HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սագօ Արեան

Պէտք է հասկնանք որ Հրանդ Տինքը «1.500.000 + 1» չէր

Հրանդ Տինք խօսելով հայ- թրքական կապերուն մասին այդ յարաբերութիւններուն տուած է սպիտակ թուղթ ըլլալու առիթ:

Ու կարեւոր է համարած թէ մենք ինչ գոյներով պիտի գրենք  այդ սպիտակ էջին վրայ: Հրանդին համար անուրանալի փաստ է որ հայերն ու թուրքերը, երկար ու արիւնոտ պատմութիւն անցած, անկումներով եւ արհաւիրքներով «Կիսուած» երկու հարեւան- ժողովուրդներ են որոնց համար ալ ներկայ պահու դրութեամբ  շփման գիծն ու գօտին մնացած է ութոբիք:

Բացատրեմ:

Հրանդի համար Հայը թուրքին կը նայի տարբեր հարթութիւններէ եւ տարբեր ճանապարհներով: Այդ կը թելադրէ աշխարհագրութիւնը: Սփիւռքահայուն, Հայաստանցիին եւ Թուրքիոյ  քաղաքացի հայուն համար կան տարբեր տեսակի թուրքեր:

Ու այս բոլորին մէջ  Տինք բազմիցս խօսած է այն մասին որ Սփիւռքը առնուազն եթէ թուրքին հանդէպ իր ունեցած կարծրատիպերը փոխելու տրամադրութիւն չունի  ապա պէտք է  ձերբազատուի իր հիւանդութիւններէն: Թուրքը փակուած թեմա չէ Հրանդին համար: Այլ ձեւափոխուող,  ամէն օր փոխուող հանրութիւն է: Այս մօտեցումին մեծագոյն օրինակը այն հարիւր հազարներներն են որ իր դագաղին ետեւէն քալեցին ու այսօր ալ չեն մոռցած «Հրանդ ախբարիկ մենք չեն  մոռցած արդէն եօթ տարի եղաւ ու մենք հոս ենք» գրել Պոլսոյ կամ Անգարայի պատերուն վրայ:  

Իսկ թէ ինչքանով Սփիւռքի հայութեան զանգուածները պիտի հասնկան կամ ըմբռնեն այս մօտեցումը դժուար հարց է որովհետեւ Սփիւռքը կարծրատիպերու, թապուներու, եւ ողբի օղակներով քալող մեռած հոգիի մը խեալցնոր մարմինն է:

Մենք ողբերգական կերպարով թաղեցինք Հրանդը, ուանոր յիշատակը դարձուցինք ողբալու հերթական օր: Այսօր սփիւռքի տարածքին  անոր յիշատակն անգամ չ'ոգեկոչուիր: Հասկցած ե՞նք անոր պատգամը կամ ո՞ւր են անոր ուղղիէն քալողները:

Հրանդ Տինք չմեռաւ որ ողբի  նոր թուական մը  աւելցնենք մեր օրագրութեան սեւ տետրակին:

Պէյրութ ապրող հայ նկարիչ Անիթա Թութիկեանը 2008-ին Հրանդի յիշատակին փոքր պաստառ մը պատրաստելով կարմիր գոյներով նկարած էր «1.500.000 + 1» առանց հասնկալու որ Հրանդը այդ առաւել մէկը չէր: Հրանդը նուազն ալ չէր: Հրանդը այդ  առաքելութիւնը կրելու համար չմեռաւ: Բայց ողբի, լացի, անկիւն մը քաշուելու ու նոյն պատմութիւններուն մասին խօսելու վարժ սփիւռքի լայն հատուածներուն համար դիւրին էր Հրանդը նկարել այդ վիճակին մէջ:

Հրանդ երբեք չխօսեցաւ ողբին համար, Հրանդ երբեք չպայքարեցաւ այդ ողբին յանուն:

Իսկ Սփիւռքի հատուածները եթէ  գրեցին, գրեցին այդ ողբին համար: Եթէ քալեցին, ապա քալեցին այդ ողբին յանուն: Անոնց համար հեշտ եղաւ մեռելը պահել իրենց խելացնոր  մարմիններուն մէջ: Անոնք սիրեցին ողբի վիշտը, որովհետեւ այդ սէրը, համատարած  այդ  սիրաբանութիւնը  ոչ մէկ ճիգ կը պահանջէր: Ընդհակառակը դիւրին էր մեռելին ետեւէն լալ: Դիւրին էր նստիլ ու «վայելել» այդ «տօնակատարութիւնները» ու ապա հոգեճաշի նստիլ  ու երկար սպասել որ իրենց մէջ եղող մեռելը նորէն մարսուի, նոր հոտի, նորէն նեխի:

Այս բոլորին դէմ էր Հրանդը: Ու ատոր համար է որ ընդունելի չէ, տանելի չէ որ զինք կոչենք   «1.500.000 +1»:

Առիթով մը ան իր հրապարկումներէն մէկուն մէջ այսպէս կը գրէ «Քանիցս գրած եմ, քանիցս խօսած եմ Սփիւռքի իմ եղբայրներուն որ վազ անցնին ու հրաժարին թուրք հասկացութիւնէն որովհետեւ այդ հոգեվիճակով ապրիլը առնուազն լաւ չէ»:

Այս խօսքն արդէն  տրուած փաստարկ է որ Հրանդ ինչքան լաւ ճանչցած էրզմեզ: Լաւ գիտեր որ մենք հիւանդ ենք: Սփիւռքով մէկ մեր ապրած մահապաշտութիւնը, ցեղասպանութեանը  դիակին պահպանումը մեր մարմիններուն մէջ մեզ կը դարձնէ անբան, աւելորդ ու կոտրուած:

Նոյնիսկ Հրանդ Տինքի նահատակութիւնը ոչինչ փոխեց մեր մէջ ու այսօր մենք կը պատրաստուինք «Ցեղասպանութեան խրախճանք»ին ու այդ «Տօնակարգ»ը կը փորձենք բերել Հայաստան:

Հրանդի յիշատակը յարգելու լաւագոյն ձեւը ողբէն ազատագրուելով կ'ըլլայ:

Կը հաւատամ:

Մեկնաբանություններ (23)

Հ.Շ.
Լա՜ւ, լաւ, ջղայնանալու պէտք չկայ Սագօ: Ես ալ ելլեմ հիմա նեղուիմ որ զիս կը սահմանես ու կը սահմանափակես միայն Մոնթրէալո՞վ (թէեւ պզտիկ տեղ մըն ալ չէ, նայիս նէ...), երբ որ դուն շատ լաւապէս գիտես թէ իմ ազգային գործունէութեան դաշտս քիչ մը աւելի լայն է... --- Ոչինչ: --- Իմ կարծիքով - եթէ թոյլ կու տաս անշուշտ որ կարծիք ունենամ եւ յայտնեմ -, Հրանդ Տինքի փորձած ճանապարհը անպայման չի հակադրուիր այն հիմնական ճամբուն որուն վերեւ ակնարկեցի: Եւ հետեւիլ միայն ու միայն այդ «նոր ճամբուն», փակելով միւսը, կրնայ նաեւ բոլորս տանիլ հոն... ուր հասաւ Տինքը: --- Իսկ եթէ ան իր կեանքը տուաւ այդ իր «նոր» ճամբուն վրայ, հազարաւոր գործիչներ ալ իրենք զիրենք զոհաբերեցին «հին» ճամբուն վրայ, որ վստահաբար կապ չունի սուգի եւ լացի հետ, ինչպէս դուն կ'արժեւորես, այլ պայքարի հետ: --- Կ'ուզես այն ամէնուն վրայէն հիմա ջուրը քաշել, լաւ, այդ ալ քու կարծիքդ թող ըլլայ: --- Կը շնորհաւորեմ սակայն որ շատեր հետդ համաձայն են, եւ ուրեմն ձեզի կը ձգեմ այս նիւթը, մանաւանդ որ արդէն զայն հասկցողը չեմ, կ'երեւի: -- Յաջողութիւն:
Varuj
Turkey is a ultra-racist country built by a certain clan Talaat, Kemal, Inonu etc., with pan-turanism with its ultimate goal. After the Genocide they have also destroyed the Armenian Bolis within 40-50 years, slowly and surely (6/7 September, varlig vergisi, destruction of orphanages, confiscating hundreds of millions of dollars Armenian property, etc). They have sent their most vicious and Armenian hating psychopaths as yar-mudurs to the Armenian schools. This was during the time of modern Turkey. Were Bolis Armenians a threat to them? What reconciliation we are talking about? Our only goal should be coming together to built a strong Armenia. That is the only thing they will understand like they did in Karabakh.
ominac
Քանի մարդ կայ այնքան կարծիք կայ, մինչեւ այն ատեն որ տարակարծութիւնները պատճառ չեն որ մենք իրարու հետ գործակցինք, ամեն ինչ լաւ է։ Իսկ կրնայ բոլոր թուրքիան Հրանդ Տինգին համար գալէ, ինծի համար կը նշանակէ որ իրենք իրենց հասարակարգը ամրացնելու կաշխատին, այդ հային հետ ինչ՞ կապ ունի։
Hovanes
People let all take a deep breath and accept that Dink walked his own path and that there were and are countless others who did the same. We honor ALL those who sacrificed themselves on the altar of justice and freedom. Let's not devolve into name calling and a fruitless debate as to who is right and wrong! Rather, we need to sit down and logically draft a multi-pronged approach to the issue at hand. I humbly believe that all the commentators here would agree that pooling our resources and creating common ground is greatly more preferable than the back-biting that has plagued our people throughout history.
Մհեր
«Որեւէ մէկը չի կրնար բառեր բացատրել որ ցեղասպանութիւն ասանկ էր, անակ էր: Ասի ցեղասբանութիւն մըն էր: Ժողովուրդ մը իր հողէն, իր արմատէն կտրեցին…. » Հրանդ Տինք........Դիտեցէ՛ք, տեղեկանաք, ու յետոյ միայն խօսէ՛ք: Այո՛Տինքը մօտեցման Նոր էջ բացաւ , ուր ամէմ ինչ սեւ ու սպիտակ չէ: Պայքարը կը տանէր Թուրքիւյ մէջ առանց այլեւայլութեանց: Անշուշտ ունէր իր թերի կողմեր - վերջապէս մարդ արարած էր: Սակայն հաւատարիմ մնաց իր սկբունքներուն եւ ատոր համար վերածուեցաւ: Սոսկ ատոր համար արժանի է մեր յարգանքին: Պայքար կ՛ենթադրէ զանազան վնաս եւ կորուստ: Հրանդ քաջ կը գիտակցէր այս: Միայն պայքարէն քաշուողներ կրնան հանգիստ նստել իրենց տեղերը եւ կրկնել մաշուած ու ապարդիւն տեսակէներ որոնք այլեւս սին դարձած հռետորական կոչումներ են:............. http://www.youtube.com/watch?v=SgSPHJIcQMc http://www.youtube.com/watch?v=-ryWB3jpAbA http://www.youtube.com/watch?v=oAwDPfkuqEI
Dikran
Don't you love it when some people just can't accept the fact that one man, practically on his own, has done more to advance the cause of the recognition of the Armenian Genocide WITHIN TURKEY, then all the bombastic chest beaters in the diaspora during the past 50 years! And they still claim ignorance as to what made Dink such a singular personality. Go read his texts to gain some insight into the man and his views on the subject of dialogue before casting such hollow aspersions. No one is saying you cannot disagree with his views, but at least present some informed arguments rather than hyperbole. The thousands of average Turks, and Kurds, who attended his funeral seven years ago AND TODAY, seem to prove that the man was doing something right.
Հ.Շ.
պատանդի հոգեբանութիւն... եւ ծայրագոյն տեսակէն՝ STOCKHOLM SYNDROME (go ahead and Google it, those who have not heard about it)
Հ.Շ.
«նո՞ր» ճամբայ... նո՞ր... միեւնոյն այս ճամբէն անցած ենք գոնէ մէկ անգամ, անցեալին, եւ գիտէ՞ք երբ ՝ ճիշդ 1915-էն առաջ... զէնքերը վար դրած, ձեռք-ձեռքի, մօտիկ-մօտիկ նստած - մինչեւ իսկ բառացիօրէն, իրենց խորհրդարանին մէջ -... կը ջանայինք «լեզու գտնել» իրենց հետ... եւ տեսանք ինչ եղաւ... այ՞ս է «նոր», արդիական ճամբան, որ չենք հասկանում...
Հ.Շ.
«1.500.000 + 1»-ը ուժեղ եւ իմաստալից արտայայտութիւն մըն է, Հրանդ Տինքը սպաննութեան մասին: Այլազան մեկնաբանութիւններու կարգին, կը նշանակէ նաեւ հետեւեալը՝ եթէ Հրանդ Տինքին պէս հայ մը անգամ, որ կ'աշխատի յանուն թուրքի հետ բարիացակամ երկխօսութեան, փոխադարձ հասկացողութեան, հաշտութեան, խաղաղութեան նպատակներով, մահուան դատապարտուեցաւ թուրքին կողմէ, այլ ի՞նչ կարող ենք սպասել, յուսալ, այդ ուղղութիւններով... --- Սփիւռքը Ցեղասպանութեան նիւթով մտասեւեռման որոշ խնդիր մը ունի, այո, ի հեճուկս՝ ազգային այլ առաջնահերթութիւններու եւ հիմնախնդիրներու: Սակայն ափսոս, այդ յօդուածին մէջ չկայ այդ խնդրի լուծման որեւէ ուղի:
Հ.Շ.
Վերեւի յօդուածում գրուած է՝ «Հրանդ Տինք խօսելով հայ- թրքական կապերուն մասին այդ յարաբերութիւններուն տուած է սպիտակ թուղթ ըլլալու առիթ:» --- Չգիտեմ եթէ այդ էր Տինքի կատարածը, սակայն այս բանաձեւումը կը նշանակէ ներում, սրբում ու քաւութիւն գործուած Ոճիրին, եւ այդ՝ որեւէ խոստովանութենէ առաջ, առանց որեւէ նախապայմանի : Քանզի խնդրոյ առարկայ թերթը սպիտակ դարձնելով, անոր վրայէն կը մաքրուի արիւնը: ---
Jack Kalpakian
To believe that somehow Armenians should unconditionally reconcile themselves to a state whose foreign policy remains clearly hostile was the ultimate in the sort of wishful and naive thinking Dink advocated, and at the end, what was the reward Turkey gave him for his hostility towards the diaspora?
Թլկատինցի
Երէկ, թէ Թուրքիոյ մայրաքաղաքին մէջ եւ այլուր, հազարաւոր մարդիկ փողոց իջան յիշատակելու Հրանդ Տինքի ապանութեան եոթերորդ տարելիցը: Իսկ հոս, Հայաստանի մէջ, ոչ մէկ բան; նունիսկ պարզ յուշ-երեկոյ: Սա՞ է մեր ՚«Հայրենիքի» վերաբերմունքը Հրանդի անմառ յիշատակին: Քաւ լիցի....
Հ.Շ.
Այս շա՜տ յուզումնալից գրութիւնը կրնար իմաստ մը ունենալ, եթէ գրուած ելլար մօտ յիսուն տարիներ առաջ... Արդարեւ, 1965-էն ի վեր, Ցեղասպանութիւնը դադրած է հայութեան համար սուգի ոգեկոչում ըլլալէ, դառնալու համար պայքարի, իրաւունքներու խիզախ հետապնդման եւ յարատեւ պահանջատիրութեան հիմունք: Հայ Դատ ըսուած բան մըն կայ, որու մասին կ'երեւի սիրելի Սագօն լսած ըլլայ, եւ որ ո՛չ մէկ կապ ունի սուգի, ողբի եւ լացի հետ, այլ ճիշտ հակառակը: --- Հրանդ Տինքի մահը հայութեան մօտ տխրութիւն չէ որ պատճառեց, ոչ, այլ՝ բարկութիւն, ընդվզում, բողոք, ցասում: Պայքարելու ուխտի վերանորոգում: --- Լուրջ մնանք, հաճիք: --- Հ.Շ.
Արթուր
Ես լրիվ համամիտ եմ հեղինակի հետ եւ սիրով կստորագրեի հոդվածի տակ... Հոդվածի տակ արվոք մեկնաբանությունները եւս մեկ անգամ ապացուցում են հոդվածի կարեւորությունը:
Սագօ Արեան
Հայդուկ Շամլեան մի անձնականացներ:Տխրութեանս կամ ուրախ ըլլալուս հետ կամ չունի այս գիրը:Ու ցարդ իմ ստացած գնահատական նամակներս վաւերական կը դարձնեն որ Սփիւռքը ինչ վիճակի է:Դուն շատ ետեւ կ'երթաս բարեկամ:Ես ի նկատի ունիմ Հրանդի նահատակուիլը եւ Սփիւռքի մօտեցումը:Դուն ալ երեւի ատոնցմէ ես որ Ցեղասպանութիւն բառը վերածած ես թապուի, դիակի ու պահած ես մէջդ որ արդարացնես սուգդ կամ փնտռելու ապրելու իմաստդ:Հրանդը նոր ճանապարհի, նոր ոճի, նոր աշխատանքի դաշտի մասին խօսեցաւ ու այդ ճամբան Մոնթրէալի մէջ դրուած յուշակոթողներէն չանցնիր:Այլ Հրանդի աւանդը, գործը բացատրելով ... Այսքանը:Նորէն խնդրելու պէս կը պահանջեմ որ չանձնականացնես:
ominac
Սփիւռքի թէ հայրենիքի հայի հոգեբանութեան մէջ հայը գոյութիւն ունի առանց թուրքի ներկայութեան, իսկ Տինքի եւ ընդհանրապէս պոլսահայի հոգեբանութեան մէջ տեսակ մը հայը եւ թուրքը միասին իրարու խառնուած բան մըն է, եւ ուրկէ կը բխի մեր տարբերութիւնները։ Շատ մարդ կայ որ «Արեւմտեան հայաստանի ազատագրում» –ը մտքին մէջ անգամ չի կրնար ըսել։ Եւ եթէ խօսակցութեան մէջ հանգամանքներու պատճառաւ ստիպուի ըսել անպայման կաւելցնեն որ անխելք բան է։ Ատոնց համար Հրանդ Տինքը այն համատեքստն է ուր հայոց մեծամասնութեան խանութպան կամ պնակալէզ տեսանելով ինքզինքինն հանգստացնեն։ Ատենն է որ հասկնաք որ ցեղասպանութիւնը կռիւի կամ պատերազմի տեսակ մը չէ որ երբ տակնուվրայութիւնը վերջանայ քիչ մը յետոյ դուն ալ կարթնաս, եւ այդ ամենը պարզապէս անցեալէն յիշողութիւն մըն է, եւ կերթաս ուրիշ ազգերու պէս կապրիս։ Վիճակնիս բարդ է, եւ նման ազգ չիկայ որ հետերնին բաղդատուինք չի նշանակեր որ տեղի տալու ճամբաներ փնտռենք։
Հ.Շ.
Արարատ, նախ ՝ Հայ Դատը վստահաբար չի սահմանափակուիր որեւէ «գրասենեակներով» միայն... --- Յետոյ ՝ եթէ իրօք վերջին մի քանի տարիներուն Հայ Դատի քո նշած գրասենեակները արդիւնաբեր չեն, նոյնիսկ երբեմն խղճալի վիճակի մէջ են, ըսել չէ որ պէտք է ուրանալ անոնց երկարատեւ եւ մինչեւ մօտակայ անցեալին տակաւին կատարած գործը եւ ձեռք բերած իրագործումները --- Յանուն այդ Դատին, մեծ թիւով անձիք, նոյնիսկ՝ ամբողջ սերունդ մը, լուրջ եւ իսկական զոհողութիւններ կարատած է: --- Հիմա կ'երեւի հեշտ է ամէն բան հեգնել ու ծաղրել...
Հ.Շ.
Պատասխան Միսակին (մեկնաբանութիւն թիւ 3) ՝ Սիրելի Միսակ, այժմու ղեկավարութեան վերաբերեալ խնդիրները նիւթը չեն այստեղ: ---- Սագօն հայութիւնը կը ներկայացնէ որպէս Ցեղասպանութենէն ի վեր տեւաբար եւ միայն լացով, արտասուքով եւ սուգով ապրող, անոնցմով սնանող, մահը պինդ գրկա՜ծ եւ անկիւն մը քաշուած, մռայլ ու անդամալոյծ զանգուած մը: --- Իրողապէս ու պարզապէս՝ սխալ է այս պակերացումը: --- Դեռ միայն 1915-էն վերջ ժամանակամիջոցը նկատի առնելով, ահա դէպքերու շատ հակիրճ, առարկայական յիշեցում մը` ---1918` հինգ դար անհետացումէ ետք, Հայաստանի գոյացում եւ պաշտպանութիւն, զէնքի ուժով. --- 1920-ական թուականներ, Նեմեսիս Գործողութիւն. --- Յաջորդող տասնամեակներուն, յաճախ բառացիօրէն ցեխի մէջ ապրող, կոտրուած եւ կոտորակուած, Ցեղասպանութեան վերապրողներու վերականգնում, հայութեան յարութիւն եւվերակազպակերպում, ամուր գաղթօճախներու կերտում աշխարհի տարածքին. --- 1975-էն 1996` միջազգային մարտական գործողութիւններ. --- 1988-92` Արցախի ազատագրում.---այս ամէնը միայն լաց ու կո՞ծ է... այս ամէնը բացառապէս սուգ ու ո՞ղբ է... --- Կ'երեւի թէ Սագօն ինք մի քիչ տխուր է այս պահուս (ցա՛ւդ տանեմ, հապիպի), եւ այդ ձեւով տեսնում է ամէն բան... --- Սակայն պէտք չէ տեղի տալ տխրութեան --- Հայդուկ Շամլեան
Ararat
Ցաւօք քառակուսի գլուխներով մարդիկ տակաւին հայ գրասենեակի գործունէութեան մասին կը խօսին:Երիտ-ների հետ նարտի խաղալով, գրաւ դնելով- աթոռի համար Ազգի մը ճակատագրին հետ խաղալով: Հիմա Մէյտան իջած են Դատ կը պահանջեն:Ուրիշից- օտարից քո դատը պահանջելը որն է ՞:Մէկ ալ լուրջ մնալու կոչ կ'ուղղեն:
Մուշեղ
Անհասկացողին՝ Տինքի գրածները կարող ես գտնել թէ Հայերէն, թէ Թրկերէն, թէ ալ Անգլերէն: Գնա կարդացէ՛ք:
Անհասկցող
Մենք չենք հասկցած անոր պատգամը, եթէ դուն հասկցած ես հաճիս բացատրէ:
Միսակ
ՈՒ՞Ր է այդ պայքարը, այդ ցասումը, այդ պոռթկումը, որուն մասին Հ.Շ. կը խօսի: Մեր աւանդական կուսակցութիւնները, մեր մտաւորականները, մեր կղերականները, մեր ազգին ՈՒ՞Ր հասցուց: Պնակալեզ, խանութպան, աղերսող ժողովուրդ մնացած ենք լայն իմաստով: Ծատ տեղին է Պարոն Արեանի նկատողութիւնները:
Պետրոս Առաքյալ
Հրանդ Տինք չմեռաւ որ ողբի նոր թուական մը աւելցնենք մեր օրագրութեան սեւ տետրակին: ----- Հրանտ Դինքը մեռե՞լ է , ես գիտեի սպանվել է:

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter