HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սագօ Արեան

Մուսէլի Հայութեան Տագնապը - Ոչ Մէկ Հայ Մնացած Է

Ըստ Իրաքի Հայոց Առաջնորդ Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեանին՝  «2003  թուականին Մուսէլի մէջ  կ'ապրէին 380  Հայ ընտանիքներ բայց այսօր ոչ մէկ հայ մնացած է»:

Շարունակելով կ՛ըսէ՝ «Ամիս մը առաջ եղած դէպքերէն յետոյ 56  ընտանիք հեռացան Մուսէլէն եւ հաստատուեցան  Իրաքի Քրտական հատուածի տարբեր քաղաքներուն մէջ  ինչպէս Տհոք, Իրպիլ եւ սահմանային շրջանին  մօտ  եղող Աղաջանեան  անունով յայտնի հայկական  գիւղին մէջ»:

Ասատուրեան  սրբազան, որուն հետ երէկ կրցայ զրուցել  կը գտնուէր Տհոք եւ հոն հասած էր Իրպիլէն  ուր ներկայ եղած էր Իրաքի քրիստոնեայ համայնքներու նախաձեռնած մէկ ժողովին  որու աւարտին ժողովականները  հաղորդագրութեամբ mu դատապարտած էին Մուսէլի մէջ  կատարուած բռնադատութիւնները եւ վստահեցուցած,  որ տեղահան եղած ու գաղթական դարձած  բոլոր Իրաքցիներուն  (յատկապէս Քրիստոնեայ) համար անհրաժեշտ օժանդակութիւնը պիտի տրուի:

Սրբազանը նաեւ կը յայտնէր,  որ  ժողովականները Քաղթէական եկեղեցւոյ  Լուիս Րուֆայէլ Առաջին Սագո  Պատրիարքին  գլխաւորութեամբ հանդիպեցան Քիւրտիստանի  կառավարիչ  Մասուտ Ալ Պարազանիին հետ: Պարազանի նաեւ վստահեցուցած է, թէ իրենք  կարելի բոլոր միջոցներով  պիտի օժանդակեն Քրիստոնեայ համայնքներու գաղթակններուն: Այստեղ պէտք է յիշեցնել, որ Իրաքի առաջնորդութիւնը (Կեդրոնը Պաղտատ) արդէն երկրորդ անգամն է , որ նիւթական  նախնական օժանդակութիւններ կը տրամադրէ «Մուսէլ»էն հեռացած հայորդիներուն:

Այստեղ պէտք է նշեմ, որ «Մուսէլ»ի հայութիւնը  Իրաքի հաստատուած ամէնէն հին համայնքը կը նկատուի: Ըստ  Իրաքցի պատմաբան Սայար Քաուքապ Ալի Ժամիլին, Մուսէլի մէջ առաջին հայկական եկեղեցին կառուցուած է 1222 թուականին: Իսկ առաջին հայ ընտանիքը  որ ոտք դրած է Մուսէլ՝  1742  թուականին  Չաքմաքճեաններու  ընտանիքն էր:

Մինաս Չաքմաքճեանը  յայտնի զինագործ էր ինչպէս նաեւ մետաքսի եւ ձիերու  առեւտրական: Առաւելաբար Մուսէլ հաստատուած Հայերը եղած են վարկ ունեցող առեւտրականներ ու  անոնք կարեւոր կապ ստեղծած են Իրաքի եւ Օսմանեան կայսրութեան տարբեր շրջաններուն միջե :

Հոն զարգացած է նաեւ համեմունքի առեւտուրը իսկ Հայերէնը հռչակուած է, որպէս շրջանի երկրորդ հիմնական լեզու: Քաղաքին մէջ մեծ հռչակ ունեցած է  «Ասթարճեան» անունը կրող շքեղ պալատը, որ հիմնադրուած էր   Մարաշէն Մուսէլ հասատուած  Բժիշկ Գ. Ասթարճաենին կողմէ  եւ կանգուն մնացած մինչեւ  1950ական թուականներ: Պալատը  համարուած է Իրաքի  այն ատենուան զբօսաշրջային կարեւորագոյն  կեդրոններէն մին:Տօքթ. Ասթարճեան   մինչեւ Պէյրութ հասատուիլը նաեւ ծաւալած է  քաղաքական  գործունէութիւն 1926-ին  հիմնադրելով  «Իրաքի Ազատականներ» ու կուսակցութիւնը: Իսկ  1970-ականներուն  Պէյրութի մէջ հրապարակած է զանազան աշխատութիւններ որոնցմէ ամէնէն յայտնին կարելի է համարել «Պատմութիւն Արաբական գրականութեան եւ մշակոյթին» (Պէյրութ  1970):

Մուսէլի   հայութեան պատմութիւնը հարուստ է ի հեճուկս  այսօր տիրող տխուր վիճակին ուր «Տահէշ»ը վճռած է իր յայտարարած  «Իսլամական խալիֆայութեան»   օրէնքները բռնի ուժով պարտադրել:Այդ օրէնքները քաղաքը պիտի վերադարձնեն (եթէ դեռ բեն վերադարձուցած) խաւարի ժամանակներուն:Այս իրավիճակին դիմաց ու հակառակ Քրիստոնեայ աշխարհին (ոչ այնքան  ազդու այլ միայն երեւութական)  հրապարակած կոչերուն եւ յորդորներուն կամ նոյնիսկ արդէն     անիմաստ դարձած դատապարտումներուն Մուսէլի   շուրջ  15.000   Քրիստոնեաներէն  շրջանին մէջ մնացած են  հազիւ հարիւր  անձեր որոնք  առողջական խնդիրներու պատճառով   չեն կրցած հեռանալ  շրջանէն:

Քաղաքի կարեւոր մէկ հատուածը եղած են Քաղթիացիներն  ու Ասորիներն որոնք ըստ Աւագ Սրբազանին  նիւթական մեղ  կորուստներ  ունեցած են:  «Հայերս ալ նիւթական մեծ կորուսներ ունեցանք» Կ'ըսէ Սրբազանը ու կը շարունակէ, թէ  ՝«Պատկերացուցէք, որ  այն ընտանիքները որոնք  Իրպիլ հասած էին դէպքերուն սկիզբը  իմանալով, որ վիճակը աւելի ապահով է Մուսէլ վերադարձան : Ու երբ ծայրայեղականները փորձեցին  ճնշել  անոնք ճարհատեալ ամէն ինչ լքելով հեռացան:» Մուսէլի Քրիստոնեաները դժուար թէ վերադառնան յատկապէս  այս հանգրուանին  հակառակ անոր որ,  Իսլամիստ  տարբեր աղբիւրներ  Ֆէյսպուքեան խումբերու  (յատկապէս «Զահրաթ Ալ Նարժըս»  Ֆէյսպուքեան խումբին մէջ) մէջ     21  Յուլիսին   յայտարարութիւն կատարած էին  որ  յետ այսու իրենք  կը հովանաւորեն  «Մուսէլ»ի քրիստոնեաներուն ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը:

Քաղաքական առումով, պէտք է նաեւ  նկատել որ  անցնող Յունիսին  Տահէշի  սկսած  շարժումը միայն Իսալմիստ խմբաւորումներով չէր պայմանաւորուէր: «Ալ Րամատէ»ի եւ տարբեր շրջաններու մէջ  Սիւննի  համայնքի  անդամներ եւ արաբական ցեղախումբեր վերջին  երկու տարիներուն  «Սահուէ»  հաւաքներով իրենց բողոքը կը  կ'արտայայտէին  Վարչապետ Նուրի Ալ Մալէքիի իրենց ըսելով անարդար եւ հատուածապաշտ քաղաքականութեան   դէմ: Այս բոլորը պէտք է նկատել  հասկնալու համար, որ Մուսէլի մէջ միայն «Տահէշ»ը չէ որ կը կռուի այլ տարբեր հատուածներ որոնց մէջ կան նաեւ Իրաքի կախաղան հանուած նախագահ Սատտամ Հիւսէյնի   բանակին մնացորդացը եւ Պաաս կուսակցութեան   զինուորագրեալները:

Կարկինը լայն բանալով  պէտք է ըսել, որ  հայութիւնը սկսած  Հալէպէն անցնելով  Սուրիոյ տարբեր քաղաքները, հասնելով Քեսապ, Լաթաքիա եւ այսօր Իրաքեան  Մուսէլ  նիւթական  ծանր կորուստներ կրեց: Աւագ Սրբազանին բառերով «Մենք  երկրորդ ցեղապանութեան մը ենթարկուեցանք»::

Այսօր Քրտական շրջաններ հասած  հայ  ընտանիքները կը գտնուին  ծանր պայմաներու տակ: Անոնք կարիքն  ունին մարդկային ամէնէն տարրական պայմաններու: Եւ այս թեմային  շուրջ մօտեցումները  առհասարակ շատ մակերեսային կը թուին  ըլլալ: Եթէ նոյնիսկ տեղեկութիւն կը տրուի, այդ մէկը պարզ լրատուական մօտեցումներով է, որ կ'ըլլայ  իսկ  համահայկական օժանդակելու տրամադրութիւններ գրեթէ չկան:  Ուրեմն  դատապարտումէ անդին երթալով  պէտք է արձանագրել, որ այսօր  Իրաքի առաջնորդ Աւագ Սրբազանին  ըրածը բառին ամբողջական իմաստով հերոսութեան համազօր քայլ է: Աւագ Սրբազան  այն  հովիւն է, որ  տէր կը կանգնի իր հօտին առանց  մտահոգուելու իր սեփական եսով եւ այս օրինակին մասին անպայման  պէտք է բարձրաձայնել:

Սրբազանին հետ  իմ ունեցած կարճատեւ զրոյցի  վերջը բաւական լաւատեսական շեշտով կ'աւարտէր:Սրբազանը  կը հաւատար (կամ կ'ուզէր հաւատալ)  որ ՄԱԿ- ը արագօրէն  կարեւոր  հաղորդագրութիւն մը պիտի  հրապարակէ եւ  Մուսէլի հայերուն եւ առհասարակ Քրիստոնեաներուն համար  ապահով պայմաններ  պիտի ստեղծուին ու անոնք  պիտի  վերադառնան  իրենց բնակավայրը:

Սրբազանը այլ ճանապարհ չունի կը  հաւատայ Իրաքի անմասնատելիութեան     ու դրական ակնոցով  կ'ուզէ  նայիլ քաղաքական առաջիկայ  զարգացումներուն     հաւաստիացնելով,   որ  «ամէն ինչ պիտի կարգաւորուի  եւ Մուսէլի հայերը  շուտով պիտի վերադառնան իրենց տուները»:

Յուսալի է, որ Մուսէլի  գաղթական  հայորդիներուն համար  նախնական օժանդակութիւններ  հաւաքուին:  Այսօր մեր թիրախը անոնք են՝ Մուսէլի հայերը, անոնք որ անտուն են եւ կարիքն ունին մեր  օգնութեան:

Մտածենք այս մասին :

Լուսանկարները տրամադրուեցան   Ishtar Tv .ի  տնօրէն    Տիար  Ռազմիկ Մուրատեանին կողմէ:

Մեկնաբանություններ (1)

Qwerty
Քաղաքին անունն է Մոսուլ Քաղթէացի չէ, այլ քաղդէացի՝ դայով։

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter