HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Ո՞ր «Աւո»ն էր Մոնթէն

Առաջիկա նոյեմբերի 25-ին Մոնթե «Ավո» Մելքոնյանը կդառնար 54 տարեկան. Հետեւյալ հոդվածում, իր եղբայր Մարգարը անդրադառնում է Մոնթե մարդուն և նրա շուրջը պտտվող առասպելներին: Հայերեն թարգմանությունը կատարել է Սեդա Մելքոնյանը:

Մարգար Մելքոնեան

Ինչպէս երկրպագուները, այնպէս ալ թշնամիները ստեղծած են Ազգային հերոսին անհամապասասխան իրենց տարբերակները:

Այս անկիւնը ունինք Աւոն՝ հայ Սամուրայը, որ անփութօրէն կը կտրէ թուրք ղեկավարներուն գլուխները օղիի կումերու միջև:  Իսկ հեռաւոր անկիւն մը մենք ունինք անհամարձակ, փափկասիրտ Աւոն, որ կ'ազատէ օձերը և  կը դատապարտէ ալքոլն ու ծխախոտը:  Այստեղ ունինք հակա-խորհրդային ազատամարտիկը, Աֆղանիստանէն նոր ժամանած, ուր ան օգնած է իր մասնակցութեամբ՝ վճռական հարուածը հասցնելու Չարի Կայսրութեան:

Բայց այնտեղ կայ գեր-ազգայնականը, որուն բացի Հայ Դատէն՝ ոչ մէկ բան կը հետաքրքրէ: Մէկ կողմը մենք ունինք զինուորական մարտավարը, որ չի կեդրոնանար ոչ մէկ բանի վրայ, բացի անմիջական առօրեայ խնդիրներէն: Բայց միւս կողմը մենք ունինք դարձի եկած նախկին կոմունիստը, որ թօթափած է երէկուան տարակուսելի հաւասարապաշտ լեզուն, ողջունելու համար Ազատ Ձեռնարկութիւնը, պատմութեան ցեղային տեսութիւնները, եւ այլ հետաքրքրական նոր, յետխորհրդային գաղափարներ:

Ժամանակ առ ժամանակ, ինչ որ մէկը, որ ինքզինք կը ներկայացնէ ազգային հերոսին նախկին ընկերը, գաղտնաբար կը նայի շուրջը և ապա ցած ձայնով կը նկարագրէ իր լաւ ընկերոջը՝ Աւոյին, թէ ինչպէս ան կը սողոսկէր Միացեալ Նահանգներէն ներս, երբեմն անբացատրելիօրէն CIA-ի (ԿՀՎ) օգնութեամբ՝ հայցելու խօսողին կարծիքը, կամ որևէ ատամնաբուժական կարիքի համար, կամ հոգեբանական բուժման (psychotherapy) համար, կամ նոյնիսկ փորձելու իր բախտը հայկական մասնագիտութիւն դարձած վարկաքարտերու խարդախութեան մէջ: (Այո, ես այդ պատմութիւնն ալ լսած եմ): Թղթակից մը կը նկարագրէ Աւոն որպէս սովորական մարդ մը,  որ արտասովոր հանգամանքներու բերումով դարձած է մեծութիւն:

Այս Աւոներէն ոչ մէկը ոևէ նմանութիւն ունի եօթանասուներկու գկ. Մոնթէ Մելքոնեանին հետ, որուն մեզմէ ոմանք  կը ճանչնային: Պահ մը նկատի առնենք այն կարծիքը, թէ Աւոն ընդամէնը սովորական մարդ մըն էր, որուն պատմութիւնը դարձուց մեծութիւն: Անոնք որոնք ճանչցած են Մոնթէն կամ կարդացած են «Եղբօրս ուղին» (1) գիրքը, կրնան վկայել, որ այդ նկարագրութիւնը տեղին չէ:

Կամ նկատի առնենք Մոնթէին կեանքի հանդէպ փիլիսոփայութեան հարցը: Բաւական յայտնի հեղինակ մը ունի Աւոյին իր տարբերակը՝ բացառապէս «խորունկ» և մռայլ նկարագիր մը, որ աշխարհաքաղաքական եզրակացութիւններու կը յանգի այն դիտարկումով թէ, Աստուած ինքը «բոլոր երկրային էակներուն տուած է բնական զէնքեր, որպէսզի անոնք կարողանան պաշտպանել իրենք զիրենք- կոտոշներ, սմբակներ, ժանիքներ, մագիլներ և բռունցքներ ու արագավազ ոտքեր եւ, ի հարկէ, քաջութիւն» (2): Ես մէջբերեցի այս կենդանաբանական թիւրիմացութիւնը միայն այն պատճառով, որ սա անիմաստութեան այնպիսի օրինակ մըն է, ինչպիսին որոշ գրողներ փակցուցած են ազգային հերոսին, անոր՝ դէպքի վայրէն ապահով հեռացումէն անմիջապէս յետոյ երբ ան չէր կրնար բողոքել նման խեղաթիւրման դէմ:  Վերջին քսան տարիներու ընթացքին ճշմարտութեան արժէքը նուազած է, բայց գուցէ տակաւին կ'արժէ նշել, որ Մոնթէն երբեք, նոյնիսկ հպանցիկ պիտի չդիմէր այս տեսակի «տարակուսելի, կրաւորական, վաղանցուկ զգացականութեան» (3): Ան պարզապէս այդ ձևով չէր մտածեր: Կարելի է այս հաստատել բաղդատելով «մագիլներ ու բռունցքներ» մէջբերումը Մոնթէին խթանիչ, գործնական արձակին հետ՝ «Պայքարելու իրաւունքը» անունով հրատարակուած իր գրուածքներու ընտրանիին մէջ: Շատ անհաւանական է, որ այդ կաւճային-չոր յօդուածներու հեղինակը առաջադրէր այնպիսի քնարական դատարկաբանութիւն ինչպիսին կը վերագրուի այս երևակայական Աւոյին:

Ինչ կը վերաբերի Աֆղանիստանին, ճիշդ է, որ Մոնթէն ճամբորդած է երկրով մէկ երբ ան հազիւ քսան տարեկան էր: Հանրակառքի մը ուղեբեռի ճաղերուն կառչած երերալով անցած էր քարքարոտ ճանապարհներու հարիւրաւոր մղոններ: Պպզած էր ընթրիքի անօթին շուրջ  եւ յանուն պատշաճութեան՝ միացած էր ճանապարհաեզրի աղօթքներուն: Այդ ճամբորդութենէն քիչ ետք, նամակի մը մէջ գրած էր, որ ինքը շատ բան սորված էր «Իսլամական եղբայրութեան» մասին: Քանի մը ամիս յետոյ, ռուսական հրանօթներու Աֆղանիստան մուտքէն ընդամէնը օրեր անց, ան կանխատեսած էր, որ Խորհրդային առաջնորդները պիտի զղջային այդ տխուր հողատարածքը ներխուժելու որոշման համար: Ան խորհրդային ներխուժումը աղիտալի սխալ հաշուարկ մը կը նկատէր, սակայն ան երբեք կոմնակից պիտի չըլլար Ռոնալտ Ռէյկանին, Օսամա պեն Լատինին եւ իրենց Ազատութեան Մարտիկներուն, ուր մնաց միանար անոնց շարքերուն։

Անոնք որոնք երբեք չեն հանդիպած Մոնթէին,  «Եղբօրս ուղին» որոշ չափով պիտի ցրուէ այս եւ այլ  սխալ կարծիքներ: Յամէնայնդէպս, այդ էր մեր յոյսը, երբ Մոնթէին այրին եւ ես ձեռնամուխ եղանք գիրքը գրելուն:

Քաղաքացիական զոհեր

Մէկ կամ երկու գեր-ազգայնականներ մեղադրած են մեզի, քանի որ ձախողած ենք պատկերելու հայերուն՝ իրենց ամբողջական հրեշտակային փառքերով (4) յանդերձ: Անոնք կ'ակնկալէին որ անտեսենք կամ հերքենք այն, ինչը Հայաստանէն դուրս գտնուող տեղեակ մարդոց համար յայտնի էր տարիներ շարունակ: Այսինքն այն, որ ատրպէյճանական զինեալներուն կողմէ  Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն դէմ կատարուած բազմաթիւ վայրագութիւններէն զատ, որոշ հայ զինեալներ կատարած են վայրագութիւններ ոչ-հայ քաղաքացիներու դէմ: Իսկապէս, անոնք կ'ակնկալէին մեզմէ անտեսել հայ կողմի դաժանութիւնը, նոյնիսկ երբ այն յարակից մասն է ներկայացուած պատմութեան:

Ատրպէյճանցի քարոզիչներ, միւս կողմէ, Մոնթէն կը նկարագրեն որպէս վայրագութեանց աղբիւր: Ճիշդ է, որ աւելի քան մէկ անգամ, Մոնթէն չյաջողեցաւ այսպէս կոչուած իր հրամանատարութեան տակ գտնուող մարտիկներուն վերահսկողութեան տակ պահել , որուն արդիւնքը եղաւ քաղաքացիական մահերը: Ասիկա սարսափելի ձախողութիւն մըն էր որ պէտք չէ նսեմացնել:  Բայց, ի պատասխան այս ձախողութեան, ան քայլեր ձեռնարկեց- նոյնիսկ ընթացող մարտերու խառնաշփոթին մէջ զգալի վտանգի ենթարկելով իր կեանքը- կարգի հրաւիրելու անուանապէս իր հրամանին տակ գտնուող զորքերը այդպիսով ճնշելով հայկական կողմի չարաշահումները: Պատերազմի ընթացքին Մոնթէն փրկած էր առեւանգուած զինեալներու եւ ոչ-հայ քաղաքացիներու շատ կեանքեր: Անհեթեթ կ'ըլլար փորձել հաշուել փրկուած կեանքերը, բայց մենք գիտենք, որ ան ուղղած էր իր հրետանին քաղաքացիական տարածքներէ  հեռու, որ ան կը պաշտպանէր փախստականներն ու բանտարկեալները, տեղեկացուցած էր ոչ-հայ բնակչութեան յառաջիկայ հակայարձակման մասին, եւ պայմաններ ստեղծած, որ անոնք անվտանգ հեռանան հակամարտութեան տարածքէն: Մենք նաեւ գիտենք, որ ան կ'ազատէր գերևարուած ոչ պատերազմիկ անձերն ու կը փոխանակէր ռազմագերիները, եւ շարունակաբար կը հակառակէր գերևարուած թշնամի զինեալներուն եւ քաղաքացիներուն դէմ ուղղուած բոլոր վրիժառու գործողութիւններուն:

Այս բոլորը անկախ այն փաստէն, թէ երկու տարուան անողոք պատերազմի ընթացքին, Մոնթէն եւ իր զինակից ընկերները պաշտպանած են  կեանքերը տասնեակ հազարաւոր հայ քաղաքացիներու, որոնք կը կազմէին այդ շրջանի բնակչութեան ճնշող մեծամասնութիւնը:

Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը հրեշտակներու պայքար չէր  դևերու դէմ: Իր կարճ կեանքի ընթացքին Մոնթէն հրեշտակներու հանդիպած ըլլալու  շատ ապացոյցներ չունէր, բայց ան հանդիպած էր սուրբերու: Զինուոր մը իր կեանքը վտանգած էր ազերի աղջկայ մը փրկելու համար,  գիւղացի ընտանիք մը անաղմուկ ապաստան տուած էր իր նախկին դրացիներուն, հայ վիրաբոյժ մը մոմի լոյսին տակ տքնաջան աշխատած էր «թշնամի» երեխայ մը փրկելու համար: Թերեւս այս ամբողջ դաժանութեան կողքին սուրբեր կային նաև ազերիներուն կողմը:

Խորհրդային Հայաստանի վերջը

Եւ յետոյ կայ քաղաքականութեան խնդիրը: 1990-ականներու  սկիզբներուն Երեւանի մէջ հազարաւոր չափահասներ իրենք զիրենք համոզած էին, որ իրենք կանգնած են Նոր Հազարամեակի շէմին: Սակայն Մոնթէն իրենց մէջ չէր: Ան պատմութեան ուսանող էր, որ գիտէր թէ մէկ սերունդի իմաստութիւնը, ուրիշ սերունդի մը յիմարութիւնն էր: «Եթէ մենք իրապաշտ ըլլանք», կը գրէր 1980-ականներու վերջը, «շատ դիւրութեամբ կը տեսնենք թէ «անկախ» Հայաստան մը չի կրնար իր բնակչութեան կարիքները հոգալ եթէ ապաւինի իր սեփական միջոցներուն» (5): Յաջորդ պարբերութեան մէջ ան կ'ընդլայնէր այս միտքը.

Չքաւոր հայ ազգային-պետութիւն մը կրնայ յանգեցնել զանգուածային արտագաղթի: Եւ ինչպէս այլ «քիչ զարգացած երկիրներու» պարագային, առաջին մեկնողները կ'ըլլան բնակչութեան լաւագոյնս պատրաստուած եւ կրթուած հատուածը, այսպիսով տանելով դէպի այլ երկրներու մէջ այնքան ծանօթ անկումային պարոյրին` աղքատութեան, արտագաղթի, աւելի աղքատութեան- աւելի արտագաղթի (6):

Մենք տեսանք որ ճիշդ այս է, որ տեղի կ'ունենայ վերջին քսան տարիներու ենթադրեալ անկախութեան ժամանակ:

Տարիներ շարունակ Մոնթէն յոյս կը տածէր, որ Խորհրդային Միութիւնը կը բարեփոխէ ինքզինք, կը ժողովրդավարանայ եւ կը խթանէ անհատի ազատութիւնը: Հոկտեմբեր 1990-ին իր Երեւան ժամանելէն ոչ շատ յետոյ սակայն, ան եզրակացուց, որ Խորհրդային կարգերը դատապարտուած են: Բայց ան նաեւ գիտէր որ «ժողովուրդը» կը սայթաքի եւ որ աւելի յաճախ քան ոչ, զանգուածները կիրքով կը պայքարին իրենց սեփական շահերուն դէմ: 1991 թուականին Երեւանի մէջ Մոնթէն կը հաւատար թէ ազգային սայթաքում մը տեղի կ'ունենար ճիշդ իր աչքերուն առջև: Բայց միայն երբ խորհրդային ժամանակաշրջանի վերջը անխուսափելի դարձաւ, ան իր յոյսը կորսնցուց Խորհրդային Հայաստանի նկատմամբ: Եւ նոյնիսկ երբ ստոյգ դարձաւ, որ խորհրդային կարգերը դատապարտուած են, ան համարեց զայն «շատ ցաւալի զարգացում»:

Մոնթէն միշտ համայնավար չէ եղած, սակայն ան երբեք նախկին համայնավար ալ չէ եղած: 1991-ի ամառը, երբ երկար ժամանակ իրեն համար պարզ էր, որ ԽՍՀՄ-ը անունէն բացի ամէն ձևով արդէն մահացած էր, յօդուած մը գրեց՝ «Կայսերապաշտութիւնը նոր աշխարհակարգին մէջ» խորագրով, Պայքարելու Իրաւունքը գրքի երկրորդ հրատարակութեան իբրեւ վերջաբան : Յօդուածը ամբողջ աշխարհի ընկերվարական պայքարներուն աջակցութեան ոգևորեալ յայտարարութիւն մըն էր Պաղեստինէն մինչև Հարաւ Ափրիկէ և Միջին Ամերիկա: Այս պատգամը ի յայտ կու գայ Պայքարելու Իրաւունքը գիրքի այլ հատուածներու մէջ ևս:

Եթէ Մոնթէն երբէք հրապարակաւ չափսոսաց ԽՍՀՄ-ի անկումը, պատճառը այն չէր, որ իր քաղաքական մօտեցումները փոխուած էին, այլ այն, որ իր միանպատակ նուիրումը հայ ժողովուրդին չէր փոխուած:  Խորհրդային կարգերը տապալած էին: Շրջադարձ տեղի պիտի չունենար, եւ Մոնթէն չունէր ժամանակ անիմաստ հանրային ամբաստանութիւններու համար: Ան չափազանց զբաղած էր կտորտանքները հաւաքել փորձելով:

Մաքուր հայրենասէրը

Քաղաքական մտածող Քարլ Տէօչը ժամանակին ազգը սահմանած է որպէս խումբ մը մարդիկ, իրար միացած իրենց անցեալին վերաբերեալ սխալ հայեացքով և իրենց դրացիներուն նկատմամբ ընդհանուր ատելութեամբ: Քսան տարի առաջ օփերայի հրապարակը հաւաքուած ամբոխը կը բաժնէր անցեալի վերաբերեալ սխալ տեսակէտ մը թէ ոչ, ցուցարարներէն ոմանք- ոչ բոլորը բայց ոմանք- հաստատապէս կը բաժնէին ատելութիւն մը հարեւաններուն նկատմամբ, կը նախատէին ԽՍՀՄ ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան գաղափարը: Այս եւ այլ առումներով անոնք շատ նման էին Բաքուի իրենց գործընկերներուն:

Մոնթէն, սակայն, չէր կիսեր  ամբոխավարներուն ատելութիւնը «թուրքերուն» նկատմամբ: Ան շատոնց հասունցած էր նման զգացումներ ունենալու համար, եւ առիթ ալ ունեցած  որոշ թուրքերու ընկերներ կոչելու: Ատելութեան փոխարէն այն ինչ հաստատուած էր Մոնթէին մէջ «Հայաստան»-ի հանդէպ իր ունեցած բուռն նուիրումն էր: Իրեն համար այդ աւելին էր քան լոկ բառ մը: Մասամբ, Հայաստանը երկիրն էր- լեռները, գետերը և անտառները, ուր կը սիրէր թափառիլ ու հետազօտել, Սեւանայ լիճը, ուր կը սիրէր լողալ, եւ տեղի կենդանիները, որոնց դէմ յանդիման կու գար պիշ աչքերով: Նոյնիսկ մարտերու միջեւ եղած կարճ հանդարտութեան ժամանակ, ան չէր կրնար դիմանալ չգովաբանելու վայրի գեղեցկութիւնը այդ բոլորին: Ի հարկէ, Հայաստանը կ'ըդգրկէր նաև մշակոյթը- իր կերակրատեսակներով, երաժշտութեամբ, երգ ու պարով, գիւղի կեանքով եւ աւանդական զգեստներով, առածներով ու հեքիաթներով, բոլորը իրենց հարուստ տարածաշրջանային բազմազանութեամբ: Այն նաեւ կ'ընդգրկէր եկեղեցական ճարտարապետութիւնն ու պատարագը, բանաստեղծութիւնը, թատրոնն ու ժամանակակից գրականութիւնը: Եւ յետոյ կար լեզուն, որ Մոնթէն սորված էր իր  չափահաս տարիքին եւ կը խօսէր արեւմտահայ տարբերակով, զոր յատկապէս  կը սիրէր:

Մարդիկ ևս Հայաստանին մաս կը կազմէին եւ Մոնթէն բաւական յստակ էր իր համոզման մէջ, թէ սփիւռքի հայերն ալ հայ ժողովուրդի մէկ մասն են (7): Ան երբեք չմոռցաւ Իրանի, Լիբանանի եւ Արցախի գիւղացիները, որոնք իրենց դռները բացին իրեն, ոչ ալ Թեհրանի, Պէյրութի, Փարիզի եւ Երեւանի այն ընտանիքները, որոնք իրենց սեղաններն ու վերմակները բաժնեցին իր հետ: Ան հաւատարմութիւն ուխտեց Կառլէն Անանեանին, Արամ Վարդանեանին, Արամ Պասմաճեանին, Փիեռ Կիւլիւմեանին եւ սփիւռքի այլ չփառաբանուած նահատակներու, իսկ այդ ընելով՝ հաւատարմութիւն կ'ուխտէր Հայաստանին: Եւ յետոյ, անշուշտ, կային բազմաթիւ զինակից ընկերներ Արցախի մէջ, Սարիբէկ Մարտիրոսեանին, Հրայր Կարապետեանին, Աբօ Հայրապետեանին, Կարօ Թովմասեանին, Էդիկ Բաղդասարեանին եւ Հմայակ Հարոյանին պէս մարդիկ: Մոնթէն ասոնցմէ աւելի լաւ ընկերներ չէր կրնար երևակայել, իր այլ տղամարդ եւ կին ընկերներու կողքին, որոնք, ինչպէս ինք կ'ըսէր «ոսկիի պէս» էին:

«Մենք նորմալ մարդիկ ենք» կ'ըսէր Մոնթէն: Առնուազն մէկ առումով սակայն, Հայաստանը արտասովոր է. ուրիշ ազգ չեմ գիտեր որ նոյնքան առատաձեռնութիւն ու խիզախութիւն արատադրած է մարդագլուխ։

Բայց Հայաստանը ծայրայեղութիւններու երկիր է, լաւագոյն մարդկային տարրերով ինչպէս նաեւ յոռեգոյնով: Մոնթէին անվերապահ նուիրուածութիւնը իր ժողովուրդին երբեմն զինք առաջնորդեց կարճատեսութեան եզրին: Ան արդարացումներ գտաւ մեծամիտներու և պատեհապաշտներու ի նպաստ, եւ աղիտալիօրէն թերագնահատեց թէ որքան դաժան կրնային ըլլալ իր ընկերակիցներէն ոմանք: Ըստ իրեն, ինչ որ գանգստեր [չարագործ] մը, ներքուստ «հայրենասէր» էր, եւ այս կամ այն մարդախողխող աւազակը «լաւ տղայ» էր: Ուրիշ առիթներով կը թուի թէ Մոնթէն կ'ենթադրէր, որ երբ հարցը վերաբերի կեանքի կարեւոր որոշումներուն, բնականաբար իր հայրենակիցներուն առաջնային նկատառութիւնը պիտի ըլլար ազգային մշակոյթն ու հայրենասիրական պարտականութիւնները: Երբ ան տեսաւ հարիւրաւոր ապագայ արտագաղթողներ կարգ բռնած  Երեւանի մէջ ամերիկեան հիւպատոսարանին դիմաց, ան չտեսաւ լոկ մարդիկ, ովքեր գործ կը փնտռեն կամ աւելի լաւ ապագայ մը իրենց երեխաներուն համար: Այլ անկէ անդին, տեսաւ մարդիկ՝ ովքեր գիտակցաբար կը զոհաբերէին իրենց ազգային կեանքը ոտքերով իսկ բողոքելով Հայրենիքի վատ առաջնորդութեան դէմ: Ան կը հաւատար թէ արտագաղթողները Հայաստանէն կը մեկնէին աչքերնին ետև թողած:

Վերանայելով որոշ մարդոց գործունէութիւնը, ովքեր կը ցանկան ունենալ ազգային հերոսի կոչում, կը թուի թէ ազգի բարօրութիւնը  այնքան կարևոր չէ եղած իրենց համար, որքան իրենց եսը, իրենց վրէժխնդրութիւնը, իրենց իշխանութեան տենչը կամ իրենց ագահութիւնը: Բայց Մոնթէին պարագան այս չէր: Իր պարագային Հայաստանի բարօրութիւնը առաջնահերթութիւն էր ամէն ինչէն աւելի, ներառեալ սեփական վարկանիշէն, յարմարաւէտութենէն, առողջապահութենէն, հարստութենէն, եւ ինքնին՝ կեանքէն: Ոեւէ մէկը չի կրնար ճիշդ հասկնալ Մոնթէն, առանց հասկնալու իր տարօրինակ, բուռն, մաքուր «կապուածութիւնը Հայաստանին», ինչպէս ինք կ'ըսէր: Այս առումով գոնէ, Աւոյին համաժողովրդական պատկերը, որպէս մաքուր եւ անզիջելի հայրենասէր իսկապէս Մոնթէին իրական պատկերն է: Այստեղ է, որ առասպելը կը հանդիպի մարդուն:

Մոնթէն բախտաւոր էր, որ ապրեցաւ այնքան որքան իր կեանքն էր: Եղած են դէպքեր երբ շատ հաւանական էր, որ  դիպուկահարի մը փամփուշտը գտնէր զինք, կամ մահանար օդային յարձակման մը ժամանակ, ականապատ ինքնաշարժի մը կամ քարշացանցի մը հետևանքով: Իր ամէնասիրելի ընկերներէն ոմանք զոհ գացին այս բաներուն: Ամէն բանէ աւելի, ան ինքզինք բախտաւոր կը համարէր, որ ապրեցաւ բաւարար՝ միանալու համար Արցախի ինքնորոշման պայքարին:

Սակայն Մոնթէն կրկնակի բախտաւոր է չապրելուն համար աւելի քան իր կեանքն էր: Բախտաւոր է, որ մահացաւ նախ քան կրնար տեսնել, թե քսան տարուան «անկախութիւնն» ու դրամատիրութիւնը ի՛նչ ըրած են իր սիրած հայրենիքին: Աղքատութիւն, կաշառակերութիւն, անզօրութիւն, շրջակայ միջավայրի վատթարացում, անարդարութիւն, արժէքներու անկում, դիւանագիտական ստորաքարշութիւն Անքարային—այս բոլորին ականատես ըլլալը շատ դժնդակ պիտի ըլլար իրեն համար: Սակայն յոռեգոյնը պիտի ըլլար տեսնել Հայաստանի չքացումը՝ արտագաղթի պատճառով:

Ինչ կը վերաբերի մեզի՝ մնացեալներուս, մենք ալ ձևով մը բախտաւոր ենք: Միջակութեան ծաղկման, սուտի և յառնող դրամատիրութեան ապշեցուցիչ ագահութեան պայմաններուն մէջ, Մոնթէն ոչ զոհ էր, ոչ ալ չարագործ, և իր կեանքին ու  գործին միջև տարբերութիւն չկար: Մռայլ քմահաճոյքներու այս օրերուն մենք բախտաւոր ենք որ ունինք Մոնթէին նման դէմք մը, որ կ'օգնէ մեզի սիրելու մեր ժողովուրդը:

Առաջի նկարում: Մարգար եւ Մոնթէն

Կենսագրական տուեալներ: Մարգար Մելքոնեանը վաւերագրական գրականութեան հեղինակ է եւ ունի փիլիսոփայութեան տոքթորի աստիճան:  Իր գործերն են՝ Ռիչարտ Ռորթիի քաղաքականութիւնը- ազատականութիւնը ամերիկեան դարի վերջին (Հումանիդիզ Բրէսս, 1999), Մարքսիզմ- յետ սառն- պատերազմեան քերական (Ուեստվիու Բրէսս, 1996), եւ Եղբօրս ուղին (Ի. Պ. Թորիս, 2005, 2007), յուշագրութիւն / մենագրութիւն Մոնթէ Մելքոնեանի մասին, որու համահեղինակն է Սեդա Մելքոնեան:

1. Ի.Պ. Թորիս, 2005. Այս յուշագրութեան-մենագրութեան հայերէն տարբերակի վերնագիրն է «Ավո. Մոնթե Մելքոնյանի կյանքը և մահը», Երևան, 2007
2. Աննպատակ է ամբողջ մէջբերումը ընել այստեղ: Բաւարարուինք նշելով, որ այս հատուածին հեղինակը Արցախեան Շարժման օրերուն բաւական ճանչցուած գրող էր:
3. Ինչպէս ինք վերնագրեց՝«Խոհեր հակաարդիւնաւէտ մտածողութեան մասին», յօդուած մը՝ որ Պայքարելու իրաւունքը երկին մէջ ներգրաւուեցաւ (Երևան, 2003), էջ. 274.
4. Բայց այլ հայրենակիցներ, աւելի անկեղծ մարդիկ, շնորհակալութիւն յայտնած են մեզի ընդունած ըլլալու համար այն փաստը, որ հայերը ևս վայրագութիւններ կատարած են պատերազմի ժամանակ:
5. Այս և յաջորդ հատուածները հրատարակուած էին «Ազգային ինքնորոշում թէ՞ ազգային ինքնասպանութիւն» յօդուածին մէջ, որը գրուած էր Ֆրանսական բանտին մէջ 1988-ին և հրատարակուեցաւ Պայքարելու իրաւունքը գիրքի առաջին հրատարակութեան մէջ (Սարդարապատ հրատարակչութիւն, 1990): Մէջբերուած հատուածը կ'երևի էջ 167-ի վրայ: Մոնթէին խնդրանքով Պայքարելու Իրաւունքը գիրքի երկրորդ հրատարակութեան ժամանակ յօդուածը հանուեցաւ:
6. Նոյն՝ էջ 167
7. Պայքարելու Իրաւունքը
, երկրորդ հրատարակութիւն, էջ 28.

Մեկնաբանություններ (10)

Tlkatintsi
HC...You seem to have a problem with Markar's message and thus want to kill the messenger as well. Get lost!
babken
inchu chi nshvats Asalai patmutiun girqh
Վահագն
Մոնթեի պես մարդը մի անգամ է ծնվում, ու նրան կրկնօրինակողներ հաստատ չեն լինելու, կլինեն իրենց ավելի լավերը, բայց հարյուրամյակ հետո:
Ashot
Ծնունդդ շնորհավոր զորավար: Թող օրհնյալ լինի լուսավոր անունդ և քեզ ծնող ժողովուրդը: Հերոսները միայն ծննդյան օր են ունենում, նրանք հեռանում են նախնիների հետ մտորելու:
GAGIK
Erek P.Hayrikyan@ voch vael artahajtvec Montei hascein ....Erevi chgiti el inchpes hanrutuan ushadrutyan kentronum linel , sksel e charaxosel hayreniki hamar zohvac HEROSIC
Արշակ
Մոնթեն մեր պատմության ամենալուսավոր էջերից էր...
Arsen
Մոնթեն ինձ համար անշահախնդիր հայրենասիրության մարմնավորում է: Ես ուղղակի ափսոսում եմ, որ Մոնթեի նման մարդկանց օրինակով չեն դաստիարակում մեր սերունդը: Նրանց նման մարտիկների շնորհիվ ազատագրվեց Արցախը, սակայն շահամոլ հայրենասերների շնորհիվ թալանվեց և արժեզրկվեց մեր ազգը: Այսօր քիչ չեն այն մարդիկ ովքեր Արցախյան պատերազմում կռվել են, սակայն այսօր իրենց վարքով այնպիսի բաներ են անում, որ ուղղակի ապշում ես և հիսաթափվում ես հասկանալով, որ այդ մարդիկ հայրենասիրության մեջ ևս գտել են իրենց անձնական շահը: Իհարկե բոլորը Մոնթե չեն, սակայն նման արժեքներ ունեցող ազգը իրավունք չունի այսքան արժեզրկվել:
Armen
Fellow Armenians. Please request My Brother's Road from iTunes e-Books store at the following link: www.apple.com/feedback/itunes.html If enough of us request it, the publisher may make it available.
Charley
Great piece. Very insighful stuff from Markar. Thanks
armen
Monte is a legend, the baddest Armenian in history.. if every Armenian can have even 5% of the will Monte had, Armenia would be a superpower.

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter