HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Աւերակներու մէջ

ՌԱԿԸՊ ԶԱՐԱՔՕԼՈՒ

Պէտք չէ զարմանալ նախ «Էւրենսել Քիւլթիւր» (Տիեզե­րական Մշա­կոյթ) պար­բե­րակա­նին ար­­գիլման։ Վասն զի հա­­մաշ­­խարհա­­յին մշա­­կոյ­­թը ճի­­հատա­­կան­­նե­­­րու եւ անոնց հե­­տեւորդնե­­րուն գլխա­­ւոր թի­­րախն է։

ՈՒ­­ՆԷՍՔՕ ան­­ցեալ­­նե­­­րը յայ­­տա­­­րարեց թէ իր կող­­մէ Հա­­մաշ­­խարհա­­յին Մշա­­կու­­թա­­­յին Ժա­­ռանգ ըլ­­լա­­­լով ճշդուած 65 վայ­­րե­­­րէ 20-ը այ­­ցե­­­լել ան­­կա­­­րելի է կամ խիստ վտան­­գա­­­ւոր։

Այդ քսա­­նին մաս կը կազ­­մեն Հա­­լէպի բերդն ու շրջա­­կայ­­քը եւ Ամի­­տայի Սուր թա­­ղամա­­սը, անոր ան­­մի­­­ջական հա­­րեւա­­նութեամբ Հեւ­­սե­­­լի պար­­տէզնե­­րը։

Պատ­­մա­­­կան Հա­­լէպը աւե­­րողը ոչ թէ ՏԱԻՇ այլ Ռե­­ճեփ Թայ­­յիպ Էր­­տո­­­ղանի հո­­վանա­­ւորած Ալ Նուսրան է։

Էր­­տո­­­ղան Փու­­թի­­­նի սի­­րոյն խնդրա­­կատար եղաւ եւ Ալ Նուսրա հե­­ռացաւ Հա­­լէպէն, ապա­­ցու­­ցե­­­լով Թուրքիոյ նա­­խագա­­հին հետ ու­­նե­­­ցած կա­­պը։

Սու­­րիոյ բազ­­մամշա­­կու­­թա­­­յին Ղա­­միշ­­լի քա­­ղաքը սահ­­մա­­­նակից է Թուրքիոյ պատ­­մա­­­կան Մծբին (Նու­­սայպին) քա­­ղաքին, ուր հնա­­գոյն ժա­­մանակ­­նե­­­րուն հիմ­­նուած էր Մի­­ջին Արե­­ւել­­քի առա­­ջին հա­­մալ­­սա­­­րանը։ 1915-ի կո­­տորած­­նե­­­րէն փախ­­չող հա­­յեր, ասո­­րիներ, քաղդէացի­­ներ կամ էզ­­տի­­­ներ Ղա­­միշ­­լի ապաս­­տա­­­նելով նոր կեանք, բազ­­մամշա­­կու­­թա­­­յին նոր կեն­­ցաղ մը գո­­յացու­­ցին եւ տա­­րած­­քը աւե­­լի զար­­գա­­­ցաւ բաղ­­դատմամբ Մծբնի։

Հիմա Մծբին գետ­­նին հա­­ւասա­­րած է։ Այժմ վտան­­գը ուղ­­ղուած է Աֆ­­րի­­­նին, Քո­­պանիին ու Ռո­­ժավա­­յին։

Ամի­­տան բնո­­րոշող Սու­­րը այ­­լեւս գո­­յու­­թիւն չու­­նի։ Սու­­րիոյ կոր­­ծա­­­նած քա­­ղաք­­նե­­­րուն նման է նաեւ պատ­­մա­­­կան Ճի­­զիրը։

Սու­­րիոյ մէջ ՏԱԻՇ-ին, Ալ Նուսրա­­յին ըրած­­նե­­­րը Թուրքիոյ մէջ պե­­տու­­թիւնն է որ կ՚ընէ։

2011-ի գար­­նան աճա­­պարան­­քով այ­­ցե­­­լեցի Հա­­լէպ եւ Տէր Զօր։ Կը զգա­­յի թէ եթէ այդ օր չեր­­թամ, ան­­գամ մըն ալ պի­­տի չի կա­­րենամ եր­­թալ։

Նոյն տա­­րուայ աշ­­նան, հա­­յոց եկե­­ղեցիի բաց­­ման ներ­­կայ գտնուելէ ետք շրջե­­ցայ Սուր թա­­ղամա­­սը։ Մթնշա­­ղին այ­­ցե­­­լեցի բեր­­դա­­­քաղա­­քի բան­­տը։ Կմախքներ յայտնա­­բերուած էին, ով գի­­տէ ո՞ր կո­­տորա­­ծէն մնա­­ցած։

Մթնշա­­ղին կը լու­­սանկա­­րէի։ Իս­­թանպուլ վե­­րադար­­ձիս բեր­­ման են­­թարկուեցայ։

Հա­­լէպի մէջ Պա­­րոն հիւ­­րա­­­նոցն ալ մթնշա­­ղին լու­­սանկա­­րած էի։

Ի վեր­­ջոյ եկած էի իր մա­­սին Սար­­գիս Վար­­պե­­­տէն այդքան շատ բան լսած Պա­­րոն հիւ­­րա­­­նոցը։ Մթնշա­­ղին կը մագլցէի հիւ­­րա­­­նոցին աս­­տի­­­ճան­­նե­­­րը, կը շրջէի կի­­սամութ նրբանցքնե­­րուն մէջ։

Սար­­գիս Վար­­պե­­­տէն լսած էի իր հօր՝ Ղա­­զարոս Չեր­­քե­­­զեանի օգ­­նութեամբ Արամ Ան­­տո­­­նեանի Մես­­քէ­­­նէի ճամ­­բա­­­րէն դէ­­պի Հա­­լէպ փա­­խուստը։ Ապա Ան­­տո­­­նեան այս հիւ­­րա­­­նոցի սե­­նեակ­­նե­­­րէն մէ­­կուն մէջ ստո­­րագ­­րած ան­­ցագիրով ապա­­հոուած էր Չեր­­քե­­­զեան­­նե­­­րու ըն­­տա­­­նիքին Կի­­լիկիա վե­­րադար­­ձը։ Ան ապա գրի առած էր բազ­­մա­­­թիւ վկա­­յու­­թիւններ այս հիւ­­րա­­­նոցէն ան­­ցած մարդկանց մա­­սին։ Ով­­քե՞ր չկա­­յին որ այդ ցան­­կին մէջ։ Ճե­­մալ, Լի­­ման Ֆոն Սան­­տերս, Մուսթա­­ֆա Քե­­մալ Փա­­շաներ։ Հիւ­­րա­­­նոցի սե­­փակա­­նատէր Մազ­­լումեան եղ­­բայրներ Ճե­­մալ Փա­­շայի բա­­րեխօ­­սու­­թեամբ փրկել փոր­­ձած էին Օս­­մա­­­նեան խորհրդա­­րանի երես­­փո­­­խան­­ներ Զոհ­­րապն ու Վարդգէ­­սը։

Հա­­լէպ ան­­գամ մը եւս կը ողո­­ղուէր գաղ­­թա­­­կան­­նե­­­րու հոս­­քով։ Մազ­­լումեան եղ­­բայրներ մեծ ջանք կը վատ­­նէին Տէր Զօ­­րի անա­­պատին մէջ մա­­հը սպա­­սող իրենց ցե­­ղակից­­նե­­­րուն օգ­­նե­­­լու հա­­մար։ Վեր­­ջա­­­պէս Մշոյ հրէշ Ապ­­տուլհա­­լիք Ռեն­­տա­­­յի Հա­­լէպի կու­­սա­­­կալ նշա­­նակուելէ ետք իրենք ալ դժուարով յա­­ջողե­­ցան իրենց կեան­­քը փրկե­­լու։

Սեպ­­տեմբե­­րեան մի օր, երբ թուրք հրա­­մանա­­տարը յե­­տին թո­­ղած կա­­մուրջնե­­րը եւ եր­­կա­­­թու­­ղին ռմբա­­կոծե­­լով կը հե­­ռանար Պա­­րոն հիւ­­րա­­­նոցէն, իրեն փո­­խարի­­նելու կու գար անգլիական բա­­նակի հրա­­մանա­­տար զօ­­րավար Էլըն­­պայ։ Այդ մի­­ջոցին Ան­­տո­­­նեան թարգմա­­նիչի պաշ­­տօ­­­նին զու­­գա­­­հեռ կը շա­­րու­­նա­­­կեր փաս­­տա­­­թուղթեր հա­­ւաքե­­լու։ Եւ Մազ­­լումեան­­նե­­­րու հիւ­­րա­­­նոցի բնա­­կիչ­­նե­­­րէն մէկն ալ Նաիմ Պէյ անուն Օս­­մա­­­նեան պաշ­­տօ­­­նեայ մըն էր։

Թա­­լադ Փա­­շա իր պաշ­­տօ­­­նեանե­­րուն երբ պաշ­­տօ­­­նական հե­­ռագիր­­ներ կ՚ու­­ղարկէր, ան­­դին իր սան­­ցին ալ կ՚ու­­ղարկէր գաղ­­տնագրուած հե­­ռագիր­­ներ, որոնք կ՚աւար­­տէին «ըն­­թերցե­­լէ ետք ոչնչաց­­նե­­­լ» հրա­­հան­­գով։ Կարգ մը պաշ­­տօ­­­նեաներ չէին հնա­­զան­­դեր այդ վեր­­ջին հրա­­հան­­գին եւ «օր մը պէտք կ՚ըլ­­լայ» խոր­­հե­­­լով կը պա­­հէին այդ զոյք մա­­հիկ­­նե­­­րով հե­­ռագիր­­նե­­­րը։ Նա­­յիմ Պէյ այդ խմբա­­կէն պաշ­­տօ­­­նեայ մըն էր, քա­­նի որ Շիւքրիւ Գա­­յայի գլխա­­ւորած «Գաղ­­թա­­­կանաց Բա­­ժին»ի կազ­­մին մաս կը կազ­­մէր։

Այս բո­­լորը վեր­­յի­­­շելուս պատ­­ճա­­­ռը եր­­կու գիր­­քեր եղան։ Առա­­ջինը «Արաս» հրա­­տարակ­­չա­­­տան լոյս ըն­­ծա­­­յած Ֆլա­­ւիա Ամա­­պիլ եւ Մար­­գօ Թո­­սաթ­­թիի հե­­ղինա­­կած «Հա­­լէպի Պա­­րոն­­նե­­­րը», երկրոր­­դը «Իլե­­թիշիմ»ի հրա­­տարա­­կած եւ պատ­­մա­­­բան Թա­­նէր Աք­­չա­­­մին թուրք պաշ­­տօ­­­նական տե­­սու­­թեան ան­­գամ մը եւս հա­­րուա­­ծելուն առիթ ըն­­ձե­­­ռող «Նա­­յիմ Էֆէն­­տիի յու­­շագրու­­թիւնը եւ Թա­­լաթ Փա­­շայի հե­­ռագիր­­նե­­­րը» անուն ու­­սումնա­­սիրու­­թիւնը։

Պատ­­մութեան պաշ­­տօ­­­նական տե­­սու­­թեան դէմ ուժգին հա­­րուած մըն ալ նա­­խապէս եկած էր դար­­ձեալ Թա­­նէր Աք­­չա­­­մի եւ Այ­­հան Աք­­թա­­­րի կող­­մէ։ Անոնք բա­­ցայայ­­տած էին Տար­­տա­­­նելի պա­­տերազ­­մի ժա­­մանակ Օս­­մա­­­նեան բա­­նակին մէջ ծա­­ռայող հայ, յոյն եւ հրեայ զի­­նուոր­­նե­­­րու իրո­­ղու­­թիւնը։ Իրո­­ղու­­թիւն մը՝ որ դիմ­­տումնա­­ւոր կեր­­պով կ՚ատ­­նե­­­սուէր պատ­­մա­­­գիր­­նե­­­րու կող­­մէ։ Չեմ գի­­տեր ինչու բայց Չա­­նաք­­քա­­­լէի զի­­նուոր­­նե­­­րու գո­­յու­­թիւնը ջրե­­լու հա­­մար շարժման ան­­ցած էր պատ­­մա­­­բան Հա­­լիլ Պերքթայ։ Իսկ հի­­մա Նա­­յիմ էֆեն­­տիի յու­­շագրու­­թիւննե­­րէն ան­­հանգստա­­նալն ալ վի­­ճակե­­ցաւ Էթ­­յեն Մահ­­չուպեանին։ Թե­­րեւս ան­­կողմնա­­կալ ըլ­­լա­­­լը փաս­­տե­­­լու մար­­մաջ, թե­­րեւս ալ վախ։ Ին­­չե­­­ւիցէ ու­­րիշ վար­­կածնե­­րու մա­­սին չխօ­­սինք։ Բայց կա­­րեւոր եղա­­ծը ու­­րա­­­ցու­­մին դի­­մաց յստակ եւ պարզ կե­­ցուածք որ­­դեգրելն է։ Ոմանք կը կար­­ծէին թէ յա­­ջողած են «Կա­­պոյտ Գիրք»ը ար­­ժեզրկե­­լու։ Ահա­­ւասիկ Արա Սա­­րաֆեանի այդ գիր­­քը վերահրա­­տարա­­կելը շատ կա­­րեւոր հա­­րուած մըն էր ու­­րացման այդ փոր­­ձին դէմ։ Այդ երեք հիմ­­նա­­­կան աղ­­բիւրնե­­րը ար­­ժեզրկե­­լով ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան իրո­­ղու­­թիւնն ալ թաքցնել մի­­տող Շիւքրիւ Էլէք­­տաղ որ­­քան մեծ սար­­սա­­­փի մը մատ­­նուած էր այդ հրա­­տարա­­կու­­թեան պատ­­ճա­­­ռաւ։

Վե­­րադառ­­նանք Պա­­րոն օթել։ Ֆայ­­սալ Մեծն Սու­­րիոյ Թա­­գաւո­­րու­­թիւնը 1919-ին այստե­­ղէն յայ­­տա­­­րարած էր եւ կարճ ժա­­մանակ անց ալ հար­­կադրուած էր եր­­կի­­­րը անգլիացի­­ներէն փո­­խառած ֆրան­­սա­­­ցինե­­րուն յանձնե­­լու։ Իրա­­կանու­­թեան մէջ այդ օրը Սու­­րիոյ պա­­տերազ­­մին ծագ­­ման օրը եղաւ։

Ճի­­հատա­­կան­­նե­­­րու հսկած տա­­րած­­քը հա­­զիւ 50 մեթր հե­­ռաւո­­րու­­թիւն ու­­նէր Պա­­րոն հիւ­­րա­­­նոցէն։ Այժմ Ասա­­տի զի­­նուոր­­նե­­­րու յա­­ռաջըն­­թա­­­ցով սպառ­­նա­­­լիքը քիչ մը նուազած կ՚երե­­ւի։ Հիւրա­­նոցի յա­­րատե­­ւու­­թիւնը ապա­­հովող վեր­­ջին սե­­րունդը կը ներ­­կա­­­յաց­­նէր Ար­­մէն Մազ­­լումեան, որ այս տա­­րեսկզբին մա­­հացաւ։ Ներ­­կա­­­յիս իր կի­­նը Ռու­­պի­­­նա Թաշ­­ճեան կը շա­­րու­­նա­­­կէ հիւ­­րա­­­նոցը բաց պա­­հելու առա­­քելու­­թիւնը։ Մազ­­լումեան­­ներ հա­­րիւր տա­­րի առաջ հայ աք­­սո­­­րեալ­­նե­­­րուն տէր կը կանգնէին։ Հիւ­­րա­­­նոցը այ­­սօր ալ հա­­րազատ տու­­նէն զրկուած­­նե­­­րուն ապաս­­տան ըլ­­լա­­­լով կը շա­­րու­­նա­­­կէ իր առա­­քելու­­թիւնը։ Մե­­զի կը մնայ մաղ­­թել որ Պա­­րոն հիւ­­րա­­­նոցը յա­­ջողի նոր Սու­­րիոյ վե­­րել­­քին ալ ակա­­նատես ըլ­­լալ։

Ակօս

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter