HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Պոլիս։ Համատարած անվստահութիւն

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ, [email protected]

Անվստա­հու­թեան ու­րուակա­նը կը թե­ւածէ Պոլ­սոյ հա­յու­թեան երկնա­կամա­րին վրայ։ Սի­րելի, յար­գե­լի, պաշ­տե­լի հաս­տա­տու­թիւններ, ան­ձեր, հո­գեւո­րական թէ աշ­խարհա­կան, նոյ­նիսկ տա­կաւին ընտրա­կան շրջա­նը չսկսած, հե­ղինա­կազրկում կը փոր­ձարկեն՝ հե­տագա­յին ատոր մէջ տապլտկե­լու հաս­տատ որո­շու­մով։

Պատ­րիար­քա­րանի զեվ­զե­կոյ­ցը

Ժա­մանա­կագ­րութիւ­նը ետ շրջենք, սկսինք վեր­ջէն։ Հոն կը գտնենք ու կը կար­դանք պատ­րիար­քա­րանի զեվ­զե­կոյ­ցը, ստո­րագ­րուած հաս­տա­տու­թեան մը կող­մէ, որ դեռ կը կրէ «Պատ­րիար­քութիւն հա­յոց Թուրքիոյ» անու­նը։ Ո՞վ կայ ար­դեօք հոն, եթէ ոչ նո­րին ապօ­րինու­թիւն Արամ Աթէ­շեանը, որ ու­րուակա­նի մը նման կը պտտի անոր սե­նեակ­նե­րուն մէջ։ Թրքե­րէնով ալ հրա­պարա­կուած զեվ­զե­կապա­տում շա­տաբա­նու­թիւնը, որ ոչ մէկ բան կ՚ըսէ ու կը պատ­կա­նի գրա­կանու­թեան պո­ռոտա­խօսու­թեան սե­ռին, հա­ւանա­բար ելած է Պիւ­լենտ Էր­սո­յի գրչէն. այ­լա­պէս այ­սօր ո՞վ կը գոր­ծա­ծէ «Զաթ-ը Տեվ­լեթ»ը (ական­ջը խօ­սի Ազիզ Նե­սինին, «Զաթ-ը Տեվ­լեթլե­րի Իպիշ հազ­րեթլե­րի» թա­տերա­խաղը յի­շեցի յան­կարծ)։ Զեվ­զե­կոյ­ցին հնա­բոյր ու ճո­ռոմ լե­զուն թա­փան­ցած է նաեւ անոր մտայ­նութեան ծալ­քե­րուն։ Փո­խանակ հա­ւասար, լիիրաւ քա­ղաքա­ցիի, «սա­տըք եուրթթաշ» կը նա­խընտրէ կո­չել մեզ ու կը յոր­դո­րէ որ­պէսզի «ժա­մանա­կաւոր քաշքշուքնե­րով կաս­կածներ չյա­ռաջաց­նենք մեր պա­տաս­խա­նատուու­թեան գի­տակ­ցութեան տե­սակէ­տէ»։ Այ­սինքն՝ բա­րի-բա­րի մեր տե­ղը նստինք, նո­րին ապօ­րինու­թեան ու իր հո­վանա­ւոր­նե­րուն կե­րած ապուրնե­րը ան­տե­սենք, իրենց տրա­մադ­րութիւ­նը չփճաց­նենք։

«Պատ­րիար­քութիւն հա­յոց Թուրքիոյ»ն իր եր­կա­րապա­տում զեվ­զե­կախօ­սու­թեան մէջ չի կրնար բա­ցատ­րել, թէ պատ­րիար­քի ընտրու­թեան հարց մը ին­տո՞ր կրցած է հաս­նիլ երկրի «Նո­րին Գե­րազան­ցութիւն» նա­խագա­հի կամ «Ծայ­րա­գոյն Պատ­րիարք եւ Ամե­նայն Հա­յոց Կա­թողի­կոսի բարձր նկա­տառ­ման» (աս ամէն գլխագ­րե­րը զեվ­զե­կոյ­ցին կը պատ­կա­նին։ Ինչքա՜ն մեծ գրէ՝ կը կար­ծէ որ այդքան շատ կը յար­գէ)։ Նա­խագահ կամ կա­թողի­կոս հոս ընե­լիք մը չու­նին։ Ար­դէն եթէ աս զեվ­զե­կոյ­ցը կա­րենար անոնց մաս­նակցու­թիւնը ար­դա­րաց­նել՝ ապա ան­պայման պի­տի յայտնէր նաեւ, թէ նո­րին ապօ­րինու­թիւնը պի­տի հրա­ժարի՞, թէ ոչ։ Հար­ցը այս հանգրուանին հա­սաւ ո՛չ թէ Էր­տո­ղան-Շի­րինօղ­լու հան­դի­պու­մէն վերջ, զոր նոյնպէս գոր­ծա­ծեցին ձգձգե­լու հա­մար ընտրու­թեան գոր­ծընթա­ցը։ Ո՛չ թէ ինը տա­րինե­րու ըն­թացքին կա­թողի­կոսին ըրած կամ չը­րած­նե­րու ար­դիւնքին։ Այլ Սա­հակ եպսկ. Մա­շալեանի հրա­ժարա­կանին շնոր­հիւ։ Եւ այս հրա­ժարա­կանէն ետք ընե­լիք մէկ բան կար՝ նո­րին ապօ­րինու­թիւն Արամ Աթէ­շեանին ալ հրա­ժարի­լը։ Պարզ, մէ­կին ու յստակ... Եւ այն ատեն պէտք պի­տի չմնար նաեւ ոչնչա­պատում նման զեվ­զե­կոյ­ցի մը։

Վստա­հելի կեդ­րոն մը չէ այ­լեւս պատ­րիար­քա­րանը եւ պի­տի չըլ­լայ ալ մին­չեւ այն ատեն, մին­չեւ որ չհրա­ժարի նո­րին ապօ­րինու­թիւն Արամ Աթէ­շեանը։

«Քել­լի-ֆել­լի» արա­կան
երգչա­խումբ

Զեվ­զե­կոյ­ցէն քա­նի մը օր առաջ, «Քել­լի-ֆել­լի» արա­կան դպրաց դաս-երգչա­խումբը պատ­րիար­քա­րանի դահ­լի­ճին մէջ սար­քեց հո­գեւոր հա­մերգ մը՝ «Ձայն բար­բա­ռոյ ի Քումքա­փու» խո­րագ­րով, խմբա­ւարու­թեամբ Պետ­րոս Եօթ­նաշտա­րակե­ցիի ու եր­գե­հոնա­հարու­թեամբ Հայկ Միջ­նա­գիւղցիի։ Իրենց ունկնդիրն էր եր­կու եպիս­կո­պոս։ «Ատը­նը ան­մա­յաճա­ղըմ» հո­գեզ­մայլ կա­տարու­մէն ետք, գլխա­ւոր մե­նակա­տար Արէտ Թա­րապիացի եր­գեց «Փո­խանորդ քե­զի կ՚ըսեմ, տե­ղապահ դուն հասկցիր» սի­րուած եր­գը։ «Կա­թողի­կոսա էթ­մեմ շի­քայեթ»ը յոտնկայս ծա­փահա­րու­թեան ար­ժա­նացաւ եպիս­կո­պոս­նե­րուն կող­մէ, որոնց խնդրան­քով արա­կան երգչա­խումբին ան­դամնե­րը եր­գե­ցին «Պա­հարը պեք­լէ­յէն փո­խանորդ կի­պի»ն։ Կիւլմեզ­կիլ-Քա­րաքէօսէ-Պաղ խնա­մեաց եռեակը «Պիր իհ­թի­մալ տա­հա վար»ը եր­գե­լէն ետք, Մոս­կո­ֆեան-Շա­տեան թա­ղականք զու­գերգե­ցին «Ալ­լը փո­խանոր­դում»ը։ Հա­մեր­գը աւար­տե­ցաւ յոտնկայս եր­գուած «Նէ շիշ եան­սըն, նէ քե­պապ» հո­գեպա­րար եր­գով։

Կար­ծեմ ասանկ բան մը եղաւ Քումքա­փուի ժո­ղովը, ուր «քել­լի-ֆել­լի»նե­րու եւ զոյգ մը եպիս­կո­պոս­նե­րու ստո­րագ­րութեամբ «փրո­թոքոլ» ամ­պա­գոռ­գոռ անու­նով թուղթ մըն ալ ստո­րագ­րուեցաւ։ Վրան կա­յին ստո­րագ­րութիւններ, որոնք մի­լիառա­ւոր լի­րա ար­ժէ­քով գոր­ծե­րու տակ կը դրուին խնամ­քով, եր­կա­րատեւ բա­նակ­ցութիւննե­րէ, քննար­կումնե­րէ վերջ։ Սա­կայն Քումքա­փուին թուղթի կտո­րը, որ կ՚երե­ւի թէ վե­րոյի­շեալ հա­մեր­գին, յոտնկայս ծա­փահա­րու­թեան մի­ջոցին գրուած էր, թի­թեռ­նի­կի կեանք մ՚իսկ չու­նե­ցաւ, որով­հե­տեւ հոն ամէն ինչ սխալ էր։ Կար­ծեմ պատ­րիար­քա­րանի եր­դի­քին տակ ա՛լ կա­րելի չ՚ըլ­լար շնորհքով բա­ներ մը գրել…

Հար­ցին լու­ծումը հոն ալ մէկն էր՝ հրա­ժարում Արամ Աթե­շեան փո­խանոր­դին, բայց եղաւ «հա­մերաշ­խութիւն» ընդմէջ Արա­մայ ու քել­լի-ֆել­լեաց…

Վստա­հի՞լ քել­լի-ֆել­լի­ներուն։ Բայց ին­չո՞ւ, եթէ ամէն ան­գա­մուն Արա­մին եր­գը պի­տի եր­գեն եւ անե­րեսա­բար երես դարձնեն հա­սարա­կու­թե­նէն։ Իրա­րու երես իսկ չնա­յող­ներ քով քո­վի պի­տի գան Արա­մը պաշտպա­նելու... Իրենք իրա­րու չեն վստա­հիր, մե՞նք ին­չու վստա­հինք անոնց։

ՎԱ­ՏԻՓ-մա­տիփ

Սա­հակ եպսկ. Մա­շալեանէն կե­րուած փա­փարա­յէն ետք իր գո­յու­թեան ողջ ըն­թացքին ոչնչու­թիւն մը իսկ ստեղ­ծել չկրցած այս վԱ­ՏԻՓ-մա­տիփը առա­ջին ան­գամ ու­նե­ցաւ բան մը ընե­լու կա­րելիու­թիւնը։

ՎԱ­ՏԻՓ որ կ՚ըսեմ պզտիկ բան չկար­ծէք՝

Թա­ղական ու հո­գաբար­ձուի անունն է

Թա­ղական որ կ՚ըսեմ հա­րուստ-իմաս­տուն չկար­ծէք՝

Աշ­խարհին ամէ­նէն խեղճ մարդն է

Վա­տիփ-մա­տիփ հա­ւաքուեցան ու որո­շեցին, թէ յա­ջորդ օր կա­յանա­լի ժո­ղովով մը պէտք է քննեն Աթէ­շեանին հար­ցը։ Հա­ւաքուեցան, այո՛, հա­ւաքուեցան սա­կայն իրենց բուն դէմ­քը մէջ­տեղ ելաւ։ Ըլ­լալ մանկլա­ւիկը այն քա­նի մը ան­ձե­րուն, որոնք պատ­րիար­քա­րանի մէջ իրենցմէ գաղտնի ժո­ղով գու­մա­րելով բո­լոր հար­ցե­րը կար­գադրել կը յա­ւակ­նէին ու կ՚ու­զէին քա­նի մը ժամ ետք պատ­ռուելիք թուղթի կտո­րը հա­մերաշ­խութիւն անու­նով իրենց կերցնել՝ խօս­քի իրա­ւունք մը իսկ չտա­լով խեղճ վա­տիփ-մա­տիփին։ Վա­տիփի՞ն վստա­հիլ։ Բայց ին­չո՞ւ։ Ո՞վ կը վստա­հի որ անոր։

Սպա­սու­մը կը շա­րու­նա­կուի... Ար­դեօք յա­ջորդ շա­բաթ տե­ղապահ մը պի­տի ու­նե­նա՞նք։ «Փո­խանոր­դու կէօս­թե­րիփ տե­ղապա­հա ռա­զը էթ­մեք», կ՚ըսեն ասոր մեր հայ­րե­նակիցները... Տեսնենք կարգը ե՞րբ պատրիարքին պիտի գայ...

Ակօս

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter