HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Անհուն սէր. անշէջ, համակ լոյս. մեր Սեւանը

Հուրիկ  Ադդարեան 

Մի քանի շաբաթ առաջ էր տակաւին, որ երկար, շա՜տ երկար զրուցեցինք հեռախօսով նոր ու հին երազներու, գալիք աշխատանքներու եւ միատեղ ծրագիրներու մասին։ Խօսեցանք գարնան իր Երեւան վերադարձին մասին ու գծագրեցինք ամրան մեր շրջագայութիւնը՝ Սաղմոսավանքէն մինչեւ Լաստիվեր ու ապա՝ Ջաւախք։

‐ Գինի բերիր չէ՞, ‐ հարցուց։

‐ Այո՛, շիշ մը Կատարո պահած եմ, ‐ ըսի ու համաձայնեցանք մեր երկարող զրոյցը շարունակել գինիով՝ յաջորդ հանդիպման։

Ինչպէ՞ս գիտնայի այդ օրը թէ այսքան անժամանա՛կ պիտի ընդհատուէր իր խօսքը։ Ինչպէ՞ս անուն տամ անաւարտ հանդիպման առթած այս կոտտացող ու տարաժամ ցաւին։ Ինչպէ՞ս կցկտուր բառերու մէջ խտացնեմ տարիներու վրայ ձգուող հոգեհարազատ մեր մտերմութիւնը։

Եւ ի՞նչ ըսեմ Սեւա՚ն հիմա քու եւ մեր ընկերներուն, հարազատներուն՝ Երեւան, որոնք առանց քեզի չեն կրնար պատկերացնել մեր ու քու քաղաքդ, որուն միշտ հաւատացիր եւ որուն լոյսով ու ցաւով ապրեցար, երազեցիր, ստեղծագործեցիր։ Դո՛ւն ըսէ Սեւա՛ն, ինչպէ՞ս քալեմ այլեւս անոր փողոցներէն առանց քու ձայնիդ արձագանգին։ 

Մեր հանդիպման վայրը Երեւանի ուսանողական հանրակացարան մըն էր՝ երեսուն տարի առաջ։ Խարտեաշ գանգուրներով, վառվռուն՝ ժպտացող աչքերով, անմեղ մանկան հայեացքով ու նկարչութեան երազանքով ապրող հազիւ 17-18 տարեկան աղջնակ մըն էր Սեւանը այդ ատեն։

Տարիներու հոսքին հետ աղջնակը դարձաւ կին, խոհուն նկարիչ, լիարժէք արուեստագէտ. ու դարձաւ իր սիրած Երեւանին լուսաթոյր ծուէններէն մէկը միաժամանակ, աչքերէն թափող իր իւրայատուկ ժպիտով ու նրբազգաց հոգիով։

Իր վճիտ անմեղութեան հետ միասին խորունկ ու ապրուած իմաստութիւն մըն ալ ունէր Սեւանին հոգին, որուն յստակ արտացոլումը կ՚երեւար իր կտաւներուն մէջ։

Անցեալ ձմեռ, Երեւանէն վերադարձէս առաջ, ինչպէս միշտ գացած էի իր բնակարանը՝ հրաժեշտ տալու։ Կատակեցինք թէ ինչպէս խոհանոցի իր բաց դարանները՝ համեմներու, իր ձեռքով հաւաքուած խոտաբոյսերու, եւ այնքան սիրով ու հոգատարութեամբ պատրաստուած պահածոներու իրենց խայտաբղետ շիշերով՝ կենդանի, ապրող «nature morte» են եւ համբերատար կը սպասեն որ օր մը կտաւին յանձնէ զիրենք։

‐ Հէչ մի՛ ըսեր, ‐ ժպտաց իրեն յատուկ կիսածիծաղով։

Աւելի ուշ, թէյի անհամար բաժակներէ ետք, հրաժեշտ տալու պահը հասաւ նաեւ իր նկարներուն, որոնց առջեւ երկար մնացի համեցած։ Դժուար էր բաժնուիլը. այնքան, այնքա՜ն նրբահիւս ոյժ ու լոյս կը ճառագէր անոնցմէ։

‐ Ինչպէ՞ս կ՚ընես Սեւ‚ ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, ‐ ըսի‚ հայեացքս կտաւներէն իրեն յառելով‚ առանց հարցնելու թէ ինչպէսը ինչին կ՚ակնարկէր։ Տաք ժպտաց միայն եւ պահ մը լուռ մնացինք։

Ինչպէսին թեւածող‚ բառերով չբացատրուող պատասխանը այդ լռութեան ու ջերմացնող ժպիտին մէջ էր։ 

Մեր Սեւանը. համակ սէր. անշէջ լոյս։

18.10.16

Մոնթրէալ

Մեկնաբանություններ (3)

Aram
Thank you Ms Attarian for an emotional and well written (also correct spelling) prose
Հասմիկ
Լույս հոգուդ, Սևան…
հրանդ
Աստուած հոգին լուաւորէ՛․․․

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter