HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սագօ Արեան

Պրն վարչապետ. Թաքսիմի հրապարակը ամենատգեղը չէ

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեդ Դաւութօղլույի կարծիքով Պոլսոյ «Թաքսիմ»  կեդրոնական հրապարակը աշխարհի ամենատգեղ  հրապարակն է:Վարչապետը  լրագրողներուն հետ խօսելով  ըսած է,թէ  քաղաքակրթութեանց եւ քաղաքներու մասին գիրք մը գրած է, որ շուտով պիտի հրապարակուի: Դաւութօղլու նաեւ յայտնած է, թէ  գիրքին մէջ Պոլսոյ  մասին եղած բաժինը ինք գրած է Կէզիի դէպքերուն ընթացքին ու անգամ մըն ալ յիշեցուցած է, որ այդ հրապարակը եղած է հայերու գերեզմանատուն ու  եզրակացուցած, որ «Թաքսիմ»ը աշխարհի ամէնէն տգեղ հրապարակն է:

Գաղտնիք չէ, որ քաղաքները մաս կը կազմեն մեր կենսագրութեան: Ուր ալ երթանք մեր սիրած  քաղաքներու անցեալն ու պատմութիւնը թաքուն աստղի կը վերածենք, որպէսզի կախենք մեր սրտին  ու պտըտինք անոնց երազներով:

Փոքրիկ քաղաքներէ  եկած են իմ նախահայրերը: Անոնք  եղած են Վանէն ու ապա  քանի մը հանգրուաններով հասած են Սուրիոյ Ճարապլուս քաղաքը, որմէ ետք Հալէպ, Պէյրութ, Թորոնթո, Լոս եւ Ուաշինկթըն: Ամէն հանգրուանի  նոր քաղաք ու ամէն անգամ իրենց հին քաղաքին վերադառնալու  փափաք:

Անոնք կը սերին մաքուր քաղաքներէ: Անոնց էութիւնը տեղ մը կը կառչի «պատմական մաքրութեան» մը  եւ ամենակարեւորը՝ հաւաքական յիշողութեան: Նախահայրերս չմոռնալու առաքինութիւնը կը կրեն  իրենց կուրծքերուն՝ խաչերու պէս: Ու խաչերն այդ կը փայլին աստղազարդ երկինքներու տակ:

Կը պտըտին, կը ճամբորդեն, կը հեռանան  իրենց քաղաքներէն ու նոր քաղաքներու մէջ կ'ուզեն  ապրիլ այդ յիշողութեան  մրմունջներով: Կը պառակտուին: Կը մոռնան յիշողութեան արարումը: Կը  մոռնան Աստծոյ անունը: Բայց չեն մոռնար իրենց քաղաքներուն պատմութիւնը:

Զարմանալու բազում պատճառներ կը յառաջանան, երբ խօսք կ'երթայ տգեղ հրապարակներու մասին: Իրօք ո՞րն է հրապարակին տգեղը:

Քաղաքին կեղտոտ ըլլալուն կամ անոր խճողուած ճամբաներուն   մէջ եռացող  աղմուկին  մասին չէ խօսքը , ոչ ալ  ծայրամասերուն գտնուող հին ու աղքատ թաղերուն մասին կը խօսի Պրն. վարչապետը:

Կ'ենթադրեմ,  որ  Թաքսիմ հրապարակի տգեղ ըլլալը  առնչուած է Հրանդ Տինքի արեան հետ: Ու նաեւ   մեր նախահայրերու աճիւններուն հոն ըլլալուն հետ: Այդ աճիւներուն մասին նոյնպէս  խօսուեցաւ Կէզի    այգիի դէպքերուն ատեն: Պարոն վարչապետին այս խօսքը  զիս աւելիով պիտի մղէ իմանալու Թաքսիմ հրապարակին պատմական անցեալին մասին: Այդ  «տգեղ» հրապարակի շուրջ ապրուած  կեանքին  մասին: Հոն արձանագրուած դէպքերուն,  դիպաշարին եւ այնտեղ թաղուած իմ նախահայրերուս մասին:

Պէտք է  նաեւ  յիշեցնել, որ երբ արեւելեան քաղաքներուն մասին կը խօսուի   մենք  երբեք գեղեցիկ քաղաք ըսելաձեւը չենք  գործածեր: Քաղաքը արեւելցիներուս մօտ կեանքի, դէպքերու եւ ըմբռնումներու շարունակուող հոսքին ամէնէն անկեղծ հանդիսավայրն է:

Հարկ կա՞յ  յիշեցնել, որ իմ նախահայրերս նոյն «տգեղ» հրապարակներու կարօտը    իրենց հետ կը փոխադրէին ամէն քայլափոխի: Յատկապէս Պոլիսը անոնց  համար կը մնայ կարօտներուն ամէնէն վսեմը: Անոնք ամէնուրէ՛ք Պոլիս տարած են իրենց հետ: Անոնք իրենց սրտերուն վրայ  պատկերազարդած են  անոր պատուհանները, անգիր ըրած անոր բանաստեղծներուն անուններն  ու  բարձր երգած անոր երգերը: Անգամ չեն մոռցած անոր մինարէթներուն կոչնակին ձայնը կամ դարիւ-դարիւ պահպանուած  եկեղեցիներուն ղօղանջները: Պոլիսը անոնք սփռած են ամէն տեղ: Այդ քաղաքի կենսագրութիւնը կրած են իրենց  արեան, յիշողութեան եւ երակներուն մէջ: Կտրուած այն թելին պէս, որուն ծայրերուն կարմիրով գրուած պատմութիւններու հետքերը կան: Անոր բոյրին, հացին, երանգներուն, անոր անձրեւներու  ահեղ երգին, մեծ թաղումներուն ու անմահ մեռելներուն հետ բառերը տարբեր որակ կը ստանան: Կատաղի սէր մը կը կապէ մեզ այդ ամէն ինչին ու հոն է նաեւ, ուր մենք ճարպիկութիւն չենք ըներ ու  չենք ուզեր ուրանալ մեր հարեւանները: Չենք ուրանար այն կեանքը,  որ մեր նախնիները  ապրեցան ու հոն փայփայեցին թաւշեայ երազներ: Ահա այդ Պոլսոյ մասին կը խօսիմ ես: 

Այդ լեզուով կը փորձեմ խօսիլ իմ որդիներուս հետ: Կը փորձեմ,  ճիգ կ'ընեմ, որ ատելութեան թոյն չըլլայ իմ բառերուս մէջ ու գիտեմ, որ վէրքը մեծ է: Կ'աճապարեմ, կը սուրամ, կը փորձեմ անդրանցնիլ  մեծ մահուան ժամանակը: Չեմ փոխեր հզօր քաղաքին գոյնը: Չեմ զեղչեր անոր անցեալը,  չեմ ուրանար ու գիտեմ, լաւ գիտեմ , որ իմ նախնիներս երկար կեցած են անոր ափերուն դիմաց ու  մոխրագոյն հացը կիսած իրենց հարեւաններուն՝ Ահմեդին եւ Օսմանին հետ:

Ես չեմ խաբեր Պարոն վարչապետ: Ու հռետորական թող  չթուայ, եթէ ըսեմ, որ  ինծի  համար Թաքսիմը աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ,  ամէնէն շէնշող հրապարակներէն մէկն է: Հոն են իմ մեռելները, հոն է նաեւ  այն արիւնը , որ  զիս  կը բաժնէ Թուրքիայէն: Այն «տգեղութիւն»ը, որ մեզ հեռու կը պահէ Թուրքիայէն: Այն տգեղութիւնը , որ իմ նախահայրերս փորձեց  վերացնել  այս աշխարհի երեսէն ,այն տգեղութիւնը, որ նախնիներս  քաղաքէ- քաղաք նետեց, աշխարհով մէկ սփռեց, պատէ պատ զարկաւ,  վիրաւորեց ու չարչարեց: Այդ վաղեմի արիւնը, որուն բողոքի կարկուտին ահաւոր ձայնը կը խլացնէ խաղաղութեան համար արձակած մեր բոլոր աղաղակները:

Խաղաղութիւնը Պարոն վարչապետ, խաղաղութիւնը  բաժնուած է տգեղութեան կարմիր թելով: 

Ո՞վ պիտի կտրէ այդ կարմիր թելը:Ո՞վ պիտի մաքրէ  այդ քաղաքի արիւնն ու վերացնէ անոր «տգեղութիւն»ը: 

Ո՞վ պիտի ընդունի մեղքի այն մեծ բաժինը ,որ կայ ձեր ուսերուն ու գուցէ ատոր համար է նաեւ, որ ձեր ձեռքերուն, ձեր ուսերուն, ձեր հոգիին վրայ  նստած է ծանր կշռաքարի մը կերպարանքով:

 Արիւնը Պրն.  վարչապետ մեզ կը հեռացնէ իրարմէ:

Մենք պէտք է աշխատինք  մաքրել այդ արիւնը: Մաքրել բոլոր  վէրքերը:  Կարգի բերել  ամէն ինչ, ու վերջանականապէս   ծածկել սպին, որպէսզի մեր ու ձեր բոլոր հրապարակները դառնան անթերի  ու խօսին մարդկութեան լեզուով:

Այն լեզուն, որ մեր անցեալէն կու գայ ու կը պատմէ մեր ու ձեր հարեւանութեան մասին:

Առանց ոխի, առանց քէնի առանց արեան  Պրն. վարչապետ:

Լուսանկարը` «Սիվիլնեթի»

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter