HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սագօ Արեան

«Հայկական» Քեսապը վտանգի առջեւ

«Հայկական» ճանչցուած  Քեսապ աւանը կը դատարկուի իր բնակիչներէն

Հալէպահայութեան  ընկերային ցանցերու  լրահոսի հիմնական  թեման  Սուրիոյ  մէջ գտնուող Քէսապն է: Սուրիոյ  Հիւսիս –արեւմտեան    հատուածին մէջ գտնուող «Հայկական» ճանչցուած այս գիւղին բոլոր բնակիչները հեռացած են շրջանէն:

Ըստ որոշ սկզբնաղբիւրներու Քեսապի  մասին առաջին արձանագրութիւնները  կապուած են Խաչակիրներու արշաւանքներուն հետ երբ Անտիոքի Պէմոնթ Ա. Դուքսը տարածքը նուիրաբերած է Պետրոս ճգնաւորին  եւ նոյն արձանագրութիւններուն մէջ Քեսապը կը յիշատակուի որպէս Քէսպիս կամ Քասամպելլա անուններով:  Ըստ այլ աղբիւրներու Քեսապը  հիմնադրուած է Տիգրան Մեծ թագաւորի ժամանակաշրջանին եւ  ան սահմանակից  եղած է Հայկական Կիլիկիային:    

Վերադառնալով ներկայ դրութեան  ըսեմ, որ բաւական  դժուար  է   տարածքէն  հեռացած Հայ բնակիչներուն հետ կապ հաստատել   եւ բայց անոնց   հարազատներէն կարելի եղաւ ճշդել որ Քեսապէն  հեռացած հայերը  հաստատուած  են Լաթաքիոյ մէջ: Հեռացողներուն  թիւին մասին ճշգգրիտ տուեալներ  չկան  բայց  յստակ է,  որ  վերջին  դէպքերէն  շատ առաջ  մեծ թիւով  բնակիչներ  արդէն  հեռացած էին երբեմնի սուրիահայութեան  գլխաւոր ամառանոց հանդիսացած՝ Քեսապէն:

Ափսոսանքի, տխրութեան,  կորուստի մասին եղած  բառերուն կողքին  նոյն ցանցերուն վրայ երեւելի են մտահոգութիւններ ըստ որոնց Թրքական  բանակի օդուժը հարուածած է այդ շրջանները այդպիսիով ամրապնեդով Իսլամիստ  տարրերուն դիրքերը:

Ռազմական դիրքերու առեւտուրի  ժամանակն է հիմա Սուրիոյ մէջ: Ճիշդ շաբաթ մը առաջ էր,  որ  Քալամունի շրջանին ամէնէն կարեւոր կեդրոնը համարուած    Եապրուտը կ'իյնար Ասատեան ուժերու տիրապետութեան տակ եւ գրեթէ առանց որեւէ մէկ դիմադրութեան: Այդ գրաւումէն  ետք  նոյն Ասատեան զօրքերը կ'ապահովէին Լիբանանեան թիկունքի իրենց դիրքերը  եւ գրաւերով Հոմսի «Քալաթ Ալ Հըսն»  բերդի դիրքերը  Սուրիական ընդդիմութեան դիմաց կը փակէին Լիբանանի կարեւոր ճանապարհները:

Քեսապի դէպքերը պէտք է այս ընդհանուր քոնթէքսթին մէջ դիտել: Բայց հայկական հին սովորութեան համաձայն անպայման   դէպքերուն մէջ  զոհ ըլլալու անհեթեթ  մօտեցումին համահունջ  գրառումներ կը կատարուին ուր կ'ըսի թէ «Թրքական արիւնոտ թաթը  խառն է Քեսապի դէպքերուն մէջ»:

Այս առումով հետաքրքրական է կարդալ Ֆէյսպուքի Aleppo Armenians https://www.facebook.com/photo.php?fbid=10152253199176422&set=gm.565594116880760&type=1&theater խումբի հիմնադիր Հրաչ Քէլսահակեանի կատարած գրառումը ուր ան  կարեւոր մանրամասնութիւններ տուած է  Քէսապի մէջ կատարուած դէպքերուն մասին: Հրաչ գրած է ՝ «Դժբախտաբար Քեսապ լրիւ դատարկուած է այս պահուն եւ մնացեալ հատուկենտ կռուողները պաշարման ենթակայ:

Ըստ կարգ մը տուեալներու, այս առաւօտ զինեալ ընդդիմադիրները «Լըղըջօր»էն տարածուած եւ գրաւած են «Տուզաղաճ»ի սահմանամերձ շրջանները, ապա բարձրացած դիմացի բլուրները ու ձորերէն անցնելով հասած են մինչեւ «Վերին Պաղճաղազ», ուրկէ կտրած են Քեսապ - Պասիթ ճանապարհը:Քեսապի մէջ քանի մը երիտասարդներ մնացած են գիւղապետ Վազգէնի գլխաւորութեամբ։

Զինեալ ընդդիմադիրները Թուրքիոյ նեցուկը ստացած ըլլալով մտադիր կ'երեւին Քեսապի վրայով ծով հասնիլ:

Լուրերը անշուշտ փոփոխական են բայց մինչեւ այս պահուն այսքան կարելի եղաւ իմանալ: Կը տեղադրենք վերապահութեամբ, մօտաւոր գաղափար մը տալու համար վիճակի ահաւորութեան մասին»:

Այս գրառումը կատարուած է Շաբաթ  22 Մարտի  կէս գիշերին երբ տակաւին Քեսապ գտնուող Ասատեան  զօրքերը կը փորձէին  իրենց   տիրապետութեան տակ պահել շրջանը բայց աւելի ուշ  պատկերը կը շրջուէր  ու  այս առումով Հրաչ կը գրէ «Վերջին լուրերուն համեմատ (Ըսել կ'ուզէ համաձայն- Ս.Ա) Սուրիական օդուժը ռմբակոծած է «Լղիջօր»ի շրջանը, որուն հետեւանքով թրքական օդուժը ռմբակոծած է «Տուզաղաճ»ի մէջ գտնուով սուրիական կէտ մը: Զինեալ ընդդիմադիրները Էքիզօլուխի ակէն շատ հեռու չեն գտնուիր եւ կը փորձեն օղակը սեղմել բուն Քեսապի վրայ»:

Եւ այսպէս «Հայկական» Քեսապը  կ'անցնի  Իսլամիստ ջոկատներու ձեռքը այդպէսով կտրելով Աաստեան վարչակարգի  վերջին սահմանային ճանապարհը Թուրքիոյ հետ:

  Քէսապ Հայ Կաթողիկէ վանքի համայնապատկեր


Քէսապի կեդրոնայան թաղամասը  

Սուրիական պատերազմին ֆոնին վրայ  արձանագրուած այս զարգացումները  ոչինչ կը յուշեն: Սովորական դարձած մարտական գործողութիւններու փոքր մանրամասնութիւններ  են ասոնք եւ այս դէպքերուն վրայ հիմնուելով դժուար է եզրակացնել, թէ գետնի վրայ որ կողմը  առաւելութիւն պիտի արձանագրէ: Ոչ մէկ կողմ  պիտի յաջողի  զինուորական   յաղթանակ  տանիլ իսկ  պատերազմի ընդհանուր հունին մասին կատարուած բոլոր վերլուծութիւնները  դարձած են անհամ եւ անիմաստ:

Արագ պատմական անցում մը ընելով յիշեցնեմ որ Քեսապը Սուրիոյ կազմին մէջ   պահելու համար ատենօք մեծ ճիգ տարուած է  յատկապէս երբ Ալեքսանտրէթը    հանրաքուէի մը արդիւնքով կը միանար այդ  օրերու Հաթայի հանրապետութեան  եւ ապա  կը մտնէր Թուրքիոյ հանրապետութեան կազմին մէջ:

Այս մասին խօսելով նոյն Քէլսահակեան կը գրէ՝ «Ժամանակին Քեսապցիներ դիւանագիտութեամբ կրցան այս հողը միացնել Սուրիոյ երբ լրիւ Ալեքսանտրէթը Թուրքիոյ տրուեցաւ: Եթէ մեզի ձգէին ազատ պիտի կարենայինք այս անգամ ալ պահպանել այս հողատարածքը նոյն դիւանագիտութեամբ: Բայց աւաղ մեզի թոյլ չտուին որ պաշտպանենք մեր հողը եւ չկրցան իրենք ալ պաշտպանել զայն: Ֆոթոշաբով *դրօշակներ բարձրացուցին անոր տեղ»:

Այս ֆօթոշոբի պատմութիւնը կրնայ կրկնուիլ նաեւ այլ շրջաններու մէջ ու ինչ ինչ շահարկումներ, քաղաքական կամ ապահովական  «առեւտրական» գործառքներ կրնան նոյնպէս «Հայկական» այլ  շրջանները կանգնեցնել   ամեհի  վտանգներու առջեւ եւ ի վերջոյ դատարկուիլ:

Նոյն առումով ու Քեսապի դէպքերուն մասին հետաքրքրական  տեղեկութիւններ  կը հաղորդէ Հալէպ բնակող  Տօքթ. Յովիկ Աթոքեանը որ գրած է՝ «Կարտինալ Աղաճանեանի** պատմութիւնը ճիշդ է, բայց մենք երբեք այդպիսին չենք կարդացած ո՛չ մեր, եւ ո՛չ ալ սուրիական պատմութեան գիրքերուն մէջ: Այդ ամբողջը եղած է պարզապէս դրացի Թուրքիոյ նեղութիւն չտալու համար: Սուրիական պետութիւնը վերջին տասը տարուայ քաղաքականութեան մէջ խոցելի սխալներ ըրաւ: Ահա այս քաղաքականութիւնը անուղղակի դրդում հանդիսացաւ ծաւալապաշտ Թուրքիոյ որ կրկին անգամ փորձեր կատարէ Քեսապը թրքացնելու»:

Այս դէպքերը  առիթ կը հանդիսանան հարց  տալու, թէ արդեօ՞ք միջին արեւելքի մէջ  եղող եւ «Հայկական հող» կամ «Փոքրիկ Հայաստան» անուանուած գիւղերը, թաղամասերը կամ աւանները ապահով են  եւ  ինչքանով մնայուն են ու մանաւանդ անվտանգ:  

Մեղադրանքի ոչ մէկ խօսք բայց ճշմարտութիւնը կը յուշէ որ «Հայկական Քեսապ»ը    այսօր տագնապի առջեւ է ու տակաւին յստակ ալ չէ, թէ  յառաջիակայ օրերուն ինչ  զարգացումներ կրնան արձանագրուիլ այնտեղ:

Հայկական հողին ճակատագիրը կը վճռէ հայ մարդը իր խօսքով,  քտինքով եւ եթէ հարկ ըլլայ արիւնով:

Այս պարագային ցարդ մենք խօսքի սահմաներուն մէջ ենք,  պարզ անոր համար որ ընդունինք  կամ ոչ, Սուրիոյ մէջ ընթացող պատերազմը մերը չէ:

Իսկ  թէ ինչքանով Քեսապ Սուրիական տարածքը «Հայկական» է, այդ հարցին պատասխանը կը թողում ձեզի: 

*«Ֆօթոշոբի պատմութիւն» եզրով Քէլսահակեան կ’ակնարկէ համացանցի վրայ երէկ գիշեր տարածուած այն նկարներուն,  ուր  համակարգչային ծրագրով պատրաստուած  կեղծ նկարներ (https://www.facebook.com/photo.php?fbid=617307701693477&set=a.327971923960391.74034.327802223977361&type=1&theater) ցոյց կու տային, թէ Ասատի ջոկատները յաջողած են իրըենց դրօշները կրկին անգամ բարձրացնել Քեսապի մէջ: 

** Յիշեցնեմ որ  2 Սեպտեմբեր  1938-ին-ին Հաթայը   պաշտօնապէս հանրապետութիւն հռչակուեցաւ  եւ անոր սահմաններուն մէջ մտաւ նաեւ Քէսապը: Հաթայի պետութեան ժամանակաշրջանին թուրքական զօրքերու  ու պաշտօնեաներու  կողմէ կազմակերպուեցան  բռնութիւններ  եւ արձանագրուեցան  զինուած բախումներ։Մեծ թիւով քեսապցիներ փախան Պէյրութ կամ հանգրուանցին լեռնային շրջաններուն մէջ ։Այդ շրջանին էր նաեւ  որ  Քեսապ այցելեցին հայ և ֆրանսացի բազմաթիւ գործիչներ։

23 Յունիս 1939-ին Հաթայի պետութիւնը պաշտօնապէս լուծարուաեցաւ եւ երկիրը մտաւ  Թուրքիոյ կազմին մէջ։

Նույն տարին, Քեսապ այցելեց   Սուրիոյ և Լիբանանի Պապական նուիրակ. Ռեմի Արքեպիսկոպոս  Լըփրեթրը: Տեսնելով քեսապահայերու կացութիւնը ու գոյամարտը՝ Լըփրեթրը կը կարեկցի հայերուն: Ան  ուղղակիօրեն  կը դիմէ  է Հռոմի  Պիոս 7-րդ Պապին http://en.wikipedia.org/wiki/Pope_Pius_XII եւ  ֆրանսական կառավարութեան խնդրելով որ ՝ Քեսապի շրջանը  կցուի Սուրիոյ։Այսպիսով, Քեսապի շրջանի բնակելի մասը կ’անջատուի Հաթայէն   եւ կը կցուի Սուրիոյ:Այս առնչութեամբ մեծ դերակատարութիւն  ունեցած է նաեւ հայազգի Գարտինալ Գրիգոր Պետրոս XV Աղաջանեանը։ Այնուամենայնիւ, Կասիոս լեռը  կ'անցնի Թուրքիոյ կազմին մէջ , որուն  լանջերուն   կային բազմաթիւ քեսապցիների պատկանող արտեր, պարտէզներ, դափնիի անտառներ ու արօտավայրեր։

Առաջին լուսանկարում` Քեսապի հայ առաքելական Սբ. Աստվածածին եկեղեցին

Մեկնաբանություններ (5)

Անդրանիկ
«Հայկական« | Պարզապէս կը ցանկանամ տեղեկացնել, որ մէկ չակերտը սխալ է գրուած... ու ափսոս, որ վտանգի տակ է.... :(
Վահան
Հայաստանը՝ քամ-քաք, Սփիւռքը՝ քամ-քաք....Ազգիս հայոց՝ քամ-քաք:
Սիրվարդ Սապունճեան
Քեսապ գիւղերու խումբ մըն է, որուն կեդրոնական գիւղն է Քեսապ. միւս գիւղերն են Սեւ Աղբիւր, Տիւզ Աղաճ, Էքիզ Օլուք, Քէօրքիւնէ, Գարատուրան, Պաղճաղած և +
Ara Ardzrouni
Polor hoghere tavatir en yev jamanagavor. Sagayn Hayreniki Hoghe havidenagan e. Kidnank anor arjekn ou imasde.Ara Ardzrouni
Ara Ardzrouni
AMOT HAYER. Spurke gue nahantchey. Yev touk dagavine tchek medadzer TEBI YERGUIR-i massine...

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter