգամ լսել զիրենք:Լաւ կը յիշեմ Սփիւռքի նախարարութեան յարկին տակ   այն հանդիպումը որ կայացաւ հալէպահայ երիտասարդուհիի  մը հետ: Վրդոված էր ան, նոյն վրդովմունքը  բոլորին մօտ կը բացատրուի ոչ թէ Երեւանը  իրենց համար  քիչ մը տարբեր ու անհասկանալի թուացող քաղաք ըլլալու հանգամանքով այլ նորէն անգամ մը եւս պատերազմէն նոր շումնչ քաշած ըլլաու  ճշմարտութեամբ:

Պատերազմը որով կը խեղթէ ոգին, պատերազմը կը քլէ կանցնի ամէն սահման, ապահովութիւն- ըտանիք, աշխատանք եւ շրջապատ կը դառնան փշուր փշուր եղած յախճակաեայ կտորներ որոնց փակցուիլը գրեթէ անհնար է ու անկարելի:  

Հալէպի պատերազմը բոլորը գիտեն, բոլորը կը հասկնան որ ներքին փափուկ կամ դաժան պատերազմ մը չէ: Ոչ ալ բողոքի կուտակումներով յառաջ եկած, եւ յեղափոխութեան մը լոյսէ գօտիին տակ  հող ստացած կռիւ մըն է: Ան կռիւներուն կռիւն է: Սառը պատերազմէն ետք առաջին անգամն է որ երեւութապէս զիրար   հասկնալ կամ նոյնիսկ փայփայել փորձող ԱՄՆ-ը եւ Ռուսիան կը մաքառին իրար դէմ:Այդպէս է, այս մասին հայկական գրիչներ ալ կուգան նաեւ յայտնելու: Օրինակ դեռ երէկ «Ազգ» օրաթերթին մէջ Հալէպէն նոր Երեւան հասած, մտաւորական՝ Յակոբ Միքայլեանը կը գրէր այսպէս «Աղէտէն բաւական հեռու մնացած Հալէպը, մէկ օրէն-միւսը դարձաւ կիզակէտ, որակուեցաւ «բանալի» քաղաք ամբողջ տարածաշրջանի ճակատագիրը որոշող: Հալէպի մէջ յաղթողը ինք պիտի որոշէ ոչ միայն Սուրիոյ, այլեւ ամբողջ Միջին Արեւելքի ճակատագիրը...»:  

Միքայէլեան սակայն, չի խօսիր, Հալէպի վաղուան մասին, այլ կը գոհանայ միայն գաղութէն տեղեկանք տալով, այդ ձեւով յստակ կը դարձնէ թէ ինչ վատ վիճակի մէջ է՝  «Մայր Գաղութը» եւ այս բոլոր մակարդակներուն վրայ: Ան նաեւ մատնացոյց կ'ընէ որ Հայրենի իշխանութիւններուն մօտեցումը շատ անլուրջ է,  եւ  հաւատալ կուտայ որ Հալէպն ու Հալէպահայութիւնը արժանի են  աւելի լուրջ մօտեցումի, քան ինչ որ երեւելի է այսօր: Իսկ ինչ կը վերաբերի, երիտասարդ ձայնին, այն ձայնին որ Հալէպը նոր է լքած ու տեղակայուած ՝ Հայաստան, կարդացած եմ ուշագրաւ գրութիւն մը որ կը պատկանի Յարութ Էքմանեանի գրչին:

Էքմանեան որուն յօդուածը, վերատարուած է՝« Սուրիահայութիւնը սնանկացած գաղափարախօսութիւններու միջեւ» Էքմանեան, հակառակ անոր որ ամբողջական լուծումներու չի հանգիր իր գրութեանը մէջ սակայն, բաց աչքերով ու անկեղծ մօտեցումով մեր դիմաց  կը պարզէ Հալէպահայութեան  դիմակալած խնդիրներն այսօր: Անոր գրութեան ամէնէն վեհ  արժանիքը՝  անկեղծութիւնն է: Կը մերկացնէ Սփիւռքի կեցուածքը եւ կը յայտնէ թէ, ինչքան ալ Սփիւռքի մարմինները խօսին՝   «Մայր Գաղութ»ի պահպանման մասին, մէկ է Հալէպն այսօր չի ներկայացներ այն ինչի մասին կը խօսուի, յատկապէս Թուրքիոյ հարեւանութեան փաստին ընդառաջ, ընդհակառակն փաստացի տուեալներով կուտայ պատկերը  երբ կ'ըսէ ՝«Իրականութեան մէջ, պէտք է նկատի առնենք, որ վերջին տասնամեակին Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութիւններու բարելաւման ընթացքին սուրիահայերը այդքան ալ դժգոհ չէին: Ընդհակառակը, հանգստանալու եւ օդափոխութեան համար Թուրքիա գացողներուն թիւը այնքան աճած էր, որ Թուրքիա մեկնող փոխադրակառքները շատ յաճախ հայկական թաղամասերէն կը շարժէին:

Ուխտագնացութեան կամ առեւտուրի համար Թուրքիա գացողներն ալ քիչ չէին, որոնց շարքերուն մէջ կային նաեւ բազմաթիւ ազգային կամ կուսակցական անդամներ եւ ղեկավարներ: Իսկ Սուրիա ժամանող թուրք վաճառականները յաճախ կը նախընտրէին հայերու հետ աշխատիլ՝ լեզուի եւ կենցաղի ծանօթութեան պատճառով:» Ուրեմն ինչքանով իրաւացի է խօսիլ Հալէպահայութեան ու Հայ դատի այդքան բուռն առնչութիւններուն մասին: Այդ ամէնը փուչիկի պէս բաներ են թերեւս, թերեւս կայ նաեւ այդ ոգին, բայց   գետնի վրայ, ռէալ կեանքի մէջ, այդ տեղի հայութեան խնդիրները այլ են... Ճշմարտութիւնը այս է, հակառակ անոր որ մարդիկ երբեք պիտի չընդունին ըսուածը: Սփիւռքի հայութեան  իրական պայքարը այսօր նոյնը չէ, ինչ որ էր ըսենք ասկէ տաս կամ տասնըհինգ տարիներ առաջ...

Այլ գետնի վրայ, Էքմանեան որ նոր հարթութեան կը բարձրացնէ իր քննական մօտեցումը,  երբ այսօրուան Սուրիոյ մեծ խնդրին  մասին  խօսի, անգամ կը քննադատէ այն լրագրողները կամ պատկան մարմինները ովքեր իրենց հանգիստ  պայմաններուն յենած, գիտեն միայն ճառերով կամ մամլոյ ասուսլիսներով աշխարհին, հայոց աշխարհին ցոյց տալ, որ իրենց համար Լինել- չլինելու խնդիր է Սուրիոյ Հայոց խնդիրը: Իրաւացի է ան երբ կ'ըսէ՝ «Բացի անկէ, այսօր երբ զով սենեաներու մէջ նստած «սուրիահայութեամբ մտահոգուած» կուսացական գործիչներն ու ղեկավարները կը խօսին հայ դատի եւ Թուրքիոյ դէմ պայքարելու մասին, շարքային սուրիահայը իր օրուայ հացին համար պայքար կը մղէ: Օրական հազիւ քանի մը ժամ ելեկդրականութիւն ստացող եւ գիշերը ռումբերու ձայներուն տակ գլուխը բարձին դնող սուրիահայը հազիւ իր կեանքի պայքարին մասին կարենայ մտածել, ոչ թէ՝ ազգի պայքարին:

Դժբախատաբար սուրիահայութիւնը արդէն երկար ժամանակէ ի վեր դադրած է նաեւ արեւմտահայերէնի միջնաբերդը ըլլալէն: Դպրոցներուն մէջ իրարու վրայ գումարած շաբաթական երեք-չորս ժամ հայերէնի դասաւանդումը, երիտասարդներուն մօտ ընթերցանութեան գրեթէ զերոյական մակարդակը, առօրեայ կեանքի պարտադրած դժուարութիւնները եւ տեղական միջավայրի խնդիրները մեզի պահ մը մտածել կուտան նախքան սուրիահայուն «արեւմտահայերէնի վերջին զինուոր» հռչակելը: Հետեւաբար, զուտ յանուն արեւմտահայերէնի պահպանման սուրիահայ գաղութի պահպանումն ալ քիչ մը երեւակայական կը թուի այս պահուն:»

Ճշմարտացի խօսքեր են ասոնք, ուսանելի եւ վարակիչ, յուսադրիչ է նաեւ որ Հալէպէն այսօրինակ ձայներ լսելի կը դառնան,  շնորհիւ՝  հայրենի մամուլի ներկայացուցիչներուն: Այստեղ չմոռնանք նշել որ Էքմանեանի յօդուածը, տպագրուած է Երեւանեան շարք մը ելեքդրոնային կայքերու կողմէ: Իսկ Սփիւռքի մասին,  առնուազն ես տեղեակ չեմ:

Այս բաժինն աւարտելու համար, կենսական կը համարեմ խօսիլ  ու կարեւորել մէկ հանգամանք:Այն է Հալէպի հայերուն Հայաստան  վերադառնալու խնդիրը, ու այս մէկը ցեւականութեան համար չէ որ կ'ըսեմ:  Ի վերջոյ այսօր պատերազմի օղակին մէջ առնուած Հալէպահայը  պէտք է ունենայ միայն մէկ հասցէ, այդ հասցէն ՀԱՅԱՍՏԱՆՆ է: Ինչքան ալ դժուար ըլլան անոր ճանապարհները, ինչքան ալ մեծ ըլլան տարբերութիւնները, ինչքան ալ շեշտուած ըլլայ դժգոհութիւնը եւ օտարումը: Այդպէս է: Ցանկացած փոքր շփում այս հողին ու այս տեղանքին հետ պիտի ստեղծէ վերադարձի, ամբողջական վերադարձի նոր նախապայմաններ ...

Ու հեռաւոր մղոններու ճանապարհը կը սկսի  առաջին քայլէն:

Այդպէս չէր որ երէկուան Հալէպը զարգացաւ, այդպէս չէր որ Րաքքան, Լաթաքիան, Գամիշլին կամ Դամասկոսը դարձան հայերով յայտնի ու զարգացած, լուսաւոր օճախներ: Այս մէկը յատկապէս կ'ուղղուի անոնց որոնք տիւ եւ գիշեր կը խօսին հայահաւաքի մասին: Այդ խօսողները այսօր կը հաւատամ, խօսելէն բացի ընելիք ունին:Վերջապէս Հալէպի պարագան կարեւոր  մէկ օղակն է, Միջին Արեւելքի մէջ կայք հաստատած ու Միջին Արեւելքին դեռ հաւատք ընծայող պատկան մարմիններուն:

Հալէպէն ետք ի՞նչ ճակատագիր կը սպասէ Պէյրութին: Մեր այնքան սիրած ու դաւանած Պէյրութին:

Կարեւոր հարցում է սա: Ո՞վ ականջ ունի, բլթակ հաւատոյ, լուիցէ:

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ

«Պիտի ընեն...» Այս էր Լիբանանի մէջ խօսակցութիւնը վերջին գէթ երեք չորս տարիներուն: «Օր մը անպայման պիտի ընեն:» Խօսքը անշուշտ կը վերաբերէր Սիւննի- Շիիթ բախումներու շղթայազերծաման որ  վերջին օրերուն, եւ քանի-քանի դէմքերով ու բազում անկիւններէ գալարուող օձի նման պաշարած էր մեր կեանքը: Սիւննի այսինքն՝  ՍԷուտական Արաբիա, Թուրքիա, ապա ԵԽ եւ Ա.Մ.Ն.: Շիիթ  կը նշանակէ Սուրիա, Իրան, Ռուսիա եւ Չինաստան: Այդպէս է վճռուած խաղին կանոնը եւ այդպէս ժամացոյցի սլաքներուն հետ, հաշտ ու բարի կ'ընթանայ այդ երկրի նաեւ Միջին Արեւելքի ողջ ճակատագիրը: Նռնակը լարուած է յենուելով նոյն կրօնի երկու տարբեր եւ խոշոր համայնքներուն , այնքան անշշան բայց այնքան տարբերուող ու իրարմէ անջատող-հեռացնող կամ նոյնիսկ թշնամացնող տարբերութիւններուն մասին:

Մեզի համար օտար չէ Իսլամը, այնքան յարգելի ու հարազատ: Տեղ մը եղբայր դարձած, մօրս գաղթական նախնիներուն համար հաց եւ ջուր մատակարարած Իսլամը: Անոր Մոլլան, Մզկիթն ու ապրելու ներվը  հարազատ են եւ մտած են մեր արեան եւ երակներուն մէջ: Կամայ –ակամայ, մեր  կեանքին, մեր ճակատագրին ու գոյութեան հետ:Երբ մտածես Իսլամին մասին, աներկբայօրէն աչքերդ կը յառես Երուսաղէմի վրայ: Հոն է կանգնած մեծ խաչը արեւելքի իսկական խնդրին: Ամբողջ իսլամներուն, իմա Իսլամներուն համար Երուսաղէմի խնդիրը գոյութենական խնդիր է: Լինել-չլինելու խնդիր: Իսրայէլի  այսօրուան փառքը հիմնուած է երէկուան արաբին, արիւնայեղ վէրքերուն ու խաչափայտին վրայ: Երուսաղէմը փրկութեան վերջին լաստն է Արաբին համար:

Այսօր սակայն արաբական աշխարհին աչքերը հեռու են, բուն էութենական խնդրէն: Երուսաղէմը փոխանցուած է երկրորդ բլան: Միով բանիւ այստեղ պարտադիր է   ըսել որ Արաբին համար տանելի եւ ընդունելի կը դառնայ Երուսաղէմի ու Պաղեստինի խնդիրը եթէ խորհի, անգամ ընդունի որ պիտի ապրի իր հարեւան Իսրայէլ պետութեան կիփ կողքին: Նոյնը պարտաւոր է ընել Հրեան, որուն համար դժուար տանելի խնդիր է Արաբին հետ գոյակցութիւնը:

Այս խնդիրը բաւական հանգուցաւոր է, ու տակաւին յստակ չի թուիր ըլլալ թէ կողմերէն մէկը փոխզիջումին  կը հաւատայ,  ոչ միայն յայտերով այլ ապրելու փաստով: Այլապէս Միջին արեւելեան խնդիրը կրնայ երկար տեւել, ու բոլոր դէպքերը որ վերջին տարիներներու զարգացան մինչեւ Արաբական գարունի մը հասունացումը  կը միտին մեզ շեղել բուն գոյութեանական խնդրէն:

Երուսաղէմը, կամ սուրբ տեղիքը կը պատկանին բոլորին ու բոլորը պարտաւոր են ապրելու անոր գօտիներուն շուրջ: Այլապէս անիմաստ է ամէն խաղաղութեան համար տարուած, զինեալ պայքար, կամ հաւանական պատերազմ, այնքան ատեն որ գոյութիւն ունի Պաղեստինեան  հարց կամ Երուսաղէմի խնդիր: Բոլոր դէպքերը, ինչքան ալ ծանդրակշիռ ըլլան անկարող են մեր ուշադրութիւնը շեղելու բուն խնդրէն  :Եւ եթէ պատահի որ դէպքերու ընթացքին մօտէն հետեւողը մանրամասնօրէն զննելու ելլէ իրավիճակը ու այսօրուան պարզուած  պատկերը, անպայման կարելիութիւնը պիտի ունենայ հասկնալու ու իրարու  կապելու այն կարմիր թելերը որոնք մեզ կը հասցնեն  վերեւը նշուած գոյութեանական խնդրին:

Երբ Արաբը հասկնայ որ իր արձակելիք նետին ուղղութիւնը հարկաւոր է որ ըլլայ միայն ու միայն Երուսաղէմի  կողմանաշխարհը այն ատեն անոր կեանքը, պայքարը, ստեղծելու ու ապրելու իրաւունքը կը դառնան աւելի հեշտ ու անվտանգ:

Նոյնը Իսրայէլի համար, այնքան ատեն որ Իսրայէլը կ'ապրի, կը մեծնայ կ'աճի եւ կ'ուռճանայ Արաբներու արեան վրայ, այնքան ժամանակ ան պիտի տառապի ու պիտի խեղթուի արեան մէջ ....

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՎԱՐԿԱԾ

«Կ'ապրինք կը տեսնենք. Ասատի ռէժիմը զօրեղ է: Կառավարութեան ետին կանգնած է Սովետ միութիւնը»   եւն. եւն: Ահա ցայսօր լսելի են հայկական «խաղաղ» բնակչութեան ձայները: Հայերը համոզուած են որ սիստեմն անպարտելի է ու հակառակ այդ  անպարտելիութեան, օրէ օր աւելի մեծ թիւերով կը լքեն Հալէպը: Հետաքրքրական  է  սակայն որ երիտասարդ խաւին մօտ կայ տարբեր մօտեցում քան աւագներուն: Թէ երէցները կը սոսկան խօսելու, չեն ուզեր խօսիլ, կ'ըսեն որ Սիստեմին հետ են. այդքան: Եթէ երբեք այս մօտեցումը, մինչեւ երէկ հասկնալի չէր, օրըստօրէ պարզ կը դառնայ մեզի համար: Սուրիոյ հայերը կը վախնան որ որեւէ կողմ, որեւէ ձեւով վնաս  կրնայ պատճառել գաղութին: Նոյնիսկ ՀՀ Սփիւռքի  նախարարուհին ՝ Տիկ. Հրանոյշ Յակոբեան,   ստուար թիւով   Սուրիոյահայերու հետ հանդիպման աւարտին, այսպէս կը բանաձեւէր իր խօսքը մօտաւորապէս ՝ « Ցանկալի է որ Հայրենի լրատուամիջոցները, զգոյշ ըլլան Սուրիոյ զարգացումներուն առընթեր: Մեզի համար հիմնականը կը մնայ  այդտեղի Հայերուն անվտանգութիւնը:» Հանդիպումի ընթացքին Սուրիահայերը ունեցան  խօսք առնելու բազում առիթներ ու կարծէք տեսակ մը ապահովութիւն ներշնչեց այդօրինակ հանդիպումը անոնց:

Ի դէպ ինչքան ալ քննադատուի Սփիւռքի նախարաութիւնը կամ անոր գլխին կանգնած Նախարարուհին, մէկ բան է պարզ այլեւս, որ Հայաստանի մէջ Սփիւռքի հանդէպ մօտեցումը կը տարբերուի անցեալի մօտեցումներէն: Նախարարութիւնը պիտի դառնայ նոր տեսակ, նոր որակ պիտի բերէ Սփիւռք- Հայաստան յարաբերութիւններուն: Հետաքրքրական է,  երբ հայրենի պետական պաշտօնեան Սփիւռքի հատուածներուն, ան ալ պատերազմէն նոր շունչ քաշող մասսային այսպէս կը դիմէ՝ « Ձեր ներկան կարող ա լինի այլտեղ, բայց ձեր  անցեալն ու մանաւանդ ԱՊԱԳԱՆ այստեղ են... »:

Վերադառնալով բարձր ու գիտակից երիտասարդութեան կողմէ վկայութիւն մը ներկայացնելուս, պիտի ըսել որ քանիցս կարողացայ տեսնել Հալէպահայ ջահելներ, որոնք իրենց ինքնաշարժերով եւ հատելով Թուրքիա- Վրաստան – Հայաստան ճանապարհը, պատմեցին տեղական բանակին իրենց հետ ունեցածղ ծաղրական մօտեցումին մասին, անդին «Ազատ Բանակ»ի զինեալները, միայն յարգանք ցուցաբերած են, իմանալով անոնց հայ ըլլալուն մասին: Այս մէկը հէքիաթ չէ այլ ճշմարտութիւն ու  պէտք է մտածել տայ  յատկապէս այն մարդոց, այն լրագրողներուն ու ազգային ջոջերոն, ովքեր ընդդիմութեան մէջ միշտ փորձած են ծայրայեղ ու ամէն բան հրդեհել ու քանդել  փորձող  յատկութիւններ նկարագրել, պատկերացնել ու շարադրել: Բոլորս դէմ ենք, ծայրայեղ Իսլամին, ու քաջ գիտենք որ Սուրիա ապրող հայուն համար, տանելի պիտի չըլլայ, այդ որակի ծայրայեղ իսլամիստ հասարակարգ, կամ իշխանութիւն: Կը մնայ յուսալ որ  գալիք օրերը աւելիով պարզեն, իշխանութեան տենչացող ու հաւանական նոր հասարակարգ ու իշխանութիւն ձեւաւորելու ծանր բեռը ստանձնած ընդդիմութեան իրական դէմքը: Հիմա պատերազմական վիճակ է, ու դեռ շուտ է վերլուծութիւններ կատարելով  վերջնական եզրայանգումներու հասնիլը:

Դեռ շուտ է, պէտք է սպասել ....

ՀԷՆՐԻ ՔԻՍԻՆՃԸՐ

Երբ պատանիներ էինք, Երբ Պէյրութը հազար ու մի կողմէն, կը դառնար թիրախը, ուժեղ եւ անվերջանալի ռմբակոծումներու, մարտերու, սպանդի ու սեւով գրուած օրագրութեան, այնքան էինք տեղեկացուած որ մեզի համար շրջանային քաղաքական իրադարձութիւնները դառձած էին «խաղ ու պար»: Այդ օրերուն էր որ մենք ականատես եղանք Պէյրութի  1982-եան Իսրայէլեան ներխուժման: Ճիշդ է Քրիստոնեայ շրջանները զերծ էին այդ ներխուժումէն ու անոր աւերիչ ազդեցութիւններէն, բայց եւ այնպէս Իսրայէլեան հսկայ հրթիռներուն ձայնը, մեր ամէնօրեայ կեանքէն մաս մըն էր դարձած ...

Մեր գոյները, թուղթէ սարքուած թռուցիկները, մեր երազները ունէին պատերազմի գոյներ միայն:

Այդ օրերուն էր , անուն մը կը մնար մեր մտքերուն մէջ , Այն Ա.Մ.Ն.ի այդ օրուան թիւ մէկ դիւանագէտ  ՝ Հէնրի Քիսինճըրի անունն էր:Քիսինճըր որ վաղ եօթանասունականներուն  Ա.Մ.Նի արտաքին գործոց նախարարն էր, եւ որուն ճիգերով ու խորամանկ  մօտեցումով՝ յաջողուեցաւ ստորագրել Եգիպտոս- Իսրայէլ խաղաղութեան  եւ մինչեւ օրս ի զօրու Քէմբ Տէյվիտի համաձայնագիրը: Մէկը որուն այդօրուան  ընդգծած պատկերն ու քաղաքական սահմանումները, փորձանքի համազօր  բաներ կը դառնային: Ամերիկեան  քաղաքականութեան այդ բարձր պաշտօնատարը, այդ օրերէն սկսեալ կը հաւատար որ Միջին Արեւելքը պիտի անպայման  պարպել Քրիստոնեայ էթնիք փոքրամասնութիւններէն ... այդպէս էր: Ու ի զուր չէր որ երէկուան, այդքան մեծ Քրիստոնեայ բնակչութեամբ Լիբանանը   կ'ապրէր անուղաղակի էթնիք զտում մը: Տարուէ- տարի Քրիստոնեայ Հայերն ու տարբեր համայնքի ներկայացուցիչները կը հեռանային շրջանէն :

Յանուն ի՞նչի սակայն:

Ու այսօր ալ երբ Հայրենի լրատուամիջոցներէն մէկուն պաստառին վրայ կը տեղակայուի Նոյն Հէնրի Քիսինճըրի մէկ թարգամանեալ յօդուածը չեմ զարմանար: Ան լաւ գիտէ արեւելքը, շահերու, փողի, նաւթի եւ  զէնքի ու թմրեցուցիչի  վաճառականութեամբ հարուստ  արեւելքը:

Ան  իր յօդուածին մէջ այսպէս  կը գրէ Սուրիական  պատերազմին մասին «Ասադի ցանկալի և գործնականում անխուսափելի տապալումից հետո Սիրիայի հակամարտությունը, ամենայն հավանականությամբ, կշարունակվի և հնարավոր է՝ անգամ կխորանա: Առաջնորդի հեռանալուց հետո Ասադի կլանը և ալաուիական փոքրամասնությունը, որոնց ներկայացուցիչները գերիշխում են Սիրիայի զինված ուժերում, կարող են հայտնվել ֆիզիկական գոյատևման համար պայքարի պայմաններում: Ասադի վարչակարգին քաղաքական այլընտրանքի ստեղծումը ավելի բարդ կլինի, քան Եգիպտոսում կամ «արաբական գարնան» երկրներում քաղաքական կուրսի ընտրությունը, քանի որ այստեղ հակամարտող խմբերն ավելի շատ են, դրանց սահմաններն ավելի պակաս հստակ են գծված, իսկ տարբերություններն ավելի լուրջ են: Առանց քաղաքական կարգի հաստատմանն ուղղված ստեղծագործ առաջնորդության, որն իր մեջ կներառի բոլոր քաղաքական ուժերը (իսկ միանգամայն ակնհայտ չէ, որ հակամարտող կողմերից որևէ մեկն այդպիսի նպատակ ունի), Սիրիան կարող է բաժանվել էթնիկ և դավանաբանական միավորումների, որոնց հակամարտությունը արդյունքում կտեղափոխվի հարևան երկրներ, որտեղ ապրում են նույն էթնո-դավանաբանական խմբերը:»

Ուրեմն ի՞նչ: Պարզ է այլեւս որ գալիք օրերուն  Միջին Արեւելքը հանգիստ ունենալու, դադար ունենալու հակամէտ չէ: Երբ այս որակի,  քաղաքական հանգստեան կոչուած դիւնագէտ մը, կը պարզէ Ամերիկեան այս կեցուծը, սա կը նշանակէ որ Միացեալ նահանագներ պատրաստ են ի գին ամէն ինչ, ձեւաւորել նոր Միջին Արեւելք մը, որուն համար մէկ նպատակն է կտրել Իրանի թեւերը: Այդ է Սուրիոյ պատերազմին թիւ մէկ նպատակը, ճիշդ է պատկերն այդքան է խառն, որ մարդ, կրնայ իյնալ տարբեր լոզունքներու զոհը: Ճիշդ է նաեւ Որ Ասատի իշխանութիւնը, իր ուսերուն դրուած ունի   գրեթէ քառասուն տարուան թողօն մը, հոն Սիւնները իրենց գոյութիւնը պաշտապանելու ու երկրի րէսորսներէն ազատօրէն օգտուելու, աղքատութիւնէն դուրս գալու խնդիրներ ունին: Ասիկա իրաւացի է, հակառակ անոր որ Քրիստոնեայ փոքրիկ էթնիկ համայնքները, մինչեւ երէկ կ'ապրէին բարւոք ու խաղաղ կեանք մը:

Բայց այսօր պատկերն այլ է: Դեռ երկար կրնայ տեւել այս պատերազմը, ու հետաքրքրական է որ Ռուսական քունէ նոր արթնցած ու զայրացած Սպիտակ արջը, ինչ դիրքորոշում կրնայ ունենալ...

Ռուսն այսօր արդեօք պատրաստ է  «տաք ջուրեր»ու իր վերջին կայանը կորսնցնելու ...

Այդ կորուստը ծանր պիտի ըլլայ, տրուած ըլլալով որ Ա.Մ.Ն.ի յաջորդ Թիրախը, կրնայ  Իրանի Իսլամիստական Հանրապետութիւնն ըլլալ:  Ուշ կամ վաղ: Արեւմուտքի ձեռքերով թէ Իսրայէլեան անկակնկալ  սպասելի հարուածով:

Ու հեռու չէ այն վարկածը, որ այս տարածքաշրջանին մէջ կրնայ պատահիլ որ Մինի բայց տարողունակ Միջազագային նոր պատերազմ մը շղթայազերծուի:

ՈՐՊԷՍ ՎԵՐՋԱԲԱՆ

Այսքանէն ետք,  եւ վերադառնալով պատերազմներու թեմային պէտք է խոստովանիլ ու հաւատալ որ Միջին Արեւելքը մնայուն  հրաբուխի բերանն  է:

Հարկ չեմ տեսներ նորէն նշելու այն հանգամանքները որ կը պարզեն պատերազմական իրավիճակներուն բաւական երկար ըլլալը:

Պատերազմ եւ շահ: Պատերազմ եւ նաւթ: Պատերազմ եւ արիւն:Ահա այսպէս կը շարունակէ Հէնրի Քիսինճր՝ «Անհրաժեշտ է մեր ջանքերը տեղադրել ԱՄՆ ռազմավարական շահերի շրջանակում, ինչը պետք է նպաստի մեր դերի բնույթի և մեծության սահմանմանը: Մասնակցության ժողովրդավարություն և միջազգային համագործակցություն ենթադրող համաշխարհային կարգին անցումը պահանջում է կայունություն, որը կօգնի հաղթահարել անցումային փուլերը: Բացի այդ, այն պահանջում է, որպեսզի Մերձավոր Արևելքում նոր կարգի ձգտող տարբեր ուժերը խոստովանեն, որ մեր ներդրումը նրանց ջանքերում կչափվի մեր արժեքների և շահերի հետ դրանց համատեղելիությամբ: Հենց դրա համար անհրաժեշտ է հաշտեցնել ռեալիզմը և իդեալիզմը, որոնք այսօր մեզ համար անհամատեղելի են թվում:»

Միացեալ նահանագներ մեզի հաւատալ կուզէ տալ, որ եկէք այս շրջաններուն մէջ  գունաւոր ջարդեր թող կազմակերպուին, մենք ալ օգտուինք ծոցի նաւթի մեծ րէսորսներէն: Այդպէս է: Պատերազմը կը սպպաննէ խիղճը: Պատերազմը ետեւ կը տանի արաբական այդքան աստուածհաճոյ եւ աստուածապաշտ ըլլալ փորձելու վիճակը: Հագուստը որ կը պատրաստուի նոր Միջին Արեւելքին համար, անոր գրպաններուն մէջ առկայ են երկու անմահական թուցաող բանալիներ:

Առաջինը Իսրայէլի անվտանգութեան բանալին է իսկ Երկրորդը Ա.Մ.Ն.ի նաւթի  պաշարները միշտ լեցուն պահելու բանալին:

Ու ասոնց դիմաց խեղճ ու կրակ  էթնիք փոքր  համայնքներն են, որոնց  շարքերուն կը պատկանինք  նաեւ մենք հայերս ...

Ու տակաւին յստակ չէ թէ ինչքան  է մեր վճարելիք գինը այս ու գալիք արիւնոտ ու մոխրագոյնով երիզուած պատերազմներուն:

Մի մոռացէք այս պատերազմները մեր չեն: Ու երբ է գալու այն ժամնակը որ մենք հասկնանք, թէ մեր բոլոր ցանած սերմերը մեր հողերէն դուրս, կրնան, մութ ու ամպամած օր մը, հովին տրուիլ ... ինչպէս այսօր կը կատարուի մեր բոլորին համար սիրելի «Երազային» Հալէպի մէջ ....

Այս պատերազմները մերը չեն: Ու ճիշդ կ'ընենք որ հասկնանք այլեւս, քանի դեռ ուշ չէ:

Մեկնաբանություններ (1)

HAY
Apres sako krich@ kez SAZUM E.

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter