HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Մարգո Ղուկասյան. «Անվերնագիր…1915»

սկիզբը  

Քիրենիան շատ աղքատ գիւղ էր, խմելու ջուր չի կար, էշերուն բեռցուած տակառներով կէս ժամուայ հեռաւորութեան վրայ գտնուող գետակէն կը բերէին: Իսկ կենդանիները փոսերու մէջ անձրեւէն հաւաքուած ջուրը կը խմէին: Ծառ, կանաչութիւն գոյութիւն չունէր, ամառը շատ տաք , ձմեռը շատ պաղ կ’ընէր: Վառելու փայտի համար էշերով լեռները կ’երթայինք, բայց փայտ ալ չի կար, արմատներ կը հաւաքէինք: Հայ որբերուս վիճակը ցաւալի էր: Լաւ չէին կերակրէր, յաճախ անօթի էինք: Երբեմն նամակ կը գրէինք Գավալա` հայ տնօրէնին, յոյն մը կը ղրկէին քննութիւն կատարելու համար, արդիւնք չէր տար: Քննիչին երթալէն ետքը աւելի կը վատթարանար մեր վիճակը:

Մեր ճակատագիրը դժբախտութիւնն էր: Այս գիւղին սովորութիւնն էր ամէն բան, նոյնիսկ հացը ապառիկ գնել, տարին մէկ անգամ վճարելու պայմանաւ: Եթէ ծխախոտին բերքը յաջող հաւաքուէր եւ ծախուէր, բոլոր պարտքերը կը վճարուէին: Միեւնոյն ձեւով վերսկսելու համար: Իսկ եթէ պատահէր որ բերքը չի ծախուէր, խանութները կը գոցուէին, որովհետեւ առեւտրականները դրամ չէին ունենար նոր ապրանքի յատկացնելու համար: Մենք` որբերս լման տարին աշխատեցանք: Անհամբեր կ’սպասէինք մեր վաստակին, բայց դժբախտաբար, այդ տարին ծխախոտը չի ծախուեցաւ, մեզի աշխատավարձ չի տուին: Անփորձ էինք, չէինք գիտէր ինչ ընել: Ո՞վ կը պաշտպանէր մեզ պէս որբերու շահը: Օր մը իմ գործատէրս, օգնելու պատրուակով, ինծի ղրկեց ուրիշ յոյնի քով աշխատելու, բայց աշխատանքիս փոխարժէքը ինքը պիտի գանձէ եղէր: Երբ մէջտեղ ելաւ այս խնդիրը, այլեւս ուրիշի քով չի գացի աշխատելու: Բայց գործատէրս տարբեր ծրագիր յղացաւ. ինծի կնոջը հետ ղրկեց Քսանթի կոչուող քաղաքը, ուրիշներու քով աշխատելու: Այս շրջանը շատ թրքական գիւղեր կային, ամէնքն ալ հարուստ, գացինք թուրքի քով աշխատելու, լաւ վճարումով մեզի ընդունեց: Ամիսի մը չափ աշխատելէ յետոյ ժամանակը եկաւ վճարման: Թուրքը ինծի կանչեց եւ ըսաւ.

-Դուն հայ ես, հետիդ կինը յոյն, աշխատավարձդ քեզի՞ պիտի տամ, թէ յոյն կնոջը:

Ես ալ ըսի.

-Ես աշխատեցայ, ինծի պիտի վճարես:

Թուրքը բոլոր աշխատավարձս տուաւ, ես ալ սկսայ հագուստ, կօշիկ, այլ իրեր գնել ինծի համար, ճաշարան, սինեմա երթալ: Առաջին անգամ էր, որ այսքան դրամ ձեռք կանցնէի: Որովհետեւ աշխատանքի օրերը առտուն, կէսօր, իրիկուն իրեն վրայ էր ուտելիքը: Յոյն գործատէրիս կինը կ°աշխատէր շահած դրամներս ձեռքէս առնել, քանի մը յոյներ գտաւ, ինծի սպառնացին սպանութեամբ: Անպաշտպան հայ մը ըլլալով, ստիպուած եղայ մնացած դրամը յանձնել: Դրամներս երբ առաւ, անմիջապէս առաջարկեց վերադառնալ գիւղ: Ուրիշ ելք չունենալով համաձայնեցայ: Գիւղ եկանք, ընկերներիս պատմեցի գլխուս եկածները եւ աւելցուցի.

– Տղաք, այլեւս պէտք չէ մնանք հոս, երթանք Քսանթի` թուրքերուն քով աշխատելու: Լաւ եւ կանխիկ կը վճարեն աշխատավարձը: Դուք գիտեք, որ մէկ տարուան մեր աշխատավարձը տակաւին չեն վճարած, վճարելու ալ նպատակ չունին:

Չորս-հինգ ընկերներով գացինք Քսանթի, սկսանք թուրքերու քով աշխատիլ: Մեզի լաւ կը կերակրէին եւ կը վճարէին, նոյնիսկ սենեակ կը տրամադրէին: Թուրքերու յարաբերութիւնները յոյներու հետ այնքան ալ լաւ չէին, կը նախընտրէին մեզի` հայերուս հետ գործ ունենալ: Մեզի յոյներէ աւելի լաւ պայմաններ կ’առաջարկէին, աւելի վստահութիւն ունէին մեր վրայ: Որ թուրքին տունը որ կ’աշխատէինք անոր տունն ալ կը բնակէինք եւ կը ճաշէինք մինչեւ գործը լմննար: Յետոյ ուրիշի տուն կը կանչուէինք: Այլեւս ճանչուած էինք ամէնէն, առանց գործի չէինք մնար: Կ’աշխատէինք խուսափիլ, երբ յոյն մը մեզի գործ կ’առաջարկէր:  Ի՞նչ է ծխախոտի գործը. գարնանը սածիլները տնկել, ջրել, տունկին տակը կակուղցնել, մինչեւ տերեւները հասնին, յետոյ ամէն օր հասած տերեւները վարի կողմէն սկսելով հաւաքել` երեք-չորս տերեւ ամէն անգամ: Հաւաքուած տերեւները շարել չուանի վրայ, ձողերու վրայ կապել եւ չորցնել արեւի տակ: Ձմեռը կակուղցնել, մէկիկ-մէկիկ, մեծութեան եւ գոյնի կարգով շարել, 15 սանթիմետր հաստութիւնով տրցակ կազմել, տրցակները իրարու վրայ շարել, ժամանակ մը ծանրութեան տակ պահել, որպէսզի ճնշուած տերեւները լաւ մը հասնին, նոյն գոյնը ստանան, ծխախոտի գործարան ղրկուելու համար: Այսպէս, ընկերներով ժամանակ մը աշխատեցանք Քսանթիի շրջանի թրքական գիւղերը: Օր մըն ալ սաստիկ ջերմ ունեցայ, ընկերներս զիս տարան Քսանթիի ամերիկեան հիւանդանոցը, բայց պարապ անկողին չըլլալով երկու օր մնացի միջանցքներու սալայատակի քարերու վրայ: Վերջապէս տեղ մը պարպուեցաւ: Գրեթէ բոլոր հիւանդապահուհիները հայեր էին, ինծի խնամեցին: Ամեն օր ընկերներս այցելութեան կուգային, պէտք եղածը կ’ընէին: Փոխադարձաբար միշտ իրարու օգնելու պատրաստ էինք: Երբ բժշկուեցայ, դուրս եկայ հիւանդանոցէն, նորէն միացայ ընկերներուս: Կիրակի օր մը ընկերներով սինեմա գացած էինք: Երբ շարժանկարը վերջացաւ, սպասեցինք իրար, որ տուն երթանք: Սպասեցինք մինչեւ վերջին մարդը, բայց չի տեսանք մեր ընկերները: Կարծելով թէ մեզմէ առաջ անցած կ’ըլլան, վազելով գացինք, բայց տունն ալ չէին: Մինչեւ առաւօտ, առանց քնանալու սպասեցինք, ելանք փնտռելու մեր յաճախած տեղերը, ոչ ոք տեսած չէր: Յուսահատ վերադարձանք տուն: Շաբաթ մը յետոյ մէջտեղ ելան:

-Երբ սրահէն դուրս ելանք, ոստիկանները մեզի ձերբակալեցին,-պատմեցին,- ունեցած թուղթերնիս և դրամներնիս առին, հեռու գիւղ մը տարին բռնի, առանց վճարումի աշխատցնելու: Շաբաթ մը աշխատելէ յետոյ ձեւ մը գտանք, գիւղացիներուն ըսինք, որ ուրիշ ընկերներ ալ ունինք, մեզի հրաման տուեք, երթանք անոնք ալ բերենք: Այսպէս փախանք: Քսանթիի մէջ ծխախոտի գործարանատէր հարուստ հայ մը կար, ազգանունը Սաթեան:  Բոլոր ծախսերը հոգալով որոշէր էր երկու հայ որբեր ղրկել Հայաստան` ուսանելու: Այդ որբերէն մէկը ես պիտի ըլլայի: Հազիւ 15 տարեկան էի, խորհեցայ, որ փոխանակ չարաչար աշխատելու, դպրոց յաճախիմ, ուսում առնեմ: Այդ մասին մօրս գրեցի: Մայրս անգրագետ էր, նամակը կարդալ կուտայ Հայաստանէն փախած խարբերդցի դաշնակի մը, ան ալ մօրս կը խրատէ.

-Չըլլայ, որ տղադ Հայաստան ղրկես, հոն շատ դժբախտութիւն կայ եւ սով:

Մայրս ինծի նամակ գրել տալով պատվիրեց չերթալ Հայաստան, Յունաստան մնալ:

-Յետոյ քեզ Ֆրանսա պիտի բերեմ,-խօստացաւ:

Մայրս, հարկաւ, իմ իրական կեանքիս մասին գաղափար չէր կրնար կազմել, որովհետեւ նամակներուս մէջ միշտ աղեկ եմ, առողջ եմ կը գրէի, որ հոգ չընէ: Մեր չարչարանքներու եւ խեղճութեան մասին երբեք ակնարկութիւն չէի ըներ: Հայաստան երթալս այսպէսով ջուրը ինկաւ, նոյնպէս ուսանելը:

ՍԵԼԱՆԻԿ

Մայրս ինծի Ֆրանսա երթալու համար թուղթեր ղրկեց: Ընկերներուս հրաժեշտ տալով, շոգեկառքը առնելով եկայ Սելանիկ, բայց շատ ալ դիւրին գործ չէր Ֆրանսա մեկնիլը: Երբ ֆրանսական դեսպանատունը գացի վիզա առնելու, առարկեցին, որ պզտիկ եմ, գործաւորի տարիք չունիմ, իբր ուսանող ալ դրամ չունիմ: Այսպէս մերժուեցայ: Սկսայ թափառիլ Սելանիկին փողոցները: Դրամս սպառեցաւ, ջանացի գործ մը գտնել, բայց շատ դժուար էր: Երբ փողոցէ մը կ’անցնէի, տեսայ քանի մը որմնադիրներ տունի մը վրայ կաշխատին: Անօթի էի, ճարահատ, գացի խնդրեցի, որ գործ մը տան ինծի: Որմնադիրները մեղքցան.

-Թէեւ քեզի հարմար գործ չի կայ, բայց եկուր օգնէ մեզի, բան մը կուտանք:

Լաւ աշխատեցայ, չափազանց գոհ մնացին, կէսօրին ճաշի հրաւիրեցին, իրիկունն ալ կրկինը վճարեցին:

-Մինչեւ այս գործը լրանալը մեզի հետ կ’աշխատիս, -ըսին:

Բայց իրենց համար ալ գործ չի կար, քանի մը օր կ’աշխատէին, ամիսներով անգործ կը մնային: Ըսին, որ Սելանիկի մէջ աշխատանքի հրապարակ կայ, ամէն առաւօտ բոլոր գործ փնտռողները հոն կը հաւաքուին: Առաւօտ կանուխ այդ հրապարակը գացի, տեսնեմ հազարաւոր բանուորներ եկած են գործ գտնելու: Ով որ կուգար գործաւոր փնտռելու, վրան կը թափէին, երբեմն ալ կը քաշկռտէին: Այդ բազմութեան մէջէն ինծի պիտի ընտրէին: Յուսահատ սկսայ պտտիլ ասդին-անդին: Յանկարծ տեսայ մարդ մը, որ հեռուն կեցած ձեռքով ինծի կը կանչէր: Մօտեցայ, ըսաւ.

-Գնայ երկու-երեք որմնադիր գտիր, քանի մը օրուան գործ ունիմ: Տանիքի կղմինտրները պիտի փոխուին:

Պատի մը տակ քանի մը գործաւորներ իրենց գործիքներով նստած էին: Մօտեցայ.

-Մարդ մը քանի մը օրուան գործ ունի, կրնա՞ք ընել: Միայն ինծի ալ գործ մը տաք:

Մէկը հետս եկաւ, ցոյց տուի գործատէրին, խօսեցան, համաձայնեցան: Ամէնքս միասին գացինք, սկսանք գործի: Ես կղմինտրները ուսիս տանիք կը հանէի, անոնք ալ կը շարէին:

Երբ տանիքին գործը լմնցաւ, որմնադիրները հաւաքեցին իրենց գործիքները, գացին: Տան տէրը ըսավ, որ ինծի համար ուրիշ գործ ալ կայ: Որոշեցինք գինը, համաձայնեցանք: Ընելիքս ախոռի մը մաքրութիւնն էր: Ես այդ գործն ալ կանոնաւոր գլուխ հանեցի, բայց երբ վերջացուցի, չուզեց վճարել: Սկսայ պոռալ, քովի սրճարանի մարդիկը լսեցին, եկան, իմացան եղելութիւնը, գործատէրին ստիպեցին վճարել որոշուած դրամը: Շահած դրամներս խնայողութեամբ կը ծախսէի եւ կը ջանայի ուրիշ գործ գտնել: Ծանօթացայ քանի մը հայ տղոց, որ տարիներէ իվեր Սելանիկ կ’ապրէին: Տուին պարոն Ռուբենին հասցէն: Հայ ճարտարապետ մըն էր, շենքեր կը կառուցէր: Գացի, գրասենեակին զանգակը զարկի, պարոն Ռուբեն դուռը բացաւ: Երբ ըսի գործի համար է, այնպէս վրաս պոռաց, որ չի գիտցայ ինչպէս փախիլս:

-Ես ձեզի կը մեղքնամ, գործ կուտամ,-ըսաւ,-մինչեւ կէսօր կ’աշխատիք, գործը կիսատ կը ձգեք, դրամնիդ կառնեք, կը փախիք:

Եղածը պատմեցի հայ տղոց: Այդ տղոց հետ, Սելանիկի մէջ խան մը կար, գիշերները հոն կը պառկէինք: Բացօդեայ, քով-քովի, մէկ-մէկ վերմակ վրանիս: Բարեբախտաբար օդը տաք էր: Յոյն տղաներ ալ կային մեզի հետ, բոլորն ալ որբեր: Օր մը յոյներուն քնացած ժամանակ հայ տղաքը հաւաքեր էին անոնց վերմակները, տարեր, ծախեր Էին: Յոյներն ալ բողոքեր էին: Ոստիկանները եկան, ամէնքիս գողութեան համար բանտ տարին: Մեզի երկու օր առանց հացի եւ ջուրի վար դրին: Ոստիկանատունը լաւ մը լուալ-մաքրելէ յետոյ հազիւ թոյլ տուին, որ դուրս ելլենք, հակառակ որ ես չէի գողը: Հայ գործակալներ կային Սելանիկի մէջ, որ կ’զբաղէին զանազան գործերով, նամանաւանդ հայեր կը ղրկէին Ամերիկա եւ Ֆրանսա:  Ես ալ քանի մը անգամներ դիմած էի, յոյս տուած էին համբերել եւ սպասել: Այս յոյսով Սելանիկ մնալս երկարեցաւ: Բարեբախտաբար մայրս, խորհելով, որ դրամի պէտք կ’ունենամ Ֆրանսա գալու համար 400 ֆրանսական ֆրանկ ղրկեց, որ ճիշտ ժամանակին հասաւ եւ շատ օգտակար եղաւ: Առանց այդ դրամի ստիպուած պիտի վերադառնայի Քսանթի աշխատելու: Օր մը նամակի համար գործակալին գրասենեակը գացած էի: Որովհետեւ կայուն հասցէ չունէի, բոլոր նամակներս գործակալին կուգար: Ըսին որ նամակ չի կայ, բայց լաւ լուր մը կայ.

-Դուն Ֆրանսա կուզէիր երթալ, հիմա առիթն է, եթէ համաձայն ես, թուղթերը կը շինենք, շուտով կը մեկնիս:

ՖՐԱՆՍԱ

Առանց ժամանակ կորսնցնելու հաւաքեցի թուղթերս, տուի գործակալին: Ինծի ներկայացուցին պայմանագրութիւնը, թէ ի՞նչ գործ պիտի ընէի Ֆրանսա, ո՞ւր պիտի աշխատէի, ի՞նչ պիտի շահէի: Մօտաւորապէս հետեւեալն էր պայմանագրութեան պարունակութիւնը: Երկրագործութիւն պիտի ընէի Սենթ-Էթիենի մօտ գիւղ մը, որ կը կոչուէր Մօնրօն լէ-Պէն, ամիսը 150 ֆրանկ վճարումով, ճաշով: Ճամբու ծախսի համար ֆրանսացի ագարակապանէն իմ անունով գանձած էին 400 ֆրանսական ֆրանկ: Կը մնար գործակալութեան վճարումը: Ուզեցին հասկնալ, թէ որչափ դրամ ունիմ: Չորս հարիւր ֆրանկ ունէի այդ ժամանակ: Երեք հարիւր տրախմի առին ինծմէ, ձգելով միայն 100 տրախմի ճամբու ընթացքին ուտելու համար: Բաւարար է ըսին: Բոլորը հաշուած թուղթերս շինելու համար ինձմէ առին 1500 տրախմի: Բայց 400 ֆրանկ Ճամբու ծախսի պարտքը ինծի չըսին, Ֆրանսա երթալէս յետոյ հասկցայ: Հայ գործակալները զանց առին նաեւ պայմանագրութեան դրամական բաժինը ինծի բացատրելը: Այս տեսակ խաբէութիւններ շատ կը պատահէին այդ ժամանակ: Վերջապէս ստորագրեցի պայմանագրութիւնը: Այլեւս վստահ էի, սկսայ պատրաստուիլ: Արդէն մեծ բան չունէի հետս տանելու, պարկի մը մէջ քիչ հաց, քիչ մը պանիր դրի, սպասելով նաւին գալուն: Երբ մէկնելու օրը եկաւ, ելայ նաւ, զարմացայ: Գրեթէ բոլորը հայեր էին, Լիօնի մօտերը մետաքսի գործարան մը աշխատելու կ’երթային: Միայն ես եւ հետս եղող հայ տղան էինք առանց ընտանիքի: Ճամբորդութիւնը օրեր տեւեց: Ծովը խաղաղ էր, օդը լաւ, ընտանիքներով սեղան նստած օղի կը խմէին, կ’երգէին: Ես ու ընկերս մէկ կողմ կեցած կը դիտէինք, մտիկ կ’ընէինք: Բայց աւաղ, այս ամէնը երկար չի տեւեց: Ծովը ալեկոծուեցաւ, մարդոց ուրախութիւնը խանգարուեցաւ, կերակուրները թափուեցան, բոլոր սեղանները շրջուեցան: Մարդիկ ծովէն բռնուեցան, փսխեցին, ինկան գետին: Ֆրանսայի մօտերն էինք, պատրաստուեցանք ցամաք ելլելու: Նաւը Մարսելի քարափը կանգ առաւ 1925 դեկտեմբերի 11-ին: Այն ընտանիքները, որ մետաքսի գործարանը պիտի աշխատէին, մեկնեցան, այլեւս անոնց չի տեսանք: Հետս եղող հայ տղան ալ ազգական մը ունի եղէր, մեկնեցաւ: Ես մնացի մինակ: Ինծի տարին պանդոկ մը, քանի մը օր մնացի, մինչեւ որ որոշեցին Լիօն, յետոյ գիւղ ղրկել: Մարդ մը ներկայացաւ, ինծի տօմսակ մը, Լիօնի հասցէ մը տալով շոգեկառքը դրաւ:

-Հոն կերթաս, անոնք պէտք եղածը կ’ընեն,ժ ըսաւ եւ մեկնեցաւ:

Ես մնացի շոգեկառքին մէջ մինակ` լեզու չէի գիտէր, դրամ չունէի: Հասանք շատ լուսավորուած կայարան մը, ըսի այս ըլլալու է, վար իջայ: Իրօք Լիօն հասած էի: Կէս գիշերը անցած էր: Ձմեռ էր, դեկտեմբեր ամիսը, ամէն կողմ ձիւն, ցուրտ: Սկսայ փնտռել թուղթին վրայ գրուած հասց էն: Վերջապէս չի կրցայ գտնել: Ոստիկաններու ցոյց տուի թուղթը, բաներ մը ըսին, չի հասկցայ: Ինծի տարին ոստիկանատուն, մեծաւորին քով:

Հեռախօսը բացաւ, մինչեւ Մարսել հարցուց իմ մասիս, տեղեկութիւններ ստացաւ եւ համոզուեցաւ, որ անմեղ եմ: Ոստիկան մը հետս ընկերացաւ մինչեւ բողոքականներու շենքը մը, որ թերեւս տեղ մը գտնուի գիշերելու համար: Չի կայ, ըսին: Դուրս ելլայ: Յուսահատ, աննպատակ կը թափառէի Լիօնի ցուրտ-ձիւնոտ փողոցները, մութին մէջէն հայերեն խօսողներու ձայներ լսեցի: Երեք-չորս հայ տղաներ էին: Մոտեցա անոնց, վիճակիս մասին պատմեցի: Ըսին մենք հիմա գործի կ’երթանք, չենք կրնար բան մը ընել, եկուր քեզի կայարան տանինք, հոն սպասման սրահը տաք է, քեզի պէս շատերը կան: Սպասէ, գործերնիս լմննայ, կ’ուգանք ինչ որ պէտք է կ’ընենք: Ինծի տարին կայարան, իրենք իրենց գործին գացին:Առաւօտ եկան տարին այն հասցէն, որ կը փնտռէի: Հարցուցին, թէ դրամ ունէի՞: Անմիջապէս չի պատասխանեցի, վարանեցայ քիչ մը: Հասկցան, որ չ’ունէի: Հինգ ֆրանկ տալով մեկնեցան: Այդ տղոց ոչ անուննին գիտեմ, ոչ ալ հասցէնին, բայց միշտ շնորհակալութեամբ կը յիշեմ իրենց ըրած բարիքը:

Լիօնի գրասենեակը շոգեկառքը դնելով ինծի ուղղակի Սենթ-Էթիենի մօտ Մօնրօն լէ-Պէն գիւղը ղրկեց: Հասանք կայարան մը, մօտաւոր ապէս կարդացի Մօնրօն լէ -Պէն գրուածը:

-Երթալիք գիւղդ այս է,- ըսաւ քովս նստողը:

Վար իջայ, գիւղը շատ հեռու էր: Աչքդ կտրածին չափ դաշտ, արտ, տուն-տեղ չէր երեւար: Մարդ մը հետս վար իջաւ, կերեւար մօտի գիւղերը կը բնակէր: Ինծի տարաւ մինչեւ ագարակը, յանձնեց գործատէրին: Բաներ մը խօսեցան, չի հասկցայ: Մէյ մէկ գաւաթ գինի խմեցին, մարդը գնաց իր տունը: Ագարակը քառանկիւն եւ բաւական խոշոր շենք մըն էր: Մէջտեղը ընդարձակ բակ, մէկ մասը բնակելի շենքեր, միւս մասը ախոռ, քսանէն աւելի կովեր կային մէջը, միւս մասը յարդանոցն էր եւ ցորենի ամբարը: Խոզեր, հաւեր, ոչխարներ ալ կային: Պիտի աշխատէի ֆրանսացի գործաւորի մը հետ, որ հին աշխատող ըլլալուն միւսներուն հրամայէր: Այս շրջանի ցորենի արտադրութիւնը շատ զարգացած էր, ուրիշ գործաւորներ ալ կային: Ֆրանսացի եւ լեհ կիները կովեր կը կթէին, խոզեր եւ հաւեր կը խնամէին, ագարակի տնային գործերով կը զբաղուէին: Մենք գործը առաւօտ չորսին կ’սկսէինք, իրիկունը մինչեւ մութը կոխելը արտ կը վարէինք, երբ ձիւն, անձրեւ չէր գար, փայտ կը կոտրէինք, կը սղոցէինք`օրական 12-14 ժամ անդադար աշխատանք: Կէսօրին ճաշելու համար մէկ ժամ դադար ունէինք, ոչ պակաս, ոչ աւելի: Մեր ննջարանը ախոռին մէջն էր: Ֆրանսացին եւ ես ունէինք մէկական մեծ սնտուկ, մէջը յարդ լեցուցած, զետեղած էինք մէյ մէկ անկիւն: Ախոռին մէջ գոնէ տաք էր, միւսները ցուրտին կը տառապէին, որովհետեւ սենեակները չէին տաքցնէր: Երբ գործերնիս ագարակին մէջ ըլլար` գործատէրը, բոլոր գործաւորները եւ գործաւորուհիները խոհանոցը, խոշոր սեղանին վրայ միասին կը ճաշէինք: Նախաճաշը բանջարեղենով պատրաստուած ապուր մը կ’ըլլար, հացը մէջը կը փշրէինք եւ կը դգալէինք: Այս ապուրը կը պատրաստէին շղթայով օճախէն կախուած խոշոր կաթսայով, մէջը ամէն տեսակ կանաչեղեն, շողգամ, գետնախնձոր եւ այլն, խոշոր կտոր մըն ալ խոզի ճարպոտ միս: Կէսօրին խաշած գետնախնձոր քիչ կարագով, գաւաթ մը գինի, շերտ մը խոշոր հաց եւ այլն: Գիւղին մէջ կար միակ սրճարան մը, կիրակի օրը գրեթէ բոլորը կուգային գաւաթ մը գինի կամ սուրճ խմելու, խօսելու եւ ժամանակ անցնելու համար: Ես սկսայ մինակ յաճախիլ այդ վայրը, արդէն ֆրանսերէն չէի գիտէր, որ բարեկամ, ընկեր ճարէի: Ֆրանսացիները շատ մօտ չէին օտարականի մը հետ ծանօթանալուն, բարեկամութիւն հաստատելուն, կը կարծէին որ մենք վայրենի կամ անկիրթ ենք, եկեր ենք իրենց հացը կուտենք: Յաճախ ալ մեր վրայ կը պոռային.

-Աղտոտ օտարականներ, գացե°ք ձեր երկիրները:

Կիրակի մը այդ սրճարանը քանի մը տղոց հանդիպեցայ, որ հայերէն կը խօսէին: Մօտեցայ: Սկսանք հարցի ու փորձի: Յայտնի եղաւ, որ ինծի պէս պայմանագիրով եկեր են, կ’աշխատին: Իրարու ծանօթացած են, տարբեր գիւղերէ կուգան, կիրակի օրերը սրճարանը միասին կ’անցնեն: Քանի մը տղաներ հեծելանիւով կ’ուգային, որովհետեւ հեռու գիւղերը կ’աշխատէին: Ես ալ միացայ անոնց: Հիմա այլեւս մինակ չէի: Կը հաւաքուէինք, անցեալէն, ներկայեն կը խօսէինք, պէտք եղած ժամանակն ալ իրարու կ’օգնէինք նիւթապէս եւ բարոյապէս: Հայ տղաքը ամէնքն ալ գրեթէ նոյն գործը կ’ընէին, շահածնին ալ շատ քիչ էր: Թէեւ քանի մը հոգի երկու տարիէ աւելի կ’աշխատէին, բաւական լաւ ֆրանսերէն կը խօսէին, բայց ստիպուած կը շարունակէին իրենց պայմանագրութիւնը վերանորոգել միեւնոյն գիւղացիին քով, որովհետեւ իրենց թուղթերը եւ շահած դրամները քաղաքապետին պահտրուած էր: Տեղ մը երթալու կամ գործը փոխելու պարագային գործատէրդ պէտք է հրաման տար: Տղայ մը կար, որ ալ չէր ուզեր իրեն գործատէրին քովն աշխատիլ, բայց թուղթերը եւ շահած դրամը չէին տար:

Մեզի հազիւ հինգ կամ տասը ֆրանկի գումար մը կուտային սրճարանը բան մը խմելու կամ նամակի դրոշմաթուղթ առնելու համար: Քանի մը օր ագարակը աշխատելէ յետոյ քրոջս, քեռայրիս եւ մօրս նամակ գրեցի, որ գան զիս տեսնեն, որովհետեւ ես չէի կրնար գործս ձգել: Առաջ քեռայրս, յետոյ քոյրս եկան, գործատէրին հետ տեսակցութիւն ունեցան, ըսին, որ մայրս ալ պիտի գայ: Գործատէրը տեսաւ, որ ընտանիք ունիմ: Մտածեց, որ անշուշտ մօրս քով երթալ կը փափագէի, ըսաւ.

-Ես արգելք չեմ ըլլար քեզի, միայն թէ երեք ամիս պէտք է աշխատիս, պարտքերդ վճարես: Յետոյ կրնաս երթալ, ուր որ ուզես:

Աշխատեցայ, պարտքերս վճարեցի, այլեւս տալիք-առնելիք չունէի: Ագարակատերը բարի գտնուեցաւ ինծի հանդեպ, նորէն հարցուց.

-Եթէ կ’ուզես մնա, թէ ոչ` ազատ ես երթալու:

-Շատ շնորհակալ եմ ձեզմէ, կ’ուզեմ մօրս եւ քրոջս մօտ երթալ,- ըսի:

Բոլոր հայ ընկերներուս հետ ողջագուրուելով, մնաք բարով ըսելէ վերջ շոգեկառքով մեկնեցայ Ֆիւմել:Չեմ գիտէր, թէ այդ տղաքը ի՞նչ եղան, այլեւս ոչ մէկին չի հանդիպեցայ:

ՖԻՒՄԵԼ

Ֆիւմելը Լօթ-է-Գարոն նահանգին մէջ գեղեցիկ, փոքրիկ քաղաք մըն է` 6-7000 բնակչութեամբ: Շատ բարեբեր, խաղողի, ցորենի, պտուղի` մանաւանդ աշխարհահռչակ սալորի ոստան է: Խոշոր ձուլարան ունի, ամէն չափի` մասնավորապէս ջուրի խողովակներ կը ձուլեն: Այդ շրջանի միակ գործարանն էր, որ օտարական` հայ, սպանացի, լեհ, արաբ, բորթուկալացի գործաւորներ կ’ընդունէր: 1914-ի պատերազմին վերջերը Մուստաֆա Քեմալին Կ. Պօլիս մտնելու հետեւանքով, բազմաթիւ հայ ընտանիքներ հոս, Ֆրանսիայի այլ քաղաքները ապաստան գտան: Ամէն հայ կ’աշխատէր իր բարեկամին, ազգականին, հայրենակցին բերել, կարողութիւնը ներած չափով կ’օգնէր, երբեմն նոյնիսկ պարտք կ’ըներ իր աշխատած գործ արանէն: Այսպիսով հայերը սկսան կարեւոր թիւ մը կազմել: Գործարանը բնակելի խոշոր կացարաններ շինել տուած էր, շատ աժան վարձքով կը տրամադրէր իր աշխատողներուն: Քարէ շենքեր ալ կային` քիչ մը աւելի սուղ վճարումով: Այս կացարանները եւ քարէ շենքերը ամէնքն ալ պարտեզներ ունէին բանջարեղեն մշակելու համար: Ես Ֆիւմել հասայ առանց ինքնութեան թուղթի: Այդ ժամանակ շատ խիստ էր, չունենայիր այդ անիծեալ թուղթը գործ չէին տար, անմիջապէս Ֆրանսայէն կ’արտաքսէին: Ինձ տուին երկու հայերու` Գրիգորին եւ Վարդանին հասցէն, որ լաւ ֆրանսերէն կը խօսէին եւ հարկ աւ դրամական միջոցով կը միջնորդէին ոստիկանատունը: Դիմեցի անոնց, շատ դժուարութիւններէ յետոյ թուղթերս ձեռքս հասաւ: Վերջապէս գործի սկսայ: Պզտիկ արհեստանոց մըն էր, որ կը գտնու էր Մոնսամբրօն-Լիպօս կոչուած 2700 բնակչութեամբ գիւղը, որ շատ հեռու չէր Ֆիւմելէն: Լիպօս գիւղը շոգեկառքի շատ կարեւոր կայարան էր, շրջանի բոլոր գիւղերը եւ քաղաքները այդ կայարանը կուգային ճամբորդելու համար: Մեր գործը հեծանիւի երկաթէ անիւներ եւ ուրիշ մասեր յղկել, փայլեցնել, նիքելապատել եւ կրկին փայլեցնելն էր: Բոլոր գործաւորները հայեր էին, աւագնիս ալ Յակոբ անունով հայ մըն էր, որ 1948 թուին Հայաստան ներգաղթեց: Ֆիւմելի հայերը քանի մը ժամանակ աշխատելէ, քիչ մըն ալ ֆրանսերէն սորվելէ յետոյ, սկսան կամաց-կամաց ցրուիլ Ֆրանսայի զանազան քաղաքները` Փարիզ, Լիօն, Մարսել: Քեռայրս եւ քոյրս շատոնց հաստատուած էին Ալֆօրվիլ, անձնական գործ սկսած եւ տուն ալ շինած էին: Ես եւ մայրս 1928-ի յունիսին, երկու տարի աշխատելէ վերջ Ֆիւմելէն մեկնեցանք: Եկանք Փարիզի Իսի-լէ-Մուլինօ արուարձանը, «Ռենօ» ինքնաշարժի գործարանին ճիշտ դէմը սենեակ վարձեցինք:Հոս ալ բաւական թիւով հայեր կային` հողեր վարձելով, վրան փայտէ կացարաններ շինելով վարձու կուտային նորեկ հայերուս: «Ռենօյի» գործարանը մօտ ըլլալով շատերը հոն կ’աշխատէին: Ես «Ժըվըլօ» կոչուած փամփուշտի գործարանը մտայ, քանի մը ամիս աշխատեցայ պարզ գործաւորի հանգամանքով: Այս գործարանը զինուորական, որսորդական, ատրճանակի եւ թնդանոթի, ամէն չափի փամփուշտներ կ’արտադրէր: Շուտով, սակայն այս գործարանը եւ Իսի-լէ -Մուլինօն ձգեցինք, եկանք հաստատուեցանք Ալֆօրվիլ:

ԱԼՖՕՐՎԻԼ

Ալֆօրվիլ կը գտնուի Փարիզի հարաւ-արեւելքը` Վալտը Մարն նահանգը, Սեն եւ Մարն գետերու միջեւ:Ունի 326 հեկթար տարածութիւն: Ալֆօրվիլը նախ, հասարակ, աննշան վայր մըն էր, 1885-ի Ալֆօրվիլը խոնաւ ցեխոտ փողոցներով բաւական ցած էր շուրջի գիւղերէն, մանաւանդ հայերու շատ մը տուներու մէջ կոյուղի, գազ եւ ջուր չի կար: Ֆրանսացիներուն շատ տարօրինակ կը թուէր հայերու հագուստկ ապուստը, լեզուին բոլորովին անծանօթ էին: «Արմենիէն» ըսէիր` ալժիրցի կը հասկնային, նոյնիսկ չէին ուզէր վարձքով սենեակ տալ: Մանաւանդ երբ տեսնէին ընտանիքը բազմանդամ է, ոչ կառավարութիւնը, ոչ ալ այլ մարմինները օգնելու, տեղաւորելու փոյթ ցոյց չէին տար: Հայերը միայն իրարու օգնելով կրցան լաւ կամ գէշ տեղաւորուիլ: Այն հայերը, որոնք քիչ թէ շատ դրամ ունէին, ինչպես ըսի, սկսան հողեր գնել, տուն շինել, վարձու տալ ծանօթներուն, հայրենակիցներուն: Ոմանք ալ դրամ ունէին միայն հող գնելու, չէին կրնար տուն շինել: Դրամի պակասութեան պատճառաւ ասոնք ալ փոխառութիւն կը կատարէին իրենց ծանօթէն, ազգականէն, կամ հայրենակիցէն` խօստանալով, երբ տունը շինուի, իրենց սենեակ մը կամ երկու սենեակ տրամադրել իբր վարձակալ, մինչեւ որ տրուած դրամը մարուէր: Հարկաւ սենեակին վարձք առաջ կը որոշուէր: Այսպիսով հայերը իրարու մօտ հաւաքուեցան: Պէտք է շեշտել, թէ այս փոխառութիւնները կը կատարուէին առանց թուղթի, առանց տոկոսի: Տրուած խօսքը կը յարգուէր երկուստեք: 1921-ին Ալֆօրվիլի բնակչութիւնը 22000 մարդ էր: 1915-էն առաջ եկած հայեր ալ կային: Մեր ժամանակ բաւական տուներ շինուեցան հապճեպ, շուտափոյթ, իրարու վրայ շարուած խոշոր աղիւսներով: Առանց սվաղի, հազիւ տանիքը գոցուած, վարձակալը կը գրաւէր իրեն խօստացուած սենեակը: Ամբողջ ընտանիքը, երկուքէն վեց հոգի, թերեւս աւելի, կը բնակէին մէկ սենեակի մէջ, որ կը ծառայէր թէ խոհանոց, թէ ննջարան, թէ հիւրասենեակ եւ թէ նամանաւանդ աշխատանոց, որովհետեւ կարի գործ ալ կ’ընէին այդ միակ սենեակին մէջ: Այս պայմաններու տակ կուգային ու կուգային անդադար ամէն կողմերէ` մանաւանդ Պուրսային, Ատանայէն, Մարաշէն, Հաճընէն, Մէծ-Նոր գիւղէն, Չինկիլերէն, Սեօլեզէն, մէկ խօսքով Թուրքիոյ բոլոր գիւղերէն ու քաղաքներէն, օր մը իր հայրենիք վերադառնալու հաստատ յոյսով: Օտար մայթերու վրայ թափառական, անգործութիւն, լեզուին անտեղեակութիւն, դրամ չունենալ, գործ փնտռել և չի գտնալ` շատ անգամ օտար ըլլալուդ համար: Երբեմն կը լսես` աղտոտ օտարական, գնա երկիրդ, եկեր մեր հացը կ’ուտես, կամ` ֆրանսերէն խօսէ հոս Ֆրանսա է, կ’ըսեն, կը հասկնաս, բայց չես կրնար պատասխանել, ֆրանսերէն չես գիտէր: Տակաւին հայերէն զատ ուրիշ ազգեր ալ կան հոս` ալճիրացի, թունիսցի, սպանացի, փորթուքալացի, պելճիքացի եւ այլն: Ֆրանսան 1914-ի պատերազմի ընթացքին կորսնցուցած երիտասարդութեան տեղը կը լեցներ: Այսուհանդերձ հայերը, գոհ եւ շնորհակալ էին Ֆրանսայէն, որ իրենց ընդունեց, ներս առաւ, եւ հակառակ այս բոլոր խոչընդոտներուն եւ դժգոհութիւններուն, կամաց-կամաց վարժուեցան նոր կեանքին: Մասամբ չքացաւ ջարդի, կողոպուտի մղձաւանջը: Ապահով անցան գործի: Տուներուն թիւը շատցաւ: Իլ սէն–Բիեր կոչուած թաղը, որ ճախճախուտ վայր մըն էր, մեծամասնութիւնը հայերու տուներ էին, ժամանակ մը կոչուեցաւ Հայաստան: Ֆրանսացին երը կը զարմանային, թէ հայերը ի՞նչ միջոցներով տուներ կը շինէին, կը կարծէին պանիր հաց ուտելով, շահած դրամը խնայելով շինարարութեան կը յատկացնեն: Բայց ի վերջոյ հասկցան, որ հայերը շատ կ’աշխատին, կիները տունը կար կը կարեն, այրերը, գործարանը աշխատելով հանդերձ, իրիկունները երեխաներուն հետ միասին մայրիկին կ’օգնեն: Նոյնիսկ մինչեւ կէս գիշեր կար կը կարեն: Ալֆօրվիլի հայերուն 60%-ը դերձակներ էին, տուներու մէջ պատրաստ հագուստ կարող գործաւորուհիներու համար արհեստանոցներ բացուեցան: Համբարձումեան բարերարին եւ տեղւոյս հայերու ջանքերու շնորհիւ շինուեցաւ Ս. Պօղոս-Պէտրոս անունով փոքրիկ եկեղեցին` հիմնարկէքը կատարուեցաւ 1929-ի յուլիս 10-ին, օծումը 1930-ի փետրուար 23-ին Փարիզի առաջնորդ Վռամշապուհ արք. Քիպարեանի ձեռամբ: Հետզհետէ իրենց ապրուստը եւ նիւթականը բարելաւելէ յետոյ հայերը սկսան քաղաքական, հայրենակցական, մարզական միութիւններ, դպրոցական տարիք ունեցող երեխաներուն համար մէկօրեա հայերէն դասընթացներ կազմակերպել: Բացուեցան քանի մը նպարավաճառատուներ, սրճարաններ, վարսաւիրանոցներ, պտուղի, կերպասի, գուլպայի, այլ առարկաներու շրջուն առեւտրականն եր: Ամէն գիւղ եւ քաղաք ունէր իր հայրենակցական միութիւնը, յետոյ մէկ մասը վերածուեցաւ վերաշինացներու: Ալֆօրվիլի հայ բնակչութեան մեծ մասը Պուրսայի շրջանէն ըլլալով միութիւններն ալ իրենց գիւղերու անունները կը կրէին` Մէծ-Նոր գիւղ, Չինկիլէր, Սեօլեզ, Եալաք, Տերէ և այլն: Այս միութիւնները ամէնշաբաթ կամ կիրակի օրերը հանդեսներ, ներկայացումներ եւ թեյասեղաններ կը կազմակերպէին: Ալֆօրվիլի հայութիւնը այսպէս կ’ապրէր մինչեւ պատերազմը: Մենք 1930-ի վերջերը Ալֆօրվիլ հաստատուեցանք: Փամփուշտի գործարանը շատ հեռու ըլլալով գործս ձգեցի, բայց անկարելի եղաւ, նոր, յարմար բան մը գտնելը: Լսելով, որ «Սիթրօէն» ինքնաշարժի գործ արանը, թէեւ դարձեալ հեռու էր, գործաւոր կուզէ, առաւօտ մը մեթրօն առնելով գացի, ներկայացայ: Բայց չի յաջողեցայ, մասնագէտ-արհեստաւորի պէտք ունէին: Ես արհեստ չունէի, սեւագործ էի:

-Վաղը եկեք,- ըսին եւ դուռը գոցեցին:

Քանի մը օր տեւեց գործ գտնելու ակնկալութեամբ երթալ-գալս: Օր մըն ալ, ինչպէս եղաւ, ներս կանչեցին, վկայականներս ուզեցին: Ունեցածս ներկայացուցի` մէկը նիքելագործի էր, Ֆիւմելէն առած էի, միւսը պարզ գործաւորի, որ տուած էին փամփուշտի գործարանէն:

-Քեզի ուրիշ գործ մը պիտի տանք,- ըսին,- եթէ կ’ուզես աշխատէ:

Այն արհեստանոցը, ուր սկսայ գործի, բոլոր գործաւորները, բացի գործատէրէն, օտարականներ էին` հայեր, ճերմակ ռուսներ, արաբներ, իտալացիներ, սպանացիներ, ուրիշներ: Գործը շատ դժուար էր, ձեռքերնիս ու ոտքերնիս ջուրին մէջ էին շարունակ: Սորվելու համար ինծի հայու մը քով դրին: Մեր գործը ներկ փչող ատրճանակով ինքնաշարժը ներկելն էր: Յետոյ ինքնաշարժը տաք փուռին մէջ կը չորնար, վակոնիկով, քալող շղթայի վրայ դուրս կուգար: Մենք քալող շղթային հետեւելով կը յառաջանայինք միեւնոյն ժամանակ ներկերը փայլաթերթով կ’ողորկէինք ու կը փայլեցնէինք: Ամէն մէկը իրեն բաժինն ունէր, երեք-չորս մեթր հեռաւորութեան վրայ գործը պէտք է լմնցած ըլլլար: Այսպէս անդադար շարունակ: Շղթայ է` մէկը լմնցուցիր, միւսը ետեւէն պատրաստ է: Այս գործը միայն օտարականները կը յոժարէին ընել: Գործատէրը ամէն օր շիշով գինի կ’ուզեր, գործ աւորները կը բերէին, վախնալով, որ եթէ չի բերէին, գործէն կը հանէին: Գործատէրը առաւօտէն մինչեւ իրիկուն գինի կը խմեր: Երբեմն ինծմէ ալ կ’ուզեր, բայց ես տարիքով ամենապզտիկն էի, չի լսելու կուտայի: Օր մըն ալ ըսաւ.

-Ամենաերիտասարդն ես, բայց միւսներուն չափ դրամ կը շահիս, կ’ուզեմ քու գինիիդ համն ալ առնել:

Մինչեւ բերելս գինովութեան համար վռնդեցին այդ ապիկար, անխիղճ մարդը: Գործս այնքան վատառողջ էր, որ օր մըն ալ որոշեցի ձգել, ուրիշ մը փնտռել: Կը կարծէի, դիւրաւ պիտի գտնեմ, բայց սխալէր էի: Մէծ ջանքերի եւ շատ դժուարութեամբ «Ռընօյի» գործարանը ընդունեցին`Ալֆօրվիլէն աւելի հեռու, քան «Սիթրօէնը»:  Հոս ալ արագաշարժ պէտք է ըլլայիր, մինչեւ շղթան հասներ յաջորդ խումբին, ինքնաշարժին մասերը զետեղէիր իրենց տեղերը:Այսպէս անդադար`առաւօտեան ժամը 7-էն մինչեւ իրիկուն` ժամը 6-ը: Հազիւ քանի մը ամիս աշխատէր, քիչ մը գործին վարժուէր էի, սկսան բանուորները գործէն հեռացնել: Առաջին հերթին օտարները, յետոյ ֆրանսացիները: Մէկուկէս տարուան ընթացքին երեք անգամներ մտայ-ելայ ՙՌընօյի՚ գործարանը: Վերջին անգամը 1930-ի ձմեռուան հանդիպեցաւ, արդէն միջազգային տագնապը սկսած էր: Հազարաւոր գործաւորներ կ’արձակուէին: Ուր երթայիր դռները փակ էին: Ով աշխատէր, բախտաւոր կը համարուէր: Անգործութիւնը գոնէ ինծի համար տեւեց մինչեւ 1936-ը: Այսինքն հինգ տարի: Մինչ այդ արդէն ամուսնացած էի, պէտք էր ճար մը գտնէի: Անկարելի եղաւ: Ի վերջոյ հայու մը քով աշկերտ մտայ, էլեկտրականութիւն զետեղել սորուեցայ: Երեք ամիսներ հազիւ աշխատեցայ, այդ գործն ալ լմնցաւ: Սափրիչի դպրոց գտնելով սկսայ յաճախել, վեց ամիսներ տեւեց` արհեստը բաւական ձեռք ձգեցի: Սափրիչ եղայ, սկսայ ամէն կողմ գործ փնտռել, բայց չի գտայ: Գալուստ անունով դրացի կօշկակար մը ունէինք, որ միշտ գովեստով կը խօսէր իր գործին մասին, թէ շատ լաւ կը շահի եւ թէ հանգիստ է: Ես ալ անփորձ այդ ճիւղին մէջ, ուզեցի բախտս փորձել: Դրացիս ինծի քաջալերեց.

-Եկուր տանիմ, ես քեզի պէտք եղածին չափ կ’օգնեմ եւ կը սորվեցնեմ արհեստը, գործատէրն ալ յոյն է, շատ ազնիւ մարդ է, չեմ կարծէր, որ մերժէ: Առաւօտ Գալուստին հետ գացինք կօշկակարի արհեստանոցը: Չորս գործաւորներ կ’աշխատէին, երկուքը ֆրանսացի, երկուքը` հայ: Ինծմով եղանք հինգ: Կար նաեւ վարպետը` պարոն Կրեկուարը, կինը, աներձագը եւ տղան: Երբ ներկայացայ, քանի մը հարցումներ ընելէ յետոյ, իմացաւ, որ Յունաստան ապրած եկած եմ, շատ ուրախացաւ:

-Ես քեզի արհեստը կը սորվեցնեմ, հոգ մի ըներ:

Տեղ գրաւեցի Գալուստին քովը: Բայց այս գործն ալ ունեցաւ իր վախճանը: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմը սկսաւ, գերմանացիները Փարիզ մտան եւ վարպետէս պահանջեցին բոլոր երիտասարդ գործաւորները տրամադրել իրենց Գերմանիա` պարտադիր աշխատանքի ղրկելու համար: Ֆրանսացի երկու գործաւորները, որ կ’աշխատէին մեզի հետ, ձգեցին, ծեր էին, իսկ մեզ` երեք հայերիս որոշեցին անպայման ղրկել: Վարպետին պարտադրեցին մեզ իր ձեռքով շոգեկառքը դնել, թէ ոչ, իր միակ որդին պիտի տանէին մեր տեղը: Ան ալ աչալուրջ կը հսկէր մեր վրայ, որ չըլլայ միջոց մը գտնենք եւ խոյս տանք, ինքը փորձանքի մէջ իյնայ: Մենք անշուշտ չէինք քնանար: Ես ըսի միւս հայերուն.

-Եթէ կարծիքս կ’ուզեք, ես միտք չունիմ Գերմանիա երթալու:

Կամ Ֆրանսայի մէջ գործ մը կը գտնեմ եւ կ’աշխատիմ կամ կը փախիմ ազատ գօտի կ’ապաստանիմ: Թեր ու դէմ վիճելէ յետոյ որոշեցինք Ֆրանսա մնալ, բայց աշխատիլ գերմանացիներու քով: Արդեն գիտէինք որ գերմանական գրասենեակներ կան Փարիզի մէջ, որ գործաւոր կը փնտռեն: Գալուստին հետ միասին գացինք ներկայացանք, իբր կօշկակար գործի մտանք: Որոշուած տեղը 10-12 գործաւորներ արդէն կ’աշխատէին, ամէն ազգէ կային` ֆրանսացի, իտալացի, սպանացի:Ասոնց վրայ երկու հայ աւելցաւ:Բաւական ընդարձակ սրահ մըն էր` կօշիկի նորոգութեան յարմարցուած չորս-հինգ սեղան դրած էին: Ինծի տարին սրահին մէկ ծայրը, Գալուստին` միւս:Այսպէս կ’աշխատէինք, մինչեւ որ գերմանացիները սկսան հետզհետէ երթալ: Կը փախէին, բայց չէին գիտցներ: Վերջը կօշիկի նորոգութեան գործը փակուեցաւ: Այլեւս պատերազմը վերջացած էր: Գերմանացիները պարտուելով, Ֆրանսան պարպելով հեռացած էին, բայց պատերազմի պատճառած աղետները դեռ չէին դարմանուած, գործերը տակաւին չէին բացուած: Սկսայ նորէն գործի ետեւէ վազել: Սափրիչի խանութը աշխատած ժամանակ երկու հրէայ յաճախորդներու ծանօթացած էի` Սամի եւ Ժագ անունով, որ կիներու պատրաստ հագուստներ կը կարէին իրենց աշխատանոցը եւ տուները աշխատողներու համար ալ գործ կը հայթայթէին: Առաջարկեցին, որ իրենցմէ գործ առնեմ, տանիմ կնոջս: Սափրիչի խանութէն հեռացայ, տունը` Տիգրանուհիին հետ միասին կ’աշխատէինք: Իմացան, որ տունը կ’աշխատիմ, աշխատանոցը առաքիչի գործ առաջարկեցին: Այսպէս ժամանակ մը շարունակեցի աշխատիլ, ցերեկները արհեստանոցը, գործէն վերջն ալ տունը: Զավակներս` Սրբուհին եւ Ալիսն ալ դպրոցէն վերջ մինչեւ քնանալը կ’օգնէին: Կ’աշխատէինք նոյնիսկ կիրակի օրերը` մինչեւ կէսօր: Բայց հետզհետէ ձեւերը սկսան դժուարանալ: Մէկին հազիւ կը վարժուէիր, շուտով կը փոխուէր: Որոշեցի նորէն դուրսը գործ մը գտնել, սափրիչի խանութ մը վարձել, իմ հաշւոյս աշխատիլ: 1964-ի փետրուարին խանութը բանալով գործի սկսայ: Այսպէս մինչեւ 1969-ը: Այս խանութը կանոնաւոր եւ գոհացուցիչ կերպով աշխատեցայ, յետոյ սկսան գործերը նուազիլ: Պատճառը նորաձեւութիւնն էր: Մազերը երկար կը ձգէին, մանաւանդ երիտասարդները սկսան կամ վեց ամիսը կամ տարին մէկ անգամ գալ: Այսպէս ժամանակ մը տեւեց, մինչեւ որ եկաւ թոշակառութեան օրը: 1974-ի մարտին սկսայ ծերութեան թօշակ ստանալ:

Այս նոր կեանքն ալ լաւ եւ գէշ կողմերը ունի: Եթէ լաւատես ես, առողջութիւնդ լաւ է, տանելի է, իսկ եթէ յոռետես ես եւ առողջութիւնդ քիչ մը լաւ չէ, շատ դժուար է: Ոմանք թօշակի անցնելէ անմիջապէս յետոյ կ’սկսին յուսահատիլ` թէ ծեր են, թէ այլեւս իրենց կեանքը վերջ ացած է, ընելիք չունին եւ այլն: Այս տեսակի անձերը երկար չեն կրնար ապրիլ, չեն ալ կրնար օգտուիլ իրենց թօշակէն:Ես որոշեցի օրագիր պահել, ազգային կարեւոր իրադարձութիւնները գրառել:

(շարունակելի)

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter