HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

«Պոլսահայերուն քով վախի լուրջ մթնոլորտ կայ»

Սագօ Արեան

Պոլսոյ մէջ վերջին օրերուն արձանագրուած դէպքերը դարձած են մեր ուշադրութեան գլխաւոր  կիզակէտը: Բայց ինչ որ կը կատարուի այնտեղ, պոլսահայ համայնքին համար նորութիւն մը չէ: Պարզապէս սոցցանցերու, կայքերու, լրագրողներու եւ արբանեակային կայաններու արձագանքները նոր հարթութեան կը տանին Պոլսոյ մէջ մաքառող համայնքին ամէնօրեայ  երբեմն դառն, երբեմն ուշացած եւ յաճախ վիրաւոր ինքնութիւնը: Թուրքիան կ'ապրի ինքնութեան խնդիր: Ու նոր չէ այս ամէնը. թերեւս մենք է, որ վերջապէս կը զգանք, թէ Պոլսոյ ամբողջ գետինը կը շարժի: Ինքնութեան վէրքերուն մէջ փաթթուած, վիրաւոր խանձարուրին մէջ պահուած, հարցադրումներու, ճակատագրի ու ապագայի մեծ հարցումներով Պոլիսը կը տրոփէ: Այս ամէնը նորութիւն չէ պոլսահայերուն համար, կը հաստատէ Սայաթ Թէքիր:

«Մենք տեսած ենք Փոկրոմ, տեսած ենք ջարդ...»,- կ'ըսէ Սայաթ Թէքիր, որ մէկ շաբթուան մը համար յայտնուած է Երեւանի մէջ: Սայաթ «Նոր  Զարթօնք» խումբի ներկայացուցիչն է,   աքթիւիստ եւ ընկերաբանութեան ուսանող: Ան կը պատրաստուի Կիւմրիի մէջ յառաջիկային գրել իր թէզը: Մեր հանդիպման ընթացքին Սայաթ կը նշէ, որ Մարիձա Գիւչիւքի սպաննութիւնէն առաջ նոյնիսկ «Նոր Զարթօնք»ը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը՝   զգուշացնելով որ Թուրքիոյ մէջ կրնան հակահայ ցնցիչ դէպքեր արձանագրուիլ: Սայաթի կարծիքով այս դէպքերը կրնային պատահիլ, որովհետեւ Թուրքիա ուշի-ուշով կը հետեւի հայկական ընդհանուր իրավիճակին, մանաւանդ տրուած ըլլալով, որ հայութիւնը կը պատրաստուի Ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Սայաթ  կը յայտնէ, որ Պոլսոյ մէջ այսօրուայ դրութեամբ կը տիրէ վախի մթնոլորտ, ու մեծ կարեւորութեամբ կը խօսի  ուշացած միասնականութեան մը մասին: Սայաթ Թէքիր իր խօսքի ընթացքին քանիցս շեշտեց, որ պոլսահայութեան մօտ վախի լուրջ մթնոլորտ մը կայ ու պարզ չէ, թէ այդ վախը երբ պիտի վերանայ: Ան կ'ըսէ. «Յառաջիկայ օրերը վտանգաւոր օրեր կրնան ըլլալ ոչ միայն պոլսահայերուն, այլ՝ Հայաստանէն աշխատելու համար Պոլիս հասած Հայաստանի քաղաքացիներուն համար: Իր կարծիքով ընելիք աշխատանք կայ մանաւանդ բոլոր փոքրամասնութիւններուն հետ: Ան, խօսելով անցեալ Կիրակի օր Սամաթիոյ մէջ տեղի ունեցած բողոքի հաւաքին մասին, ըսաւ նաեւ, թէ ցոյցը մեծապէս յաջողած է, որովհետեւ Սամաթիա ապրող հայեր առաջին անգամ ըլլալով մասնակցած են այս բողոքի մեծ հաւաքին: Սայաթ  զարմացումով կը խօսի նաեւ թէ կարելի էր այսպիսի մեծ հաւաքներ կազմակերպել մանաւանդ. «Մենք բողոքի ցոցեր կը կազմակերպենք միայն զոհեր տալէ ետք»: Սայաթ կ'ըսէ թէ Թուրքիոյ մէջ արդարադատութեան հասնելու խնդիրը մեծ հարց է ու այս անարդարութիւնները միայն հայերուն դէմ չեն ուղղուած, այլ՝ բոլոր փոքրամասնութիւններուն: Սայաթ Թէքիրի համար  իրատեսական մօտեցում մը կայ: Ան կ'ըսէ. «Մենք պատրաստ պէտք է ըլլանք նմանօրինակ դէպքերու, որովհետեւ Ցեղասպանութիւնէն ի վեր մենք տասը տարին մէկ նոր հարուած մը ստացած են Պոլսոյ մէջ:»

Սայաթ նաեւ խօսեցաւ «Նոր Զարթօնք» խումբի մասին, որ հիմնուած է 2004 թուականին. Սկզբանական շրջանին խումբին անդամները միայն նամակագրական կապով աշխատանքներու կը ձեռնարկէին: Հրանդ Տինքի նահատակութիւնէն ետք (2007) յատկապէս  իրենց աշխատանքները աւելի մեծ թափ առած են: Սայաթ յայտնեց որ «Նոր Զարթօնք» հիմնադրած է համացանցային ռատիօկայան մը՝ www.norradio.com հասցէով, ուր հայերէնէն բացի ինը լեզուներով հաղորդումներ կը սփռուին: Սայաթ նաեւ նշեց, որ «Նոր Զարթօնք»ը կը զբաղի այլ փոքրամասնութիւններու հետ կապեր ստեղծելով, հաւաքներ կազմակերպելով եւ քաղաքական-ընկերային լսարաններ կայացնելով: Ան ըսաւ, որ «Նոր Զարթօնք»ը ոչ մէկ քաղաքական գունաւորում կամ պատկանելիութիւն ունի, եւ հոն հաւաքուած երիտասարդները կ'աշխատին կամաւոր կերպով: Սայաթ կարեւոր նկատեց նաեւ, որ հայրենի մամուլն ու լրատուական կայքերը աւելի մեծ ուշադրութեամբ հետեւին Պոլսոյ մէջ կատարուած դէպքերուն եւ մտնեն պոլսահայերու կեանքի մանրամասնութիւններուն մէջ, լսեն պոլսահայերու իրական ձայնը: Սայաթ նաեւ անդրադարձաւ մամուլին ու լրատուական կայքերուն մէջ երեւելի բացթողումներուն եւ սխալներուն:

Հ.Գ. Մենք մինչեւ ո՞ւր պիտի քալենք զոհի «դափնեպսակ»ը մեր գլխուն: Ազգային չափազանցուած տոքթրին, ատելութեան, ոխի, քէնի եւ մերժումի քաղաքականութեամբ սնուելէ անդին կը հաւատամ, որ ժամանակն է տրոփող, զարկերակուող Պոլսոյ մէջ բարձարձայն կերպով լսելի դարձնել նաեւ մեր ձայնը: Եթէ մասնատուած ենք, վերջ տանք այդ մասնատումին, եթէ հեռու ենք պոլսահայութեան խնդիրներէն, ականջ տանք իրենց, եթէ փակուած են մեր ականջները, լսենք իրենց բարձրացուցած աղաղակը:

Չմոռնանք, որ այս պայքարին մէջ միայն հայեր չեն: Հիմա նոր ժամանակներ են, եւ օդին մէջ պարզուած ձեռքերը կը սպասեն մեր պատասխանին, մեր այո-ին, մեր գործին:

Խօսքէն անդին երթալը ժամանակի խնդիր է: Կը մնայ նայիլ Սայաթ Թէքիրներու աչքերուն մէջ՝ հաւատալու, որ Պոլսոյ հայերը ծարաւ ունին կտոր մը Հայրենիքի տուած ներուժին, կտոր մը քաջալերանքի....

Սայաթ իր խօսքին մէջ ժպտալով ըսաւ, որ ինք ու իր նման շատեր եկած են Թուրքիոյ մէջ բան մը փոխելու. ան երազող մը չէ, իրատեսական են իր բառերը: Իր խօսքին առանցքը աւելի տարածելով՝  ըսաւ նաեւ, որ թերեւս օր մը աշխարհը  կը փոխենք: Ամէն շարժումի իրական ապաւէնը հաւատքի կաթիլն է, կը մնայ հաւատալ ու հազար մղոնի երկար ճանապարհը ինչպէս միշտ, հաւատքի առաջին քայլով կը սկսի: Հրանդ Տինքի շաղ տուած սերմերը ի զուր  չցանուեցան: Այսօր Պոլսոյ հայութիւնը կանգնած է նոր հանգրուանի մը առջեւ ու բնական այս շարժումին, այս մեծ փոփոխութիւններուն առընթեր պէտք է նոր մասնակիցներ երեւին: Մենք՝ Սփիւռք եւ Հայաստան, այդ ներուժը ունինք: Եւ չմոռնանք, որ երկար ճանապարհները կը  հարթուին միայն, երբ կը հաւատանք, որ առաջին քայլը արդէն նետած ենք:

Մեկնաբանություններ (1)

Deniz Burcay Haberal
Unfortunately recent years it has been becoming more dangerous to be an Armenian in Turkey. People are getting more racist and more islamic... They just want one type of people who will be turkish-moderate islamic... If you don't agree with this idea, you should leave the country soon or accept living under threats...

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter