HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սագօ Արեան

Արտավազդ Փէլէշեանի հետ խօսելու մասին

Հինգշաբթի՝ 11 յուլիսը, Երեւանի համար աննախընթաց օր էր: Արտավազդ Փէլէշեանի Չորս Ֆիլմերը ներկայացուեցան «Կինո Մոսկուա»-ի «Կարմիր սրահ»-էն ներս:Հանդիպումը կ'իյնար «Ոսկէ ծիրան» Ֆիլմարուեստի 10-րդ փառատօնին ծիրէն ներս:Նախքան ֆիլմերուն ցուցադրութիւնը Վարպետին գնահատանքի մետալներ տրուեցան:Ֆիլմերու ներկայացման աւարտին Փէլէշեան բեմ բարձրացաւ պատասխանելու հանդիսատի հարցումներուն:

Մթնոլորտը բաւական շիկացած էր: Ու զարմանալի չէր այդ մէկը, որովհետեւ Փէլէշեանի համար այդքան հեշտ չէր համբերատար կերպով լսել սրահէն բաձրացած մերթ անհասկնալի, մերթ անտեղի, մերթ անյստակ հարցումները: Լարուածութիւնը սակայն ոչ մէկ նշանակութիւն կրնար ունենալ կամ որեւէ ձեւով կրնար շուք ձգել վարպետին հետ հանդիպելու փափաքով Երեւանեան շոգ յետմիջօրէին «Մոսկուա Կինոթատրոն» փութացած հարիւրաւոր հանդիսատեսներուն վրայ: 

 Փէլէշեան լռութեան վարպետն է: Անոր «Բնիկներ» ֆիլմին ամէնէն յետին մանրամասնութիւններուն մէջ կարելի է հանգիստ կերպով կարդալ այդ լռութեան «մեծ աղմուկ»ը: Պատերազմի ամէնէն սեւ պատկերներուն, օրհասին, արեան, սպաննութեան, ոճիրին, գաղթերուն եւ անմարդկային իրավիճակներուն մեծագոյն կրողն է Փէլէշեան: 

Կերպով մը մեղաւոր կը զգայի որ առաջին անգամն էր որ կը դիտէի Փէլէշեանի տեսաֆիլմերը: Քանիցս փորձած էի «Եու Թյուպով» տեսնել զանոնք. բայց միշտ ալ խուսափած էի: Մեծ պաստառի իմաստը ուրիշ էր. Փէլէշեանի առաջին տեսաֆիլմը կարծես առնջուած ըլլար մեր այսօրուան ամէնէն հիմնական խնդրին՝ պատերազմին հետ: Զէնքի ամեհի առեւտուր ու բողոք զէնքին դէմ: Արիւնի ամէնօրեայ լիճերու գոյացում ու մերժում այդ արեան: Հրթիռներու, նոր, հաստ, երկարոտ, ցամաքային եւ օդային ամէնէն արդիական տեսակներու պատկերներուն ամրագրումը մեր ուղեղի պաստառներուն վրայ ու անդին Փէլէշեանի բողոքը արագիլներու, ամպերու, թռչնազգիներու ու տարբեր կենդանիներու բերաններէն դէպի երկինք սլացող վեհութեամբ ու սպասումով: Փէլէշեան ողնուծուծով պատերազմի դէմ է: Անոր պատկերները կ'ըմբոստանան բոլոր պատերազմներուն դէմ, անոնց պատճառներուն ու հետեւանքներուն դէմ: Ան նոյնիսկ հետեւանքներէն առաջ կ'ուզէ լսելի դարձնել իր լռութեամբ ագուցուած, լռութեամբ ամրացուած խօսքը: Այդ խօսքը լսելու արժանիքը կար Երեւանեան սրահէն ներս ու հակառակ անոր որ ինչպէս վարպետը ներողամտութեամբ կը պարզէր թէ տեսերիզներուն որակը շատ էր վատ. մէկ է կարեւորը, էականը եւ մնայունը անոր գործէն բարձրացած դրական «Աուրա»-ի մեծ շրջանակն էր որ պիտի տարածուէր մեզմէ իւրաքանչիւրիս եթերին շուրջ: Մենք բոլորս հլու-հնազանդ Փէլէշեանէն մասնիկ մը պիտի տանէինք մեր հետ: Ու տանելու արարքը պիտի չհատնէր, պիտի չաւարտէր, երբեք պիտի չունենար լրում: Փէլէշեանի «լուռ» գործերը շատ աւելին էին քան այն հարիւր- հարիւրաւոր տեսերիզներէն շատ- շատերը որոնք ամէն տարի կ'արտադրուին Պոմպէյի, Հալիուտի կամ Գահիրէի կինոսթուտեաներէն: «Լռութիւն», որ կրնար հազար մղոններ կտրել ու անցնիլ սահմանները, հատել շինծու արգելքները, փշրել մարդոց միջեւ դրուած կեղծ շղթաները:

Փէլէշեանի խօսելու ժամանակը, անոր հետ հաղորդացութեան, անոր պատկերներուն, չաւարտող իմաստին, անոր ուժականութեան եւ յաւերժութեան հիմնական իմաստը լռութիւնէն դէպի խօսքի ելլելու, փակ բերանները եւ հանգուցուած լեզուները քակելու արժանի ընթացքն է: 

Իմ համար պարզ չեն այն պայմանները որոնց հետեւանքով Արտաւազդ Փէլէշեանը օր մը որոշեց հեռանալ Հայաստանէն ու եթէ չեմ սխալիր իր հեղինակած վերջին տեսաֆիլմը կը կրէ 1980 թուականը: Բայց այս բոլորը մանրամասնութիւններ են որոնք չեն կրնար խափանել վարպետին գործին էական ներկայութիւնը Հայկական ազգային ֆիլմարուեստի պատմութեան կարեւոր մէկ հանգրուանին անոր յաւիտենականութիւնը ապահովելու ու մանաւանդ շարունակականութիւնը պահելու համար: 

Արտաւազդ Փէլէշեանով Հայաստան յաջողեցաւ Ֆիլմարուեստի համաշխարահային պատմութեան մէջ իր կարեւոր տեղը ունենալ ու անով ներկանալ ու սփռել Հայաստանը աշխարհով մէկ (այս խօսքը Կինոգէտ Դաւիթ Մուրատեաննին է): Հիմա երբ Վարպետին ներկայութիւնը հետզհետէ աւելի շեշտակի դարձած է բնական է, որ անոր Ֆիլմաշխարհով տարուած Հայ երիտասարդներու մեծ փաղանգ մը իրմէ լսելիք ու սորվելիք ունի:

Աւարտին՝ լռութեան, խօսքի, ասքի եւ բաբառելու կերպին մասին խօսելու վերադառնալով բացորոշ է որ Փէլէշեանի հետ խօսելու անոր «ձայն»ի ու «լռութեան» երանգներուն մէջ մտնելու համար,անոր արուեստին տիեզերական սլացքով ճամբորդելու համար երկար ժամանակ է պէտք մեզի: 

Մեծերուն հետ խօսիլը միշտ ալ ինքայատուկ ճիգ եւ լեզու կը պահանջէ:Ու թող ներեն մեզի անոնք որոնք իբրեւ թէ նեղացան վարպետին հանդէպ շատ-շատերուն արտայայտած սիրոյն ի տես: Այդ հետաքրքրութիւնը եւ անոր արուեստին մէջ մտնելու ճիգը կուգար միայն Սէրէն:

Ու վստահ եմ որ վարպետը երջանիկ էր որ իր հանդէպ այդքան հզօր սէր, խոնարհութիւն եւ գուրգուրանք գոյութիւն ունի:

Վարպետը՝ Արտաւազդ Փէլէշեան որ իր «Լռութեամբ» կը բարձրանայ ժամանակի բոլոր աստիճաներէն վեր... կատարեալ սիմֆոնիք կտորի մը պէս, պարզ, զեղուն եւ մանաւանդ ... անմիջական ու ճշմարիտ:

Յ.Գ. Կը հաւատամ որ Փէլէշեանի հզօրագոյն գործը «Տարուայ եղանակներ» տեսաֆիլմ է որ արժանի է աւելի խոր եւ երկարաշունչ վերլուծման: Ատոր մասին ալ յետագային անպայմա՛ն:

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter