HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Ընտրարշաւի մտորումներ

Աւե­լի քան ամիս մը ան­ցաւ այն օրէն, երբ Կրօ­նական Ժո­ղովը յայ­տա­րարեց թէ հանգստեան կո­չուած է Մես­րոպ Բ. պատ­րիար­քը եւ պատ­րիար­քա­րանը շու­տա­փոյթ կեր­պով պի­տի ձեռ­նարկէ նոր պատ­րիար­քի ընտրու­թեան։ Այդ թուակա­նէն ի վեր քար լռու­թիւն կը տի­րէ պատ­րիար­քա­­­կան շրջա­­նակ­­նե­­­րէ ներս։ Ար­­դէն երեք շա­­բաթ եւս ան­­ցաւ, այն հար­­ցազրոյ­­ցէն, ուր Սա­­հակ Եպիս­­կո­­­պոս Մա­­շալեան կը պատ­­մէր թէ վեր­­ջին պատ­­րաստու­­թիւննե­­րը կը տես­­նեն պե­­տական իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րուն փո­­խան­­ցուելիք աղեր­­սագրին վրայ։

Ըստ երե­­ւոյ­­թի Պատ­­րիար­­քա­­­րանի շրջա­­նակ­­նե­­­րը իւ­­րա­­­քան­­չիւր բա­­ռի վրայ օրե­­րով մտմտա­­լով կը պատ­­րաստեն աղեր­­սա­­­գիր մը, որ­­պէսզի յան­­կարծ դիւ­­րի­­­մացու­­թեան մը պատ­­ճառ չդառ­­նայ։ Չէ որ այս մեր վեր­­ջին բախտն է ընտրեալ պատ­­րիարք մը ու­­նե­­­նալու ճամ­­բուն վրայ։ Չէ որ Արամ Արք. կտրուկ վճռած էր՝ «այս վեր­­ջին դի­­մումս է տա­­սը ան­­գամ դի­­մելու նպա­­տակ չու­­նիմ»։

Ոչինչ, մենք համ­­բե­­­րելու կա­­րողու­­թիւն ու­­նե­­­ցող ժո­­ղովուրդ ենք։ Բայց մէկ կող­­մէն ալ ստի­­պուած ենք մտա­­ծելու։ Վեր­­ջին տա­­սը տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին Թուրքիոյ հա­­յու­­թիւնը շատ կա­­րեւոր զար­­գա­­­ցումնե­­րու, սնան­­կա­­­ցումնե­­րու, հարստու­­թիւննե­­րու տի­­րանա­­լու եւ նոյնպէս ալ հարստու­­թիւններ կորսնցնե­­լու բազ­­մաբնոյթ փոր­­ձե­­­րուն են­­թարկուեցաւ։

Մէկ մէկ բա­­նանք այս բո­­լորը։ Հրանդ Տին­­քի սպա­­նու­­թե­­­նէն ետք հա­­մայնքէ ներս թէ ու­­նե­­­ցանք քա­­ղաքա­­կան աշ­­խուժու­­թիւն եւ թէ ու­­նե­­­ցանք հիաս­­թա­­­փու­­թեան հո­­գեբա­­նու­­թիւն։ Ամ­­բողջ հան­­րա­­­պետու­­թեան շրջա­­նին առա­­ջին ան­­գամ է որ Ազ­­գա­­­յին ժո­­ղովէ ներս կ՚ու­­նե­­­նանք երեք երես­­փո­­­խան­­ներ։ Սա­­կայն 40 տա­­րինե­­րէ ի վեր դար­­ձեալ առա­­ջին ան­­գամ է որ մեր միտ­­քե­­­րը կը կրծէ ար­­տա­­­գաղ­­թի որ­­դը։ Տաս­­նա­­­մեակի առա­­ջին հինգ տա­­րինե­­րուն յու­­սադրուեցանք ազ­­գա­­­պատ­­կան կա­­լուած­­նե­­­րու վե­­րադար­­ձի հա­­ւանա­­կանու­­թիւնով։ Այդ շրջա­­նին մեր կարգ մը թա­­ղակա­­նու­­թիւննե­­րը կամ խնա­­մակա­­լու­­թիւննե­­րը տի­­րացան հա­­սու­­թա­­­բեր կա­­լուած­­նե­­­րու։ Յի­­շենք՝ այդ շրջա­­նին յա­­ճախ կը լսէինք «եթէ մեր այս ձեռ­­նարկը յա­ջողի ոչ միայն մեր հաս­տա­տու­թիւնը, այլ հա­մայնքի բո­լոր հաս­տա­տու­թիւննե­րը դրա­մական խնդիր չեն ու­նե­նար» խոս­տումը։ Փոր­ձութեամբ կը տես­նենք որ սուտ ու փուճ խոս­տում մըն էր այս։ Մնաց որ որ­­պէս հա­­ւաքա­­կանու­­թեան ան­­հատներ ժո­­ղովուրդ ըլ­­լա­­­լով ալ կ՚ապ­­րինք տնտե­­սական ճգնա­­ժամի մէջ։ Ար­­հեստա­­ւոր­­նե­­­րը, փոքր տա­­րողու­­թեամբ վա­­ճառա­­կան­­նե­­­րը ամէն օր կը պար­­տադրուին աւե­­լի քի­­չով գո­­հանա­­լու։

Այս պայ­­մաննե­­րուն տակ պատ­­րիար­­քա­­­կան գա­­հը բարձրա­­ցող հո­­գեւո­­րակա­­նը պար­­տա­­­ւոր է նախ­­քան ժո­­ղովուրդի աջակ­­ցութիւ­­նը պա­­հան­­ջելը, ինք որոշ ծրա­­գիր­­նե­­­րով ներ­­կա­­­յանա­­լու։ Տա­­սը տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին լոկ հո­­գեւոր առաջ­­նորդի մը բա­­ցակա­­յու­­թե­­­նէն ծա­­ւալած ըն­­կե­­­րային խնդիր­­ներ եւս ու­­նինք։ Ներ­­կայ փո­­խանոր­­դա­­­կան դրու­­թեան մէջ եկե­­ղեցին եւ հա­­մայնքա­­յին վա­­րիչ­­նե­­­րը բծախնդրու­­թեամբ հե­­ռու պա­­հեցին իրենց ար­­մատնե­­րուն վե­­րադառ­­նալ ձգտող իս­­լա­­­մացուած հա­­յերը։ Ընտրեալ պատ­­րիար­­քը ի՞նչ հե­­ռան­­կար ու­­նի այդ ուղղու­­թեամբ։ Խորհրդա­­կատա­­րու­­թիւննե­­րու սա­­կերը հետզհե­­տէ կը գե­­րազան­­ցեն ժո­­ղովուրդի նիւ­­թա­­­կան կա­­րողու­­թիւնը։ Յա­­ճախ կը լսենք այդ գու­­մա­­­րնե­­րէն խու­­սա­­­փելու հա­­մար մեր աւան­­դութեան կա­­րեւո­­րագոյն ծէ­­սերէն զուրկ մնա­­ցող­­նե­­­րու մա­­սին լու­­րեր։ Հո­­գեւո­րակա­նը ան­շուշտ որ քա­ղաքա­կան գոր­ծի­չի մը մա­կար­դա­կով ընտրար­շաւ պի­տի չտա­նի, սա­կայն վերջ ի վեր­ջոյ խնդի­րը պիտ հաս­նի ժո­ղովուրդի աջակ­ցութիւ­նը պա­հան­ջե­լուն։ Այդ հանգրուանին աշ­խարհա­կան կամ եկե­ղեցա­կան բո­լորն ալ պար­տա­ւոր են ծրա­գիր մը առա­ջար­կե­լ։ Ժո­ղովուրդը այդ առա­ջարկուած­ներու մէ­ջէն պի­տի ընտրէ իրեն հա­մար աւե­լի ձեռնտու եղողը։

Ակոս

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter