HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սեւան

Սեդա Գպրանեան-Մելքոնեան

«Կապոյտ աղջիկ
Ակաթի ու կաթի պէս հոգեթով»
Ե. Չարենց

1985-ի ամառը Պէյրութի օդակայանը հերթական անգամ գոց էր։ Խումբ մը սփիւռքահայ ուսանողներով որոշեցինք հաւաքուիլ Այնճար՝ մեր տունը, ուրկէ պիտի մեկնէինք Հալէպ, անկէ Հայաստան հասնելու համար։

Օգոստոսի վերջին օրերն էին։ Վարորդները շարուած էին մեր տան դիմաց երբ ընկերներս հերթով սկսան հաւաքուիլ։ Վահան Նագգաշեանին ամբողջ ընտանիքը ընկերացած էր իրեն։ Բազմութեան եւ նախաճամբորդական իրարանցումին մէջ նկատեցի բաց կապոյտ ճինզով հասակաւոր աղջիկը։ Արեւին տակ մազերը ոսկեգոյն կը փայլէին։

-Վահան, քոյրիկդ անուշիկ է,- ըսի յետոյ ընկերոջս։

-Սեւա՞նը։ Այո, դէմքը անուշիկ է բայց քիչիկ հսկայ է,- եղբայրավարի խանդաղատանքով ըսաւ։

Մեր կենսաբանական ընտանիքներէն հեռու ըլլալով, Երեւանի մէջ մենք մեր փաստացի ընտանիքը կազմած էինք։ Շէնքէ շէնք իրար կը հեռաձայնէինք, եթէ չէինք կրցած տեսնուիլ: Շաբաթավերջերուն յաճախ իրար հետ կ՚ըլլայինք։ Իսկ տօնական օրերուն մեր խոհանոցային սահմանափակ տաղանդը ի գործ կը դնէինք մեր մամաներուն պատրաստած ուտեստները ընդօրինակելով։

Շուտով մեր այս ընտանիքին անդամ դարձաւ Սեւանը, որ եղբօրը հետեւելով, Հայաստան եկած էր ուսանելու։

-Ի՞նչ է կը խօսիս կոր, հանգիստ ձգէ չօճուխը,- յաճախ կը յանդիմանէինք Վահանը ու բոլորս մէկ կը խնդայինք։ Սեւանը, ես զինք փաղաքշական Սեւուկ կը կանչէի, մեր ալ պզտիկ քոյրիկն էր, եւ Վահանին հոգատարութեան դրսեւորումները նուազագոյն չափով պէտք չէ ճնշէին մեր զգայուն աղջնակը։

 1988-ի ամառը մեր ուսանողական ընտանիքը արդէն բաժան-բաժան եղած էր։ Ոմանք աւարտելով՝ մեկնած էին Հայաստանէն, ուրիշներ նոր ընտանիքներ կազմած։ Ես՝ տեղափոխուած էի Երեւանի կեդրոնը գտնուող Նայիրի հանրակացարանը։ Այդ շրջանին մեր առօրեան մտած էր նոր բառ մը՝ նստացոյց։ Սեւանը, նստացոյցի մասնակիցներէն էր։ Օրուան որեւէ ժամուն կրնայինք զինք գտնել Օփերայի աստիճաններուն վրայ կամ շրջապատին մէջ։ Քանի որ իմ հանրակացարանս մօտ էր, յաճախ սենեակս կու գար դադարի։ Մեր աչքերուն առջեւ նրբազգաց մեր աղջիկը կը յեղափոխականանար։

Երբ այդ ամառ մեկնեցայ Անգլիա, աչքս ետեւ մնաց։ Վերջին գիշերը, Սեւանն ու Մոսոն (Գորգիսեան) միասին եկան մնաս բարովի։ Մոսոն մեքենագիր թերթերու հաստ տրցակ մը երկարեց ինծի։ Խոստացած էի Ֆրանսա գտնուող իր ընկերներուն ղրկել։

Աւելի քան տարի մը ետք Զուարթնոց օդակայանին մէջ Հուրիկն ու Սեւանը եկած էին զիս դիմաւորելու։ Մեր մտերիմներ՝ Ռուբիկ Հախւերդեանն ու Նանա Մինասեանը «որդեգրած» էին զինք։ Անոնց փոքրիկ բնակարանին մէջ բոլորիս համար տեղ կար։ Ըստ մեր սովորութեան, կը ծուարէինք կամ՝ Նանային, կամ՝ մեր վաղամեռիկ ընկերուհիներ Սառա Համբարձումեանին ու Ռուզան Բանդուրեանին խոհանոցներուն մէջ։ Երեք խոհանոցներն ալ նեղ ու երկար էին, գոցուած պատշգամբով։ Երեքին մէջ ալ ջերմութիւնը կը գերիշխէր։

Հիմա երկրագունդի հիւսիսը՝ գրասեղանէս պահ մը կը փոխադրուիմ հին օրերուն, որոնց ընթացքին մենք չգիտցանք ի՚նչ է կռիւ, նախանձ, մրցակցութիւն։ Մեր օրինակները վերոնշեալ հրաշալի կիներն էին ու անոնց ամէնալաւ «աշակերտներէն» էր Սեւանը։

2015-ի ապրիլին Հուրիկը, Սեւանը ու ես Երեւանի մէջ նախ նստանք իմ խոհանոցիս մէջ, ապա՝ Նանային, յետոյ՝ Սեւանին։ Սառան ու Ռուզանը ընդմիշտ բացակայ են արդէն։ Բայց այդ տուներուն մէջ, կամ երկրին, մենք գիտէինք որ մենք մեզի նման ենք։ Մենք՝ մենք ենք։

-Աս ի՞նչ զատողութիւն է։ Որոշ մարդիկ բնաւ չեն փոխուիր,- կ՚ըսեմ ու չարաճճի ժպտալով փաթթուկ մը կու տամ Սեւանին։ Կը խնդայ, իր այդ կարծես անաւարտ, փափուկ խնդուքով։

-Ինչո՞ւ, դուն ալ չես փոխուած։

-Ի՞նչ չեմ փոխուած,- մատս կը տնկեմ մոխրագոյն մազերուս։

 Տասնհինգ օրուան այցիս ընթացքին գրեթէ ամէն օր կը հանդիպինք։

-Սեւ, հպարտ եմ քեզմով։ Շատ լաւ տեղ մըն ես,- կ՚ըսեմ։

-Ե՞րբ պիտ գաս եա՛,- կը ժպտի։

Առատ լոյսը կը յորդի հոգիէն իր շրջապատին։ Կը տանի մեզի ընկերներուն խանութ-պատկերասրահը, որու կողքին գտնուող ճաշարանի մը մէջ Այնճարի կերակուրներ կ՚ուտենք։

Մեկնելէս առաջ կը կանգնիմ իր նկարներէն ամէն մէկուն դիմաց։ Երկար կը զրուցենք։ Յաջորդ օրը, սիրած նկարներէս մին կը յայտնուի տանս մէջ։

Իր հոգիէն բխող նոյն լուսաւոր կապոյտն ու տաք ոսկին, աւելի քան քառորդ դար ետք, կը գերիշխեն։ Ու Սեւանին ձգած ճառագայթը կը մնայ։

Մեկնաբանություններ (1)

Հրանդ
Աստուած հոգին լուսաւորէ՛

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter