HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Այո՝…ճակատաբաց յաղթական

Մեր շօշափելիք յաջորդ նիւթը պիտի ըլլայ կրթական առաքելութիւնը Մխիթարեան վարժարանին։  Միաբանութեան Սահմանադրութեան համաձայն՝ «Վարժարաններու եւ վանատուներու մէջ բնակող միաբանները կրօնաւորական Հասարակութիւն մը կը կազմեն, որպէս առաջնորդ ունենալով տեղական Մեծաւորը, անուանուած Ընհանրական Աբբահօրմէ»։  Ծիծաղի՞լ թէ լալ ի տես այս ինքնախաբէութեան։ Նախ՝ Հայր Դաւիթ բացարձակապէս կը մերժէր հասարակական կեանք ունենալ Հայր Օգոստինոս Սեքուլեանին հետ, եւ իր նախորդին նման ապրեցաւ «աղքատութեան ուխտը»` բնակելով ամսական $3500 արժող դպրոցապատկան տան մէջ, երբ այդ եկամուտով կարելի էր օժանդակել դպրոցին աղքատ, չքաւոր սաներուն։ Չեմ ուզեր մէջբերել ամբողջ շարքը Կրթական Առաքելութեան յօդուածներուն: Նոյն ինքն Հայր Եղիայի խոստովանութեամբ, Հայր Դաւիթ մինչեւ այսօր ո՛չ մէկ գրաւոր զեկոյց տուած է։ Անհոգ գտնուած է բոլոր դասաւանդութիւններու նկատմամբ, ինպէս կը վկայեն պետական քննիչներն ու իր նախկին քարտուղարուհիները: Այս բոլորին արդիւնքը եղած է դպրոցին անկումը։ Որպէս տնօրէն, ժամանակ ալ չէր անցներ դպրոցէն ներս եւ միշտ փակուած կը մնար իր բնակած տան մէջ: Երբեմն դպրոցի ժամերուն զինք կը տեսնէինք փողոցը՝  իր եղբօրորդւոյն հետ պտտած ժամուն։  Ո՛չ մէկ ճիգ թափած է կրօնի դաս աւանդելու, եւ կամ յատուկ կրօնական ծրագիր մը պատրաստելու, այս վերջինը թողլով համեստ կարողութեամբ ուսուցչուհիի մը խնամքին։ Ո՞ւր էր Հայր Եղիա Քիլաղպեանը. չտեսա՞ւ այս բոլոր խայտառակութիւնները։ Ինչպէս արձանագրուած է Կարգաւորութեան մէջ, Հասարակաց Կեանքը խորագրին 37րդ համարին տակ , «ջանալ ըմբռնել եղբայրակիցը, վեհանձնօրէն գերազանցելով անհասկացողութիւնները, ներելով ու ծածկելով ամէն սխալ». արդեօ՞ք հետեւեցաւ Հայր Եղիա միայն այս վերջին բառերուն, ի խնդիր հայ նոր սերունդի դաստիարակութեան։  Եր՞բ  Մայրավանք հրաւիրեց Մխիթարեան վարժարաններու տնօրէնները, բան մը զոր պարտաւոր էր ընել երեք տարին անգամ մը, Սահմանադրութեան 97րդ յօդուածին համաձայն։ Քիչ մը առաջ երթանք, եւ աւելի մանրամասնօրէն տեսնենք Ընհանրական Աբբահօր պարտականութիւնները՝ Սահմանադրութեան Թիւ 205 յօդուածին համաձայն. «Միաբանութեանս բարգաւաճումին եւ զարգացման նպատակով, Ընհանրական Աբբահայրը, իր վեցամեայ պաշտօնավարութեան ընթացքին, անձամբ պէտք է այցելէ Միաբանութեանս բոլոր կեդրոնները». Պէտք կա՞յ անգամ մը եւս կրկնելու այստեղ ինչ որ հանրային մամուլով յայտնեցի, թէ ինչպէ՛ս ձախողած էր այցելելու Միաբանութեան կեդրոնները, իսկ Արժանթինի Պուենոս Այրէս քաղաքի Վարժարանի Հոգաբարձութիւնը կը մերժէր զինք ընդունիլ՝ որպէս անպատասխանատու եւ անբաղձալի ղեկավար։ Դարձեալ, Սահմանադրութեան Թիւ 208 յօդուածին համաձայն, «Ընդհանրական Աբբահայրը, որպէսզի կարենայ լաւագոյն կերպով ղեկավարել Միաբանութիւնը, թող առիթներ ստեղծէ միաբաններէն իւրաքանչիւրին հետ անձամբ հանդիպելու. խօսակցի անոնց հետ, քաջալերէ, հայրաբար առաջնորդէ, այնպէս որ բոլորն ալ զգան՝ թէ կը պատկանին մէկ ու միակ  ընտանիքի մը»։ Ամէն անգամ որ այս տողերը կարդամ ծիծաղս կու գայ, որովհետեւ օդին մէջ նետուած խօսքեր են կարծես եւ երբեք Հայր Եղիա Քիլաղպեանի կեանքին հետ կապ չունին:  Պարզապէս մի քանի օրինակներ տամ, մնացածը դո՛ւք հասկցէք։ Վերջին երեք տարիներու ընթացքին Հայր Մեսրոպ Սիւլահեան երկու անգամ աղիքային քաղցկեղի գործողութիւն ունեցաւ. արդեօք Հայր Եղիան գոնէ մէկ անգամ հեռաձայնե՞ց, իմանալու թէ իր միաբանը ո՞ղջ է, թէ մեռած։ Հայր Յարութիւն Պզտիկեան կռնակի գործողութիւն ունեցաւ Փարիզի մէջ, արդեօ՞ք Հայր Եղիան մտահոգուեցաւ Հայր Յարութիւնի առողջական վիճակով։  Հայր Վահան Օհանեան Հայաստան իր նոր պաշտօնին մեկնելէ առաջ մէջքի գործողութիւն ունեցաւ Մայրավանքէն ոչ շատ հեռու հիւանդանոցի մը մէջ. կ’ուզեմ իմանալ որ Հայր Եղիան այցելե՞ց իր կրտսեր եղբօր, երբ ան հիւանդանոց կը գտնուէր եւ կարիքը ունէր սփոփանքի։ Կամ երբեք այցելե՞ց Հայր Յակոբոսին, երբ այս վերջինը հինգ ամիսներ շարունակ, մահուան հետ կը պայքարէր հիւանդանոցի իր անկողնին մէջ, թէ՝ Հայր Յակոբոսը այդքա՛ն ալ կարեւոր չէ, որովհետեւ վիեննական է։ Եկ վարդապետ եւ մի՛ խենթանար…: Մի՛ զարմանաք. նոյնն էր պարագան Հայր Օգոստինոսին,  հիւանդանոցէն ներս կամ դուրս։  Վերջերս՝ իր ամէնօրեայ տառապալից ապրումներուն որպէս հետեւանք, իր պաշտած Վարժարանէն արտաքսուած Հայր Օգոստինոս Սեքուլեան, Մխիթարեան Վարժարանի հողաշերտը գնող այս վարդապետը՝ կաթուած մը ունեցաւ, որուն հետեւանքով բժիշկներ սիրտին գործունէութիւնը կանոնաւորող գործիք մը դրին կուրծքին մէջ, առաջքը առնելու համար նոր բարդութիւններու: Հարցուցէք թէ Աբբահայրը երբեք հեռաձայնա՞ծ է Հայր Օգոստինոսին. ո՞ղջ է 90-ամեայ ծերունի վարդապետը, թէ՝ այդքա՛ն ալ կարեւոր չէ,-- չէ՞ որ վերջապէս ա՛ն ալ վիեննական է…։ Ի՜նչ եղբայրութեան, ի՜նչ սիրոյ մասին կը խօսին, երբ զիրար կ՛ատեն ու կ՛անիրաւեն հակառակ Սահմանադրութեան 54-րդ յօդուածին, որ կը թելադրէ. «յատուկ ուշադրութիւն դարձուի հիւանդներուն եւ տարեցներուն, ապահովելով անոնց վիճակին հարկաւոր ամէն միջոց»։ Եւ աւելի՛ն, ինչպէս Մխիթար Աբբահայր իր «Խրատ Քարոզչաց»ին մէջ կը գրէ. «զի զընկերն քո լաւագոյն համարիցիս քան զքեզ, ոչ միայն ի սրտի, այլ եւ ի բանս քո», եւ ինչո՛ւ չէ, պարտի ան փայլիլ իր առաքինութիւններով, խոնարհութեամբ, եղբայրասիրութեամբ։ Չէ՞ք կարծեր որ Մխիթար Աբբահայր իր գերեզմանին մէջ կը դառնայ այսօր ի տես միաբանական այս աղէտին։ Կրթական կեդրոններ կամ Վարժարաններ: (Կարգաւորութիւն) «Միաբանութեանս Կրթական Կեդրոններու կամ Վարժարաններու Տնօրէնները պարտաւոր են կանոնաւոր կապեր հաստատել ուսումներու եւ կոչումներու գիծով Աբբայական Փոխանորդին հետ։ Պէտք է անոր եռամսեայ գրաւոր հաշուետուութիւն ուղարկեն իրենց պատասխանատուութեան յանձնուած կեդրոնի վիճակին եւ գործունէութիւններուն մասին»: Անգամ մը եւս հարց տալու  անհրաժեշտութիւնը չեմ տեսներ. Հայր Եղիա Քիլաղպեան բազմիցս ըսած է որ ո՛չ մէկ եռամսեայ  գրաւոր հաշուետուութիւն ստացած է Լոս Անճէլըսի Մխիթարեան վարժարանէն՝ Հայր Դաւիթի տնօրէնութեան օրով: Միւս կողմէ, բացի անպաշտօն տեղեկագրութիւններէ, Հայր Եղիա հինգ հատ պաշտօնական տեղեկագիր ստացած է իմ պաշտօնավարութեանս ընթացքին,  առաւել եւս՝ մեր հեռաձայնային տեղեկատուութիւնները, որոնց մասին պիտի անդրադառնամ աւելի ետք։ Կանոնապահական խնդիրներ եւ կարգադրութիւններ։ (Կարգաւորութիւն) Թիւ 285. «Միաբանութեանս մէջ ծանր յանցանքներ նկատուած են յատկապէս հետեւեալները. Ա) առանց Մեծաւորներու հրամանին հեռանալ վանատունէն եւ չվերադառնալ երկու ամսուան ընթացքին. Բ) ծանր գողութիւն կամ սեղանակապտութիւն. Ե) աշխահական ատեաններու դիմել Միաբանութեան կամ միաբանի մը դէմ……»։ Պէտք կա՞յ աւելին ըսելու կամ գրելու։ Օրինազանցները՝ գրպանները լեցուցած, հանգիստ կը պտտին առանց խղճահարելու, կարծես իրենք չեն գողերը։ Իսկ Հայր Եղիայի աշխարհական ատեաններու դիմելու յանդուգն քայլը ընդդէմ իր միաբանին, ո՛չ միայն յանցանքներու գլուխ գործոցն է, այլ նաեւ մեծագոյն նիւթական վնասը միաբանութեան սնտուկին եւ վարկին (մանրամասնութիւնները բոլորիդ ծանօթ են)։  Հիմա կը հասկնա՞ք հարցումը զոր յաճախ մամուլով տուած եմ. Ո՞Վ ՊԻՏԻ ՊԱՀԱՆՋԷ…: Ոսկան Մխիթարեան Նախկին Տնօրէն Մխիթարեան Վարժարանի ի Լոս Անճէլըս

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter