HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Հայց. եկեղեցին պատանդ է-2

Սկիզբը

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

Մաս թ

Ա.-Երուսաղէմի պատրիարք Նուրհան Արք. Մանուկեանի նամակն ու բողոքի կեցուածքը եւ անոր ունենալիք անդրադարձը ամբողջ եկեղեցականութեան հոգեբանութեան վրայ:

Ըստ աւանդութեան, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան հետ սկսած է նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը, որ իր զինուորեալ միաբանութեամբ, միշտ առանձնակի եւ յատուկ դիրք մը ունեցած է մեր Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան մէջ, իբրեւ զուտ կրօնական կեդրոն:  Ո՛չ այնքան հայ միջավայրի մէջ, կարողացած է պահել միշտ նախանձելի դիրք մը բոլոր յարանուանական «մրցակցութիւններու» մէջ, եւ շնորհիւ անցեալին իր վայելած քաղաքական բացառիկ պայմաններուն՝ հայ ժողովուրդին համար եղած է յոյսի եւ սփոփանքի ամրոց մը, ուր անվթար կը պահպանուին Հայց. Եկեղեցւոյ աւանդութիւններն ու արարողակարգերը:

Թէեւ այսօր նոր քաղաքական պայմաններու, ճնշումներու եւ պրկումներու հետեւանքով կը փորձէ հնարաւորին չափ պահպանել նոյն գոյավիճակը՝  ո՛չ այնքան բարեկեցիկ պայմաններուն ներքեւ, ուր կը պատրաստուի հոգեւորականներու նոր սերունդ մը, եւ ուր Ս. Աթոռին մամուլը կը փորձէ արդիւնաւորել իր աշխատանքները ըստ կարելւոյն:

Ազգովին կ՛ապրինք ողբերգական վիճակի մէջ: Կեանքի պայմանները եւ հանրային հետաքրքրութեան լրջութիւնն ու պակասը մեզ կանգնեցուցած են քայքայիչ վտանգներու առաջ, որոնց առ հասարակ գիտակցութիւնն անգամ չունինք: Դժբախտաբար եկեղեցւոյ խունկը եւ եկեղեցական պաշտօնէութեան բեմական հրապոյրը առաւել հիմնական տեղ կը գրաւեն մեր հոգիին մէջ քան Հայց. Եկեղեցւոյ ժողովրդապետական կառոյցը նուիրագործող եւ ամրացնող պատուանդանը որ կը կոչուի ՕՐԷՆՔ:           

Նախ սահմանենք օրէնքի հասկացողութիւնը.-

Ա.- Անտառի օրէնք- անսկզբունք վայր, դէպք, ուր զօրաւորին կամքն է որ կը տիրապետէ, կը ղեկավարէ: Լա Ֆոնթէնեան հասկացողութեամբ՝ «զօրաւորագոյնին իրաւունքը միշտ լաւագոյնն է» (La raison du plus fort est toujours la meilleure):

Բ.- Բնական կամ բնութեան օրէնք- անփոփոխելի կապը որ գոյութիւն ունի բնութեան զանազան երեւոյթներուն մէջ եւ միջեւ:

Գ.- Ամբոխային օրէնք- իւրովին դատաստան ընել, «յանցաւորը» առանց դատարան յաձնելու մահուան դատապարտել:

Դ.- Սահմանադրական օրէնք- որ պետութեան կազմին ձեւը եւ իշխանութեան ու քաղաքացիներուն իրաւունքները կը սահմանէ:

Ե.- Միջազգային օրէնք- որ կը ճշդէ, կ՛որոշէ պետութիւններու փոխադարձ յարաբերութիւնները եւ անոնց իրաւական դրութիւնը:

Զ.- Քաղաքացիական օրէնք- որ կը սահմանէ տուեալ երկրին քաղաքացիներուն մասնաւոր սեփականութեան, փոխադարձ պարտաւորութիւններուն, ընտանեկան եւ ժառանգական հարցերուն վերաբերեալ տրամադրութիւններ, կանոններ:

Է.- Քրէական օրէնք- յանցանքները եւ անոնց համար ըլլալիք պատիժները սահմանող կանոն:

Իսկ այս բոլորէն դուրս կայ նաեւ մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ պարզուող անհասկնալի եւ անընդունելի իրողութիւն մը, որ կը կոչուի «օրէնք շինել», այսինքն՝ օրէնքէ դուրս քմահաճօրէն կամք պարտադրել եւ զայն վերածել սովորական երեւոյթի:

Այս բոլոր սահմանումները տեսնելէ ու հասկնալէ ետք, ո՞ր բաժնին մէջ պէտք է զետեղել Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան եւ Երուսաղէմի պատրիարքութեան փոխ-յարաբերութիւնները,-- կը թողունք մեր ընթերցողներու հայեցողութեան եւ դատողութեան:

Վերլուծելէ առաջ Պատրիարք Հօր նամակին բովանդակութիւնը, կ՛արժէ յիշեցնել մեր ընթերցողներուն, թէ անհասկնալի է այն իրողութիւնը որ մեր երկու պատրիարքական Աթոռներն ալ (յԵրուսաղէմ եւ ի Կոստանդնուպոլիս) ո՛չ միայն կը փորձեն հեռու մնալ Մայր Աթոռէն, այլեւ սառն են իրենց յարաբերութիւններըԷջմիածնի հետ: Երուսաղէմի վերջին պատրիարքական ընտրութիւններուն առիթով, միջամուխ ըլլալուանյաջող փորձերը Ամենայն Հայոց Հայրապետին՝ շատ հաշտ աչքով չէին դիտուած Երուսաղէմի զինուորեալմիաբանութեան կողմէ: Ո՛չ ալ երջանկայիշատակ Թորգոմ պատրիարքի յայտնած թելադրութիւններն ու դժգոհութիւնները հաշտ աչքով էին դիտուած Ներսիսեան խմբակին կողմէ, այն օրերուն՝ երբ հանցուցեալը կաթողիկոսական տեղապահն էր եւ չէր հանդուրժեր իր շուրջը կատարուած անկանոնութեանց եւ սանձարձակութեանց:

Վերադառնանք Օգոստոս 3, 2013-ին գրուած պաշտօնական նամակին եւ վերլուծենք այդ նամակին տուն տուող շարժառիթները: Նախ յայտարարենք որ այդ նամակը գրուած է եղբայրաբար,  ուղղուած աւագ եղբօր՝ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, որպէս ներքին փոթորկումներու  անշպար արտայայտութիւն: Ապա նշենք նաեւ տխրահռչակ հաղորդագրութիւնը Գերագոյն Խորհուրդի Յուլիս  31-ի նիստին, որուն մասնակցեցան Խորհուրդի ո՛չ ամբողջական (թէեւ ո՛չ օրինապէս ընտրեալ, այլ՝ նշանակեալ) «պատկեր» անդամները, այլ խօսքով՝ իրենց ինքնասիրութիւնը կորսնցուցած ստրկացած անդամներ, որոնք չվարանեցան անգամ մը եւս կքիլ իրենց վրայ պարտադրուած ճնշումներուն տակ, եւ առին աներեւակայելի որոշում մը, որ անգամ մը եւս արատաւորեց բարձրաստիճան եկեղեցականին՝ Նորվան Արք. Զաքարեանի արժանապատուութիւնը:  Ի՞նչ պիտի մտածէին այս «պատկեր» անդամները, եթէ դերերը շրջուէին եւ իրե՛նք ըլլային Նորվան Սրբազանին տեղ, իսկ իրենց միաբանակից եղբայրները ամենայն անտարբերութեամբ  ու սառնարիւնութեամբ նման ճակատագրական որոշում մը առնէին: Ո՜հ ինչ փոթորիկ զգացած պէտք է ըլլային իրենց հոգւոյն մէջ, եւ անիծէին այն օրը՝ երբ ուխտեցին միաբանական շարքերը մտնել:

Արդար եւ իրաւ է որ եղբայր մը կարենայ իր եղբօր յորդորել որպէսզի ներողամիտ գտնուի իր այլ եղբօր նկատմամբ եթէ նոյնիսկ սայթաքումներ կան, որոնք արժանի են խիստ կեցուածքի եւ նոյնիսկ պատիժի: Սակայն այնպիսի պարագային մը ուր անարդարութիւն մը կայ, ինչպէ՞ս կարելի է անտարբեր մնալ եւ թողուլ որ հոգեւոր եղբայր մը զոհ երթայ կամայականութեանց,  քմահաճոյքներու, եւ ինչո՛ւ չէ՝ քինախնդրութեան:   Եղած որոշումը «անընդունելի եւ անարդար» նկատելէ ետք, Նուրհան Պատրիարք կը յորդորէ Ամենայն ՀայոցՀայրապետին՝ ըլլալ ներողամիտ եւ հայրաբար վերաբերիլ իր ստորադաս հոգեւոր հայրերուն հանդէպ
«Իսկ երկու տարի առաջ երբ փորձած էիք մեր ապառողջ Թորգոմ պատրիարքը համոզել որ «Աթոռակից» մը ընտրել տար, եւ ան մերժած էր Ձեր առաջարկը, ետքը Դուք Արիս Արք. Շիրվանեանին, որ ըսած էր Ձեզի. «Մենք Կանոնադրութեան մէջ այդպիսի յօդուած մը չունէինք», որուն Ձեր իրեն կատարած սպառնալիքը եղած է, «Ես ձեր բոլորին կարգը կառնեմ», ինծի ալ կրկնեցիք նոյնը, եւ իմ պատասխանս եղաւ. «Վեհափառ, ո՞ւր կ՛երթաս, ուրիշ բան չե՞ս գիտեր»:

Վստահաբար այս անփառունակ յայտարարութիւնը չափէն աւելի վիրաւորածեւ վշտացուցած էր Երուսաղէմի միաբան հայրերը: Տխուր իրականութիւն մը, սակայն հարազատ ցոլացումն է ոչ-քրիստոնէավայել, հակականոնական ա՛յն արարքներուն, որոնք անգութօրէն կը գործադրուին երկու կաթողիկոսութիւններէն ներս:   

Պատրիարք Հօր վերջին մտածում-թելադրութիւնը, ըստ որուն «անկարելի է որ վախի եւ սպառնալիքիմթնոլորտի մէջ առողջ սերունդներ հասնին», ինքնին մեծագոյն վկայութիւններէն մէկն է այն ակնյայտ իրականութեան որուն մասին ո'չ թէ միայն մամուլն է որ կ՛արտայայտուի, այլ նոյն ինքն Մայր Աթոռի Միաբանութեան  անդամները, որոնք «խեղդամահ» եղած են անհանդուրժողական նեխած մթնոլորտին մէջ:

Այս բոլոր իրողութեանց քաջածանօթ մեր եպիսկոպոսները, նամանաւանդ անոնք՝ որոնք հասակ առած են Երուսաղէմի դպրեվանքին մէջ, ի՞նչպէս չհամարձակեցան կամ չփափաքեցան այս կնճռոտ հարցը օրակարգի բերել եւ արդար լուծումներ առաջարկել: Ի՞նչ պիտի մտածեն մեր երիտասարդ նորահաս միաբանները այս վախի ու սպառնալիքի մթնոլորտին մէջ:

Ոմանք կ՛առարկեն որ այսպիսի հարցեր «ներքին կարգով» պէտք է լուծուին: Ընդհակառակը, մենք կը հաւատանք որ ժամանակը եկած է բացայայտելու ամէն ճշմարտութիւն հանրութեան առաջ, եթէ կը հաւատանք որ մենք ժողովրդավար Եկեղեցի ենք՝ ժողովուրդով եւ ժողովուրդին համար:

Հայց. Եկեղեցին հետզհետէ դառնալու վրայ է կղերատիրական հաստատութիւն մը, անտեսելով ամէն ժողովրդապետական օրէնք, կարգ ու կանոն: Այս սանձարձակ վիճակին մէջ տակաւին կան ոմանք, թէկուզ փոքրաթիւ, որոնք կը հաւատան սահմանադրական սկզբունքներու, բայց եւ այնպէս չունին բարոյական ոյժը իրենց ձայները բարձրացնելու, եւ դժբխտաբար այդպէս ալ կղզիացած, մեկուսի կ՛ապրին:

Պէտք ունի՞նք անգամ մը եւս շեշտելու որ անուրանալի ճշմարտութիւն է թէ հայ ժողովուրդի քաղաքակրթական ընդունակութիւնը, որ մեր ազգի ազնուացման եւ դարերու ընթացքին յառաջացման ապացոյցն է, մշակուեցաւ եւ զարգացաւ Հայց. Եկեղեցւոյ ջանքերով: Հայց. Եկեղեցին, որպէս վառարան քրիստոնէական կրթութեան եւ դաստիարակութեան, կերտած է հայուն հոգեւոր նկարագիրը եւ միանգամայն եղած է մեր ազգային ինքնուրոյն գոյութիւնը պահող եւ զարգացնող հաստատութիւն մը՝ մեր քաղաքական իշխանութեանց զուգընթաց:

Ցաւ ի սիրտ կը յայտարարենք, թէ բացորոշ վարանք մը կայ կարգ մը պատասխանատու մարդոց մօտ՝ ազգային-եկեղեցական սահմանադրական կարգերը անխախտ պահելու, եւ մասնաւորաբար սանձելու բաձրաստիճան եկեղեցականներու ակներեւ յաւակնութիւններն ու յոխորտանքները, եւ պարտադրել որ մնան անոնք իրենց կոչումին թելադրած պարկեշտութեան մէջ:

Հայց. Եկեղեցւոյ գերիշխան հեղինակութիւնը, որ օրուան կաթողիկոսն է, պարտաւոր է յարգել սահմանադրական կարգերը, որովհետեւ ժողովրդավարական կարգերու անտեսումը արհամարհանք մըն է հայ ժողովուրդի նուիրական եւ անկապտելի իրաւունքներուն հանդէպ:           

                                       Շար. Բ.

 20 Հոկտեմբեր, 2013

Մեկնաբանություններ (2)

Not Hye
Since his Beatitude Archbishop Nourhan Manougian took his position, he has been showing leadership and has already made positive changes to the Armenian Patriarchate of Jerusalem. I am not surprised to read this article and learn that again he showed that he is the right man to lead, to teach and mentor and be a symbol of good and Christianity.
HaykUSA
Armenian church got to the point that we do not believe in it and we despise it. It is full of corruption and no different than current Armenian Mafia government. Look at the Kechoyan and churches closeness with Serz and evil ones. I am not surprised that Catholicos is evil, he is indeed! Look at our destroyed historical monuments, Haghartsin is polished atrocity now with luxury hotel nearby, other churches are decaying, but God forbids out church to touch them. Look at our priest’s wealth, they ignorance of people look how they despise poor. This is direct result from our church acting as our corrupt government. Then all surprise that sects and other soul catchers show activity in Armenia, sure they would, our church is not people’s church. It is oligarchs and mafia-government’s church. Satana is awaiting for all our corrupt priests!

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter