HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Կոչ՝ Մելքոնեանը վերաբանալուն

Յետեւեալ «բաց նամակը», Մելքոնեան Կրթական Հաստատութիւնը վերաբանալու մասին, ղրկուեցաւ Հ.Բ.Ը. Միութեան վարչութեանը, սոյն կազմակերպութեան 88-րդ Համագումարին  ընդառաջ:  Համագումարը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ, Ապրիլ 4, 2015-ին: 

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան

Նախագահ՝ Տիար Պերճ Սեդրակեանին,

Պատկառելի Կեդրոնական Վարչութեան Անդամներուն,

Մասնաճիւղերու Վարչութիւններու Անդամներուն

եւ Միութեան 88-րդ Համագումարին Մասնակցող Պատգամաւորներուն

Ազնուամեծար Տիկիններ,

Մեծայարգ Պարոններ,

Այս «Բաց Նամակ»ով կ'ուզենք ձեր ազնիւ ուշադրութեան յանձնել վերջերս հայ մամուլին մէջ լոյս տեսած Վարդգէս Գուրուեանին «Անհաւատալի Բայց Իրաւ, Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը Կրնար (եւ տակաւին կրնայ) 21-րդ Դարու Համահայկական Ամենակարեւոր Դպրոցին Վերածուիլ» յօդուածը:

Այս առիթով կը խնդրենք եւ կ'առաջարկենք որ բարի ըլլաք Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը վերաբանալու հարցը օրակարգի նիւթ դարձնել Հ.Բ.Ը.Միութեան  88-րդ Համագումարին (General Assembly) որ պիտի գումարուի Երեւանի մէջ, Ապրիլ 4, 2015-ին:

 Արեւմտահայերէնի եւ Արեւմտահայութեան գոյատեւման մեր գոյապայքարին մէջ, անհրաժեշտ է որ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան նման հաստատութեան մը ճակատագիրը որոշուի համահայկական մակարդակի վրայ եւ ոչ թէ քանի մը անձերու որոշումով:

Ցեղասպանութեան 100 ամեակի համազգային բոլոր միջոցառումները կը նսեմանան եւ իրենց լրջութենէն մասամբ կը պարպուին եթէ հիմնական եւ արմատական միջոցներու չդիմենք եւ Արեւմտահայերէնն ու Արեւմտահայութիւնը ստոյգ կորուստէ փրկելու գործընթացին չսկսինք:

Կը հաւատանք որ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան վերաբացումը եւ անկէ ջամբուաելիք հայագիտական ուսումը եւ ոգին ամենակարեւոր միջոցառումներէն մին է Արեւմտահայերէնի եւ Արեւմտահայութեան փրկութեան գործընթացին մէջ:

Վստահելով որ մեր առաջակը պիտի արժանանայ ձեր բարեհաճ նկատառման, մեր Մեծ Միութեան  88-րդ Համագումարին կը մաղթենք ամէն յաջողութիւն:

Կանխայայտ Շնորհակալութեամբ՝

Զոհրապ Շամմասեան, Ատենապետ

Մելգոնեան Սանուց եւ Բարեկամներ

Համաշխարհային Միութեան

Մեկնաբանություններ (1)

ominac
Բարեգործականի պաշտօնական լեզուն անգլերէն է։ Եթէ ձեր այս յայտարարութիւնները Հայերէն գրած էք, նայինք քանի հոգի գրուածը պիտի հասկնայ։ Եթէ ձեր միտքը յաջորդ սերունդ պատրաստելն է, դժբախտաբար Բարեգործականը այն կազմակերպութիւնը չէ որ կրնայ հասցէագրել այդ հարցը։ Եթէ կուզենք յաջորդ սերունդով զբաղուիլ պէտք է նոր կազմակերպութիւն սարքենք եւ գործի լծուինք քան թէ նամակ գրելով ժամանակինս անցնենք։ Լաւ է որ դեր մարդկանց մէջ Մելքոնեանի Հայկական ոգին կայ։ Այդ շատ աւելի կարեւոր է քան թէ Մելքոնեան շէնքի պատերն ու տարածութիւնը։ Նոր կազմակերպութիւն մը սարքենք եւ դրամ հաւաքի լծուինք։

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter