HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սագօ Արեան

Սոնա Թաթոյեան. Անատոլիա, վախ եւ ....սէր

Ցեղասպանութիւնը նաեւ Թուրքերուն պատմութիւնն է «Հետք»ին կ'ըսէ դերասանուհի Սոնա Թաթոյեան  

  • Անատոլիա Առաջին սէր....եւ վերջին կարօտ

Սոնա Թաթոյեանի  առաջին Անատոլիա այցը մեծ փոփոխութիւն առաջացուցած է իր մէջ: Անատոլիան սոսկ աշխարհագրական տարածք չէ, Անատոլիան «արեւելեան Թուրքիոյ» հողային տարածքը չէ միայն որուն սահմանները կը հասնին այսօրուան անկախ Հայաստանին: Արուեստագիտուհիին համար կեանքի ընթացքը վախի եւ սիրոյ մեծ բախումներէն դուրս եկող եւ այդ երկու ուժերուն միջեւ եղող կռիւին, յարաշարժ պայքարին եւ գոյակցութեան շղթան է: «Ես միայն մեծ շղթային մէջ փոքր օղակ մըն եմ» կ'ըսէ Սոնան հաւատալով որ ընթացք առած, եւ անգլիագիր հեղինակ Միշլին Ահարոնեան-Մարքոմի գործին վրայ հիմնուած ու յառաջիկայ տարի միայն նկարահանուելու պատրաստ եղող «Three   apples Fall From Heaven» ֆիլմը իր տարողութեամբ,  իր ուժերէն  եւ  կարողութիւններէն վեր բան մըն էր: Ըստ Սոնային Անատոլիա իր այցը պատճառ դարձած է, որ մեծ բան մը փոխուի իր մէջ «Սկսայ սրտով մտածել», -կ'ըսէ ան  աւելցնելով որ՝ «Մեր ժողովուրդը  պէտք է հասկնայ, որ մենք պէտք է յաղթահարենք վախը ու որպէս արուեստագէտներ պարտաւոր ենք մեր ամբողջ ներուժը տալու, պարտաւոր ենք մեր ամբողջական կարողութիւնը տալու եւ թոյլ չտանք որ վախը մեզ խեղթէ»:  

  • «Ալապամա» օտարուած մանկութիւն մը

Սոնա Թաթոյեանը ծնած է ԱՄՆ-ի Մէրիլին նահանգի Պալթիմոր շրջանին մէջ: Անոր ծնողները կուգան Սուրիայէն: Սոնայի համար մեծ նշանակութիւն ունի Հալէպը որովհետեւ իր մանկութեան բոլոր ամառները անցուցած է Հալէպի մէջ:Իր  մանկութեան կարեւոր պատկերները հոն են կերտուած: Առաջին տարեդարձ, առաջին քայլեր, մկրտութիւն Հալէպի  բազմադարեայ Սուրբ Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ: Սոնան նաեւ տեսակ մը կարօտով կը խօսի Սուրիոյ Արիհա շրջանին մասին, ուր մեծ հօրը Արթինի հիմնադրած օճախ- ճաշարանը մեծ նշանակութիւն ունեցած էր իրենց ընտանիքին  համար: Ամերիկեան բաւական օտարուած եւ այլօրինակ միջավայրին մէջ Սոնան բաւական դժուարին պահեր ապրած է:«Տարբեր էր Ամերիկան, փոքր գիւղ մըն էր  Ալապաման, ուր սպիտակամորթ եւ աւետարանական հաւատամքի հետեւող  ամերիկացիներով էինք շրջապատուած: Հօրս համար կարեւոր էր Ինտիանա փոխադրուիլը որովհետեւ կը հաւատար որ այդ գիւղերուն մէջ որպէս բժիշկ մարդասիրական մեծ առաքելութիւն մը կար: Կ'ուզէր անպայաման կարիքաւորներուն  օգտակար ըլլալ» կ'ըսէ ան աւելցնելով թէ, Հայրը այդ շրջանին մէջ միակ վիրաբոյժն էր: Դժուար եւ հարցադրումներով լեցուն մանկութիւն մը անցուցած է Սոնան եւ այդ մասին պատմելով կը յիշէ՝ «Հոն չէին հասկնար մեզ, մեր անունները  տարբեր էին, մեր ուտելիքները տարբեր եւ ապրելու կերպը տարբեր էր: Նոյնիսկ մեր մտածելակերպը տարբեր էր» Սոնա կը պատմէ թէ նոյնիսկ ֆիզիքական տուեալները տարբեր էին ու ատոր համար միշտ մեծ հարցադրումներով ապրած է: «Մեծ ինչուներու շարան մը կը տանջէր մեզ, ինչու հոս ենք, եւ մանաւանդ ինչու տարբեր ենք իրենցմէ,... հաստ յօնքեր եւ մազոտ թեւեր ունէինք .... նոյնիսկ կը խնդային մեր վրայ»: Այս ամբողջ հարցումներով լեցուն հանգրուանը կը լրացուի, երբ ութ տարեկան Սոնային, նախակրթարանի ուսուցչուհին մօտենալով իրեն կ'առաջարկէ «Ալիսը հրաշալիքներու աշխարհին մէջ» դպրոցական թատերական գործին մասնակցելու: «Երբ ուսուցչուհին ըսաւ որ այդ դերը պիտի ստանձնեմ վատացայ, հիւանդացայ եւ զիս տուն տարին:

Յետոյ կարողացայ դերը խաղալ եւ նոյնիսկ երգել թատերախաղին մէջ:Հոն արդէն  զգացի որ  կարեւոր էր այս դէպքը,  ու անով նոր ճամբայ մը  բացուեցաւ իմ համար: .... թատրոնի ճամբան էր որ բացուեցաւ»: Սոնա կը պատմէ նաեւ, թէ ինչ  կիրքով գիրք կը կարդար կ'ըսէ՝«Գիրքերը դարձան  կեանքիս ամէնէն կարեւոր մասնիկը:» Հիմնականին մէջ Անգլերէնով կարդացուած գիրքերը նոր շերտեր կը բանային իր հոգեկան աշխարհին մէջ՝ «ինքնութեան պայքարը սկսած էր,   Հայութեան եւ մեծ Ամերիկային միջեւ: Հայութիւնը փակ օղակի պէս բան մը էր սակայն, որովհետեւ Հայերուն մօտ ցաւօք   թապուներով տարուած էր ամէն ինչ ու մինչեւ հիմա ալ այդ տագնապը կայ: Մենք որպէս Հայեր կը վախնանք, չենք ուզեր ճշմարտութիւնը ըսել, մեր կեանքերը կ'ապրինք ուրիշներուն համար, ու ատոր համար իմ պայքարս առաջին օրէն եղած է ինքնութեան պայքար: Մենք կը վախնանք, անընդհատ կուզենք որ ապահով ըլլան մեր քայերը,իմ կարծիքովս սակայն  կեանքի մէջ ապահով բան չկայ. մեզմէ ոչ ոք ապահովուած է: Կեանքը ըստ իս ովկիանոս է ու ատոր համար մենք պէտք է տէր կանգնինք մեր մէջ կուտակուած արուեստի ոգիին: Այսօր օրինակ Հայաստանի մէջ արուեստի մեծ շունչ կայ ու մենք ստիպուած ենք այդ ոգիին հետեւիլ»: Հայերէն լեզուի հանդէպ  պաշտամունք եւ սէր ունեցող Սոնան Հայերէն կարդալու ունակութիւն ձեռք կը ձգէ իր հօրենական մեծ մօրը ճիգերուն շնորհիւ: Ապա գրականութեան եւ թատրոնի դասընթացքներու իր բարձրագոյն ուսումը ստանալէ ետք ՝ Ուէյք ֆօէրսթ  համալսարանին մէջ կը նետուի Թատերական ասպարէզ: Անոր համար անկիւնադարձային կ'ըլլայ Փիթըր Պալաքեանի «Ճակատագրի Սեւ շունը» գիրքը որուն կը հանդիպի   պատահամամբ: Խօսելով այդ մասին կ'ըսէ՝ «Այդ գիրքը իրապէս կեանքս փոխեց որովհետեւ կը խօսէր նաեւ մասին: Իմ մանկութիւնս էր կարծես, մեծ մօրս կերպարը կար ձեւով մը եւ կար Ցեղասպանութեան մինչ այդ իմ մէջ պահուըտած թեման:Այդ պահուն մէջս բան մը «կրակուեցաւ»» կ'ըսէ: «Զգացի որ բան մը կայ ընելիք»: Որովհետեւ ես միշտ ուզած եմ հարցումներ տալ:Ես մինչ այդ չէի  կրցած հասկնալ  մեր կեանքը,  մեր ուղեղներուն մէջ եղած քաոսը մինչեւ այդ պահը մնացած էր  անհասկնալի:Հալէպ,  Արաբներ   եւ   նախահայրերու ծննդավայր,  Խարբերդ  եւ Անատոլիա այս բոլոր  հարցումները  կը տանջէին զիս: Նոյնիսկ դպրոցին մէջ երբ պատմութեան դասագիրքերը կը ներկայացնէին մեզի,   պարզ էր որ ցեղասպանութեան մասին ոչ մէկ նշում  պիտի ըլլար հոն: Մէջս  սակայն եղող ճշմարտութիւնը կուզէր խօսիլ եւ դուրս գալ ...: Մէջս բնակող ճշմարտութիւնը անհասկնալի կը մնար Ամերիկացիներուն համար ու այդ պատճառով էր, որ   պատմութիւնը պէտք է քննէինք ու հասկնայինք մեր անհատական փորձին վրայ յենելով: Ութը տարեկանէս ի վեր հարց կուտայի ես ինծի, թէ ինչու մեր պատմութեան դասագիրքերուն մէջ ոչինչ կար գրուած այդ վէրքին մասին: Ու հոն էր որ ես հասկցայ որ չես կրնար վստահիլ քեզի «հրամցուած ճշմարտութեան» վստահիլ»: Սոնայի կարծիքով  ճշմարտութիւնը իւրաքանչիւր անհատի կողմէ քննելի եւ վերագտնելի արժէք էր: 

 
  • Հայաստան. նոր վերադարձ մը

2001-ին Սոնան The Journey ֆիլմին մէջ դերով մը հանդէս գալու նպատակով կ'այցելէ Հայաստան եւ՝ «Այդ տարին  երբ Երեւան էի, Թումանեան փողոցի մը վրայ նստած պահուս, յանկարծ  AIM  թերթին մէջ «Three Apples Fall From Heaven» գիրքին մասին փոքր գրախօսութիւն մը կարդացի: Շատ մեծ էր տպաւորութիւնս: Գիրքը ցնցիչ էր եւ այսպիսի գիրքի մը բնաւ չէի հանդիպած: Ամերիկա վերադաձիս ծանօթացայ գիրքի հեղինակ՝ Միշլին Ահարոնեան-Մարքոմին:  Երկու տարի անցած էր  այդ հանդիպումէն, երբ ծանօթացայ սցենարիստի մը, որ Motorcycle Diaries անունով ֆիլմի հեղինակն էր: Քիչ անց Հոսէ Րիվէրային յայտնեցի որ ծրագիր մը ունիմ որուն նպատակն է, «Three Apples Fall From Heaven» գիրքը ֆիլմի վերածել ու այդպէս ալ եղաւ: Հանդիպեցանք Միշլինին հետ, բաւական երկար առաջին  հեռախօսային զրոյցը տեւեց երկու ժամ» Սոնային համար կարծէք ամէն ինչ ընթացած էր այդքան ինքնեկ եւ այդքան անկեղծ: «Այդպէս երկու շաբաթ ետք որոշեցինք Միշլինին հետ Սուրիա երթալ: Գացինք Հալէպ եւ մեծ մօրս տունը հասատուելէ ետք, հինգ ժամ ինքնաշարժով ճամբորդեցինք եւ հասանք Մարկատէ: Փոքր տղայ մը կար այդտեղ, իրմէ խնդրեցինք որ մեզի գոյց տայ  մեր լսած  Մեծ Աղէտին զոհ գացածներուն ոսկորներուն հետքերը .... Երեխան ժպտած ու ըսաւ ... Հոս ամէն տեղ ոսկոր է փնտռեցէ՛ք ...:  Միշլինը յանկարծ ձայնեց եւ աւազին մէջէն հանեց ոսկորի բաւական խոշոր կտոր մը.... »: Սոնային ձայնը կը խեղթուի  հոս: Կացութիւնը փրկելու համար, կը փորձեմ ուրիշ հարցում մը տալ,  սակայն լռութիւնը կը շարունակուի: «Յետոյ ես անցայ Շատատէ ու հոն էր  որ մտայ այն քարայրը,  ուր պատերուն  վրայ ոսկորներ կային,  այդ ոսկորներէն հաւաքեցի, հետս Ամերիկա տանելու համար»: Այնուհետեւ Սոնա կը պատմէ թէ ինչպէս Ամերիկա վերադարձին Հոսէին կ'առաջարկէ Թուրքիա երթալ՝ ամուսնանալու եւ Խարբերդը տեսնելու նպատակով: Կ'ըսէ ՝«Որոշեցինք ամուսնանալ եւ մեր մեղրալուսինը անցընել Թուրքիոյ մէջ: Ընկերներէս շատեր չուզեցին հասկնալ եղելութիւնը եւ նոյնիսկ յանդիմանեցին, դուն Թուրքիա ի՞նչ գործ ունիս ըսելով ...: Ամերիկացի ընկեր մը ունէիք որուն անունը Բաքսթըն Ուինթըրս էր, Բաքսթընին դիմեցի, տրուած ըլլալով որ ան տարիներէ ի վեր Թուրքիա կ'ապրէր, թաւ կը ճանչնար միջավայրը եւ տիրապետած էր Թրքերէնին....Մինչ մենք կը պատրաստուէինք այս կարեւոր ճամբորդութեան,  բոլորը կը զարմանային թէ Սոնան  Թուրքիա պիտ երթայ:  .... Ըրինք այդ խենթութիւնը,  մեր ճանապարհը  ընդգծուած էր որովհետեւ ես կուզէի  անպայման Խարբերդ այցելել: Հասանք Իսթանպուլ ես, ամուսինս, եւ գրող՝ Միշիլին  Ահարոնեան-Մարգոմը:  Իսթանպուլէն ետք անցանք Կարս: Կարսէն Անի,  Անիէն ՝ Պայազիտ: Յետոյ  Վան, Վանայ լիճ եւ վերջապէս ՝  Խարբերդ: Իմ հօրս պարագաները Խարբերդէն էին: Նաեւ  Միշլինին արմատները կուգային հոնկէ: Մտանք քաղաք,   զարմանալի զգացում մը կը պատէր մեզ: Պատահմամբ ծանօթացանք մարդու մը  որ հին իրեղէններ կը վաճառէր: Օճառի տուփեր սպասներ, բաժակներ: Քանի մը կտոր գնեցինք իրմէ ու մարդը զարմանքով նաեցաւ մեր ամերիկացի ընկերոջը  եւ թրքերէնով հարցում մը տուաւ: Յետոյ Բաքսթընին հարց տուի, թէ ի՞նչ կ'ըսէր տարիքոտ այդ մարդը, Բաքըսթըն ըսաւ ՝ «Հարց կուտար թէ  հետդ եկող այդ երկու կիները Անատոլիայէն են՞ . ես ալ պատասխանեցի այո ...»  Ըսի ինչպէս իմացած է ՞ Բաքսթըն պատասխանեց « Ձեր աչքերէն...»: ...»  Այսպէս Սոնայի մօտ դէպքերը, կուտակումները ստացան նոր  խորք:  Սոնային համար համար երկու կարեւոր բաներ  մղիչ ուժ կը դառնային եւ կ'առաջնորդէին  կեանքը:  Այդ ուժերը կ'առաջնորդեն մեզ  եւ  կ'ուղղեկցին  մեզի ու մերթ կը խանգարեն մեզ: Մեր զրոյցը շարունակելով Սոնա կ'ըսէ «ինծի համար միակ փափաք մը կար,Three Apples Fall From Heaven Ֆիլմը հասցնել իր աւարտին գէթ ցեղասպանութեան հարիւրամեակին՝ 2015ին: Նախ Միշլին Ահարոնեան-Մարքոմի գիրքին ցենարի վերածուիլը, յետոյ Հնդիկ անուանի բեմադրիչ Շէքար Գաբուրին հետ մեր հանդիպումը ամէն ինչ շատ  բնական դարձուց: Կարծես մէկը վերէն ցուցմունք ու ճանապարհ կը բանար մեզի համար ... » Կ'ըսէ Սոնան:

Սոնային շատ մեծ նրբութեամբ կը  փորձեմ բացատրել թէ ցեղասպանութեան թեման, յաճախ մարդիկ եւ  արուեսատգէտներ կը փորձեն  շահարկել ու պահուըտիլ ատոր ետին,  կը ժպտայ ու կ'ընդմիջէ պատասխանելով թէ՝  «Կը խորհիմ որ  ես պարզապէս միջնորդ մըն եմ ու այսօր կը հաւատամ, որ մեր նախահայրերուն փափաքն է որ այս ֆիլմը,  այս պատմութիւնը մեզմէ դուրս  գայ ու այս ձեւով պատմուի»: Մեծ յուզումով  արտայայտուած պահերուն, մեր զրոյցը քանիցս կանգ կ'առնէ ու այս ամբողջը կը մատնէ թէ Սոնային համար գերխնդիրը սոսկ Ֆիլմ մը ստեղծելու նպատակը չէ միայն այլ ուրիշ խորքային բան մըն է....Թերեւս իր կեանքին իմաստն է: 

Սոնա նաեւ կը ներկայացնէ ֆիլմի  նկարահանումին հետ կապուած, բաւական դիպուկ  մանրամասնութիւններ  ու կ'եզրակացնէ թէ  դռները մէկ- մէկ բացուեցան, թուելով յատկապէս արդէն տաս տարիներէ աւելի Հայաստանաբնակ Վահէ Եագուպեանի անունը որ ամբողջութեամբ նեցուկ կանգնած է այս ֆիլմին: Սոնա նկատել կուտայ,  թէ այսօր արդէն բաւական բան հարթուած է նկարահանումը իրագործելը սկսելու համար: Սոնա մեծ կարեւորութեամբ կը խօսի նկարահանումին որպէս վայր Հայաստանի  ընտրութեան մասին: Ըստ անոր ՝«ֆիլմին  նկարահանուելու այս մեծ եւ կարեւոր նախաձեռնութիւնը նոր ճանապարհներ պիտի բանայ Հայաստանի  համար ու անոր տաղանդաւոր արուետստագէտներուն համար»: Սոնա նաեւ կը պատմէ թէ ինչպէս կ'ընտրուի Հնդիկ մեծ  բեմադրիչին՝ Շէյքըր Քաբուրին մասնակցութիւնը այս ֆիլմին եւ ըստ իրեն այդ ընտրութիւնը պատահական չէ երբեք: Շէյքըր Քաբուրի համար միշտ փափաք եղած է , այսպիսի թեմայով ոչ սովորական ֆիլմ մը նկարահանել: Ան խօսելով բեմադրիչին մասին, կ'ըսէ թէ անոր Ֆիլմերը- ինչպէս օրինակ «Էլիզապէթ Բ.» ֆիլմը- , ունեցած են պատմական դրոշմ ու այն քիչ ֆիլմերէն են, որ մեծ արժէքներու մասին խօսելով հանդերձ, նիւթական մեծ եկամուտ կ'ապահովեն»: Սոնա նաեւ պատմեց, թէ բեմադրիչ Քաբուր յայտնած է իրեն, թէ Ֆիլմը ցեղասպանութիւնը ներկայացնող  սոսկական մահախօսական դիպաշար մը չէ այլ տարբեր դիտանկիւնէ պատմական այդ պահը քննարկելու կարեւորութիւնը  կը մատնանշուի հոն»: Բեմադրիչը հետաքրքրուած չէ,   մահախօսական տրամ մը նկարահանելով, բան մը որ մինչեւ օրս կատարուած է այլ կ'ուզէ խօսիլ մարդու մօտ առկայ չարի արմատին մասին որ այսօր ալ, ըստ Սոնայի  իր աւերները կը գործէ իր ծնողներու ծննդավայրին մէջ» Սոնա  տարածուելով Ֆիլմին  մասին իր տալիք տեղեկութիւններուն մէջ, կը յայտնէ նաեւ թէ Թուրքիոյ մէջ ձեռք ձգած է բազմաթիւ գործընկերներ որոնցմէ յատկանշական կը համարէ՝ Չիտէմ Մաթէրը որ ֆիլմի աշխատանքներուն կը մասնակցի որպէս գեղարուեստական ղեկավար եւ արտադրող:Թեմայի այս բաժինը փակելով ան կը բացատրէ Թուրքերու մասնակցութեան կարեւորութիւնը այս ֆիլմին, որովհետեւ՝ «աս պատմութիւնը նաեւ Թուրքերուն մօտ պէտք է պատմուի» կ'եզրակացնէ ան:

  • Ոչ Սովորական Ֆիլմ

 Սոնա կը բացայայտէ թէ ֆիլմը կը ներկայացնէ յաճախ հայերուն  կողմէ գործուած այն սխալները որոնց հետեւանքով, իրավիճակը  աւելիով բարդացած է: Անոր  կարծիքով Թուրքերը չեն կրնար մէկդի նետել կամ անտեսել այս ֆիլմը,  որովհետեւ ֆիլմին մէջ  համոզիչ տուեալներ ու պատկերներ պիտի ըլլան, որ պիտի բացատրեն թէ այդ օրուան Թուրքերուն մէջ ալ կան այնպիսի մարդիկ որ դեմ եղած են որ Հայերը ջարդուին: Սոնային համար ի վերջոյ ցանկացած դէպքի առնչութեամբ մէկ կողմէ գործուած սխալմը ամբողջական վնաս չի կրնար պատճառել եթէ դիմացը գտնուող կողմը ժխտական ոգիով չպատասխանէ եւ չարութեամբ,  ցաւը դարձնէ համատարած ու սուգը ծանր: Սոնա տխրութեամբ կը խօսի Հալէպի մէջ կատարուող դէպքերուն մասին յիշատակելով, որ հոն եղածը այսօր ձեւով մը, մեր պատմութեան կրկնութիւնն  է, ու չարին կատարած ամեհի գործողութիւնները միայն վիրաւոր սրտեր պիտի նկարեն վաղուան պատմութեան մեծ պաստառին վրայ: Սոնա նաեւ կ'անդրադառնայ թէ Երեւան գտնուող Հալէպահայերը  նաեւ դեր  պիտի ունենան ֆլիմին մէջ որովհետեւ հոն օգտագործուած լեզուն արեւմտահայերէնն է ու իւրայատուկ կերպով՝ Խարբերդէն, Վանէն ու Կարսէն   աքսորեալ արեւմտահայերը հանգրուանած են Հալէպ եւ այսօր Հալէպի տխուր դէպքերուն ու պատերազմին պատճառով կը գտնուին երեւան: 

  • Սէր  ... եւ Վախ

Սէր եւ վախ ահա այս բառերով կ'աւարտէ Սոնան մեր զրոյցը: Սիրոյ աքցանին մէջ բռնուած դերասանուհին հողի, երկրի, կորուսեալ Անատոլուի կարօտով այսօր Երեւանի մէջ կը յայտարարէ, թէ իր նոր երազին առաջին շողերը սկսած է  պարզել: Սոնային համար ֆիլմը հաւատամքի պէս կը կամարուի ու կը տանի մեզ ուրիշ նոր երազներու գիրկը:  Անատոլիան, Խարբերդը  իր ու արուեստի գործիչներուն երկարած ձեռքը, մեր ունեցած ներուժը եւ դրական  ոգին  Սոնային հաւատալ կու տան որ մեր պատմութեան սեւ էջը պէտք է շրջենք, պէտք է արուեստի լեզուով խօսինք մեր հաւատքին վէրքին ու ապագային մասին:Սոսկ հռետորական բառերով չէ որ կ'աւարտի այս զրոյցը այլ խորքային մարդու ու արուեստագէտի այն հին շաղախին կը տանի մեզ, բանի մը որուն այնքան կարիքն ունինք այսօր:  

  • Հալէպ եւ Անատոլու

Աւարտելով Հալէպի մասին Սոնան տարբեր շեշտադրումով կը նշէ թէ իր մեծ մօրը տունը տարբեր իմաստ ունի իր համար: «Իմ կեանքիս թելն է այդ տունը»,- կ'ըսէ եւ կ'աւելցնէ ՝ «եղայ տարբեր քաղաքներ, ապրեցայ թատրոնի բազմաթիւ  բերմերու վրայ, բայց այդ տունը ուրիշ բան է ինծի համար: Ադ տունը մեծ մօրս տունը, մեզի  համար Անատոլուէն բաժին մըն էր»: Սոնա կը հաւատայ որ Հալէպի տագնապին մէջ ալ Վախի եւ սիրոյ պատմութիւն մը կայ յուսալով որ Սէրը անպայման կը յաղթանակէ:Իսկ աւարտին հարցումի մը պատասխանելով թէ չի վախնար Թուրքիա այցելելէ եւ յատկապէս Իսթանպուլի մէջ Three Apples Fall From Heaven ֆիլմին մասին խօսելէ  Սոնան  ժպտալով  կը  պատասխանէ «Ես կը վստահիմ Սիրոյ տուած ուժին, եւ ուր որ Սէր կայ հոն վախը անպայման կը պարտուի»:

Հարցումի մը պատասխանելով թէ Սոնան պատրաստ է յատկապէս Սփիւռքի  այն քննադատութիւններուն  որ կրնան հնչել տարբեր հայկական կողմերու կողմէ, թէ ինչպէս Թուրքերուն հետ ֆիլմ պիտի նկարահանէք կ'ըսէ «Մեզի համար այս աշխատանքը սոսկական ֆիլմ մը նկարահանել չէ եւ ինչ որ քաղաքական գործիչները չեն յաջողիր վերլուծել, կը հաւատամ արուեստը պիտի յաջողի ընել: Սոնա կը հաւատայ որ այս պատումը, այս վէրքը, միայն Հայերուն չի պատկանիր այլ բոլոր անոնց որոնց արմատները Անտալուէն կը սերին»:

«Ես Թրքերէն չեմ գիտեր, հազիւ քանի մը բառ կը խօսիմ, բայց զարմանալի է որ իւրաքանչիւր բառ որ  կը հասկնայի, Թուրքերը շատ կը զարմանային: Իսկ գործընկերներս կ'ըսէին թէ ես գիւղական  Թրքերէնով բառեր կ'արտաբերեմ: Խորքին մէջ մեր մէջն է ատ լեզուն: Անատոլիան մեր մէջ է եւ մենք  մէկ ընտանիք էինք հոն: Մենք Հայերս միասին ապրած ենք  Թուրքերուն, Քիւրտերուն,  Յոյներուն եւ  Ասորնիերուն հետ: Մենք միասին կարած ենք Անատոլիոյ մեծ գորգը. եւ մեր հոն չըլլալը այսօր մեծ ցաւ մըն է: Մեր հոն չըլլալը նաեւ մեծ կորուստ է Թուրքերուն ու Քիւրտերուն համար»:

Մեկնաբանություններ (7)

Անահիտ
յաaaa, Անատոլիան ո՞րն ա այ ձեր տունը շինվի: Էս ի՞նչ անգիտություն է:
Անուշ
Գեղարվեստական գրականության մեջ Արեւմտյան Հայաստանը հաճախ է անվանվում Անատոլիա: Իսկ աշխարհագրորեն այն ավելի լայն հասկացություն է:
Անուշ
նյութը բացառիկ է նրանով, որ առաջին անգամ հայ իրականության մեջ թերեւս այսպիսի մեծ նյութ գրվեց տաղանդավոր դերասանուհիՍոնա Թաթոյանի մասին, որը հանրաճանաչ է ամբողջ աշխարհում, բայց ոչ՝ Հայաստանում: Նա վերադառնում է Հայաստան:
araz
Na veradarnum e hayasdan!!!!!!!!!!!!! Ash@ ench kiti encha nush@ kgna guti push@.
Հայ մարդ
Իրոք որ, Անատոլիան ո՞րն ա այ ձեր տունը շինվի։ Հայկական բարձրավանդակ կամ Արևմտյան Հայաստան։ Վաղն էլ ձեզ կհամոզեն, որ հայերը թուրքեր են կամ հակառակը, իսկ Հայաստանը իր պատմությամբ ու մշակույթով` նեկա ժանտախտ ու անբարտավան թուրքիայի մեկ մասը։ Եվ այդպես կբարեկմանանք, եթե իհարկե Ռուսաստանը թողնի, և ոսկե դարաշրջան կսկսվի հայ թուրքական հարաբերություններում։ Մի անգամից մեր պատմական հողերը կունենանք և մեր իրական սահմաններն էլ մինչև միջերկրական ծով կտարածեն։ Քյոռն ինչ կուզի, երկու աչք։ Մանկամիտ մանուկներ ..... Դեռևս ինչեր պիտի տեսնենք ու լսենք։.... Հայոց Աստված էլ բեթարից ազատի։
Siranush Sargsyan
ինչքան ուզում ես գոռա շաքար, լեզուդ չի քախցրանա խելոք...երբ աշխարհը ասում է Անատոլիա, ուրեմն Անատոլիա է....մի ջրափոսից ջրափոս հայաստան չեն կարող պահել, ծովից ծով են երազում...խելքին աշեցեք!!!
Հայ մարդ
Սիրելի Սիրանուշ, խոսքը պատմական ու աշխարհագրական տարածքի մասին է։ Դուք էս ի՞նչ եք գրել։ Ձեր այդ հարգանք ու պատկառանք ներշնչող աշխարհն Արարատյան երկիրն էլ նրբորեն Ուրարտու դարձրեց ու մեզ մատուցեց, բայց Արարատյան երկիրն Ուրարտու չդարձավ և չի դարնա երբեք։ Հարցրեք որևէ լուրջ պատմաբան գիտնականի, ձեզ նույնը կասի։ Միայն Աստվածաշունչ մատյանում տասնյակից ավելի անգամներ վկայվում է հյուսիսում գտնվող Արարատյան երկրի մասին։ Հիմա ես եմ խելոքը,թե դուք։

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter