HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սագօ Արեան

Սեւան Նշանեան` «Այս երկրին մէջ հայերէն կը սպասուի, որ հեզ եւ հլու ըլլան»

«Սխալ Հանրապետութիւնը կամ   51 հարց  Քէմալիզմին եւ  Աթաթուրքին» գիրքի եւ տասնեակ այլ աշխատութիւններու հեղինակ,  պոլսահայ  լրագրող  եւ բառարանագիր  Սեւան Նշանեան 2004-ին    ստացած է մարդկային իրաւանց  «Այշէ Նուր Զարագօլու» անուան  մրցանակը:

Նշանեան   որ այս Ուրբաթ  ( 20 Դեկտեմբեր)    երկու տարուան բանտարկութեան  վճիռին  ենթարկուելով   պիտի  յայտնուի Պոլսոյ բանտերէն  մէկուն մէջ,  առաջին անգամը չէ որ «պիտի ճաշակէ» թրքական զնտաններուն «վայելք»ները:  Ան տարբեր մեղադրանքներով քանիցս  յայտնուած է ճաղերու ետին,  որոնց վերջինը   2001-ին,  երբ  ան կալանքի տակ մնաց տասը ամիս: Յիշեցնեմ,   որ Նշանեան  1995-էն  ի վեր Իզմիրի մօտ եղող «Շիրինճէ» աւանին  մէջ  հիմնադրած է Nişanyan House Hotel-ը (տեսնել այստեղ՝ www.nisanyan.com), որուն  նպատակն է զարկ տալ  Էթնիք զբօսաշրջութեան:  Այդ համալիրին մէջ  նոր  տնակ մը կառուցելու պատճառով (իբրեւ թէ  ապօրինի)  ան պիտի բանտարկուի երկու տարիով:

Սեւան Նշանեան Թուրքիոյ մէջ այսօր դարձած է ազատութիւններու եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու   պաշտպանութեան համար պայքարող կարեւորագոյն անուններէն մին: Ստորեւ անոր հետ կատարուած կարճ հարցազրոյցը՝  այն յոյսով որ մօտիկ ապագային պիտի կարողանամ աւելի մանրամասն գրել ազատութեան  զինուորին մասին:

Հայկական մամուլին  մէջ  վերջին օրերուն երեւցան հրապարակումներ,   ըստ որոնց՝ դուք չորս տարուան   բանտարկութեան պատիժ ստացած էիք: Աւելի ուշ ըսուեցաւ, թէ ձեր պատիժի ժամանահատուածը երկու տարի էր: Հիմա ի՞նչ է  իրականութիւնը:

Ըսեմ, որ   իմ դէմս  մի քանի դատավարութիւններ կան: Հիմա երկու տարուան բանտարկութեան խնդիրը արդէն վճռուած է,  բայց կը կարծեմ,  որ յառաջիկային ալ երկու տարի  եւս կրնամ բանտարկուիլ ու անկէ ետք նաեւ տասը  ամսուան վճիռ մը կրնայ ըլլալ:

Այսինքն երկու տարուան վճիռը արդէն գործադրութեան պիտի դրուի...

Այո եւ ես  յառաջիկայ Ուրբաթ օր (20 Դեկտեմբերին) պիտի բանտարկուիմ:

Ինչքան գիտենք՝   այս վճիռը կապ ունի   ձեր համալիրին մէջ  փոքր տնակ մը  ըստ Թուրքիոյ դատական մարմիններուն ապօրինի կերպով  կառուցելուն հետ: Այս իրողութիւնը ինչքանո՞վ կը համապատասխանէ  ճշմարտութեան:

Նախ ըսեմ,  որ ասկէ բացի քսանի չափ դատեր բացուած են դէմս: Ես   զբօսաշրջային համալիր մը կառուցած  եմ   Իզմիր շրջանի «Շիրինճէ»   աւանին մէջ,  ուր ներկայիս կը գործէ Nişanyan House Hotel-ը, եւ Թուրքիոյ  մարմինները բոլոր  մանրամասնութիւններուն  մէջ «մազ փնտռելով»   դատ բացած են դէմս: Բաւական մեծ ձեռնարկութիւն մըն է,  ուր տարբեր աշխատանքներ   կան  ու բնական է,  որ իշխանութիւնները կրցան   գործ սարքել դէմս: Մինչեւ օրս քաղաքական հետապնդում կամ խորք չկար դատական ընդհանուր գործընթացին մէջ,   պարզապէս  այլ պատուհաններէ մտնելով՝  զիս դատավարութեան  տարին: Ըսեմ նաեւ,  որ  ես կը կարծէի, թէ  քսան տարուան բանտարկութեան  պատիժ կրնայի ստանալ, քանի որ  դէմս կարծեմ   Լինչի դատաստան մը բացուած էր,  ու բոլոր կողմերէն   կազմակերպուած արշաւ մը կայ: Բայց կարծածէս  աւելի թեթեւ եղաւ այս վճիռը:

Իսկ խօսակցութիւն կայ,  որ Մոհամմէտ Մարգարէի  մասին գրելնուդ պատճառով  էր,  որ դատուեցաք: Ի՞նչ կ՛ըսեք: 

 Կրօնական նիւթերուն մասին  վերջին տարիներուն շատ մը գիրքեր գրած եմ: Ընդհանրապէս կրօնքներու եւ մասնաւորապէս Մահմետական կրօնքին մասին նիւթերու վրայ կ'աշխատիմ   ու փորձած եմ  ժողովուրդին  որդեգրած կամ ընկալած գաղափարներէն դուրս բաներ ըսել: Ու ատոր համար է որ դէմս Լինչի դատավարութիւն  մըն էր, որ սկիզբ առաւ: Մինչեւ Էրտողանին ամէնէն մօտ մարդոց կողմէ  գրոհի թիրախ դարձայ: Անկէ ետք հազարաւոր Tweet-ներ եւ հաղորդագրութիւններ ստացայ   եւ նոյնիսկ մահուան սպառնալիքներ հնչեցին,  ու  թրքական եօթ քաղաքներու մէջ դէմս  դատական հայցեր եղան:

Ըսեմ որ  հոս  (Թուրքիոյ մէջ-Ս.Ա.) վարժուած չեն,  որ հայերը բաց եւ յստակ խօսին: Այս երկրին մէջ հայերէն կը սպասուի,  որ հեզ եւ հլու ըլլան, ձայն չհանեն  շատ  ու իրենց քիթները ամէն տեղ չխոթեն   ու այդ ժամանակ մեծ խնդիրներու չեն հանդիպիր:  Իսկ երբ  սկսին հանրային խնդիրներու մասին բացայայտ կերպով արտայտուիլ,  ապա   անոնց դէմ թշնամութեան ալիք մը կը բարձրանայ:

Կրկին մամուլէն իմացանք,  որ վերջին օրերուն ձեր ազատութեան համար  ստորագրահաւաք-արշաւ մը սկիզբ առած է Թուրքիոյ մէջ: Ի՞նչ արշաւ է այդ մէկը: 

Ըսեմ որ գիրիս եւ գաղափարներուս հետեւող  հազարաւոր մարդիկ կան  այսօր Թուրքիոյ մէջ, ու  այս ստորագրահաւաքը այդ  ծիրին մէջ է  պէտք է տեսնել: Անոնց մէջ բնականաբար կան նաեւ  համակիրներ,    որոնց  անձամբ ես ծանօթ չեմ: Ստորագրահաւաք մը սկսած են,  բայց իմ կարծիքովս այս  ստորագրահաւաքը ոչ մէկ բան պիտի յաջողի  փոխել, որովհետեւ   բանտարկութեան վճիռը արդէն կայացուած է,  ու ես պիտի կրեմ այդ «պատիժ»ը: Ուրիշ ճար չկայ:

Յառաջիկայ ուրբաթ օր   պիտի յայտնուիք բանտի ճաղերու ետին.ինչպիսի՞ն  են  ձեր զգացողութիւնները:

Տրամադրութիւնս   բնական է,  ու ես   հանգիստ եմ:    Կը յուսամ,  որ միշտ ճիշդը ըրած եմ  ու խօսած եմ  յանուն արդարին: Ըսեմ նաեւ,  որ  երկու կամ երեք տարի բանտարկութիւնը մեծ վնաս մը պիտի չբերէ  ինծի: 

Յստա՞կ է, թէ  որ բանտը  պիտի տարուիք:

Ոչ, դեռ պարզ չէ թէ ինչ տեսակի բանտ մը պիտի տարուիմ: 

Հայրենի  մամուլը   երբեմն  ձեր  մասին լրատուութիւն  կը յաղորդէ:    Որոշ ակնկալիքներ ունի՞ք  հայրենի մամուլէն:

Իմ հայրենակիցներուս գիտնալն ալ կը բաւէ ու անոնց սրտանց իմ կողքին ըլլալը մեծ իմաստ ունի ինծի  համար: Կոնկրետ բան մը չկայ ըսելիք: Բայց կը վախնամ  մոռցուելէ: Կը յուսամ նաեւ,  որ երբ այս խնդիրները  աւարտին,   առիթ կը ստեղծուի ինծի,  որ Հայաստան այցելեմ որովհետեւ  մեծ թիւով  հեռակայ  ընկերներ եւ ծանօթներ ունիմ:

Մեր այս կարճ զրույցի աւարտին, ի՞նչ ունիք  ըսելիք: 

Տասնհինգ տարիէ ի վեր այս պայքարին մէջ եմ: Ու եղածը  մեծ պատերազմի  մը  մէջ փոքր ճակատամարտ մը կորսնցնելու կը նմանի: Տարիներու պայքարէն ետք    Թուրքիոյ  իշխանութիւնները կերպով մը յաջողեցան  կոլ   մը արձանագրել: Ցաւօք:  

Մեկնաբանություններ (3)

Թլկատինցի
Նշան աղբարիկ, քեզի հետ ենք: Մի՛ վախնար, երբէք չես մոռցուիր:
Արթուր Ղազարեան
Մոռանալը բացառուած է, ՄՈՌԱՑԷ՛Ք: Աղօթում եմ Ձեզ համար,, Աստուած օգնական,,
Bakurakert
Սեվան Նիշանյանը,առաց չափազանցման,մեր օրերի իրական Հերոսն է: Ապրելով կարիճի բնում,նա կարողացավ իր բողոքի ձայնը բարձացնել, ի հանունս մեր ազգի արդար պահանջների: Սիրելի Սեվան,մենք քո հետն ենք!

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter