HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Մարգո Ղուկասյան. «Անվերնագիր…1915»

սկիզբը

ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԱՏԱՆԱ

Օր մը իշխանցիները հաւաքուեր եւ դժուարին կացութիւնէն ազատելու համար ճար մը խորհեր են: Դիւրին չէր աղտոտութեան մէջ խեղդուած, ոջիլ, հիւանդութիւն եւ այլն, անդադար աշխատիլ մէկ հացի համար: Լսելով, որ Ատանան բարեբեր, առատ երկիր

է, ուզեր են միջոց մը գտնել հոն փոխադրուելու համար: Քանի մը տղաներ, ամենամեծը 15 տարեկանը չէր անցներ, խանէն դուրս կ’ելլեն, կը հանդիպին յոյն մեքենավարի մը, որ շոգեկառքով միշտ Ատանա կ’երթայ-կուգայ եղեր: Յոյն մեքենավարը կ’առաջարկէ ամէն ընտանիքէ մէկ մէճիտիէ առնելով, Ատանա փոխադրել շոգեկառքով: Մեր տղաքը միամտաբար հաւատալով յոյնին խօսքերուն, կանխիկ կը վճարեն դրամը ու կը ժամադրուին: Տեղն ալ կ’որոշեն, կ’երթան կը ծանօթանան, Հալէպէն դուրս ամայի վայր մը: Կէս գիշերին պիտի երթայինք ու սպասէինք: Ինքը շոգեկառքը պիտի կեցներ, մեզ տեղաւորեր:

Իբրեւ թէ ազդեցիկ մէկն էր, ուզած տեղը կրնար շոգեկառքը կեցնել:  Դռնապանը հայ ըլլալով, հետը համաձայներ էինք, քանի մը ղուրուշ պիտի տայինք, որ աչք գոցէ: Որոշուած օրը կէս գիշերին ամէնքս ալ անաղմուկ դուրս ելանք խանէն: Քալէ ու քալէ` վերջապէս հասանք որոշուած տեղը: Շոգեկառքերը իրարու ետեւէ կուգային եւ կանցնէին, բայց ոչ մէկը չէր կենար: Լուսնալու մօտ տեսանք որ չարաչար խաբուեր ենք:

Որոշեցինք շուտափոյթ խան վերադառնալ, այդ տեղն ալ չկորսնցնենք: Այս անգամ ոչ թէ քալել, վազել էր պէտք: Վերջապէս հեւիհեւ խան հասանք: Դռնապանը հասկցաւ եղելութիւնը եւ առարկութիւն չըրաւ.

– Շուտ, որեւէ մէկը ձեզ չի տեսած տեղերնիդ գացեք:

Կամացուկ մը գացինք, տեղերնիս գրաւեցինք: Դէպքը այսպէս գաղտնի մնաց:Ամիսներ յետոյ մեծերը սկսան նորէն այդ ծրագիրը մէջտեղ բերել: Այս անգամ որոշեցին քալելով Ատանա երթալ:Սկսան պատրաստուիլ: Երթալիք ճամբանիս այնքան ալ ապահով չէր, նոյնիսկ վտանգաւոր էր: Մենք դէպի մահը կ’երթայինք: Ամեն կողմ կոտորած, աքսոր`պատերազմը տակաւին կը շարունակուէր: Ամէն ընտանիք առած հացէն մէկը կը ծախեր, որպէսզի նեղ օրերու համար քանի մը ղուրուշ ունենայ, թէեւ տրուած հացը անբաւարար էր:Այս կ’ընէին անօթի մնալու գինով:

Յարմար օր մը, առաւօտ կանուխ, լոյսը չի բացուած, ամէնքս պատրաստ, ունեցած-չունեցած քուրջերնիս հաւաքելով ելանք ճամբայ:  Ամենէն դժուարը որեւէ մէկուն ուշադրութիւնը մեր վրայ չի հրաւիրած Հալէպ քաղաքէն դուրս ելլելն էր: Եթէ երբեք մեզ ձերբակալէին եւ գիտնային, որ հայեր ենք, մինչեւ Տեր-Զօր կը ղրկէին, որ մահուան համազօր էր:Բարեբախտաբար ոչ մէկը ուշադրութիւն դարձուց:Բանուկ ճամբաներէ խուսափելով, ընտրեցինք լեռնային կածանները, ուր երթեւեկութիւնը ցանցառ էր:Քիչ մարդերու կը հանդիպէինք, անոնք ալ կը կարծէին, որ թուրք կամ քիւրտ ենք, որովհետեւ հայը չէր յանդգնէր այսպէս ազատ ճամբորդել:Ոմանք ալ այնպէս գիտէին, որ հայ չէ մնացած, բոլորն ալ սպաննուած են:Մեր խումբը 20-25 հոգի էր, մեծ մասամբ կիներ եւ աղջիկն եր էին, իբր տղամարդ վեց կամ եօթ 15-16 տարեկան տղաներ կային, քանի մը հոգին ալ 6-7 տարեկանը չէին անցներ:Միայն երկու-երեք հոգի թուրքերէն խօսել գիտէին, անոնք ալ կիներ էին:

Երբ առանց միջադէպի բաւական ճամբայ կտրեցինք, յարմար տեղ մը կանգ առինք, քիչ մը հանգչելու, պատառ մը հաց ուտելու համար:Պիտի ճամբորդէինք գիշերով, որով շատ չի տեւեց մեր հանգիստը:Այսպէս` գիշերներով ճամբորդելը, ցորեկները պահ մտնելը շարունակուեցաւ շաբաթներ: Օր մը հանգչելու համար նորէն տեղ մը գտնելով` որոշեցինք լուացուիլ, մաքրուիլ: Ջուրը մօտ էր, մարդ չէր երեւիր: Առիթէն օգտուեցանք:

Հաց շատ քիչ ունէինք: Քանի մը կիներ, երբ իմացան, որ մօտերը քիւրտի գիւղ մը կայ, յանդգնութիւնը ունեցան երթալ, ամէն գնով քիչ մը հաց գտնել, որպէսզի կարենայինք շարունակել մեր ճամբան: Գացին, բերին: Այս անգամ ալ հացին հետը ուտելու բան պէտք էր, ամէնքս ալ բաւական տկարացած էինք: Կնոջ մէկը բաւական հեռու գացած էր, վազելով ետ եկաւ.

-Քոյրիկներ, մեր գիւղի դաշտերին բանջարէն հոս շատ կայ, երթանք հաւաքենք:

Իրաւ, շատ կար:Ամենքս ալ սկսանք հաւաքել, կրակ վառեցինք, բանջար եփեցինք, քիչ մը վրան աղ ըրինք, եղաւ աղցան: Ախորժակով կերանք, բայց ամէն օր բանջար ուտելէն զզուեցանք: Օր մը, երբ կազդուրելու համար լեռները կանգ առինք, տեսանք, որ խոտերու մէջ կրիաներ կը պտտին:Չեմ յիշեր ով, ըսավ.

-Քոյրիկներ, այս կրիաները կ’ուտուին:

Այդ խօսքը բաւական էր, հաւաքեցինք, խոշոր քարերով ջախջախեցինք, պատեանէն հանեցինք, եփեցինք: Սքանչելի, ոչխարի միսէն համով էր: Կրիան ուրիշ առաւելութիւն մըն ալ ուներ, հաւի հաւկիթի նման երկու դեղնուց կ’ելլեր փորէն, այդ ալ հաւկիթի տեղ կը գործածէինք: Ուրեմն` միս, հաւկիթ, բանջարեղէն, հաց եւ քիչ մըն ալ աղ, մեր ճամբու ուտելիքը ապահովուած էր: Երբ շատ կրիա գտնէինք, պահեստի համար կը խաշէինք, յետքը պաղ-պաղ կ’ուտէինք, որովհետեւ ամէն տեղ ալ կարելի չէր ապահովել անոնց որսը: Այլեւս ուտելիքի մասին չէինք մտածեր, կը շարունակէինք անդադար յառաջանալ:

Կամուրջի մը հանդիպեցանք, որ անպայման պէտք էր անցնիլ, երկու կողմը լեռներ էին, ուրիշ ճամբայ չիկար: Երկու հոգի ղրկեցինք, որ հետազօտեն տեղանքը, ետ եկան, ըսին, թէ ամէն անցորդէ թուղթ կը պահանջեն: Այդ մեր գործին չէր գար: Բաւական սպասելէ յետոյ որոշեցինք քիւրտի մը գետը անցնելու ուրիշ ճամբայ հարցնել:

-Կայ,- ըսավ,- բայց երեք օրով ճամբանիդ կ’երկարի: Քիւրտերու գիւղերէն պիտի անցնիք: Թերւս վտանգաւոր ալ է:

Որոշեցինք ամէն վտանգ աչքերնիս առնել, անցնիլ քիւրտաբնակ գիւղերէ: Երբ գիւղի կը մօտենայինք, չորս-հինգ կիներ իբր թէ մուրալու պատրուակով, կանցնէին: Յետոյ մէկը ետ կուգար, կ’ըսէր.

-Վտանգ չի կայ, ուշադրութիւն ընող չի կայ:

Այսպէս բոլորս կրցանք անցնիլ լեռնային վտանգաւոր գիւղերէն: Թէեւ երկար տեւեց, բայց առանց զոհ տալու գործը գլուխ հանեցինք: Երբ վախով, դողով խուսափեցանք այդ լեռներէն, քայլերնիս արագացուցինք, բայց դժբախտաբար կասկածելի մարդոց հանդիպեցանք: Փախիլը աւելի վտանգաւոր էր, սպասեցինք, թէ ինչ պիտի ընեն:Այդ մարդիկ մօտենալով մեզի, աղջիկի մը մազերէն բռնելով, քաշկռտելով տարին: Մեր թրքախօս կիները վայնասուն բարձրացնելով, աղջիկը ազատելու համար վազեցին անոնց ետեւէն:Երկու մարդեր դէմէն կուգային, լսեցին մեր կիներու լացը եւ պոռչտուքը.

-Միւսլմանին վայել չէ օր ցերեկով իսլամ աղջիկ փախցնել:

Երկու մարդերը կարծելով, որ թուրքեր ենք, միջամտելով վայրենիներու ճիրաններէն ազատեցին աղջիկը, յանձնեցին մօրը:Փնտռեցինք յարմար տեղ մը հանգչելու, յուզումնիս, վախերնիս փարատելու համար: Վայրը դաշտային էր, այլեւս պահ մտնելը անկարելի, սկսանք ցերեկ օրով ճամբորդել... Կանաչութիւն, ծառեր, արտեր, գեղեցիկ օդ, կարծես ուրիշ երկիր ըլլայինք:Յանկարծ հեռուէն նարինջի ծառեր տեսանք, այնչափ շատ էին, որ շրջապատին նարինջի գոյն կուտային: Զգուշութիւնը մոռցած` յառաջացանք: Նարնջենի երբեք տեսած չէինք: Բաւական մօտեցանք քաղաքին, ինչ տեսնենք, ամէն բակ լեցուն է նարինջի ծառերով, ատոր համար հեռուէն կաս-կարմիր կ’երեւար: Կիլիկիայ` Տէօրթ-Եօլ հասած էինք: Խումբ-խումբ մտանք քաղաք, անցանք շուկայէն, տեսանք նարինջի հսկայ կոյտեր, գինը շատ աժան էր, քիչ մը գնեցինք, շուտով ճամբայ ելանք: Բազմաթիւ փորձանքներէն ու տանջանքներէն յետոյ մեր նպատակէն` Ատանայէն շատ հեռու չէինք: Չափազանց հարկաւոր էր զգուշութիւնը, որովհետեւ Ատանայի թուրքերը Սեբաստիոյ թուրքերու նման վայրենի ատելութեամբ լեցուած էին հայութեան հանդեպ: Վերջապէս Ատանայի մատոյցները հասանք եւ կացութիւնը ուսումնասիրելու համար որոշուեցաւ քանի մը տղաներ ղրկել քաղաք: Իրիկուան դէմ տղաքը վերադարձան, ըսին.

-Թուրք մը գտանք, սայլով մեզ իր տունը պիտի տանի: Զգուշութեան համար պէտք է հոս սպասենք մինչեւ որ մութը աղւոր մը կոխէ: Թուրքը ըսեր էր` «Ձեզ գիւղ մը պիտի տանեմ ագարակի մէջ աշխատցնելու համար: Ես ալ ձեր վրայ հսկիչ պիտի ըլլամ»: Ընդունեցինք, ուրիշ ճար չունէինք:

ԴԵՊԻ ԳՅՈՒՂ

Թուրքը գիշերով եկաւ, մեզի տարաւ իր տունը: Քիչ մը ուտելիք տուաւ: Նաեւ ըսավ.

-Թուրքերը, եթէ ձեզի տեսնեն եւ գիտնան որ հայեր եք, կերթան նահանգապէտին կը մատնեն, մեր գործը գէշ կ’ըլլայ:

Սայլերով փոխադրուեցանք ագարակ: Ագարակը Ատանայէն բաւական հեռու գեղեցիկ գիւղի մը մէջ էր:Տիրոջ անունը Հիւսէին էր, բարի եւ ազդեցիկ մարդ էր, շատ հողեր, արտեր ունէր: Կը մշակէր ծխախոտ, բամպակ, շաքարեղեգ, ձմերուկ, սեխ, ցորեն, գարի, կանաչեղեն: Կիները եւ տղաքը կ’աշխատէին արտերը, երկու կրտսեր տղաներն ալ ոչխար կ’արածէին: Ունէր նաեւ քիւրտ եւ թուրք աշխատաւորն եր: Ագարակատէրը մեզ պատշաճ կերպով սենեակներ յատկացուց: Ուտելիքը առատ, խոհարարն ալ յոյն մըն էր: Մայրս տունը կ’աշխատէր, լուացք, կարկտուք, մաքրութիւն կ’ընէր:

Ես պզտիկ ըլլալուս համար, արտերը ման կուգայի:Հիանալի եւ գեղեցիկ, նոյնիսկ ամառ օրով, լեռնային ձիւնոտ գագաթներով երկիր էր Կիլիկիան: Ատանայի օդը տաք եւ մեղմ էր, ծովը հեռու չէր: Այսպէս տեւեց տարիներ, մինչեւ լսեցինք, որ ֆրանսական եւ հայ կամաւորական բանակները գրաւեր են Մերսին եւ Ատանա քաղաքները:1919 թ.: Մեր ուր ախութեանը չափ չիկար, վերջապէս ազատուած էինք: Թուրքերը սկսան մեղմանալ և բարեացկամ ըլլալ:Մեր համագիւղացիները որոշեցին ձգել ագարակը, երթալ հաստատուիլ Ատանա, բայց մենք` մայրս, քոյրս, ես եւ ուրիշ կին մը որոշեցինք մնալ, վախնալով, որ լուրը սուտ կ’ըլլայ: Տասնըհինգ օր յետոյ մենք ալ որոշեցինք երթալ Ատանա, մեր գիւղ ացիներուն միանալ:Հիւսէինը շատ աղաչեց, որ մնանք, աշխատինք.

-Ես բարեացկամ գտնուեցայ ձեր հանդեպ... նեղութիւն չը տուի, պաշտպանեցի մինչեւ օրս:

Պատասխանեցինք.

-Ըսածներդ շատ ճիշտ են, շնորհակալ ենք, երբեք չի պիտի մոռնանք:

Տեսաւ, որ չի կրցաւ մեզի համոզել, կառք մը յատկացուց, շատ ուտելիք տուաւ, բարի ճանապարհ մաղթեց:

Հիւսէինը կ’ուզէր մեզ իր քովը պահել, որպէսզի օր մը երբ հաշիւ պահանջէին իրմէ, մենք նպաստաւոր վկայութիւն տայինք: Թուրքերը յիշելով իրենց անմարդկային, սանձարձակ սպանդը, վրիժառու հայ կամաւորներէն շատ կը վախնային: Հասկնալով իր միտքը, ըսինք եթէ բան մը պատահի, անմիջապէս մեզի լուր տայ, որ ամէնքս գանք, վկայենք:Մարդը շատ յուզուեցաւ, քիչ մըն ալ դրամ տուաւ, «Երթաք բարով, Աստուած ձեզի հետ ըլլայ՚ ըսելով ճամբու դրաւ: Ձիու կառքով ճամբայ ելանք դէպի Ատանա: Տակաւին կէս ճամբան չը հասած ֆրանսական բանակի մը հանդիպեցանք` ձիու կառք երու վրայ թնդանոթներ, զենքեր, գնդացիրներ բարձած կերթային Ատանա: Ուշադրութեամբ եւ զարմանքով կը նայէինք անոնց, կուզէինք հասկնալ, թէ ինչ լեզուով կը խօսէին: Ով հրաշք, հայերէն կը խօսէին, իրարու Գէորգ, Կարապէտ կը կանչէին:Սկսանք պոռալ.

– Մենք ալ հայ ենք:

Զինուորները վազեցին դէպի մեզ: Տեղատարափ հարցումներ, ամէն ոք իր հարազատին ողջ կամ մեռած ըլլալը կուզեր իմանալ: Վերջը դարձան կառապանին, ուզեցին կառքէն վար առնել:

-Եթէ ձեզի վատութիւն ըրած է,- ըսին,- անմիջապէս սպաննենք:

Մենք ալ ըսինք.

-Ընդհակառակը, այս մարդը եւ իր տէրը ամբողջ պատերազմի ընթացքին մեզ կերակրած, մեր կեանքը փրկած են:

Թուրք կառապանը վախէն դեղնած մեր կողմը կը նայեր աղաչանօք, չըլլայ, որ զրպարտենք զինքը, որովհետեւ թուրքերու մէջ զրպարտութիւնը հասարակ բան էր: Երբ տեսաւ, որ իրեն բան մը չըրին, ուրախացաւ, շնորհակալութիւն յայտնեց, մեզ մինչեւ Ատանա, մեր ուզած տեղը տարաւ:

-Երբ գիւղ վերադառնամ ձեր բարի վերաբերմունքը Հիւսէինին պիտի պատմեմ,- ըսաւ,- թող ան ալ ապահով ըլլայ, որ իր ըրած բարիքը ձեզի հանդեպ չի մոռցուած, դուք ապերախտ չեք:

Մեզ տեղաւորեցին Աբգարեան վարժարանը, որ Ատանա քաղաքին կեդրոնը, ֆրանսական կառաւարական շենքին ճիշտ դէմը կը գտնուէր: Ողջ մնացած աքսորեալ հայերը Տեր-Զօրէն, Բաղտատէն, Հալէպէն, ամէն կողմէն կը վերադառնային: Հետեւաբար հայերու թիւը կը բարձրանար Կիլիկիոյ մէջ: Բոլորս ալ, թէեւ ցնցոտի հագած, ոտքերնիս բոպիկ, անօթի, ուրախ էինք: Մեծ յոյսերով տոգորուած էինք, որ մեր թշվառութիւնը մօտ ապագային վերջ պիտի գտնէ: Հայ կամաւոր զինուորների ներկայութիւնը ապահովութիւն կը ներշնչեր:

Հետզհետէ ամէն բան բնական հունը կը մտներ:  Խանութներու, ճաշարաններու, սրճարաններու ցուցանակները հայերէն գրուած էին, բոլորին տէրերն ու յաճախորդները հայեր էին, ամէն ինչ հայկական էր: Հայերը եռուզեռով սկսան գործի փարիլ, վերաշինել երկիրը:

Գիւղացին վարեց հողը, արհեստաւորը բացաւ իր կրպակը, ամէն բան լաւ դրութեան մէջ էր: Այլեւս ազատուած կը կարծէինք մենք մեզ: Վերջ բոլոր չարչարանքներուն եւ տառապանքներուն: Անշուշտ, կողոպուտը եւ աքսորը չի խնայելով ոչ ծերերին, ոչ երեխային, դիւրութեամբ չի պիտի մոռցուէր:

Նոյնիսկ հայ երիտասարդ աղջիկները կամաւոր զինուոր գրուեցան հայրենիքի պաշտպանութեան համար: Մենք` փոքրերս, երբ խմբերով կ’անցնէին Ատանայի փողոցներէն, կը դիտէինք անոնց երթը, արդար հպարտութեամբ կ’ուրախանայինք: Բացուեցան դպրոցներ, որբանոցներ, սկսան փնտռել քիւրտերու, թուրքերու եւ արաբներու կողմէ բռնի հաւաքուած աղջիկներ եւ տղաներ, տեղաւորել դպրոցն երու եւ որբանոցներու մէջ: Այդ խեղճերը միայն թուրքերէն, քիւրտերէն եւ արաբերէն խօսել գիտէին, բայց հայերէնը պարտադիր էր անոնց համար:Մեզ փոխադրեցին քաղաքէն քիչ դուրս գաղթականներու համար շինուած փայտէ կացարանները:

Դպրոցական տարիք ունեցող տղաները եւ աղջիկները տարին որբանոցի մեծ եւ գեղեցիկ շենքը, որ կը գտնուէր Ատանայի այգիներու մէջ: Ես ալ հոն բնակելու բախտը ունեցա: Վիճակնիս լաւ էր`սնունդը առատ, հայկական մթնոլորտ:Անոնք որ հայերէն չէին խօսէր, կը պատժուէին:

Տնօրենին եւ ուսուցիչներուն հսկողութեան տակ բոլորս լաւ հայերէն խօսել վարժուեցանք: Այսպէս խաղաղ եւ երջանիկ հայ ժողովուրդը սկսաւ իր ապագան կերտել ու կազմակերպել: Բայց աւաղ, երկար չի տեւեց այս ամէնը, ժամանակները փոխուեցան, Ֆրանսան ալ փոխեց իր քաղաքականութիւնը ի նպաստ թուրքերու: Թուրքերը սկսան բացեիբաց յոխորտալ, հասկնալով, որ ժամանակն իրենց օգտին կ’աշխատի: Անոնք առիթէն օգտուելով, կը զրպարտէին հայերը, որպէս գողեր ու կողոպտիչներ: Ֆրանսական զինուորական իշխանութիւններն ալ առանց քննութիւն կատարելու, ճշմարտութիւնը պարզելու շատ հայեր կախաղան հանեցին Ատանայի հրապարակը:Պարզապէս գոհացում տալու համար թուրքերուն: Յայտնի եղաւ, որ թուրք-ֆրանսական իշխանութիւնները գաղտնի դաշնագիր կնքած են, որով ամբողջ Կիլիկիան առանց որեւէ երաշխավորութեան պիտի ձգէին թուրքերուն: Նորէն իրենց շահերուն համար զոհելով հայերը: Մոռնալով հայերուն տեղահանութիւնը, ջարդը, աքսորը, հայ ժողովուրդի եւ կամաւորներու զոհողութիւնը, Ֆրանսայի համար թափած արիւնը: Իրենց փոքր թիւով դաշնակիցին տուած մեծ թիւով զոհերը: Հաւատալով սուտ խօստումներուն հայերը թէ իրենց հայր ենիքը եւ թէ հսկայական հարստութիւնը կորսնցուցին:

Թուրքերը սկսան սանձարձակ գործել, ելան լեռները, նպատակ ունենալով քանդել մասնաւորապէս հայ կամաւորներու զօրանոցները, թնդանոթներով ռմբակոծեցին Ատանան: Յետոյ քեմալականները Հաճընը, Մարաշը եւ Այնթապը պաշարեցին: Այդ քաղաքներու հայերը օգնութեան սպասելով քաջաբար կռուեցան թուրք խուժանին դէմ:

Ատանայի հայ երիտասարդները կամաւորական խումբեր կազմեցին, օգնելու փութացին իրենց պաշարուած եղբայրներուն, սակայն ֆրանսական իշխանութիւնները արգելք հանդիսացան:Հայերը ամիսներ շարունակ հերոսաբար կռուելէ յետոյ, անօգնական մնալով, ստիպուած եղան անձնատուր ըլլալ: Պարպուեցան Հաճընը, Մարաշը, Այնթապը: Հայերէն ոմանք ջարդուեցան թուրք չեթեներու կողմէ, ոմանք ցուրտ ձմեռով փախուստի ժամանակ սառեցան, ճամբաները կորսուեցան: Հազիւ չնչին մաս մը ազատեցաւ: Այս դէպքերէն յետոյ այլեւս անկարելի եղաւ վստահիլ ֆրանսական իշխանութեան խօստումն երուն:Ատանան խուճապի մատնուեցաւ, սկսաւ պարպուիլ:

Հայերը իրենց անհատական միջոցներով ամէն կողմ ցրուեցան` գացին Լիբանան, Սուրիա, Կիպրոս, Ֆրանսա, այլուր, ուր որ կրնային:

 ԴԵՊԻ ՊՕԼԻՍ

Մենք որոշեցինք Պօլիս երթալ, սայլեր վարձելով ճամբայ ելանք: Ատանայէն բաւական հեռու Գարաթաշ կոչուած ծովեզերքը մեզ առագաստանաւ մը տրամադրուած էր, լեցուեցանք մէջը: Հով չըլլալուն պատճառաւ մէկ օրուան փոխարէն չորս օրեր ծովը մնացինք:

Խմելու ջուրը սպառեցաւ, բայց թուրք չեթեներէն վախնալով չէինք կրնար ծովեզերքին մօտենալ: Փորձեցինք ծովին ջուրը խմել, շատ աղի էր: Ով խմեր, կը փսխեր: Օդը շատ տաք էր, ծովը հանդարտ, հով չի կար, որ նաւը առաջ երթար: Նաւաստիները պզտիկ մակոյկներով կը թիավարէին` նաւը քիչ մը առաջ շարժելու համար: Վերջապէս հասանք Մերսին, որ բաւական մեծ նաւահանգիստ մըն էր: Ելանք քարափ: Նաւը հեռուն կ’սպասեր: Գոյքերը եւ մենք մնացինք փողոցները, իջեւանելու համար կարգադրութիւն չէր եղած կանխաւ: Բարեբախտաբար օդը տաք էր, բայց հոս ալ հետզհետէ ամէն կողմերէ ուրիշ հայեր եկան, նորէն կազմուեցաւ հսկայ բազմութիւն մը: Փողոցները լեցուեցան եւ խճողուեցան: Կային վանեցին եր, էրզրումցիներ, սեբաստացիներ, այլ գաւառներէ հայեր: Անոնք ալ գոյքերով մեզի պէս մնացին փողոցները: Սպասումը տեւեց շաբաթներ:

Վերջապէս որոշուեցաւ` մեզ եւ մեր գոյքը պիտի փոխադրուէր հեռուն կեցած մեծ նաւը: Մեծ նաւին հասնելու համար մեզի յատկացուցին հաստ չուաններով պզտիկ շոգենաւերուն կապուած փայտե ապրանք ատար նաւակներ: Դժբախտաբար բոլոր այդ նաւակներուն տէրերը թուրքեր էին: Մասնաւոր կը զարնէին գոյքերը բեռցուած փայտէ նաւակներուն, ջարդելով կ’ընկղմէին` մեծ վնաս պատճառելով հայերուն: Նամանաւանդ վանեցիներու, էրզրումցիներու գոյքերու վրայ կը թափէին իրենց բարկութիւնը: Մարդիկ, գոյքերը, սնտուկները, մեծ հակերը կը ծփային ծովուն վրայ: Շատերը չկրցան հաւաքել իրենց գոյքերը, մնացին ջուրին մէջ: Թուրքերը այս ամէնը կ’ընէին ֆրանսական իշխանութեան քիթին տակ, թերեւս թելադրութեամբ: Ոչ արգելք, ոչ պատիժ, ֆրանսացիները չի տեսնել կը ձեւացնէին: Մենք շատ գոյքեր չունենալով, շուտով ելանք մեծ նաւը, որ անմիջապէս լեցուեցաւ ու ճամբայ ելաւ: Մեզի հետ էին երեւելի հայեր, ազգային ղեկավարներ եւ պաշտօնեաներ: 5-6 օրէն հասանք Պօլիս, մասնաւոր տեղ մը նախատեսուած չըլլալով առժամեայ մեզ տեղաւորեցին Խաս գիւղի եկեղեցին:

Հետզհետէ ամէն կողմերէ ուրիշ հայեր կուգային: Մեզմէ յետոյ Մերսինէն եկողները պատմեցին, որ ջուրը թափուած բոլոր գոյքերը թուրքերը հաւաքելով իւրացուցել են: Տակաւին քեմալական շարժումը Պօլիս հասած չէր, հետեւաբար դպրոցական տարիք ունեցող երեխաները տեղաւորեցին Խաս գիւղի հայկական դպրոցները: Բայց մեր դասերը սերտելու համար անձնական գիրք, տետրակ, մատիտ չունէինք, ոչ ալ դրամ ունէինք, որ գնենք: Տեղացի երեխաները էջ մը թուղթ, դասագիրք կը տրամադրէին մեզի, որպէսզի կարենանք հետեւիլ դասերուն: Վերջը իրարու մէջ դրամ հաւաքեցին, մեզի տուին` անձնական դասագիրք, տետրակ եւ մատիտ գնելու համար: Անոնք մեզի պէս աքսոր չէին ելած:

Քանի մը շաբաթներէ վերջ Պօլսոյ ազգային խնամատարութիւնը որոշեց մեզի ղրկել Չենկել գիւղի Գիւլէլի հայկական որբանոցը, աւելի մեծերը` Պէյլերպէյի արհեստանոցը: Գիւլէլիի որբանոցը երկյարկանի հին խոշոր զօրանոցի շէնք մըն էր, մէջտեղը, զինուորական մարզանքի համար, ընդարձակ բակ ունէր: Համաձայնականները Թուրքիոյ պարտութենէն վերջը գրաւած եւ հայերուն տրամադրած էին իբր որբանոց:

Որբերու թիւը 1500էն աւելի էր, մեր բոլոր պէտքերը Պօլսոյ հայ ազգային խնամատարութիւնը կը հոգար: Սնունդը, հագուստը եւ գրենական պիտոյքը բաւարար էր: Տնօրենը` պրն Աբուլեանը զարգացած բարի հայ մըն էր, նմանապէս բոլոր դասատուները: Անոնք չէին զլանար ամոքելուորբերուն ցաւերը: Ջամբելով (մատակարարելով, տալով) օրինակելի հայեցի դաստիարակութիւն մը` կարող մարզիչներու հսկողութեան տակ ուժ կուտային շուէտական մարզանքին եւ ֆութպօլին: Գիւլէլիի մարզական խումբը Պօլսոյ մէջ մասնակցելով միջազգային մրցումի մը, գրաւեց առաջին տեղը, ստանալով մետալներ:

Շրջապատուած Պօլսոյ ազգասէր հայերով, որբերս ուրախ ու երջանիկ էինք: Անոնք չէին զլանար իրենց նիւթականը եւ բարոյականը տրամադրել այս ազգօգուտ գործին, կը ջանային սփոփել մեզ, արցունքը սրբել այն տղոց, որ մնացած էին որբ, կորսնցնելով իրենց ծնողքը, երկիրը, ամէն ինչ:

Դժբախտաբար այս փոքրիկ երջանկութիւնը երկար չի տեւեց, քեմալական շարժումը հասաւ նաեւ Պօլիս: Համաձայնականները պարպեցին Պօլիսը: Հայ ազգային խնամատարութիւնը մնաց շուարած, չէր գիտէր ինչ ըներ, ուր տաներ որբերը: Ասոր վրայ Խարբերդէն եւ Իզմիրէն ուրիշ որբեր ալ եկան, խառնուեցան մեզի, որով մեր թիւը կրկնապատկուեցաւ: Թուրքերն ալ գրաւեցին որբանոցին կէսը, թուրք երեխաներ լեցուցին: Ամեն օր կռիւ տեղի կունենար թուրք տղոց եւ հայերու միջեւ: Մթնոլորտն անտանելի էր, մինչեւ իսկ կը պահանջէին շուտով պարպել շենքը, ձգել թուրքերուն: Արդէն ուրիշ ելք չի կար: Ստիպուեցան տեղի տալ, պարպել զօրանոցը եւ յանձնել թուրքերուն: Որոշուեցաւ մեզ տանիլ Գում Գաբուի հայոց եկեղեցին, անկէ ալ Քորֆու` Յունաստան: Քանի մը օր մնացինք եկեղեցիին բակը: Ամեն օր թուրքերը կուգային, մեր մէջէն կը զատէին քանի մը տղաներ, իբր թուրքեր կ’առնէին եւ կը տանէին: Տղաները կուլային, կը պոռային` «Մենք թուրք չենք, հայ ենք»: Անօգուտ, սուտ վկաները միշտ պատրաստ էին:

ՔՈՐՖՈՒ ԿՂԶԻՆ

Վերջապէս մեզի լեցուցին խոշոր իտալական նաւ մը եւ ելանք ճամբայ: Քանի մը օրէն Քորֆու կղզին հասանք: Մեզի քաղաքին մէջ հսկայ շենք մը տեղավորեցին, որ կը ծառայէր իբր գետնախնձորի մթերանոց: Թէեւ Գիւլէլիի յարմարութիւնները չունէր, բայց գոնէ թուրքերէն հեռու էինք: Քանի մը օրեր ետքը, երբ քաղաք ելանք, տեսանք որ բաւական մեծ թիւով հայ գաղթականներ եւ ուրիշ որբեր ալ եկեր, հաստատուեր են Քորֆու: Որբերուն մեծ մասը անգլիացիներուն յանձնուած էր, մենք ամերիկացիներուն բաժին ինկած էինք: Տնօրէնը ամերիկացի էր` միստր Նիլենտ էր անունը: Հայ տնօրէն մըն ալ կար, կաթոլիկ էր, Տէօլէն կը կոչուէր: Թէեւ զարգացած, բայց թոյլ մարդ էր, կարծես ինք չէր տնօրէնը, ոչինչ կարող էր ընել: Ինչ կը վերաբերի մեր կեանքին ու ապրելակերպին, Պօլսոյ բաղդատմամբ բոլորովին տարբեր էր: Հագուստը ոչինչ, բայց սնունդը քիչ էր եւ անբաւարար: Մէկ լեպրա` 800 գրամ հացը 20 մասի կը բաժնէին, առաւօտ ժամը 10-ին գաւաթ մը քաքաօ, շերտ մը հաց, իրիկունը ժամը 5-ին շերտ մը հաց, քիչ մը կերակուր կուտային: Ոչ աւելի: Ամէն ժումին 40 գրամ, օրական 80 գրամ հաց:

Կէս անօթի էինք, դպրոցը աւելի ցաւալի վիճակ կը ներկայացնէր: Զատ-զատ դասարաններ չի կային, մեծ սրահի մը մէջ եօթ-ութ խումբերու բաժնուած, գետինը նստած դասերնիս կը սերտէինք: Արդէն ուսումի կարեւորութիւն չէին տար, միայն կրօնքի, մասնաւորապէս բողոքականութեան ուժ կուտային: Ընդհանուր վարիչը Պօլսոյ ուսուցիչներէն պրն Պէզիրճեանն էր, շատ խստապահանջ էր: Առաւօտ ժամը 10-ին, երբ նախաճաշի երթալու համար կը շարուէինք բակին մէջ, կ’ըսէր.

-Զինուորի պէս շիտակ կեցեք, օձը կամ մեղուն խայթեն, չի շարժիք: Վայ թէ մէկը պզտիկ շարժում մը ըներ, բոլորս ալ կը զրկուէինք նախաճաշէ: Արդէն եթէ նախաճաշն ալ ուտէինք, նորէն անօթի կը մնայինք: Այս պատիժը յաճախ կը կրկնուէր: Օր մը Պօլսոյ Գիւլէլիի որբանոցի տղաքներս իրարու քով գալով որոշեցինք չի հնազանդիլ իրեն, կամ ծեծ մը քաշել: Երբ պրն Պէզիրճեանը եկաւ եւ հրամայեց` «Պատրաստ, քայլ առաջ օն նախաճաշի», ոչ մէկը շարժեցաւ: Նորէն կրկնեց. «Քայլ առաջ օն», նորէն չի շարժեցանք: Միւս տղաքը նախաճաշեցին եւ դուրս ելան, մենք Ժամ մը աւելի անշարժ կ’սպասէինք բակը: Հասկցավ միտքերնիս.

-Ելեք վերի դասարանը, ձեզի ըսելիք ունիմ:

Երբ դասարան մտանք, մեղմ շեշտով սկսաւ խրատել.

-Տնօրէնը ձեր հայրն է, ես ձեր մեծ եղբայրն եմ, խոհարարուհին ձեր մայրը, մենք լաւութիւն կը ցանկանք:

Պատասխանեցինք.

-Գիտեք, որ կերակուրը բաւարար չէ, արդէն անօթի կը մնանք, դուք ալ մեզ կը զրկեք: Այդ ոչ հօր, ոչ եղբօր, ոչ ալ մօր գուրգուրանք է: Դուք մեր տառապանքը կ’աւելցնեք:

Ցրուեցանք, բայց որոշեցինք ծեծ մը քաշել: Դպրոցին բակը սալայատակուած չէր: Երբ անձրեւ գար, ցեխ կը գոյանար: Ձմեռ օր մըն էր, իրիկուան 7-ի ժամանակները: Պրն Պէզիրճեանը քաղաքը սենեակ վարձած էր, գիշերները հոն կերթար գիշերելու: Ամէն մէկս անկիւն մը մութին մէջ պահուտած մէյ մէկ ցեխէ գնդակ պատրաստած կ’սպասէինք որբանոցէն դուրս ելլելուն, որպէսզի առանց տեսնուելու յարձակինք...

Ահա պարոնը եկաւ, վրան ամէն կողմէ ցեխի գնդակներ տեղացին: Յանկարծակիի գալով, ինչպէս փախիլը չի գիտցաւ, արագ վազելով դուռնէն դուրս ելաւ, բայց հասկցաւ, որ մեր գործն է: Միւս օրը միստր Նիլենտին եղելութիւնը պատմեց: Ամերիկացին իբր պատիժ, մեզ Պօլսոյ տղոցմէ զատելով, որոշեց ուրիշ տեղ ղրկել: Ետքը իմացանք, որ Կորնթոսի որբանոցը որոշեր է: Ան ալ ամերիկացի տնօրէնուհիի մը ձեռքն էր, անունը` միս Քուշման: Գիրուկ օրիորդ մըն էր, մէկ քանի բառ հայերեն գիտէր:

ԿՈՐՆԹՈՍԻ ՄԷՋ

Կորնթոսի որբանոցը աւելի բազմամարդ էր, աղջիկն եր ալ կային: Հոս բողոքականութիւնը, մանաւանդ աղջկանց մէջ, շատ առաջ գացած էր, ամէնքն ալ աչքերնին կը փակէին աղօթելու համար: Քորֆուէն եկողներս բաժնեցին դասարանները, ով որ անգլերէն լաւ գիտէր, ամենաբարձր դասարանը կը դնէին: Իմ անգլերենս տկար ըլլալուն պատճառաւ ցած դասարան դրին: Բողոքեցի, բայց անօգուտ: Քորֆուի մեր անգլերէն դասատուն շատ անգլիասեր էր, փոխանակ կանոնաւոր լեզու սորվեցնելու, վեպեր կը կարդար, կը թարգմանէր, կը փառաբանէր անգլիացին:

-Ամենաքաջ, ազնիւ եւ խելացի ազգն է,- կ’ըսէր, դասը կը վերջացնէր:

Քանի մը անգամ բողոքեցինք` «Մեզի անգլերէն սորվեցուր, յետագային պէտք կ’ուգայ», ըսինք, բայց անօգուտ: Ատոր համար Քորֆուի տղոց անգլերէնը տկար էր:

Կորնթոսի մեր կեանքն աւելի գէշ էր, քան Քորֆուինը: Ամէն կիրակի մեզ` աղջիկ, տղայ խառը, աղօթելու համար կը հաւաքէին խոշոր սրահի մը մէջ: Ամէնուն ներկայութիւնը պարտադիր էր: Աչքերնիս փակ բողոքականի երգեր երգել կուտային: Պարոն Պայիրեանը` այսպէս էր պատուելիին անունը, թրքերեն կը քարոզէր: Քանի մը կիրակի ներկայ եղանք այս ժողովներուն, մեր վրայ գէշ տպաւորութիւն գործեց: Կորնթոսի տղաները եւ աղջիկները այնչափ վարժուած էին, որ չէին ազդուէր ու նեղուէր: Մենք` Քորֆուէն եկողներս, որոշեցինք ժողովներուն առջեւը առնել: Կորնթոսէն տղաներ եւ աղջիկներ գտանք, որոնք համաձայնեցան այս խայտառակութեանը վերջ տալու:

Պատրուակ բռնեցինք, թէ պատուելի Պայիրեանին թրքերէն քարոզները չենք հասկնար եւ որոշեցինք որ եթէ առաջիկա կիրակի նորէն թրքերէն քարոզէ, ամէն գնով արգելենք: Օրը եկաւ, պարոնը բեմ ելաւ, իր սովորութեան համաձայն սկսաւ թրքերէն քարոզել: Մենք պոռացինք.

-Հայերէն, հայերէն խօսէ:

Սրահը, որ լեփ-լեցուն էր, մէկ մարդու պէս ձայնակցեցաւ մեզի, կարծես թէ տեղեակ էր մեր նպատակին: Պատուելին բառ մը չկրցաւ արտասանել: Այնչափ աղմուկ բարձրացաւ, որ նոյնիսկ եթէ խօսէր, անկարելի էր, որ լսուէր: Տեսաւ, որ չպիտի կրնայ խօսիլ, բեմէն իջաւ, գնաց ուղղակի միս Քուշմանին բողոքելու: Միս Քուշմանը շատ չուշացաւ, եկաւ սրահ: Բեմ ելաւ, սկսաւ մեզ սպառնալ.

-Եթէ անգամ մըն ալ այսպիսի դէպք պատահի, բոլորդ որբանոցէն կը վռնտեմ: Մենք ալ պատասխանեցինք.

-Թուրքը մեր հայրը ու մայրը սպաննողն է: Անոր պատճառաւ որբ ենք մնացեր, թող հայերէն կամ անգլերէն քարոզէ, որ հասկնանք:

Մենք թրքերէն չենք գիտէր: Պատուելին գէշ դրութեան մէջ կը գտնուէր, հայերէնը եւ անգլերէնը տկար ըլլալուն պատճառաւ թրքերեն կը քարոզէր: Խանգարուեցաւ այդ օրուան ժողովը: Երբ դուրս ելանք ժողովարանէն, բոլորս ուրախ էինք, հասած էինք մեր նպատակին:

Խնդիրը այսքանով չի վերջացաւ: Որոշ քննութիւններէ վերջ եզրակացուցին, որ ըմբոստութիւնը Քորֆուի տղոցմէ կուգայ: Արդեն կանխաւ որոշ բաներ գիտէին մեր մասին, որոշեցին աշխատանքով պատժել: Պիտի երթայինք յոյներուն այգիները, ձրի աշխատէինք: Գացինք, քանի մը օր յետոյ տեսանք, որ գործը բաւական ծանր է: Պահանջեցինք, որ քիչ մը աւելի հաց տան, անօթի կարելի չէր աշխատիլ: Սկսան ամէն օր ժամը 4-ին քիչ մը հաց, քանի մը չոր թուզ տալ:

Պարոն Պայիրեանը օգտուելով միս Քուշմանին քաջալերանքէն, նախկինին պէս շարունակեց, մանաւանդ մեզ` քորֆուցիներուս հանդեպ թշնամական վերաբերմունք ցոյց կուտար: Որոշեցինք նորէն դաս մը տալ պարոնին:

Սովորութիւն էր ամէն իրիկուն հաւաքուիլ որբանոցի բակը, ննջարան երթալէ առաջ պատուելիին ղեկաւարութեամբ աղօթք մը երգել: Այդ գիշեր, աղօթքը վերջանալուն պէս, աղջիկ, տղայ մութէն օգտուելով պարոնին վրայ յարձակեցան եւ սկսան հարուածել: Ինչպէս փախչիլը չի գիտցաւ, որբանոցի դռնէն հազիւ ինքզինքը դուրս նետեց, կորսուեցաւ մութին մէջ: Բայց այս անգամ չի ներեցին: Զատեցին մեզի, իբր յանցաւորներ, Գավալա ղրկեցին: Երբ այդ քաղաքը հասանք, մեզմէ աւելի տարիքով

ուրիշ որբեր ալ բերին, մեզի անոնց խառնելով, Քիրենիա կոչուող գիւղը աշխատելու ղրկեցին: Քիրենիան Գավալա եւ Տրամա քաղաքներուն մէջտեղը կը գտնուէր: Մեր խումբը քսան որբերէ կը բաղկանար,ամէն մէկս մէկ գիւղացիի տունը տեղաւորեցին: Ամէնքն ալ Թուրքիայէն եկած, թուրքերու հետ փոխանակուած աղքատ գաղթականներ էին, միայն ծխախոտով կը զբաղէին: Արդէն ուրիշ բան չէր բուսներ: Ինծի տարին Գոնիայէն գաղթած յոյնի մը տուն: Ան Գոնիա առեւտւրով զբաղած էր, բայց հոս ուրիշ գործ չի կար, ստիպուած էր ծխախոտ մշակել:

(շարունակություն)

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter