HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Տրապիզոնի հանգոյցին խաչաձեւ հարցաքննութիւն

ԿԷՕԶՏԷ ՔԱԶԱԶ, [email protected]

Հրանդ Տինքի ոճիրի մասնակից եղած պե­տական պաշ­տօ­նեանե­րու դա­տավա­րու­թիւնը կը շա­րու­նա­կուի 14-րդ Եղեռ­նա­դատ Ատեանի մօտ։ Դա­տավա­րու­թեան այս փու­լի առա­ջին եր­կու օրե­րուն ներ­կայ գտնուեցան ձեր­բա­կալուած­ներ Ալի Ֆուաթ Եըլ­մա­զէր, Ռա­մազան Աքեիւ­րէք եւ Էր­ճան Տէ­միր։ Ոչ ձեր­բա­կալեալ­նե­րէն Ճե­լալէտ­տին Ճեր­րահ, Ռէ­շատ Ալ­թայ, Մու­հիտտին Զէ­նիթ, Ֆա­րուք Սա­րը, Ահ­մէտ Իլ­հան Կիւ­լէր եւ Սապ­րի Ու­զուն եւս ներ­կայ էին դա­տական նիս­տին։ Բան­տարկեալ Օկիւն Սա­մասթ տե­սալ­սո­ղական դրու­թիւնով մաս­նա­կից եղաւ։ Էն­կին Տինչ եւ Էր­հան Թունճէլ ինչպէս նա­խորդ նիս­տե­րուն, այս ան­գամ ալ կը բա­ցակա­յէին առանց որե­ւէ պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւն մը ներ­կա­յաց­նե­լու։ Խորհրդա­րանի հա­յազ­գի պատ­գա­մաւոր Կա­րօ Փայ­լան եւս կը հե­տեւէր դա­տավա­րու­թեան։ Այս նիս­տը սկսաւ ամ­բաստա­նեալ Մու­հիտտին Զէ­նիթի պաշտպա­նու­թեամբ։ Ան յայտնեց թէ հո­գեբա­նական ծանր ճնշումնե­րու տակ պա­տաս­խա­նած է դա­տախա­զի կարգ մը հար­ցումնե­րուն, զորս այժմ կը մեր­ժէ։ Ան նշեց որ ոճի­րէն տա­սը ամիս առաջ ար­դէն պատ­կան իշ­խանութիւննե­րը տե­ղեակ պա­հած է մօ­տեցող վտան­գին մա­սին, ու­րեմն անի­մաստ է զինք զի­նեալ կազ­մա­կեր­պութեան մը ան­դամ ըլ­լա­լով այս ոճի­րի կա­տար­ման հա­մար օգ­նած ըլ­լա­լու մե­ղադ­րանքով ամ­բաստա­նել։ «Երեք ան­ջատ տե­ղեկա­գիր­նե­րով զար­գա­ցումնե­րը փո­խան­ցած եմ հա­մապա­տաս­խան մար­միննե­րուն։ Ու­րեմն ինչպէ՞ս զիս կրնան ոճի­րը կազ­մա­կեր­պե­լու մէջ մե­ղադ­րել։ Տին­քի ոճի­րին մէջ թե­րացու­մը կը կա­յանայ ո՛չ թէ լրա­քաղու­թեան պա­հուն, այլ քա­ղուած լու­րե­րը հա­մակար­գե­լու պա­հուն։ Ես ոչ թէ այս դա­ւադ­րա­կան ոճի­րի մաս­նա­կիցը եղած եմ, այլ դա­ւադ­րութիւ­նը հրա­պարա­կած։ Ամ­բաստա­նագ­րին մէջ կը պնդուի որ Տրա­պիզոն եր­թա­լով Էօզ­ճան Տէ­միր եւ Ֆա­րուք Սա­րըի հետ միասին ոչնչա­ցուցած եմ փաս­տե­րը։ Ես ոճի­րէն եօթ ամիս առաջ կա­պերս խզած եւ Պայ­պուրթ գա­ցած էի, ինչպէ՞ս կրնամ փաս­տե­րը ոչնչաց­նել։ Ես միայն պար­տա­կանու­թիւնս կա­տարած եմ, հե­տեւա­բար կը պա­հան­ջեմ որ ան­պարտ հռչա­կու­իմ եւ դուրս ելլեմ դա­տական հե­տապնդու­մէ»։

Ամ­բաստա­նեալի այս պաշտպա­նութե­նէն ետք դա­տախա­զը, դա­տակազ­մը, Տինք ըն­տա­նիքի եւ մե­ղադ­րեալի իրա­ւապաշտպան­նե­րը հար­ցաքննե­ցին Մու­հիտտին Զէ­նիթը։ Այդ շրջա­նակէ ներս ուղղուած հար­ցումնե­րը կեդ­րո­նացած էին կոր­սուած մօտ 20 «F5» տե­ղեկա­գիր­նե­րու, ոճի­րէն ետք Էր­հան Թունճէլի եւ Ալի Ֆուաթ Եըլ­մա­զէրի հետ կա­տարուած հե­ռախօ­սազրոյցնե­րուն Տրա­պիզոն եր­թա­լուն շուրջ։ Զէ­նիթ պնդեց որ Էր­հան Թունճէլ իրեն հա­կասա­կան տե­ղեկու­թիւններ կը փո­խան­ցէր եւ ինք ալ չէր ու­զեր այդ կաս­կա­ծելի տուեալ­նե­րով տե­ղեկա­գիր պատ­րաստել։ Ան վեր­ջա­պէս յայտնեց որ ոճի­րէն առաջ չէր լսած Օկիւն Սա­մաս­թի անու­նը։ Ան ակ­նարկե­լով ոճի­րէն ետք Էր­հան Թունճէ­լի հետ ու­նե­ցած հե­ռախօ­սազ­րոյցին, ըսաւ որ այդ տե­սակ զրոյցնե­րը կաս­կա­ծեալը խօ­սեց­նելու կը մի­տի եւ ինք ալ ահա այդ է որ ըրած է։ Զէ­նիթին հար­ցուեցաւ իր կող­մէ պատ­րաստուած տե­ղեկագ­րին մէջ «Եասին Հա­յալ ի գին ամէն բա­նի Հրանդ Տին­քը պի­տի սպան­նէ» ձե­ւով գրի առ­նուած տե­ղեկագ­րին որո՞ւ կող­մէ «աղմկա­լի գոր­ծո­ղու­թիւն» ըլ­լա­լով փո­խուի­լը։ Զէ­նիթ այս հար­ցումին հա­կասա­կան պա­տաս­խաններ տուաւ։ Նախ ըսաւ որ չի յի­շեր, ապա նշեց որ ինք «պի­տի սպա­ննուի» գրած է։ «Բաժ­նի պետ Էն­կին Տինչ, Էօզքան Մումճուի հետ խորհրդակ­ցե­լով շա­րադ­րեց»։

Զէ­նիթի հար­ցաքննու­թե­նէն ետք Տրա­պիզո­նի Լրա­քաղու­թեան պետ Էր­ճան Տէ­միր իր պաշտպա­նու­թիւնը կա­տարեց։ Տէ­միր բա­ցի Տին­քի սպա­ննուե­լու մա­սին տե­ղեկա­գիր ղրկե­լը, Զէ­նիթի բո­լոր խօս­քե­րը մեր­ժեց։ Տինք ըն­տա­նիքի իրաւապաշտպան Պահրի Պելեն վերջին երկու նիստերուն բացակայող Էրհան Թունճէլին յաջորդ նիստին ներկայ գտնուիլը պահանջեց։

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter