HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Վերջին ճիգ Քամփ Արմենը փրկելու համար

ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԷՔԻՆ

Հանրապետու­թեան շրջա­նին, յատ­կա­պէս 1974 թուակա­նէն ետք պե­տական եւ դա­տական դա­ւադ­րութիւ­նով գրա­ւուած փոքրամաս­նութեանց ազ­գա­պատ­կան կա­լուած­նե­րու մէջ յա­տուկ նշա­նակու­թիւն ու­նին եր­կու օրի­նակ­ներ։

Հանրապետու­թեան շրջա­նին, յատ­կա­պէս 1974 թուակա­նէն ետք պե­տական եւ դա­տական դա­ւադ­րութիւ­նով գրա­ւուած փոքրամաս­նութեանց ազ­գա­պատ­կան կա­լուած­նե­րու մէջ յա­տուկ նշա­նակու­թիւն ու­նին եր­կու օրի­նակ­ներ։ Առա­ջինը Թուզլա­յի Ման­կա­կան Ճամ­բա­րը՝ Քամփ Ար­մենն է։ Երկրորդ օրի­նակը Վե­նետի­կեան Մխի­թարեան ուխտի Պո­մոն­թիի վար­ժա­րանը։ Եթէ մնա­ցեալ կա­լուած­նե­րը բա­րերար­նե­րու կտակ­ներ էին, այս եր­կուքը տուեալ հաս­տա­տու­թիւննե­րու կող­մէ բո­լոր թղթա­բանոթիւննե­րը կա­տարուելով գնուած տա­րածքներ։ Այս եր­կու օրի­նակ­նե­րը ու­նին ու­րիշ հա­սարա­կական կէտ մը։ Եր­կուքն ալ կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւններ են։

Նա­խորդ շա­բաթա­վեր­ջին այս եր­կու հաս­տա­տու­թիւննե­րու եր­դի­կին ներ­քեւ ու­րախ եւ տխուր ապ­րումներ տե­ղի ու­նե­ցան։ Ու­րախն այն էր որ Պո­մոն­թիի Մխի­թարեան վար­ժա­րանը մօտ քա­ռասուն տա­րուայ ընդհա­տու­մէն ետք իր շէն­քին մէջ կ՚ու­նե­նար մա­տուռ մը։ Թէեւ շատ նեղ, հա­զիւ չորս քա­րակու­սի մեթր տա­րած­քով այս աղօ­թատե­ղին խորհրդան­շա­կան էր ար­գելքի մը վե­րաց­ման փաս­տը ըլ­լա­լով։ Յի­շենք որ մօտ ան­ցեալին օրի­նական կար­գադրու­թիւնով կա­րելի եղաւ պե­տական դպրոց­նե­րուն մէջ մէս­ճի­տի մը գո­յու­թիւնը։ Այդ նոյն կար­գադրու­թե­նէն օգ­տուելով Մխի­թարեանն ալ դի­մում կա­տարեց Իս­թանպու­լի Կրթա­կան Տնօ­րէնու­թեան եւ իրա­կանա­ցուց մա­տու­ռի բա­ցու­մը։ Շա­բաթ օր կա­յացած բաց­ման հան­դի­սու­թեան հիւ­րընկալն էր Գե­րապայ­ծառ Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան։ Կա­ռավա­րու­թիւնը ներ­կա­յաց­նե­լով Եւ­րո­միու­թեան Նա­խարար Վոլ­քան Պոզ­քըր պա­տուեց մա­տու­ռի բա­ցու­մը։ Ներ­կայ էին նաեւ Շիշ­լիի գա­ւառա­պետը եւ դպրո­ցի իրա­ւական նիւ­թե­րու խորհրդա­տու­ներ Քէզ­պան եւ Հիւ­սէ­յին Հա­թէմի ամո­լը։ Որ­քան ալ ու­րա­խառիթ գտնուի մա­տու­ռի բա­ցու­մը, դպրո­ցի հիմ­նա­կան խնդի­րը, կա­լուա­ծաթուղթի իրա­ւունքը դեռ չէ լու­ծուած։

Այս ալ տխուր երե­սակը

Կէ­տիկ­փա­շայի Հայ Բո­ղոքա­կանաց Եկե­ղեց­ւոյ պատ­կա­նող Քամփ Ար­մե­նը եթէ շտապ զար­գա­ցում մը չի կա­յանայ, այս ամ­սու վերջ պի­տի փլի եւ ամ­բողջո­վին պի­տի ան­հե­տանայ։ Այս իրո­ղու­թեան դէմ ճամ­բա­րի նախ­կին սա­ները վեր­ջին ճիգ մը վատ­նե­լով մէկ­տե­ղուե­ցան իրենց ձեռ­քե­րով կա­ռու­ցած եւ այժմ լքուածու­թեան մէջ աւե­րուած շէն­քին շուրջ։ Գոր­ծունէու­թեան շրջա­նին Հրանդ Տինք, Ռա­քէլ Տինք, Էրոլ Տո­րայի կար­գին աւե­լի քան 1.500 պա­տանի­ներու ու­սում ջամ­բող հաս­տա­տու­թիւնը վեր­ջին ան­գամ յու­սադրուած էր, երբ 2011 թուին Վա­քըֆ­նե­րու օրէն­քին մէջ բա­րեփո­խումներ կա­տարուեցան եւ փոք­րա­մաս­նութեանց գրա­ւեալ կա­լուած­նե­րու վե­րադար­ձուիլը օրա­կար­գի եկաւ։

Կե­տիկ­փա­շայի Բո­ղոքա­կանաց եկե­ղեցին իս­կոյն դի­մում կա­տարեց Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէնու­թեան։ Սա­կայն այս վեր­ջի­նը մեր­ժեց որե­ւէ մի­ջոց, պատ­ճա­ռաբա­նելով որ տա­րած­քը անցնող ժա­մանա­կահա­տուա­ծի ըն­թացքին բա­զում ան­գամներ ձեռք փո­խած է։ Այժմ խումբ մը կա­մաւոր իրա­ւապաշտպան­ներ կը պատ­րաստուին վերստին իրա­ւական պայ­քար տա­նելու եւ առա­ջին հեր­թին ալ փլու­զումը կան­խե­լու համար։

agos.com.tr

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter