HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Տերսիմ - Դպրոցներ

Հեղինակ՝ Վահէ Թաշճեան

Օսմանեան հայերու վերջին դարու պատմութիւնն ու պետութիւն եւ հայկական համայնք յարաբերութիւնները աւելի լաւ ըմբռնելու համար կարեւոր է կայսրութեան մէջ գործող հայկական վարժարաններու ուսումնասիրութիւնը։ Կրթական այս հաստատութիւնները եղած են հայկական ինքնութիւնը էապէս ապրելու եւ զարգացնելու վայրեր, որոնց բարւոքութեան ի խնդիր համայնքային բարձրագոյն մարմիններէն սկսեալ մինչեւ ամէնէն փոքր գիւղական խորհուրդները յաճախ փորձած են իրենց լաւագոյնը տալ։ Այսպէս, կը բաւէ քննել կայսրութեան պատմութեան յարաբերական ազատութիւններու կարգ մը կարեւոր շրջանները, ինչպէսթանզիմաթեան տարիները, Սուլթան Ապտուլհամիտի գահակալութեան առաջին տարիները եւ մանաւանդ յետ-Սահմանադրութեան (1908) քանի մը տարիները, եւ յստակօրէն կը նկատենք որ հայկական այլազան հաստատութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ անհատներու ներդրումը շատ մեծ եղած է համայնքային վարժարանները բարեփոխելու, կրթական կեանքը զարգացնելու եւ հայկական դաստիարակութեան զարկ տալու գործերուն մէջ։

Իսկ երբ պետական վարչամեքենան առաջնորդուած եղած է հակահայ հալածախտով, երբ բռնութիւնները համատարած եղած են, այն ատեն հայկական վարժարանը կասկածանքի գլխաւոր աղբիւրներէն դարձած է եւ՝ հակահայ ճնշումներու առաջին թիրախներէն։ Ինչպէս պիտի տեսնենք, համիտեան գահակալութեան տարիներուն, կը բաւէր որ խուզարկութեան մը պահուն ոստիկաններ ուսուցիչի մը քովէն գտնէին հայկական հայրենասիրական երգարան մը եւ տուեալ անձը տարիներով կրնար բանտարկուիլ։

Տերսիմի տարածքին գտնուող հայկական բնակավայրերուն մէջ հայկական վարժարանը նոյնպէս իր ուրոյն տեղը ունեցած է։ Քանի մը տասնամեակներու ընթացքին, մանաւանդ 1908-ին սահմանադրական կարգերու վերահաստատումէն ետք, հայկական կրթական օճախները շատ արագ զարգացում կ՚ապրին։ Բացի քաղաքային կեդրոններու կրթական կարեւոր հաստատութիւններէն (Չմշկածագ, Բերի), Տերսիմի տարածքին բազմաթիւ հայկական գիւղեր ունէին իրենց սեփական դպրոցները, որոնք իրենց որակեալ դաստիարակութեամբ եւ մանկավարժական բարեփոխուած մեթոտներով կրնային կարգ մը պարագաներու մրցիլ որեւէ քաղաքային վարժարանի հետ։ Հայկական դպրոցին նկատմամբ այս կապուածութիւնը ի յայտ կու գայ երբեմն փոքր տեղեկութիւններու ընդմէջէն։ Օրինակ Չմշկածագի շրջանի Պէտրէթիլ գիւղը 1895-ի հայկական ջարդերէն ետք մեծապէս կը պարպուի իր հայ բնակչութենէն եւ վերջաւորութեան այստեղ կը մնան միայն վեց տուներ, որոնք սակայն յամառօրէն կը շարունակեն պահել իրենց գիւղի հայկական վարժարանը։ Ուշագրաւ երեւոյթ է նաեւ Չմշկածագ քաղաքի հայկական վարժարանէն ներս 1914-էն սկսեալ սկաուտական շարժման մուտքը։ Աշակերտական տարիքի հայ սկաուտներ կը սկսին արշաւներ կատարել այս գեղեցիկ բնաշխարհին մէջ, ուրկէ վերջնականապէս պիտի անհետանային միայն մէկ կամ երկու տարի ետք։

Կրթական օճախներու այս արագ զարգացումին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն կ՚ունենան Ուսումնասիրաց ընկերութիւնները, որոնք պանդխտութեան մէջ (Պոլիս, Հալէպ, Միացեալ Նահանգներ, եւայլն) կազմուած նոյն վայրէն համագիւղացիներու կամ համաքաղաքացիներու միութիւններ էին։ Անոնք փորձած են հերթաբար նիւթական օժանդակութիւն տրամադրել իրենց բնակավայրի դպրոցին։ Պետական աջակցութենէ զուրկ պայմաններու մէջ հայկական համայնքային այս համագործակցութիւնը եւ անկէ բխած ուժականութիւնը խորքին մէջ մեծապէս արդիւնաւէտ են եւ հիմնական գործօններ են հայկական կրթական կեանքին զարգացումին, որակեալ ուսուցիչներու պատրաստութեան եւ անոնց գործուղման, ինչպէս նաեւ իգական սեռի դաստիարակութեան տարածումին։ Այս էջով ներկայացուած Տերսիմի հայկական կրթական օճախներուն հարուստ պատկերը լաւագոյն ապացոյցն է կրթական այս աշխուժ գործունէութեան։

Նոյնքան հետաքրքրական է Տերսիմի հայկական դպրոցներուն մասին մեծ թիւով սկզբնաղբիւրներու գոյութիւնը։ Անոնք իրենց մեծամասնութեամբ յետ-Եղեռնեան յուշամատեան ժանրի գրութիւններ են, ուր կարեւոր տեղ տրուած է նաեւ գիւղին կամ քաղաքին դպրոցին։ Դպրոցի շէնքի նկարագրութիւն, ուսուցիչներու եւ աշակերտներու անուններ, կենսագրական նօթեր եւ լուսանկարներ, Ուսումնական ընկերութիւններու մասին տեղեկութիւններ, դպրոցէն ներս թատերական ներկայացումներ։ Այս բոլորը յաւելեալ ապացոյցներ են կրթական այս կեդրոններուն բացառիկ դերին՝ Տերսիմի հայութեան ընկերային-մշակութային կեանքին մէջ։ Այս շարքի գիրքերուն մէջ առանձին յիշատակութեան արժանի է Յովհաննէս Աճէմեանի Չմշկածագի մասին անտիպ գործը, ուր հեղինակը ոչ միայն թանկարժէք տեղեկութիւններ կու տայ տարածքաշրջանի բազմաթիւ հայկական դպրոցներուն մասին, այլ նաեւ գծագիր կը ներկայացնէ այս հաստատութիւններուն ընդհանուր յատակագիծը։ Յայտնապէս Աճէմեան

գիտակից եղած է տեսողական նիւթերու միջոցաւ յիշողութիւն մը, գիւղն ու քաղաքը իր անհետացած կեանքով վերականգնելու գաղափարին կարեւորութեան։ Այնպէս որ իր անտիպ գիրքին մէջ այս միջոցին դիմելով կը փորձէ վերականգնել իր հայրենի Չմշկածագին հայկական կորուսեալ եկեղեցիներն ու դպրոցները։

Չմշկածագ (քաղաք)

«Վարդանեան» երկսեռ վարժարան (վարի թաղ, յետագային՝ «Մեսրոպեան» վարժարան)

Այս մէկը Չմշկածագ քաղաքի վարի թաղի դպրոցն է, որ կը գտնուի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ բակին մէջ։ Ծանօթ է նաեւ Քաղաքի դպրոց անունով։ Գոյութիւն ունի 1850-ական թուականներէն սկսեալ։ Երկյարկանի շէնք մըն է, կառուցուած՝ անտաշ քարերով, իւրաքանչիւր յարկի վրայ կան երկու սենեակներ։ Եկեղեցին եւ դպրոցը ունին միեւնոյն բակը, որ կիսուած է բարձր պատով մը։ «Վարդանեան» դպրոցին վերնայարկը ունի մեծ լուսամուտներ, յատակը տախտակամած չէ։ Վերի սենեակներէն մէկը յատկացուած է Առաջնորդարանին, իսկ միւսը՝ դպրոցին։ Աւելի ուշ, երբ աշակերտներուն թիւը կը բազմանայ, վարի յարկին մէջ ալ նոր դասարաններ կը բացուին [1]։ Մինչեւ 1865 թուականը դպրոցը յատկացուած էր միայն տղոց դաստիրակութեան։ Այդ տարին, շրջանի Առաջնորդ Առաքել վրդ. Մազլըմեանի նախաձեռնութեամբ հաստատութիւնը կը դառնայ երկսեռ, ինչ որ առիթ կու տայ տեղւոյն հայկական պահպանողական շրջանակներու դժգոհութեան [2]։ 1870-ական թուականներու տուեալներով, Չմշկածագի այս վարժարանը ունէր մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժիններ [3]։

1880-ականներու սկիզբը քաղաքին մէջ բազմացած էր հայ աշակերտութեան թիւը։ Բարթողիմէոս Ծ. վրդ. Պաղճեանի առաջնորդութեան օրերուն (1881-1886) կը նախաձեռնուի «Վարդանեան» վարժարանին համար նոր շէնքի մը կառուցումին։ Գործին ետին կանգնող Թաղական խորհուրդին մէջ կը յիշուին հետեւեալ անձերուն անունները. Յակոբ Շահպազեան, Պապաճան Էգնոյեան, Գրիգոր Մինասեան։ Կը յաջողուի ձեռք ձգել շինարարական այս ծրագիրին համար անհրաժեշտ սուլթանական արտօնագիրը, ապա կը գնուի Գասար թաղի արեւելեան ծայրամասը գտնուող եւ Թսոյենց Ալիին պատկանող 2 հազար քառ. մեթր հողատարածք մը։ Այստեղ ալ ծայր կ՚առնեն երկյարկանի վարժարանին շինարարական աշխատանքները, որոնք իրենց աւարտին կը հասնին շատ հաւանաբար 1883 թուականին։ Ճարտարապետն էր Միքայէլ Իգնատոսեան (Էգնոյեան)։ Կը յիշուի նաեւ որ շինարարութեան կը մասնակցին աշակերտներն ու աշակերտուհիները՝ հող մաղելով եւ ջուր կրելով։ 1883 թուականէն սկսեալ «Վարդանեան» վարժարանը կ՚անցնի Պոլսոյ մէջ 1880-ին հիմնուած Միացեալ ընկերութեան հովանաւորութեան տակ։ Հաստատութեան տեսչութիւնը փոխն ի փոխ կը ստանձնեն Մկրտիչ Սարեանն ու Մարկոս Նաթանեան, որոնք Միացեալ ընկերութեան կրթական քննիչներ են [4]։

Նորաշէն դպրոցը իր հարաւային եւ հիւսիսային կողմերուն վրայ ունի պարսպուած մէկական բակ, առաջինը՝ տղոց յատկացուած, իսկ միւսը, 1890-ական թուականներու վերջերուն կը դառնայ աղջկանց խաղավայրը։ Շէնքին ներքնայարկը կը ծառայէ գլխաւորաբար իբրեւ ձմեռային եղանակի խաղավայր։ Անիկա բակերուն վրայ բացուող երկու բարձր դռներ ունի, իսկ գետինը ծածկուած է սրբատաշ քարերով։ Ներքնայարկի արեւելեան եւ արեւմտեան կողմերը կը գտնուին հանդիպակաց սենեակներ, որոնք կը ծառայեն իբրեւ փայտանոց, տնտեսի սենեակ եւ աղջիկներուն համար ձեռագործի արհեստանոց։ Այս սենեակներուն միջոցէն դէմ առ դէմ եւ զուգահեռ կը բարձրանան քարաշէն սանդուխներ, որոնց ճամբով կը բարձրանան երկրորդ յարկ։ Այստեղ են ընադարձակ ընթերցասրահը եւ չորս դասարանները։ Սոյն յարկի սենեակները լուսաւոր են, շնորհիւ բարձր պատուհաններուն, իսկ գետինն ու առաստաղը տախտակամած են։ Դպրոցին տանիքը հողածածկ է, իսկ արեւելեան կողմի վրայ ունի մօտ 1500 քառ. մեթր տարածութեամբ պարտէզ մը զանազան պտղատու ծառերով [5]։

շարունակությունը՝ այստեղ

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter