HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Ուրֆա - Արհեստներ

Վահէ Թաշճեան

Ուրֆան մեծապէս հարուստ է իր արհեստներով, որոնցմէ շատեր այս քաղաքին մէջ դարերու հնութիւն ունին եւ հասած են, ինչպէս պիտի տեսնենք, հմտութեան բարձրագոյն մակարդակներու։ Արհեստներուն հարստութիւնն ու բարձր զարգացումը նաեւ առնչուած են քաղաքին աշխարհագրական դիրքով. Ուրֆան փաստօրէն կը գտնուի առեւտրական տարբեր ճամբաներու խաչմերուկին վրայ։ Այս մէկը պատճառ եղած է որ քաղաքին մէջ թէ՛ արհեստները զարգանան եւ թէ վաճառականութիւնը։

Ուրֆայի արհեստներու կեանքին մէջ կարեւորագոյն ներկայութիւն են տեղաբնիկ հայերը, անոնց հմտութեան եւ գիտելիքներուն կը պարտի այս քաղաքին արհեստային արտադրութիւններուն հռչակը։

Ալաճայի գործ (ոստայնագործութիւն)

Ալաճան գծաւոր հիւսուածք մըն է. անկէ կը պատրաստուի տեղացիներուն հագուստեղէնը։ Ալաճայագործութիւնը Ուրֆայի մէջ հայերու կողմէ բանեցուող արհեստ մըն է։ Ալաճաճին (կամ մանուսաճի) է որ կը գործէ Ուրֆա քաղաքին եւ ամբողջ տարածքաշրջանին մէջ մեծապէս տարածուած տղամարդու էնթարին՝ երկար փէշերով զգեստը։ Քաղաքին մէջ կան ալաճայի բազմաթիւ արհեստանոցներ, ուր հմտացած արհեստաւորներ կ՚աշխատին օրն ի բուն իրենց հորերուն մէջ կամ տէզկեահներուն (ոստայնանկ) դիմաց նստած։ Անոնց արհեստանոցները տարածուած են յատկապէս հայկական թաղամասին մէջ, ուր շատեր կը գործեն իրենց տուներուն մէջ։ Հայկական թաղամասը խիտ բնակուած վայր մըն է, կազմուած է նեղ փողոցներով, որոնք յաճախ անելներ են։ Այս ձեւով աշխատանքի ժամերուն թաղամասին տարբեր անկիւններէն տեւաբար կը լսուի ոստայնանկի գործիքներուն հանած ձայնը։

Ուրֆայի ալաճայագործներուն արտադրութիւնները համբաւ ունին. բացի տեղական սպառումէն, այս հիւսուածքները կ՚արտածուին նաեւ շրջակայ քաղաքներու շուկաները։ Ուրֆացի արհեստաւորը այլ մօտակայ քաղաքներու (Տիարպեքիր/Տիգրանակերտ, Այնթապ) ալաճաճիներուն հետ մրցակցութեան դիմանալու համար տեւաբար կը փորձէ նորութիւններ մտցնել իր արտադրութիւններուն մէջ, ինչպէս օրինակ գոյներու նոր բաղադրութիւններ յառաջացնել, նոր զարդարանքներ ստեղծել, եւայլն։ [1]

Ոստայնագործութիւնը մեծապէս տարածուած է նաեւ Կարմուճ գիւղին մէջ, ուր կը բանին հարիւրէ աւելի տէզկեահներ։ [2]

Ասոնք մեծապէս զարգացած արհեստներ են Ուրֆայի մէջ եւ տարածուած են յատկապէս հայերուն շարքին։ Պասմայագործութիւնը տպածոյի գործն է, այսինքն արհեստաւորը զանազան ձեւի ծաղկազարդեր եւ դիմանկարներ կը փորագրէ փայտեայ կաղապարներու վրայ, ապա զանոնք կը տպէ ճերմակ կտաւներուն վրայ։ Մեքենաներու գործածութիւնը տակաւին չէր տարածուած, այնպէս որ այդ ժամանակներուն այս բոլոր գործողութիւնները ձեռքով կը կատարուէին։

Ուրֆայի հայ պասմայագործներու գլուխ գործոցներէն կը համարուի քաղաքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ խորանին ծաղկազարդ վարագոյրը՝ եօթր մեթր երկայնքով եւ տասնչորս մեթր լայնքով։ Սոյն եկեղեցին 1895-ի հակահայ ջարդերուն ընթացքին կը հրկիզուի եւ նորոգուած սրբատեղիին վարագոյրը կը պատրաստուի եւ կը նուիրուի քաղաքին պասմայագործներուն կողմէ։ Վարագոյրը պատրաստած արհեստաւորներուն շարքին կը յիշուին Առաքել, Արուշ եւ Աւետիս Միսիրեան եղբայրները, Արուշ Ճիկերկանցն ու երկու որդիները՝ Աբրահամ եւ Յովակիմ, Սարգիս, Յովսէփ, Արուշ եւ Անանիա Մարաշլոնց եղբայրները, Գէորգ, Նազար եւ Յակոբ Գըզըլօղլիյեան եղբայրները, Գէորգ Հալէպօղլիյեանը։

Գալով ներկարարութեան, անիկա պարզապէս հիւսուածքները տարբեր գոյներով ներկելու արհեստն է, որուն մէջ ուրֆացի արհեստաւորը հմտութեան բարձր մակարդակի հասած է։ Ուրֆայի հիւսուածքները նշանաւոր են իրենց գոյներու դիմացկունութեամբ։ [3]

Դերձակութիւն

Քաղաքին դերձակները կը գործեն ըստ տեղական պահանջին, որ իր կարգին երկու տեսակ է. տեղական ոճի եւ արեւմտեան ոճի հագուածքը։ Վերջին խումբին յաճախորդներն են քաղքենի խաւի ներկայացուցիչներ, ինչպէս կառավարական պաշտօնեաներ, բժիշկներ, փաստաբաններ, դեղագործներ, եւայլն։ [4]

Կօշկակարութիւն

Այնպէս ինչպէս դերձակութեան արհեստը, քաղաքին կօշկակարներն ալ վարժուած են նոյն ժամանակ եւրոպական նորաձեւ եւ տեղական աւանդական ոճերու կօշիկներ պատրաստել։ Պէտք է ըսել որ եւրոպական ձեւի կօշիկները շատ տարածուած են քաղաքի բնակչութեան մէջ։ Ուրֆացին կը սիրէ հագուիլ սեւ ու փայլուն կաշիէ շինուած կօշիկներ։ Տեղական զգեստներ հագուող անձը կը պատահի որ կօշիկին պարագային ընտրութիւնը եւրոպականին երթայ։ Պատկերը սակայն կը փոխուի ամրան եղանակին, երբ ժողովուրդը կը սկսի մուճակ հագուիլ։ Սիրուած են յատկապէս երեսները այծի կաշիէ պատրաստուած կարմիր մուճակները։

Կօշկակարութիւնն ալ Ուրֆայի մէջ յայտնի է իբրեւ հայկական արհեստ։ Թուրք կօշկակարներու փոքր խումբը համախմբուած է էսքիճի պազարին մէջ (հնակարկատներու շուկայ)։ Ուրֆա քաղաքի բոլոր կօշկակարները (նաեւ մուճակագործ) համախումբ 300-է աւելի են։

1895-ի ջարդերէն ետք քաղաքին մէջ հիմնուած ամերիկեան եւ գերմանական որբանոցներու մէջ կը բացուին կօշկակարութեան արհեստանոցներ, ուր հայ որբեր կը սորվին այս արհեստը վարպետ կօշկակարներու հսկողութեան տակ։ [5]

Կահագործութիւն

Քաղաքին մէջ գոյութիւն ունի առանձին շուկայ մը, ուր կողք կողքի կը գտնուին կահագործներու խանութներ։ Այստեղ կը պատրաստուին տնական զանազան առարկաներ, աթոռներ, երկրագործական գործիքներ։ Կահագործները մեծամասնութեամբ թուրքեր են։

Քաղաքին գերմանական միսիոնին մէջ երբ կը բացուի կահագործութեան աշխատանոց մը, այստեղ կը սկսին պատրաստուիլ նաեւ հայ կահագործ վարպետներ։ [6] Ամերիկեան միսիոնին մէջ եւս գոյութիւն ունի ատաղձագործական արհեստանոց մը, որուն գլխաւոր վարպետներն են Ֆրանսիզ Նաճարեան, Յակոբ Նաճարեան եւ Մագսուտ Խանպէկլիեան։ Ատաղձագործարանը սկիզբը հիմնուած է ամերիկեան միսիոնին շրջափակին մէջ, բայց երբ գործը մեծ տարողութիւն կը ստանայ, անիկա 1910-էն ետք կը փոխադրուի Սէրային (կառավարատուն) դիմաց՝ Սեւերեկլի Ալիին (քիւրտ երեւելի մը, որ յետագային կ՚անդամակցի իթթիհատ կուսակցութեան) տան դիմաց։ [7]

Որմնադրութիւն

Ուրֆայի մէջ վարպետ որմնադիրը նաեւ ճարտարապետի դեր կը խաղայ։ Կը կարծուի որ որմնադրութիւնը շատ հինէն ի վեր իր իւրայատուկ տեղը ունեցած է այս քաղաքին կեանքին մէջ։ Պատճառը շատ հաւանաբար ընտիր քարահանքերու գոյութիւնն է Ուրֆայի մօտակայ տարածքներուն մէջ։ Այսպէս, նշանաւոր են Թօփ Տաղըի, Տամլամաճայի եւ Աբգար թագաւորի լեռներուն մէջ գտնուող քարահանքերը։ Ուրֆայի մէջ կառուցուած բազմաթիւ կամուրջներ, եկեղեցիներ, բաղնիքներ, մզկիթներ, խաներ, հիւանդանոցներ գործերն են տեղական որմնադիրներուն, որոնցմէ շատեր հայեր են։ Տեղացի որմնադիրներու հռչակը քաղաքէն դուրս ալ տարածուած է։ Պատահած է որ ուրֆացի որմնադիրներ հրաւիրուին Հալէպ, Տիարպերքիր, մինչեւ իսկ Պոլիս տեղւոյն վրայ շինութիւններ իրականացնելու համար։ [9]

Ուրֆայի հայ ճարտարապետներէն կը յիշուին՝ Աբրահամ Խէլֆօղլեան (սպաննուած 1895-ին), Ուստա Հայրապետ (սպաննուած 1895-ին), Քէլ Գրիգոր (սպաննուած 1895-ին), Խաչեր Թաշճեան, Գրիգոր Մեսրոպեան (սպաննուած 1915-ին), Վաղարշ Մեսրոպեան (սպաննուած 1915-ին), Հիսա Հիսայեան (սպաննուած 1915-ին), Գէորգ Հիսայեան (սպաննուած 1915-ին), Յակոբ Արծիւեան (սպաննուած 1915-ին), Խաչեր Արապեան, Շմաւոն Թաշճեան, Գէորգ Թօփալեան, Սարգիս Մեսրոպեան, Ճորճ Թօփալեան, Պետրոս Երեմեան։ [10]

19-րդ դարուն ապրած եւ գործած ճարտրապետներէն նշանաւոր են Ուստա Հառապը (Հայրապետ) եւ Գէորգ Տէվրուշօղլին։ Կը պատմուի որ 28 Սեպտեմբեր 1854-ին աննախընթաց փոթորիկ մը կը հարուածէ Ուրֆա քաղաքը։ Հողմին ուժը այնքան զօրաւոր եղած է, որ կարգ մը մինարէներ կը քանդուին, իսկ զանոնք վերաշինող ճարտարապետը կ՚ըլլայ Ուստա Հառապ։ Գէորգ Տէվրուշօղլի եւ Ուստա Հառապ ճարտարապետներն են 1850-ականներու վերջերը կառուցուած Թեքքէ եւ Հերեսէ կոչուող շէնքերուն, որոնք շինուած են Աթպազար կոչուող վայրին մէջ։ Նոյն այս ճարտարապետներն են, որոնք 1864-ին կը վերականգնեն Ուրֆայի մէջ տեղի ունեցած ջրհեղէղին հետեւանքով քանդուած Հասան Փաշայի մզկիթին մինարէն։ Կը յիշուի նաեւ Գրիգոր Տէվրուշօղլիին անունը, որ ճարտարապետն է 1871-ին կառուցուած հայկական դպրոցին։ Իսկ Գրիգոր Մեսրոպեան եւ հայրը՝ Սարգիս Մեսրոպեան, կը հանդիսանան ճարտարապետները Ուրֆա քաղաքի արեւմուտքը գտնուող Սուրբ Սարգիս վանքին վերաշինութեան աշխատանքներուն, որոնք ծայր կ՚առնեն 1873-ին։ [11]

Հայ որմնադիրներ հմտացած են նաեւ ջրուղիներ կառուցելու արուեստին մէջ, մանաւանդ որ քաղաքին ջուրը կը մատակարարուի այս ջրուղիներուն ճամբով։ [12]

շարունակությունը՝ այստեղ

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter