HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սագօ Արեան

Սուրիա. ճգնաժամի նոր պատկերը

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանոֆի կատարած յայտարարութիւնները բաւական անսպասելի էին եւ տարբեր մակարդակներու վրայ մեծ հարցադրումներու առիթ տուին: Ճիշդ է՝ Փոկտանոֆի կատարած բոլոր յայտարարութիւնները Ռուսիոյ  արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին կողմէ անմիջապէս հերքուեցան, սակայն պարզ դարձաւ որ ռուսական դիրքորոշումը սուրիական տագնապին հանդէպ այսօր նոյնը չէ, ինչ որ էր՝ վեց ամիսներ առաջ:

Ռուսական կեցուածքի փոփոխութեան կարեւոր ցուցանիշներէն է Թուրքիոյ սահմանին տեղադրուած «Փաթրիոթ» հրթիռներու մասին Ռուսիոյ լռութիւնը եւ անտարբեր մօտեցումը, որ հակառակ իրանեան մերժումին, նախընտրեց լուռ մնալ այս ուղղութեամբ եւ զբաղիլ Ռուսիոյ արտաքին գերատեսչութեան մէջ ի յայտ եկած կեցուածներու մեծ տարբերութիւնները համակարգելով կամ նախորօք յայտարարուած կեցուածքները սրբագրելով կամ հերքելով:

Գետնի վրայ պարզ է, որ կողմերէն եւ ոչ մէկը այս պահու դրութեամբ  առաւելութիւններ արձանագրելու կանաչ լոյս ստացած է: Ճիշդ է, որ երկու օր տեւած ծանր մարտերէ ետք «Եարմուք»ի պաղեստինեան գաղթակայանը կ'իյնար Սուրիոյ «Ազատ բանակ»ի տիրապետութեան տակ, գաղթականներու նոր ալիք մը ստեղծելով, բայց նաեւ անդին  Ասատի վարչակարգը կարողացաւ վարչապետի գլխաւորութեամբ կառավարութեան երեւելի պատուիրակութիւն մը Հալէպ ուղղարկելով, քաղաքի բազկերակը շօշափել եւ յայտարարել աշխարհին, որ դեռ երկար է իր շունչը:

Այս հակասական իրավիճակին մէջ խօսուեցաւ նաեւ թրքական եւ իրանեան խաղաղարար երկու նախաձեռնութիւններու մասին: Մինչ առաջինը ուղղակիօրէն մերժուած էր Փութինի կողմէ, երկրորդ նախաձեռնութեան մասին լրատուական գործակալութիւնները չուզեցին  արտայայտուիլ, տրուած ըլլալով որ իրանեան ցանկացած նախաձեռնութիւն պիտի բախէր  արեւմտեան «ոչ»ի մը, չըսելու համար համընդհանուր վեթոյի մը: Երեւելի էր սակայն, թէ Իրան, որ մեծ խնդիրներ ունէր Արեւմուտքի հետ, ամէն ճիգ կ'ընէր որ Սուրիոյ մէջ արձանագրուող դէպքերուն եւ տագնապին լուծման առընթեր  կարեւոր դերակատարութիւն ունենայ:

Այսօր սակայն, ինչպէս տագնապին առաջին օրերուն, սուրիական խնդրի լուծան գլխաւոր վճիռը կը մնայ ռուսական արտաքին գործոց նախարարութեան խաղադաշտին մէջ, որուն ներկայացուցիչ Լավրով, շատ կարծր «ոչ» մը հաստատելով, կը մերժէ Արեւմուտքի՝ Պաշար Ասատը իշխանութենէն հեռացնելու փափաքին մասին լսել անգամ:

Կը մնայ հարցում մը, արդեօ՞ք նախագահ Փութին յոգնած է Պաշար Ասատը եւ անոր «պաշարուած» իշխանութիւնը պաշտպանելու՝ արդէն իսկ բեռի վերածուած պարտականութենէն: Եթէ այդպէս չէ, հապա ի՞նչ հասկնալ նոյն Միխայիլ Պոկտանոֆի, որ ամերիկեան քաղաքականութեան հետ բաւական հաշտ եւ տրամադրուած փութինեան ձայն մըն է, այն յայտարարութեններէն, թէ Մոսկուա հաւանական կը նկատէ որ Սուրիոյ ընդդիմութիւնը պիտի յաղթանակէ եւ Պաշար Ասատ պիտի հեռանայ իշխանութենէն:

Այս բոլորը աւելի պարզորոշ կերպով նկատելու համար կարեւոր այլ հանգամանք մը կ'երեւի, երբ կը նշմարուի, թէ Սուրիոյ փոխնախագահ Ֆարուք Ալ Շարըհի (երկար ամիսներու լռութենէն դուրս գալով) կը խօսի ներսուրիական լուծումի մը մասին, լուծում մը, որ պէտք է վայելէ շրջակայ երկիրներուն (Թուրքիոյ եւ Իրանի) հաւանութիւնը:

Լռութենէն դուրս եկող Ֆարուք Ալ Շարըհ, որուն յաջորդ հանգրուանին Սուրիոյ թիւ մէկ առաջնորդը հանդիսանալու մասին բաւական խօսուած ու գրուած է, ինչո՞ւ այս հանգրուանին պիտի խօսէր, եւ ի՞նչ զուգադիպութեամբ Սուրիոյ վարչակարգի այս «հին աղուէսը» պիտի արտայայտուէր լուծման տարբեր «սցենարներու» մասին, ընդունելով, թէ Սուրիոյ վարչակարգը նոյն չէ այսօր: Վարչակարգը, որ երէկ կը խօսէր միայն մէկ խնդրի՝ ընդդիմութեանը մահացու հարուած մը տալու մասին, այսօր կը կանգնի կարեւոր զիջումներու երթալու սեմին:   

Այլ ուղղութեամբ, ամերիկեան նախաձեռնութիւնները կը թուին յոգնած չըլլալ ու ամերիկացիները պիտի փորձեն «Սուրիան առանց Պաշար Ասատի» օրինաչափութիւնը նոր ձեւով ներկայացնել: Իսկ թէ ինչ կը կատարուի ռուս-ամերիկեան եւ իրանա-ամերիկեան գաղտնի խօսակցութիւններուն ընթացքին, այդ մէկը բացայայտելը տակաւին կը կարօտի կարեւոր ժամանակի:

Մինչ այդ Սուրիան կրնայ յայտնուիլ աւելի վտանգաւոր դիրքի մը՝ մարդկային աւելի մեծ կորուստներու եւ տնտեսական փլուզման առջեւ, որուն դարմանումն  անկասկած երկար ժամանակ կ'ենթադրէ:

Աւարտին հարկ է յիշեցնել, որ գետնի վրայ այս օրերուն ցանկացած մեծ անակնկալներ սպասելի չեն: Նկատելի է սակայն, թէ «Ազատ բանակ»-ը տարբեր եւ անսպասելի ռազմավարութեան մը դիմած է, որովհետեւ երբ երէկ կը խօսէր թէ վարչակարգի «Ալ Մուհաժիրին» նախագահական պալատին դռները հասնելու համար ընդամէնը պէտք է քանի մը օր, այսօր քառասուն քիլոմեթր հասանելիութիւն ունեցող հրթիռներով կորսնցուցած է նախաձեռնելու կամքը: Այս մէկը բառացիօրէն կը նշանակէ, թէ տակաւին այդ պահը չէ հասունցած:

Այսօր քիմիական «Սարին» նիւթին մասին արդէն չեն խօսիր արեւմտեան այն կողմերը, որոնք առնչուած են Սուրիոյ տագնապին, անոնք ձեւով մը իրենց պահանջները ռուսական միջնորդին միջոցաւ հասցուցած են ասատեան վարչակարգի ականջներուն: Արեւմուտքը ըսած է իր խօսքը: Քիմիական զէնքերու օգտագործումը կարմիր գիծ է եւ՝ վերջ:

Պարզ է նաեւ, թէ ռուսական կողմը մեծ մտահոգութիւններ ունի, որ կրնայ երկու դաշնակից կորսնցելով, ոչինչ շահիլ ատոր փոխարէն: Ռուսը նաեւ կը խորհի, թէ կրնայ ականատես ըլլալ իսլամ ծայրայեղական նոր վարչակարգերու ստեղծման, բան մը, որ մեծապէս կրնայ վնասել իր շահերուն:

Այս բոլորին մէջ ռուսները սակայն կը գոհանան իրենց յայտնի «ոչ»-ը հնչեցնել, մինչ դիմացի ճակատի ներկայացուցիչները ճարպկօրէն քաղաքական եւ դիւանագիտական մեծ ներուժ կը տրամադրեն Սուրիոյ ընդդիմութեան «Ազգային միաւորում»ին: Հարցումը կը մնայ նոյնը՝  այս մեծ քաոսէն օգտուողներու եւ «հաշիւ մաքրող» շրջակայ երկիրներու  մարաթոնային մրցավազքին մէջ, Սուրիան ինչքա՞ն կրնայ դիմանալ, ու՝ ի՞նչ է այն գինը որ պիտի վճարէ այս վիրաւոր երկիրը, մինչեւ որ կողմերէն մէկը զիջի ու հասուն դարձած համաձայնութեան մը տարազը գոհացնէ բզիկ-բզիկ եղած երկրին հակամարտող ուժերը, որոնք տեղ մը այլոց պատերազմը կը տանին իրենց արիւնոտ հայրենիքին վրայ:

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter