HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Մուսա Լեռ – Ուխտատեղիներ եւ այլ հնավայրեր

Հեղինակ՝ Սոնիա Թաշճեան

Մուսա Լերան ամենամօտիկ քաղաք Անտիոքը դեռեւս հին ժամանակներէն պատմական անուն մը եղած է. եւ պատահական չէ, որ Մուսա Լերան շրջակայքը կան բազմաթիւ հնավայրեր, որոնցմէ մաս մը նաեւ սրբատեղիներ են, աւերուած վանքեր ու եկեղեցիներ:

Մուսա Լերան ստորոտը` լեռ բարձրացող ամենաբանուկ վայրին մէջ իրարու կողք քանի մը ջրհորներ կան. ժողովուրդը անոնց ջըհիւրնէն (ջրհորներ) կը կոչէ. լայն ու երկար սալաքարի մը հարաւային միջնամասին վրայ կառուցուած են, որպէսզի անձրեւաջուրերը ամբարուին այնտեղ [1]։

Ամենահին գրաւոր արձանագրութիւնը, որ պահպանուած է տարածաշրջանին մէջ, Եօղուն Օլուք գիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ խորանի ձախ պատին վրայ գտնուող յիշատակութիւնն է.- «Եօղուն-Օլուքի Սրբ. Աստուածածին եկեղեցին կառուցուած է Սիմոն Ա. Սեբաստացի կաթողիկոսի (1633-46) օրով, ի թուին հայոց ՌՁԳ (1084) եւ ի թուին Քրիստոսի 1634-ին: Նորոգուած է ի թուին հայոց ՌՄԿԱ (1261) եւ ի թուին Քրիստոսի 1812»: Կը պատմուի, որ եկեղեցւոյ կառուցման ժամանակ գործածուած են Թովմաս Առաքեալ աւերակ վանքի քանդակազարդ քարերը [2]։

Սըրբ Թըմմաս Առագալի (Սուրբ Թովմաս Առաքեալ) աւերակ վանքը կը գտնուի Եօղուն Օլուք գիւղի արեւելեան կողմը, ձորակի մէջ` քանի մը գիւղեր ու Անտիոք քաղաքը իրար կապող ճամբաներու խաչմերուկին վրայ: Խաչվերացի տօնի առիթով այնտեղ կը կազմակերպուի ուխտագնացութիւն. թափօրի առջեւէն կը քալեն երիտասարդները` մատաղցու անասուններով. յետոյ պարմանուհիները ձեռքերնին ռեհանի փունջերով զարդարած պտուղներու զամբիւղներով. անոնց ետեւէն մեծահասակները` թոռներու ձեռքերնէն բռնած. երգ ու պարով, տհոլ-զուռնայով կ’երթան. երբ տեղ կը հասնին, պարմանուհիները աղբիւրէն ջուր կը բերեն, կանայք ցորենը կը մաքրեն ու կը լուան, պապիկները հարիսայի օճախը կը պատրաստեն, մինչեւ որ պատանիները շրջակայ անտառներէն բերեն փայտը: Քահանաները բացօթեայ ժամերգութիւն կ’ընեն, ապա մատաղի անասուններուն կերցնելու աղը կ’օրհնեն, որմէ յետոյ երիտասարդները կը զբաղուին զենելու գործով: Հարիսան դանդաղ կ’եփի, մինչ այդ տունէն բերուած համադամներով ու խմիչքներով սեղան կը բանան. տհոլ-զուռնան խմբապարի կը հրաւիրէ ուխտաւորները. հրացանազարկերն անպակաս են. խաղեր ու մրցութիւներ կը կազմակերպեն: Յաջորդ օր, յաւարտ Սուրբ Պատարագի մատաղօրհնէք կը կատարուի եւ կը բաժնուի հարիսան [3]։

Իսկ Արըգլէն (Արեգլի, Արեգնի կամ Արեգի) շինութեան աւերակները կը գտնուին նոյն գիւղէն դէպի հիւսիս, բլրակի մը վրայ: Կանգուն է միայն կամարաձեւ խորան մը եւ յայտնի չէ, թէ այն եղած է հեթանոսական մեհեան մը թէ քրիստոնեայ եկեղեցի մը: Աւերակներու կողքը կան նաեւ 18 ցամքած ջրհորներ, քիչ անդին կայ միայն մէկ ջրալի ջրհոր մը, որուն ջուրը ամրան տապին կը զովացնէ անցորդները [4]։

Գըլգըլուն (գըլգըլան=կարկաչուն) անունով աղբիւր մը կը գտնուի Եօղուն Օլուք գիւղի արեւմտեան կողմը. հսկայ ժայռի մը տակէն բխող ակ մըն է: Քիչ անդին կայ 70 մ. երկայնքով եւ 20 մ. լայնքով սալաքար մը, որ կը կոչուի Աբիղէն Սէուլ (Աբեղային Սալը): Դարձեալ նոյն գիւղի շրջակայքը լերան վրայ կայ քարայր մը` Մաղարէն Տիւնէիւրք (քարայրին տանիքը) անունով, իսկ լերան ստորին հատուածի մասի ժայռերն ունին հետաքրքրական դասաւորուածութիւն, որու պատճառով ժողովուրդը այդ հատուածը կոչած է Արիվէն Բուաշ (արեւին բաշը). հնավայր է նաեւ շրջակայՍանտիրէն Սըրդը (սանդերուն բլուր) կոչուած բլրակը, ուր անյիշելի ժամանակներէն մնացած սանդերու մնացորդներ կան [5]:

Այլ սրբատեղի մըն է նաեւ Սըբըրբութ (Սուրբ Ուրբաթ) կոչուող քարայրը. քարայրի մէջ կան գերեզմանատիպ երկու մեծ բնական քարեր: Ուրբաթ օրերը հայ թէ յոյն-ուղղափառ հաւատացեալներ կու գան աղօթելու եւ մատաղ ընելու: Ըստ ժողովրդական աւանդազրոյցի Թէլէլիոյ քաղաքի Մեծ Պիպորի իշխանի դուստրը` Նանիռան, սիրային կապի մէջ է եղած իրենց հովիւի` Պալլումի հետ. երբ իշխանը իր դստերը կը նշանէ Մեծ Բերդի իշխանին հետ, աղջիկը իր սիրեկանին հետ կը փախի լեռները եւ կ’ապաստանի վերոյիշեալ քարայրի մէջ, ուր կը սպաննուի հօր կողմէ. երկու սիրահարներու հոսող արիւնը հրաշքով աղբիւրի կը վերածուի. որովհետեւ օրը Ուրբաթ էր, քարայրը կը կոչոի Սուրբ Ուրբաթի աղբիւր [6]։

Շրջակայ այլ մոռցուած սրբատեղիներ եղած են Վէնքը (Վանքը) անունով հսկայ շինութեան աւերակները եւ Խիտվուծ Կիղիցէ (նաշխուած եկեղեցի) անունով ժայռափոր ճգնարան-քարայրը, ներսը` քանդակուած խաչ մը եւ փոքր ջրհոր մը [7]։

Թէեւ Վանքն այլեւս որպէս եկեղեցի չի գոյատեւեր, սակայն ունի իր աւանդազրոյցը: Տարիներ առաջ վանքը եղած է ուսումնական կեդրոն, որ ունեցած է նաեւ կոյսերու մենաստան մը. վանքի կենցաղային կարիքները հոգացած է հաւատարիմ ջորեպան Մարիանոսը եւ վայելած բոլորի սէրն ու յարգանքը: Սակայն օր մը վանքին մէջ անախորժութիւն կը պատահի. կոյսերէն մէկը երեխայ կը ծնի. վանականները կը մեղադրեն ջորեպանը ու կ’արտաքսեն անոր երախայի հետ միասին. ջորեպանը վերցնելով երախան կը մեկուսանայ վանքին կից իր տնակին մէջ, որ սակայն հրաշքով մը կը բաժնուի եւ կ’առանձնանայ վանքէն: Տարիներ անց ջորեպանը նեղսրտած իրեն հասցուած վիրաւորանքէն կը հիւանդանայ ու կը մահանայ: Պատանքելէն առաջ, ծէսի համաձայն երբ կը լուան դիակը, կը պարզուի որ ջորեպանը կին եղած է. վանականները յետ մահու անմեղ կը հռչակեն զայն, կ’որդեգրեն երախան ու կը սրբացնեն Մարիանոսը [8]։

Հետաքրքրական այլ հնութիւն մը կայ Վանքի մօտակայքը Տիրէկլի մաղարան(սիւնազարդ քարայր) անունով. քարայրի մէջ ձեռակերտ սիւներ փորուած են, նաեւ նստելու ու պառկելու յարմարանքներ. այն գործածուած է որպէս թաքստոց [9]։

Խտըրպէկ գիւղին մէջ կայ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցին, որ կառուցուած է հին եկեղեցիի մը աւերակներուն վրայ. ի տարբերութիւն Մուսա Լերան միւս գիւղերու եկեղեցիներուն, Սուրբ Փրկիչն ունի նաեւ զանգակատուն [10]։

Նշանաւոր է գիւղի պատմական հսկայ սօսին, որուն շրջագիծը շուրջ 94 մեթր է, իսկ բարձրութիւնը` աւելի քան 65-70 մեթր. բունին մէջ սենեակ մը գոյացած է, զոր մերթ ընդ մերթ գործածած են որպէս սրճարան, խանութ, ապա նաեւ ախոռ: Կ’ըսուի թէ ատենօք սովորութիւն եղած է սօսիի փորոքը մոմեր վառել եւ խունկ ծխել. հաւանաբար անյիշելի ժամանակներէն մնացած պաշտամունքային ծէս մը եղած է. այդ առիթով ալ կոչած են Ի Տէր, որմէ առաջացած է գիւղի Իտտէյր անուանումը. (գիւղացիք յաճախ խօսակցականի մէջ Խտըրպէկին Իտտէյր կ’ըսեն): Սօսիի կողքէն կը բխի աղբիւր մը, որ միանալով այլ աղբիւրներու գետակ մը կը կազմէ եւ մինչեւ ծով հասնիլը քանի մը ջրաղացներ կ’աշխատցնէ: Սօսիի տակ կան սրճարաններ, ուր կը հաւաքուին գիւղի տղամարդիկ [11]։

Բիւրդ (բերդ) կը կոչուի Խտըրպէկ գիւղի արեւմտեան կողմի մեծ ձորի վերջաւորութիւնը, ուր ժայռերով բնական պարիսպ մը գոյացած է. քիչ անդին կանԵափա (կերտուած) կոչուող շինութեան մը կիսովին կանգուն աւերակները եւՊատաստան (պատսպարա՞ն կամ ապաստարա՞ն) կոչուող 50 մ. խորութեամբ եւ 1000 քառ. մետր տարածքով վայրը: Արեւմտեան կողմը կը գտնուի Խընտըրվասքէն Խանկա(աղօթքին ձորակը) բնակավայրը, իր ձեռակերտ վիմափոր քարայրով, զոր ժողովուրդը կը կոչէ Ճըգնավիրէն (ճգնաւորին) պզտիկ քարայրը. քարայրի մուտքը կամարաձեւ է, ներսը իրար դիմաց կան երկու վիմափոր մահճակալներ: Նոյն ձորակին մէջ կայ նաեւ ձեռակերտ հոր մը` Խընտըրվասքէն Հիրա (աղօթքին հորիկը) անունով, որու ջուրը կը լեցուի կողքի ժայռի ծերպերէն [12]։

Պիթիաս գիւղի եկեղեցին կը կոչուի Սուրբ Աստուածածին. այն կառուցուած է հին վանքի մը հիմքերուն վրայ եւ ըստ կարգ մը պատմաբաններու, այն Սուրբ Մելիտոս հայրապետի վանքն է [13]։

Գիւղի հիւսիսային կողմը, լերան զառիթափին կը գտնուի Սուրբ Եղիայի ճգնավայր - քարայր ուխտատեղին: Ժողովուրդը կը պատմէ, որ Սուրբ Եղիան Կիլիկիոյ հայ եկեղեցւոյ ճգնաւորներէն մէկը եղած է եւ հալածանքներու ժամանակ եկած, ապաստանած է Մուսա Լեռ: Ըստ ժողովրդական աւանդազրոյցի, տարի մը սաստիկ երաշտ կ’ընէ. հովիւ մը, որ ոչխարները տարած է այդ լերան պուրակը, տապէն նեղսրտած կ’աղօթէ առ Աստուած, որպէսզի անձրեւ տեղայ: Սուրբ Եղիա կը լսէ հովիւի սրտանց աղօթքը, դուրս գալով քարայրէն կը կանչէ հովիւին եւ կը յանձնարարէ անոր իր քարայրէն ափ մը հող վերցնէ, երթայ ծովափ եւ հողը լեցնէ ջուրին մէջ. հովիւը կը կատարէ սուրբի յորդորը, որու շնորհիւ ալ անձրեւ կու գայ: Այդ օրէն ի վեր, երբ անձրեւները կ’ուշանան, մուսալեռցի քահանաները, սարկաւագներու եւ հաւատացեալներու հետ միասին, խունկ ու մոմով կը բարձրանան Սուրբ Եղիայի քարայրը, պատարագ կը մատուցեն եւ անձրեւ կը խնդրեն. ապա ժողովուրդէն մէկը քարայրէն ափ մը հող կը տանի նուիրաբերելու ծովուն [14]։

Շարունակությունը` այստեղ:

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter