HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

«Այս հաստատութիւնը երբե՛ք, երբե՛ք չի ծառայէր այն նպատակին, որ իբր թէ ունի»

Սեդա Գպրանեան-Մելքոնեան

Գլուխս յենած ուսին մտիկ կ՚ընեմ լատինատառին ու հայերէնին խառնուած ճափոներէն գրառումներուն թարգմանութիւնը։ Ձեռքին գինեգոյն կազմով իր բանտային օրագիրն է։

-Երբ մեծնանք եւ հանգստեան կոչուինք, բանտին մասին գիրք մը կ՚ուզեմ գրել։ Այս գրառումները պէտք պիտի ըլլան այն ատեն,- կ՚ըսէ Մոնթէն ։

Կը ժպտիմ։ Պահ մը կ՚երեւակայեմ մեզ, միասնաբար ճերմկած ու ծերացած։ Մեր պզտիկները արդեն մեծցած ու տունէն մեկնած, իսկ մենք այսպէս, իրար հետ մինակ նորէն, կարեւոր հարցերու մասին կը խօսինք։ Գուցէ Գայլատու լիճի ափին իր ընկերներուն հետ կառուցած մեր տան մէջ, ինչպէս իր երազանքն էր։

-Գիտե՞ս, ամէն մէկ դատաւոր պէտք է գոնէ քանի մը ամիս բանտ նստի և յետոյ միայն դատաւոր դառնայ, որպէսզի գիտնայ թէ ո՞ւր կը ղրկէ մարդոց և ինչպէ՞ս ճակատագրերու հետ կը խաղայ,- կը շարունկէ Մոնթէն։

Անշուշտ համաձայն եմ հետը: Յաճախ կը քննարկենք, թէ այն ինչ բանտը պիտի տայ բանտարկեալին, առաջին քանի մը ամիսներուն կամ տարիներուն ընթացքին արդէն տուած կ՚ըլլայ: Այնպէս որ, քսան տարեկանին յանցանք գործած երիտասարդը նոյն մարդը չէ հինգ կամ տաս տարի յետոյ, ուր մնաց աւելի ուշ: Բացի եթէ բանտարկեալը մոլագարութեամբ կը տառապի և վտանգաւոր է հասարակութեան համար, ամբողջովին անհեթեթ է երկար կամ ցկեանս բանտարկութիւնը իսկ մահապատիժը՝ անընդունելի:

Եւրոպայի մէջ թափառած մեր տարիներուն, ամէն օր նախաճաշէն անմիջապէս ետք գիրք, տետրակ ու գրիչ առած փողոց կ՚իջնէինք։ Կ՚երթայինք զբօսայգի մը կամ ծովեզերք եւ օրը հոն կ՚անցնէինք։ Կը զգայի, որ Մոնթէն փակ տեղ չէր ուզեր մնալ։ «Իսկապէս այնքան երկար բանտին մէջ մնացած եմ, որ հիմա կ՚ուզեմ միշտ դուրս ըլլալ» կը կրկնէր։ Այսպէս, մեր ժամանակը կ՚անցնէինք շրջագայելով, լողալով, կարդալով ու գրելով, իսկ անձրեւ ու ձիւն օրերուն տաքուկ թանգարաններ այցելելով ու միշտ շատ զրուցելով։

Մոնթէն երեքուկէս երկա՜ր տարիներ բանտին մէջ էր։ Իսկ երբ կը մտածեմ Մհեր Ենոքեանին, Սողոմոն Քոչարեանին ու Հայաստանի ու այլ վայրերու բազմաթիւ անմեղ բանտարկեալներու մասին,  տարիներու թիւը անհաշուելի կը դառնայ մտքիս մէջ քանի որ կեանք մըն է։  Կեդրոնանալով Հայաստանի վրայ, հերթական անգամ հարց կու տամ ես ինծի, «ըսես ի՞նչ պիտի ըսէր Մոնթէն այս մասին։ Ի՞նչ պիտի ուզէր որ ընենք»։ Հարցս մասամբ անտեղի է, քանի որ գիտեմ պատասխանը ինչ պիտի ըլլար։ 19.1.86-ի նամակով մը արդեն ըսած էր ինչ կը մտածէ. «Զարմանալի է ինչքա՜ն խելացի մարդիկ կան այստեղ: Հոս ամէն մարդ իրար կ’օգնէ: Ամէնն ալ ինծի բաւական խորհուրդ եւ կարդալիք բաներ տուած են: Շատ-շատ-շատ բաներ կան ասոնցմէ սորվելիք: Հոս ամէն մարդ փորձառու է եւ տարօրինակ դպրոցի մը պէս է: Պիտի կրցածիս չափ ժամանակէս լաւ օգտուիմ: Նաեւ այս ընդհանուր կացութիւնը ինծի շատ կը hետաքրքրէ: Կ’ուզեմ ուսումնասիրել այն պատճառները, որ մարդիկ հոս կը գտնուին. Կ’ուզեմ հասկնալ, թէ ի՞նչ ազդեցութիւն ունի այս վիճակը մարդոց վրայ: Արդէն ինծի համար յստակ է, որ այս հաստատութիւնը երբե՛ք, երբե՛ք չի ծառայէր այն նպատակին, որ իբր թէ ունի: Կ’ուզեմ այս բանը լաւ մը ուսումնասիրել եւ յետոյ գաղափար կազմել, թէ ինչպէ՞ս պէտք է ըլլայ, որպէս զի իսկապէս նպատակին ծառայէ: Շատեր կան, որ բնաւ այս բաներուն մասին չեն մտածեր. բայց այս դժուարութեան մէջը եթէ ըլլաս, շուտով կը տեսնես, թէ ինչքան կարեւոր է ճիշդ լուծումներ գտնել»:

Այո, շատ շատեր կան, որ այս բաներուն մասին չեն մտածեր։ Երբեմն սեւեռելով ենթակայական իրավիճակի մը վրայ, «ճիշդ լուծումներ գտնել»-ուն հակառակը կ՚ընեն։ Ամիսներ առաջ ականատեսը եղանք նմանատիպ պարագայի մը Հայաստանի մէջ, Վարդան Պետրոսեանին հանդէպ որոշ մարդոց ցուցաբերած վերաբերմունքով։ Նախ եւ առաջ ըսեմ, որ ես Վարդան Պետրոսեանը անձամբ չեմ ճանչնար: Ուսանող տարիներուս բեմի վրայ տեսած եմ զինք և վայելած իր տաղանդը: Սակայն հետեւելով իրեն առնչուող դժբախտ պատահարին կրնամ ըսել, որ եթէ այս աշխարհի վրայ կայ մէկը, ով ամէնաշատը կ'ուզէր այդ ցաւալի վթարը  պատահած չըլլար ինքը՝ Վարդան Պետրոսեանն է: Համոզուած եմ:

Մեզմէ ոեւէ մէկը, ով կը նստի ինքնաշարժի մը ղեկին կրնայ յայտնուիլ նոյն վիճակին մէջ: Վարդան Պետրոսեանը մարդասպան չէ: Աւելին, ան եւս զոհ է քանի որ միայն ինք պիտի վերապրի դէպքը այնպէս՝ ինչպէս պատահեցաւ: Իսկ այդ ինքնին աւելի ծանր է քան որեւէ բանտային պատիժ: Ոչ մէկը պիտի կարենայ օգնել այդ մարդուն չեղեալ ընել այն՝ ինչ եղաւ: Մի՞թէ այդքան դժուար էր հասկնալ ասիկա։ Ե՞րբ այսքան անտարբեր դարձանք մեր կողքի մարդուն տառապանքին նկատմամբ։

Մոնթէին յուղարկաւորութենէն անմիջապէս ետք մենք ընտանեօք մեկնեցանք Մարտունի: Տղաքը յայտնած էին ինծի, որ մարտերէն ետք պատանդ մը բռնած էին: Մոնթէին եղբայրը՝ Մարգարը եւ ես ուզեցինք անպայման հանդիպիլ այդ պատանդին: Բանտին մէջ հազիւ մօրուքը ելած երիտասարդ մը նստած էր: Մեր մտնելուն՝ ջղային շարժումներ ըրաւ, արմունկովը երեսը փորձեց թաքցնել ու սկսաւ արագ, աղաչելու պէս ինչ որ բան ըսել: Վախ կը հոսէր երեսէն: Վստահ եմ լսած էր այդ ժամանակ տարածուած տխրահռչակ «մատաղ»-ներուն մասին: Մենք վստահեցուցինք տղուն, որ վախնալու պատճառ չունէր եւ եկած էինք պարզապէս հետը զրուցելու: Մեկնած ատեն Մարգարն ու ես իրար բերնէ խլելով խօսքերը խնդրեցինք, որ լաւ նային այդ երիտասարդին եւ եթէ հնարաւոր է՝ արտօնեն որ լոգնայ։ Իսկ եթէ իրօք կ'ուզէին Մոնթէին յիշատակը յարգել, առաջին յարմար առիթին փոխանակելով՝ ընտանիքին վերադարձնէին զինք:

Տաս ամսուան բացակայութենէ ետք Մարտունի այցելելով առաջինը ստուգեցի, եթէ պատանդը յանձնուած էր: Մոնթէին քանի մը զինակիցները, ովքեր տեղեակ չէին մեր խնդրանքէն, հարցուցին ինծի թէ ինչպէ՞ս պատահած էր, որ այդ պատանդը այդքան շուտ յանձնուած էր երբ այլ պատանդներ երկար ժամանակ չէին փոխանակուած: Այդ երիտասարդը ազերի էր, թշնամի բանակի զինուոր: Սակայն վերջ ի վերջոյ ինքն ալ Մոնթէին պէս, պատերազմի զոհ էր:

Յաւերժօրէն լաւատես Մոնթէն 9.2.86-ին բանտէն ինծի կը գրէր «…Կը փորձեմ կրցածիս չափ ժամանակ անցնել ուրիշ ընկերներուն հետ խօսելով: Շէնքին այս բաժնին ընկերները քիչ մը յատուկ են եւ շատ հետաքրքրական դասեր կան սորվելիք: Շատ լաւ առիթ մըն է գիտակցութիւնս լայնցնելու: Այս կացութեան մէջ ընկերային մթնոլորտը միշտ շատ ջերմ է: Նոյն դժուարութիւնները ունենալով` ամէն մարդ իրար մօտ կը զգայ եւ իրար օգնութիւնը հիմնական օրէնք մըն է: Այս տեղը երբեք չի ծառայէր այդ «նպատակներուն», որ իբր թէ ունի. այլ ընդհակառակը, մարդիկ հոսկէ կ’ելլեն ուրիշ բաներու մէջ շատ աւելի զօրաւոր եւ պատրաստ: Սիստեմ մըն է, որ իր իսկ շարունակութիւնը կ’ապահովէ»:

Շէնքին բաժինը, որուն մասին կը գրէ Մոնթէն քաղաքական բանտարկեալներու բաժինն է։ Բանտային հասարակութեան անպաշտօն դասակարգման ամէնաբարձր ու ամէնայարգուած խաւը։ Իսկ ամէնաստորին խաւը կը կազմեն բռնաբարողները, մանկապիղծերն ու տնային բռնութիւն բանեցնողները ։ Մոնթէն կը պատմէր, որ վերջին խաւին պատկանող բանտարկեալները կ՚անարգուէին ու անգամ կը «պատժուէին» մնացեալ բանտարկեալներուն կողմէ։ Ոչ ոք կ՚ուզէր շփուիլ անհատներու հետ, որոնք իրենց ֆիզիքական ուժը շահագործելով կը վնասէին կիներու եւ երեխաներու։

1991-ի նոր տարուան գիշերը Մոնթէն ու ես այցելեցինք իր ջոկատի տղաներուն տուները։ Այս այցելութիւններէն մէկուն ժամանակ Մոնթէն ու ես ապշած դիտեցինք տնեցիներուն վերաբերմունքը տան տիկնոջ նկատմամբ։ Ամուսինով, կեսուրով ու կեսրայրով իսկական ստրուկի նման կը վարուէին հարսին հետ։ Հարսին օգնելու ճիգերս հանդիպեցան դիմադրութեան։ Ես հիւր էի, հրամանատարի կին, եւ հիւրի պէս պէտք է պահէի ինքզինքս։ Անտանելի էր ականատես ըլլալ նման բռնութեան։ Տունէն հազիւ դուրս ելած ըսի, «անգամ մըն ալ ես հոս չեմ գար»։ Մոնթէն նախադասութիւնս կէս ձգեց։ «Համաձայն եմ, ես ալ չեմ ուզեր որ գանք։ Այդ կինը իսկապէս մեղք է»։

Հայաստանը լեցուն է ազատ շրջող, Մոնթէին հասկցած բանտարկեալներու ամէնաստորին խաւի ներկայացուցիչներով։ Իսկ բանտերուն մէջ, մեր պզտիկ երկրին համար մեծ է թիւը թատերական դատավարութիւններու անմեղ զոհերուն։

Օր մը Մոնթէին մայրիկը շոյուած զաւկին հանդէպ ցուցաբերուած վերաբերմունքէն ըսաւ ինծի, «անհաւատալի է ինչպէս այս ժողովուրդը կը սիրէ ու կը բարձրացնէ Մոնթէն»։ Այս բոլոր տարիներուն ընթացքին պատասխանս տակաւին կը մնայ նոյնը. «Մոնթէն այս վերաբերմունքին ամէն մէկ կաթիլը վաստակեց իր էութեամբ»։ Ես կ՚ուզեմ հաւատալ, որ պատմութիւնը բոլորին իր արժանի գնահատակը կու տայ։ Իշխանութեան գլուխ գտնուող ու որոշումներ կայացնող պետական այրերուն խղճին վրայ պիտի մնան Մհեր Ենոքեաններու, Սողոմոն Քոչարեաններու եւ միւս անմեղ բանտարկեալներուն անարդար վճիռները։ Իսկապէս ժողովուրդին ծառայող ղեկավարը ի՛նք օրինակ կը ծառայէ անարդարութիւններ ուղղելով։ Հաւատացէ՛ք աւելի դիւրին է բարի ու արդար գործերով մտնել պատմութեան էջերը։ Վարկաբեկման ցանկացած փորձ, անգամ երբեմնի ընկերներու կողմէ եղած,  ջարդուփուշուր կ՚ըլլայ հանդիպելով ազնուութեամբ, արդարամտութեամբ ու բարի վարքով ձեռք բերուած վաստակի։ Մոնթէն ձեզ օրինակ։

Մեկնաբանություններ (2)

Manvel
Much Respect and Appreciation for Monte and Seta.
Hratch
very well written...

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter