HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Տակաւին 10 երկար օրեր Քամփ Արմէնի համար

Քամփ Ար­մէ­նի հետ Զօ­րակ­ցութիւն» խմբա­կը նա­խորդ Ուրբաթ, Մա­յիս 22-ի երե­կոյեան երթ մը կազ­մա­կեր­պած է, Իս­թիքլալ պո­ղոտա­յի վրայ, Թիւ­նէ­լէն մին­չեւ Կա­լաթա­սարա­յի հրա­պարակ։ Եր­թի ըն­թացքին զա­նազան հա­յերէն եւ թրքե­րէն կար­գա­խօսե­րու շար­քին, կը հնչէր նաեւ «Դի­մադ­րե­լով է որ պի­տի յաղ­թենք» բա­ցագան­չութիւ­նը։ Հա­րիւ­րա­ւոր մաս­նա­կից­նե­րէ բաղ­կա­ցած ամ­բո­խը երբ հա­սաւ Կա­լաթա­սարա­յի հրա­պարակ, այնտեղ, քա­նի մը հա­յերէն եր­գե­րու կող­քին, կ՚ար­տա­սանուի նաեւ զօ­րակ­ցութեան խօս­քը, Նոր Զար­թօնքի ներ­կա­յացու­ցիչ Սա­յաթ Թե­քիրի կող­մէ։

Մինչ Ուրբաթ օր, օրուան ըն­թացքին լու­րեր տա­րածուած էր որ Քամփ Ար­մէ­նի այժմու սե­փակա­նատէր Ֆա­թիհ Ու­լուսոյ կա­լուա­ծը պի­տի վե­րադարձնէ Կէ­տիկ­փա­շայի Հայ Աւե­տարա­նական եկե­ղեց­ւոյ հիմ­նարկին։ Եր­թը ամ­բողջո­վին նոր ըն­թացք մը կը ստա­նար, ոչ թէ սահ­մա­նափա­կուե­լով յատ­կա­պէս այս կա­լուա­ծին, այլ վե­րածուելով ընդհան­րա­կան պա­հան­ջա­տիրա­կան կե­ցուածք ցու­ցա­բերող հա­ւաքի մը։ Բնա­կանա­բար սա­կայն, վե­րադարձնե­լու լու­րը ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցած էր եր­թին մաս­նա­կից­նե­րու թի­ւին վրայ, ուստի շա­տեր մտա­ծելով որ խնդի­րը այ­լեւս լու­ծուած է, հարկ չէին նկա­տած նման եր­թի մը մաս­նակցի­լը։

Միւս կող­մէ, ջանք չեն խնա­յեր Զօ­րակ­ցութեան տղա­քը ալ աւե­լի ու­շադրու­թիւն գրա­ւելու, աւե­լի մարդ հա­ւաքե­լու ճամ­բա­րի տա­րածք եւ բարձրա­ձայ­նե­լու այն հան­գա­ման­քը, որ այս պայ­քա­րը սոսկ մէկ տա­րած­քի հա­մար չէ, այլ սկիզբ մըն է ամ­բողջ նո­րոգուած կե­ցուած­քի մը, մօ­տեցու­մի մը եւ պա­հան­ջա­տիրու­թեան ալի­քի մը։ Քամփ Ար­մէ­նի հսկու­մի առա­ջին օրէն ի վեր սո­վորու­թիւն դար­ձած աշ­խոյժ շա­բաթա­վեր­ջե­րու կար­գին, գալ շա­բաթա­վեր­ջին ծրա­գիրը կը մնայ անյստակ։ Մէկ կող­մէն կայ յաղ­թա­կան դուրս գա­լու հե­ռան­կա­րը, միւս կող­մէն այս յաղ­թա­նակին շո­շափե­լի փաս­տե­րը կը մնան բա­ցակայ։

Եր­կուշաբ­թի օր տա­րածուած լու­րի մը հա­մաձայն, այժմու սե­փակա­նատէ­րը կա­լուա­ծագի­րը պի­տի չյանձնէ յա­ռաջի­կայ տա­սը օրե­րու ըն­թացքին, ինչ որ ճամ­բորդա­կան-անձնա­կան պատ­ճա­ռաբա­նութեամբ մը։ Այս վի­ճակը մտա­հոգու­թիւն պատ­ճա­ռած է Զօ­րակ­ցութեան եւ ընդհա­նուր հան­րութեան մօտ, յա­ռաջ բե­րելով տե­սու­թիւններ, թէ կրնայ ըլ­լալ հա­շիւ­ներ ըլ­լան, որուն ան­տե­ղեակ կը մնայ հան­րութիւ­նը։

Երես­փո­խանա­կան ընտրու­թիւննե­րու մթնո­լոր­տին մէջ անցնող ամ­բողջ պայ­քա­րը ան­կասկած առար­կայ պի­տի ըլ­լար զա­նազան կու­սակցու­թեանց ընտրար­շաւնե­րուն։ Իշ­խող կա­ռավա­րական կու­սակցու­թիւնը կը թուի ըլ­լալ հե­տամուտ խնդրին, եւ ստեղ­ծել այն տպա­ւորու­թիւնը, թէ ինք ար­դա­րամիտ կը մօ­տենայ խնդրին, ու այդպի­սով շա­հիլ հա­յերու եւ հա­մակ­րողնե­րու քուէն։ Սա­կայն պէտք է յի­շեց­նել որ վե­րոն­շեալ տա­սը օրէն ետք, 7 Յու­նի­սի ընտրու­թիւննե­րը ան­ցած պի­տի ըլ­լան, եւ բնա­կանա­բար ան­կէ ետք շատ աւե­լի դժուար պի­տի ըլ­լայ շա­հագրգռել թէ իշ­խա­նու­թիւնը եւ թէ միւս կու­սակցու­թիւննե­րը։

Ասի­կա փաստ մըն է, որ զօ­րակ­ցութիւ­նը տա­կաւին չէ հա­սած իր վեր­ջին նպա­տակին, եւ թէ­կուզ խնդրին մօ­տէն ծա­նօթ չե­ղող­ներ եւ կամ այլ նպա­տակ հե­տապնդող մա­մու­լը կը հնչեց­նեն յաղ­թա­կան շե­փոր­ներ -պէտք չէ բո­պիկ­նալ առանց ջուրը տեսնելու։

Agos

Մեկնաբանություններ (1)

Save Teghut
Resistance is Existence!

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter