HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Կուզենք իրա՛ւ պատրիարք մը

Յայտարարութիւն Գաղաբարի Բլադֆորմի կողմէ

Թրքահայերը՝ Ազգային Սահմանադրութեան օսմանեան պետութեան կողմէ վաւերացումէն, այսինքն՝ 1863-էն ի վեր իրենց պատրիարքները կ՚ընտրեն ժողովրդային քուէարկութեամբ։ Այս աւանդութիւնը անփոփոխ մնաց նաեւ 1923- էն՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հաստատումէն ետք․ հակառակ պետութեան քանի մը միջամտութիւններուն, հայերը իրենց պատրիարքները շարունակեցին ընտրել աշխարհականներու քուէներով։ Սակայն Պատրիարքական աթոռը փաստօրէն թափուր է 2008-էն ի վեր, երբ մտային կարողութիւններ ոչնչացնող հիւանդութիւն մը հարուածեց Պոլսոյ հայոց Ն․ Ա․ Տ․ Մեսրոպ Բ պատրիարքը։ Կրօնական ժողովը, Տ․ Արամ Արք․ Աթեշեանի գլխաւորութեամբ, նախ թէեւ պատրիարքական ընտրութեան որոշում ընդունեցաւ, սակայն աւելի ետք կատարուած իրողութիւն մը ստեղծելով յետս կոչեց այդ որոշումը։ Արամ Սրբազանին տրուեցաւ մինչ այդ անգոյ «պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ»ի տիտղոս մը եւ այսպէսով ստեղծուեցաւ աստիճան մը, որու տէրը չէր ընտրուած հասարակութենէն, պատրիարքի մը բոլոր իրաւունքները փաստացի գործածելով հանդերձ՝ որեւէ ձեւով կարելի չէր պատասխանատուութեան ենթարկել զինքը։ Նշանակեալ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի մը կառավարման ներքոյ՝ թրքահայ հասարակութիւնը հանդիպեցաւ բազմաթիւ դժուարութիւններու։ Քմահաճօրէն առնուած որոշումներով, կատարուած կարգադրութիւններով եւ յայտարարութիւններով ստեղծուեցաւ մթնոլորտ մը, որ կը սարսէր հասարակութեան վստահութիւնը։ Լուծուեցան խորհրդականներու, մամլոյ բանբերի, ելեւմտից յանձնախումբի, կալուածոց յանձնախումբի նման պատուակալ պաշտօնէութենէ բաղկացած մարմինները եւ այսպէսով ջնջուեցաւ հասարակութեան ու եկեղեցւոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող կապը։ Հուսկ, Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ ընդունուած ցեղասպանութեան օրինագիծէն ետք նոյնինքն պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի ստորագրութեամբ հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը, որ չէր ցոլացներ հայ հասարակութեան ստուար մեծամասնութեան տեսակէտը եւ ձեւով ու խորքով խիստ կերպով կը տարբերէր նման առիթներով անցեալին կատարուած պաշտօնական յայտարարութիւններէն։ Վերջին այս դէպքը արժանացաւ հասարակութեան հակազդեցութեան՝ որպէս երեւելի վերջին մէկ օղակը տարիներէ ի վեր շարունակուող հարցերու գունդին։ Հետեւաբար, Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան մօտ պատրիարքական ընտրութեան կատարման եւ այս հոլովոյթը խցանող արգելքներու վերացման պահանջքով շարժման ձեռնարկեցին խումբ մը թրքահայեր, որոնց շարքին են համայնքային հաստատութիւններէ ընտրեալ վարչայիններ, պատրիարքական նախկին խորհրդականներ, յանձնախումբերու անդամներ, մտաւորականներ, լրագրողներ եւ զանազան այլ ասպարէզներէ անձեր։ Խմբակը, որ կը շարժի Թրքահայերու կողմէ հիմնուած Գաղաբարի Բլադֆորմի շուրջ, համոզուած է թէ պատրիարքական ընտրութիւնը էական կարեւորութեամբ քայլ մըն է լուծելու համար հասարակութեան հետզհետէ աճող հարցերը, 22 Յունիսին, Չորեքշաբթի, Քումքափուի Ս․ Աստուածածին Աթոռանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ աղօթելէ ետք, ծաղկեպսակ մը զետեղէց պատրիարքարանի առջեւ ու բարձրաձայնէց ընտրութեան կատարման պահանջքը։ Խմբակը հետեւեալ յայտարարութիւնը տրամադրէց մամուլին։

Մեր պատիւը՝ 555 տարիէ ի վեր․․․Մե՛նք կ՚ուզենք ընտրել մեր պատրիարքը՝

Թուրքիոյ հայոց պատրիարքական աթոռը կը ներկայացնէ 555-ամեայ աւանդոյթ մը, գոյութիւնն ու պատիւը հինաւուրց ազգի մը, որու արմատները ունին երեքհազարամեայ խորութիւն։ Աթոռը թափուր է 2008-էն ի վեր՝ Ամեն․ Տ․ Մեսրոպ Բ․ պատրիարքի անողոք հիւանդութեան պատճառով․․․ Ճիշդ ութ տարիէ ի վեր այլազան պատրուակներով չենք կրնար ընտրել նոր պատրիարք մը։ Մեզ կ՚օրօրեն մինչ այս գոյութիւն չունեցած, յերիւրածոյ տիտղոսով մը՝ «փոխանորդի դրութեամբ», որ յայտնի չէ թէ ինչի՛ կը ծառայէ, որո՛ւն պատասխանատու է։ Հակառակ բազում ջանքերու՝ տարիներէ ի վեր չէ վերադարձուած պատրիարքութեան իրաւական կարգավիճակը։ Պատրիարքութիւնը տէր չէ դարձած օրինաւոր վիճակի մը, իրաւական մնայուն խարիսխի մը։ Տարուեցանք առժամեայ կարգադրութիւններով, մտացածին խորամանկութիւններով, քմահաճ գործողութիւններով։ Միշտ ալ մէկերու շահուն ծառայեցին գործածական գորշ տարածութիւնները, մառախլապատ մթնոլորտը։ Չենք ընդունիր կրօնական ազատութեան կատարուած միջամտութիւնը, անիմաստ պատրուակներով ընտրելու մեր իրաւունքին յափշտակումը։ Թրքահայութիւնը ո՛չ մէկու յանձնած է ու պիտի յանձնէ իր ապագային փոխանորդութիւնը։ Մեր հինաւուրց աւանդութեանց համահունչ՝ ժողովրդական քուէարկութեամբ պէտք է ընտրուի այն անձը, որ պիտի բազմի Պատրիարքական աթոռին։ Կ՚ուզենք իրա՛ւ պատրիարք մը։ Եւ զինքը մե՛նք է որ պիտի ընտրենք:

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter