HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

«Տեղապա՞հ, թէ ոչ տիքթաթէօր»

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

Գէորգ Արսլա­նեանի տե­ղապա­հու­թեան շրջա­նը, որ մերթ հա­մեմա­տու­թեան մէջ կը դրուի Արամ Աթէ­շեանի փո­խանոր­դութեան շրջա­նին հետ, շատ աւե­լի բուռն պայ­քարնե­րու ժա­մանա­կահա­տուած մը եղած է պոլ­սա­հայու­թեան հա­մար։ Մես­րոպ Նա­րոյեանի մա­հէն մին­չեւ Գա­րեգին Խա­չատու­րեանի ընտրու­թիւնը, մօ­տաւո­րապէս եօթը տա­րի, Գէորգ Արսլա­նեան տե­ղապա­հի պաշ­տօն վա­րած է Պոլ­սոյ պատ­րիար­քութեան հա­մար։ Ան նա­խապէս, Զա­ւէն Տէր-Եղիայեանի ար­տա­սահ­ման մեկ­նե­լէն մին­չեւ Մես­րոպ Նա­րոյեանի ընտրու­թիւնը նա­խոր­դող շրջա­նը, այ­սինքն 1922-1925 թուական­նե­րուն ալ տե­ղապա­հի պար­տա­կանու­թիւն վա­րած ըլ­լա­լուն՝ 1940-ական­նե­րը կը նկա­տուին իր տե­ղապա­հու­թեան երկրորդ շրջա­նը։

Արսլա­նեան ու իր տե­ղապա­հու­թեան շրջա­նի անցքե­րը տա­կաւին են­թարկուած չեն պատ­մութեան դա­տաս­տա­նին։ Զա­նազան վկա­յու­թիւննե­րու փշրանքներ միայն կը հաս­նին մերթ այս կամ այն ան­ձէ՝ եր­բեմն խիստ կաս­կա­ծելի ան­կողմնա­կալու­թեամբ։ Երբ որ տե­ղապա­հի կամ պատ­րիար­քա­կան ձգձգեալ ընտրու­թեան հարց մը ծա­գի, ինչպէս որ հի­մա է, ան­մի­ջապէս կը հո­լովուի «արսլա­նեանա­կան պայ­քա­ր»ի շրջա­նը, որուն անու­նը կայ աւե­լի շատ, քան իրա­կանու­թիւնը։

Ին­չե­ւէ, թե­րեւս աթէ­շեանա­կան փո­խանոր­դութեան այս նոր շրջա­նին անցքե­րը պատ­րուակ դառ­նան սթա՛փ հա­յեաց­քով մը սե­ւեռե­լու աւե­լի քան 60 տա­րուան վա­ղեմու­թիւն ու­նե­ցող դէպ­քե­րը, որոնց դե­րակա­տար­նե­րը մէկ-եր­կու բա­ցառու­թեամբ պատ­մութեան գիր­կը կը նիր­հեն այ­սօր։

Այդ օրե­րուն կա­տարուած հրա­տարա­կու­թիւն մը ան­ցաւ ձեռքս, երբ ան­ցեալ օր գրա­դարանս կը դա­սաւո­րէի։ Հե­ղինա­կը՝ Լե­ւոն Աւա­գեան, ԺԹ. դա­րավեր­ջին, 1880-ական­նե­րուն ծնած եւ 1954-ին ալ մա­հացած ու Պա­լըք­լըի գե­րեզ­մա­նատու­նը ննջող մտա­ւորա­կան մըն է։ Եղած է «Մի­մոս»ի, «Վեր­ջին լուր»ի, «Կավ­ռօշ»ի, «Եր­կիր»ի, «Ժա­մանակ»ի տա­րեգիր­քի աշ­խա­տակի­ցը՝ թէ՛ որ­պէս նկա­րիչ կամ եր­գի­ծան­կա­րիչ, թէ՛ որ­պէս լրագ­րող կամ յօ­դուա­ծագիր։ Շրջա­նի գրոց-բրոց­նե­րէն մէ­կը, հասկնա­լիք­նիդ։ Հե­տաքրքրա­կան վեր­նա­գիր մը ու­նի իր գրքոյ­կը՝ «Տե­ղապա՞հ է թէ ոչ տիք­թա­թէօր», են­թա­խորա­գիրը՝ «Գէորգ արք. Արսլա­նեան եւ իր գոր­ծունէու­թիւնը»։ Գրքոյ­կին խո­րագի­րը թրքե­րէնի թարգմա­նած է՝ «Ruhani mi diktatör mı?»։ Տպագ­րուած է 1949-ին, Doğu Basımevi-ին մէջ, որ կը գտնուէր Ղա­լաթիա, Պիլ­լիւր փո­ղոց, Էվ­քաֆ խան, թիւ՝ 10։

Աւա­գեան Գէորգ Արսլա­նեանի տե­ղապա­հական աթո­ռին վրայ կրկին յայտնուիլը դժբախտ իրո­ղու­թիւն մը կը նկա­տէ, «որուն նմա­նը գրե­թէ ան­կա­րելի է տես­նել՝ իր ար­ժա­նապա­տուու­թիւնը լա­ւագոյն կեր­պով յար­գել գիտ­ցող ոեւէ ժո­ղովուրդի մը ծո­ցին մէջ»։ Հե­ղինա­կը կը գրէ, թէ հայ եկե­ղեցա­կանու­թեան շար­քե­րուն մէջ միշտ ալ եղած են իրենց սքե­մին ու կո­չու­մին հա­կասող, տխուր համ­բա­ւի տի­րացող անար­ժան դէմ­քեր, սա­կայն չի խոր­շիր պնդե­լէ թէ Գէորգ Արսլա­նեան իր ու­նե­ցած գոր­ծունէու­թեամբ, շա­հախնդիր նկա­րագ­րով եւ իր անձնա­կան գձուձ հա­շիւ­նե­րուն հա­մար բո­լոր իրա­ւունքներն ու նուիրա­կանու­թիւննե­րը ոտ­նա­կոխե­լու աս­տի­ճան ծայ­րա­յեղու­թեան մղուող եզա­կան խո­տելի բնազ­դով՝ յա­ջողած է ամէ­նուն վրայ «լե­մոն քա­մելով» իւ­րացնել ան­բաղձա­լի տիտ­ղո­սը։

Ըստ Աւա­գեանի «վուրտում տույ­մազ» մըն է Արսլա­նեան, որ առանց կա­րեւո­րու­թիւն տա­լու հան­րա­յին կար­ծի­քին, ո՛չ միայն չէ շե­ղած իր բռնած ազ­գավնաս ուղղու­թե­նէն, այ­լեւ իր քմա­հաճ, ապօ­րէն եւ միահե­ծան գոր­ծե­լակեր­պով յանդգնած է փոր­ձել ժո­ղովուրդին համ­բե­րու­թիւնը՝ եկե­ղեցի­ներու շրջա­փակե­րու մէջ կա­տարուած դժգո­հու­թեան ու բո­ղոքի ցոյ­ցե­րով։ «Եւ սա­կայն, հա­կառակ ասոր, Գէորգ Արսլա­նեան ան­տարբեր է բո­լորո­վին, վուրտում՝ տոյ­մազ, որ չի շար­ժիր իր տե­ղէն, մին­չեւ որ բռնես օձի­քէն եւ տա­պալես՝ հինգ տա­րիէ ի վեր ապօ­րէն կեր­պով իր գրա­ւած աթո­ռէն»։

Ըստ Աւա­գեանի, Արսլա­նեան օրէնք, կա­նոն, խիղճ եւ զգա­ցում առ ոչինչ հա­մարող խառ­նուած­քի տէր եկե­ղեցա­կան մըն է, որ իր ամ­բողջ կեան­քի շրջա­նին մէկ նպա­տակ հե­տապնդած է՝ դրա՛մ եւ մի՛ միայն անձնա­կան շահ։ «Պարզ խօս­քով, Գէորգ Արսլա­նեան ծնած է փա­րայի հա­մար, մեծ­ցած է՝ նո­րէն փա­րայի հա­մար, ապ­րած է՝ փա­րայի հա­մար եւ վեր­ջա­պէս եկե­ղեցա­կան աս­պա­րէզը ընդգրկած է՝ ո՛չ թէ Աս­տուած, այլ մի՛միայն դրա­մը պաշ­տե­լու, անոր երկրպա­գելու, յա­նուն անոր եր­դուելու եւ դրա­մը միայն իբր նուիրա­կան բան ճանչնա­լու իր կեան­քին մէջ»։ Մէկ խօս­քով, կը գրէ Լե­ւոն Աւա­գեան, «Գէորգ Արսլա­նեան փա­րա ըսել է եւ փո­խադար­ձա­բար փա­րան ալ՝ Գէորգ Արսլա­նեան»։

Հե­ղինա­կը Արսլա­նեանի նիւ­թա­պաշ­տութիւ­նը քա­նի մը փաս­տե­րով մէջ­տեղ դնե­լէ ետք (Պալ­պա­լեան ժա­ռան­գութեան հար­ցը, փո­խան դրա­մի կա­տարուած քա­հանա­յական ձեռ­նադրու­թիւն մը, հա­ւատա­փոխի յու­ղարկա­ւորու­թիւն մը, Խաս­գիւղի եկե­ղեց­ւոյ չօ­ծուի­լը՝ որով­հե­տեւ տե­ղապա­հին պէտք եղած դրա­մը չէ տրուած եւլն.), զայն «բա­ցայայտ տիք­թա­թօռ մը, միահե­ծան վար­չա­ձեւի աննկուն ներ­կա­յացու­ցիչ մը, հա­միտա­կան խմո­րով թրծուած եկե­ղեցա­կան մը» կը նկա­տէ, որ ո՛չ օրէնք կը ճանչնայ, ո՛չ ալ կա­նոն։ Արսլա­նեան որ­պէս ար­տա­յայ­տութիւ­նը իր եսա­մոլու­թեան կամ փա­ռամո­լու­թեան՝ կը պա­հան­ջէ, որ Պա­տարա­գի պա­հուն յի­շատակուի իր անու­նը, ինչ որ եկե­ղեցա­կան օրէնքնե­րու եւ կա­նոն­նե­րու չի հա­մապա­տաս­խա­ներ։ Տե­ղապա­հին այս պա­հանջքը դուռ կը բա­նայ նոր վէ­ճերու։ «Գող­թան»ի եւ «Զուարթնոց»ի նա­խաձեռ­նութեամբ՝ երգչա­խումբե­րը չեն յի­շատա­կեր բնաւ տե­ղապա­հին անու­նը՝ քմա­հաճ եւ ապօ­րինի նկա­տելով զայն։

Արսլա­նեան իրեն դէմ ըմ­բոստա­ցող եւ պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թիւն պա­հան­ջող պա­տուախնդիր հո­գեւո­րական­նե­րուն դէմ կը բա­նեց­նէ ճնշումներ՝ կը սպառ­նայ զա­նոնք աք­սո­րելով, կը կա­խակա­յէ, կը պատ­ժէ այ­լե­ւայլ մի­ջոց­նե­րով, որոնք յա­րիր չեն ան­շուշտ բարձրաս­տի­ճան եկե­ղեցա­կանի մը վար­քին։ Նոյ­նիսկ, ըստ Լե­ւոն Աւա­գեանի, իր սպառ­նա­լիք­նե­րը պատ­ճառ կը դառ­նան Խոս­րով վար­դա­պետի մա­հուան։

Գրքոյ­կի աւար­տին հե­ղինա­կը ման­րա­պատում մը կը պատ­մէ Արսլա­նեանի տե­ղապա­հու­թեան առա­ջին շրջա­նէն։ Ընդհա­նուր ժո­ղովի օրա­կար­գի նիւթն էր անվստա­հու­թիւն տե­ղապա­հին դէմ։ Զա­նազան բա­նաձե­ւերու շար­քին, ժո­ղովը կանգ առած էր բա­նաձե­ւի մը վրայ, որ պար­սա­ւանք կ՚առա­ջար­կէր։ Խօսք կ՚առ­նէ հե­ղինա­կաւոր անուն մը՝ Հմա­յեակ քհնյ. Էք­սէրճեան. «Տէ՛ր ատե­նապետ, այս մար­դը (եւ ցու­ցա­մատը շեշ­տա­կի Արսլա­նեան ար­ք.ին ուղղած), այո՛, այս մար­դը ի՞նչ կը հասկնայ պար­սա­ւան­քէն։ Անոր տա­սը փա­րայի տու­գանք մը սահ­մա­նեցէք, այն ատեն կրնայ թե­րեւս քիչ մը ազ­դուիլ…»։

Ոմանք յա­ճախ թե­լադ­րանքներ կամ յանձնա­րարա­կան­ներ կ՚ուղղեն աջ ու ձախ, որ­պէսզի եկե­ղեցա­կան­նե­րուն հան­դէպ հա­սարա­կու­թիւնը ըլ­լայ աւե­լի յար­գա­լից, սա­կայն այդ թե­լադ­րանքնե­րուն կամ յանձնա­րարա­կան­նե­րուն հե­ղինակ­նե­րը եր­կու խօսք մըն ալ չեն ուղղեր անուղղայ եկե­ղեցա­կանին։ Կլո­րակ խօս­քե­րով, առանց անուններ նշե­լու խա­ղաղու­թեան ու­նայն կո­չեր կ՚ար­ձա­կեն հոս ու հոն, երբ շատ լաւ գի­տեն, թէ որուն քովն է հար­ցի լուծման բուն բա­նալին։ Լե­ւոն Աւա­գեանի աւե­լի քան 60 տա­րուան ան­ցեալէն մե­զի հաս­նող գրքոյ­կը ո՛չ միայն պատ­մա­կան ան­ցեալ մը կը կեն­դա­նաց­նէ, այլ հա­մար­ձա­կու­թիւն կը ներշնչէ բո­լոր անոնց, որոնք կը պայ­քա­րին նո­րօրեայ անարժան եկեղեցականին դէմ։

Ակօս

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter