HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սրճարանային վիճակներ

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ, [email protected]

Կրօնա-սեռական խտրականութեան նոր գլուխ-գործոց մը կը ձկնէր ան ծովեզերեայ հեռաւոր քաղաքի մը մէջ՝ տափակ կատակախօսութեամբ յստակօրէն տարբերակելով տղամարդու մը ու մատամի մը մահերը։ Դէմքին գծագրուած ծիծաղը, որ այդ պահուն կ՚ոգե­ւորէր զինք ծա­փահա­րող հա­զարա­ւոր մար­դի­կը, աւե­լի թաց էր քան Սեւ ծո­վուն եղա­նակը։ Հան­րա­շար­ժի մը վրայ ելած, հտպի­տի մը նման կրցած էր ծի­ծաղեց­նել իր հե­տեւորդնե­րը, որոնք ու­րա­խու­թեան ճի­չերով, գո­ռում-գո­չիւննե­րով կը ձայ­նակցէին իրեն, որ նա­խագա­հէ մը աւե­լի կար­ծես բե­մի աստղ մը դար­ձած էր այդ պա­հուն։ Կը շա­րու­նա­կէր խօ­սիլ, կը պո­ռար, կը կան­չէր, ժո­ղովուրդը հետզհե­տէ կը տաք­նար, «Հա­յու փի­ճերը պի­տի չկրնան մեզ վհա­տեց­նել», սկսած էին պո­ռալ անոնք։ Զինք կը լսէի՞ն ար­դեօք։ Շունն իսկ իր տէ­րը չէր ճանչնար որ… Սա­կայն խօ­սիլը հի­ւան­դութեան մը պէս էր ալ իրեն հա­մար, երբ մա­նաւանդ բազ­մութիւն մը հա­ւաքուած տես­նէր դի­մացը։ Հոգ չէ թէ անոնք ըլ­լա­յին թա­ղին խեն­թե­րը, դա­տար­կա­պորտնե­րը։

Ճիշդ այդ օրե­րուն, այդ մեծ գիւ­ղին փոք­րիկ մէկ թա­ղին մէջ, որ ու­նէր եօթը պատ­մա­կան աշ­տա­րակ­ներ, քա­նի մը հա­յեր իրենց ձանձրոյ­թը փա­րատե­լու հա­մար քով քո­վի եկած, անուշ զրոյ­ցի մը բռնուած էին իրա­րու հետ։ Մէկ կող­մէ նար­տի կը խա­ղային, կլկլակ կը կլկլաց­նէին, կը ծխէին ու­րա՜խ, ան­հո՜գ… Անոնք եօթը երգ գի­տէին եւ այդ եօթը երգն ալ կը վե­րաբե­րէր դպրոց փա­կելուն։ Հա­լածա­կան իրենց կի­ներէն, որոնք տու­նը այդ ժա­մերուն չէին ու­զեր լսել ճան­ճի մը բզզիւ­նը ան­գամ, այդ ծան­րա­շուք տղա­մար­դիկ կը հա­ւաքուէին թա­ղին սրճա­րանը։ Թէ­յին ջերմ գո­լոր­շին կը բարձրա­նար, սուրճին հա­մով հո­տը կը տա­րածուէր մի­ջոցին մէջ, ծխա­խոտի ծու­խե­րը դուրս կը յոր­դէին պա­տու­հաննե­րէն…

Գիւ­ղին մենծ աղան՝ հաստ վի­զով, ճա­ղատ գլու­խով, լայն փո­րով, որուն դի­մաց ոչ ոք կրնար իր ձայ­նը բարձրաց­նել, կ՚առ­նէր նուագա­րանը իր ձեռ­քը ու կը սկսէր եր­գել. «Փա­կե՜նք վար­ժա­րան­նե­րը։ Փա­կե՜նք ու ազա­տի՜նք, աղ­բա՛ր… Բա­նի չեն ծա­ռայեր։ Պա­րապ տեղ ծախս։ Ու­սուցի­չի՛ ծախս, տնտե­սի՛ ծախս, աշա­կերտներն ալ ու­րիշ փոր­ձանք…»։

Ու­րիշ մը, աւե­լի երի­տասարդ, սեւ մա­զերով, որոնց ետին հետզհե­տէ սկսած էր նշմա­րուիլ փայ­լուն ճա­ղատը, փո­րը չէ մեծ­ցած դեռ սա­կայն աղա մը ըլ­լա­լու աս­տի­ճան, վի­զը բա­րակ, բայց շատ լաւ կրկնող իր աղա­յին ըսած­նե­րը։ «Ճի՛շդ կ՚ըսէ աղան, փա­կե՛նք։ Մեզ­մէ քա­նի՞ն այդ դպրո­ցին մէջ կար­դա­ցած է որ…»։

«Հա եա, աղ­բա՛ր,- գլու­խը վեր առ­նե­լով նար­տիէն կը ձայ­նէ սրճա­րանի ան­դիի ծայ­րէն ու­րիշ մը՝ իրա­ւունք տա­լով վեր­ջին խօ­սողին,- մեր զա­ւակ­նե­րը ան­գամ քո­վի գիւ­ղին դպրո­ցը չե՞ն եր­թար, գո­ցենք վեր­ջա­նանք»։

Աղա­ներէն ու­րիշ մը, որ փան­ջունի-նա­խագա­հին քո­վը տա­նող-բե­րողի պաշ­տօն ալ ու­նի, աւե­լի գործնա­կան երե­ւելու մտա­հոգու­թեամբ, հա­շիւ­ներ կ՚ընէ, ու­սուցիչ­նե­րէն այլ ձե­ւերով օգ­տուելու մի­ջոց­ներ կը խոր­հի, 4+4+4-ի դրու­թեան մէջ, կ՚ըսէ ան, սանկ կ՚ընենք, կ՚ըսէ, նանկ կ՚ընենք, կ՚ըսէ… «Օ՜օ՜օ՜օ՜,- կը բա­ցագան­չեն զինք լսող միւս աղա­ները, որոնք դպրո­ցի երես չէին տե­սած,- հա­մոզիչ են փաս­տե­րը, գի­տակա՛ն։ Ալ ի՞նչ ար­գելք»։

-Մենք դպրո­ցի երե՞ս տե­սած ենք։ Ես եր­րորդ դա­սարան մին­չեւ դպրոց գա­ցած եմ։ Լու­սա­հոգի հարս շու­կան ամէ­նէն աղէկ դպրոցն է կ՚ըսէր։ Լոյ­սե­րու մէջ պառ­կի։ -(Ամ­մէն, ամ­մէն, կը ձայ­նեն միւսնե­րը)-։ Եր­կու տող բան չեմ կրնար կար­դալ, ադ­քան համ­բե­րու­թիւն չու­նիմ։ Ու­րիշներ կու գան կը պատ­մեն, ես ալ մտիկ կ՚ընեմ։ Ամ­մա իմ ու­նե­ցած փա­րաս մարդ չու­նի այ­սօր… Աս դպրո­ցը ոտ­քի պա­հողը ես չե՞մ։

-Դուն ես, աղաս, դո՛ւն։ Ողջ ըլ­լաս։ Շէն մնաս, պայ­ծառ մնաս…

-Ման­րա­պատում մը… Գործ փնտռող մարդ մը կայ, էղեր։ Ըսեր են որ՝ սա եկե­ղեցին գնա՛, ժամ­կոչ եղիր։ Գա­ցեր է եկե­ղեցի։ Հար­ցուցեր են՝ գրել կար­դալ գի­տե՞ս։ Չէ՛, ըսեր է մե­րինը։ Ու­րեմն, ըսեր են, չես կրնար ժամ­կոչ ըլ­լալ։ Լա՛ւ, ըսեր է, գա­ցեր, տեղ մը գոր­ծի մտեր է։ Աշ­խա­տեր է, աշ­խա­տեր է ու մեծ հարստու­թիւն դի­զեր է։ Ամէն մարդ քո­վը կ՚եր­թայ կու գայ, էղեր, իր­մէ դրամ կ՚ու­զեն՝ դպրո­ցին հա­մար, եկե­ղեցիին հա­մար, աշա­կեր­տին հա­մար։ Եթէ գրել կար­դալ գիտ­նար՝ ժամ­կոչ պի­տի ըլ­լար խեղ­ճը, բայց իր անգրա­գիտու­թեան շնոր­հիւ հա­րուստ եղած է։ Ու­րեմն՝ ես մեր տղոց հա­մար դար­ձեալ բա­րերա­րու­թիւն ըրած կ՚ըլ­լամ՝ դպրո­ցը գո­ցելով։ Թող եր­թան շու­կայ՝ աշ­խա­տին…

-Ին­չո՞ւ դպրոց­նե­րը կը փա­կենք կոր, թեր­թը գո­ցենք… Ատոր ալ դրա­մը մենք չե՞նք տար… Դպրոց չըլ­լայ նէ թերթ ալ չըլ­լար վա­ղը մէ­կալ օր…

-Այո, ատոր ալ դրա­մը մենք կու տանք… Բայց խմբա­գիր էֆեն­տին ալ­պիւմի պէս մեր նկար­նե­րը, նոյ­նիսկ մեր ըն­տա­նիք­նե­րուն, հար­սե­րուն, փե­սանե­րուն նկար­նե­րը կը կո­խէ հոն խո­շոր խո­շոր, մեր չը­սածն ու ըսա­ծը ըրա­ծի ու ըսա­ծի պէս կը ցուցնէ, մեր մէկ ըսածն ալ՝ հա­զար կ՚ընէ, ածա­կան­նե­րով կը զար­դա­րէ մեզ։

-Դպրո­ցը ատանկ չէ որ… Հոն Մաշ­թոց, վա­րու­ժան-մա­րու­ժան, զահ­րատ-մահ­րատ կը սո­րվեց­նեն։ Փա­րան տուողը մենք ենք, բայց ու­րի­շը կը վայ­լէ… Յե­տոյ դպրո­ցը կա­ռավա­րելը դժուար է։ Հա­զար տե­սակ մարդ կայ հոն։ Ան­ցեալ­նե­րը ու­սուցիչ մը աւել-պա­կաս բա­ներ ըսեր-գրեր էր, վռնտել տուի։ Չէ՞ք յի­շեր։ Դպրո­ցին հետ զբա­ղիլը դժուար է։

-Չէ, թեր­թին մի՛ դպնար։ Նա­յէ, դպրո­ցը ան­գամ գո­ցելու ելեր ենք, ձայն չի հա­ներ…

-Եկե­ղեցի՞ն… Եկե­ղեցին գո­ցենք։ Չ՚ըլ­լա՞ր։

-Փա­րան կու տաս՝ տե­սակ տե­սակ շքան­շան կու տայ… Տէր­տէրն ալ բա­րի մարդ է, բա­նի մը չխառ­նուիր, ինչ ըսես՝ հա՛ կ՚ըսէ։ Վնաս չու­նի…

-Ատ ալ կայ եա… Ճիշդ է…

-Դպրո­ցը ոտ­քի պա­հելու հա­մար բո­լոր մի­ջոց­նե­րը կը խոր­հինք կոր իշ­տէ, բայց չ՚ըլ­լար կոր, պա­պա՛մ։ Դուք, խմբա­գի՛ր էֆեն­տի, դո՛ւն ալ, կա­մաց կա­մաց ըն­տա­նիք­նե­րը հա­մոզե­ցէք, տնտե­սական դժուարու­թիւններ կայ, ըսէք։ Ար­դէն շուտ կը հա­մոզուին… Չեմ կար­ծեր, որ մեծ խնդիր մը հա­նեն։

-Շէն­քը ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ շատ լաւ… Գե­ղեցիկ, մեծ շէնք է։ Մեղք չէ՞…

-Քեզ չվե­րաբե­րող նիւ­թե­րուն քիթդ մի՛ խո­թեր… Ատի­կա ես պի­տի կար­գադրեմ։

-Կը նե­րե՛ս, աղաս…

-Օ՜, ժա­մը ուշ եղեր է… Ել­լանք եր­թանք, ել­լանք եր­թանք, կնիկ­նե­րուն տի­զին վեր­ջա­ցած է ալ…

Ակոս

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter