Առաջին Նախագահին վերջին սխալները
Մի քանի շաբաթներ առաջ, Լեւոն Տէր-Պետրոսեան հանրութեան ներկայացուց «Հայոց ցեղասպանության 100-րդ տարելիցի առթիվ Հայաստանի կողմից միջազգային հանրությանը հասցեագրված ուղերձի նախագիծ» մը, այստեղ:
Սոյն գրութեան վերջին պարբերութեան մէջ, անսովոր համեստութեամբ, ան կը նշէ այս նիւթով իր կարծիքի յարաբերական, ոչ-հրամայական բնոյթը, եւ հետեւաբար կը յայտնէ իր տրամադրութիւնը՝ հակառակ դիտողութիւններ ընդունելու եւ նկատի առնելու:
Սակայն, պատկան պաշտօններու վրայ գտնուող մարդիկ, որոնց բառացիօրէն գործն է՝ ընդառաջել այդպիսի հրաւէրներու, ըստ էութեան, լուրջ եւ նշանակալից պատասխան չտուին այս մէկին, ափսոս: Երեւի շատ զբաղուած են:
Ճիշդ է որ, երբեմն, լռութիւնը ինքնին պատասխան է: Սակայն այս պարագային, Լեւոն Տէր-Պետրոսեան անձէն անդին, անոր վերոյիշեալ գրութեան մէջ կը գտնուին էական սխալներ, որոնք նաեւ առկայ են կարգ մը հայերու մօտ: Ճիշդ է թէ ասոնք, քանակային իմաստով, չնչին համեմատութիւն մը կը կազմեն Հայութեան այժմու իրականութեան մէջ: Սակայն... մեր ամբողջ թիւը ի՞նչ է որ: Հետեւաբար, հարկաւոր է որ մեր մէջ ամենաչնչին փոքրամասնութիւնը անգամ, նոյնիսկ եթէ անպայման միտքը պիտի չփոխէ կամ չի կրնար փոխել, գոնէ՝ լաւապէս հասկանայ թէ ինչո՞ւ համար լուսանցքի մէջ է զետեղուած:
Ուրեմն ահա:
****
Խնդրոյ առարկայ «ուղերձի նախագիծ»ի 1-էն 7 ներառեալ թուագրուած պարբերութիւնները՝ պատմական հակիրճ վերաքաղ մը կը հանդիսանան, կամ պատմութեան կրճատուած դասընթացք մը, առաւել՝ Հայ Դատի համաշխարհային ձեռքբերումներու նուազագոյն վերաքաղ մը:
Կարելի է անշուշտ բոլոր այդ պարբերութիւնները երկար վերլուծման կամ բանավէճի ենթարկել, սակայն հիմնական նիւթէն չշեղինք: Միայն թէ հարկաւոր է նշել թէ այդ պատմական-տեղեկագրական կէտերը այդտեղ տեղադրուած են որպէս կարծեցեալ հիմնաւորումներ յաջորդող պարբերութեանց բովանդակութեան, մինչ այդ իմաստով՝ խորապէս անբաւարար են: Հետեւաբար, այդ հապճեպ ու մասնակի նախաբանը կը կարօտի գոնէ տարրական ամբողջացման: Այդ մէկը կարելի է կատարել ուրիշ առիթով:
****
Եւ ահա որ կը հասնինք արդէն թիւ 8 պարբերութեան, որմէ սկսեալ լուրջ սխալները ծայր կու տան:
շարունակութիւնը
Մեթր Հայդուկ Շամլեան, Գանատա,
19 Ապրիլ 2015
http://www.shoushisummercamp.org/
Մեկնաբանություններ (1)
Մեկնաբանել