HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Ո՞րն է Մեր Առաջնահերթութիւնը

Մօտաւորապէս երկու տարի առաջ, երբ ամբողջ ազգով Ցեղասպանութեան 100-ամեակը նշելու կը պատրաստուէինք, դիմատետրի էջիս վրայ կատարեցի հետեւեալ անգլերէն գրառումը.

I don't care about what Obama says; I don't care about Putin coming to Yerevan or going to Istanbul; I don't care about the reactions to Pope's remarks; I don't care about the EU parliament's resolution; or about Hollande, Merkel, or whoever and whatever. Not that they are not important, they truly are. But more important for me is my people in Armenia: our soldiers on the front-line fighting the Turks but paying bribes to their officers for their rightful rest leaves; the taxi driver being harassed by the traffic police on daily basis and paying half of his pitiful income to the 'unknown' owners of traffic cameras; the 40 percent of the people, or 1,200,000 citizens of Armenia living in poverty and not having enough bread to feed their children; the 5000 Armenians leaving their ancestral land every month and moving to Russia and elsewhere (that's 5 villages emptied every month!); the heroes being imprisoned for telling the truth and the oligarchs getting away with murder; the rich rulers getting richer and the poor people dying of simple illnesses because they can't afford a doctor's visit...

The world is honoring our dead martyrs, while we ourselves have neglected the downtrodden, living people of Armenia. We are crying for our lost lands and fail to see how the Armenia we now have is crumbling. We are dreaming of a historic Armenia while not being able to build the Armenia that is here and living in despair... 

I really do not care what the world says about the Armenian Genocide, because they do not care about the Armenia of today... I do not care how many countries will recognize the Genocide, because they do not ensure a brighter Armenia for our children. For me, the best way to honor the martyrs is to fight for a strong and democratic Armenia, a country that ensures a future for its children living here and abroad. A powerful, democratic, just and prosperous Armenia is the best remedy for our wounds. It IS our future, it is the base of our dreams of a bigger homeland, a place where our just cause will never die, a land where our culture will always flourish. 
Yes, say whatever you want, I do not care about Obama, or Putin or whoever...

Գրառումս հազիւ տեղադրած էի, երբ անդրադարձայ, որ փոթորիկ սկսած էր դիմատետրին վրայ: Թեր ու դէմ կարծիքներ, մեղադրանքներ, ամբաստանութիւններ, գնահատանքի խօսքեր, քննադատական արտայայտութիւներ... Ոմանք՝ Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ սէպ խրելու մեղքը կը դնէին վիզիս: Ուրիշներ քաղաքագիտութեան դասեր կու տային ինծի, ըսելով, որ Թուրքիան անպայման պէտք է հատուցում տայ Հայաստանին, որպէսզի Հայաստանը հողեր եւ ծովային ելք ստանայ՝ տնտեսութիւնը զարգացնելու համար: Դիմատետրի ընկերներէս շատեր այնքան վիրաւորուած էին, որ Սփիւռքահայութեան ուղղուած անարգանք կը համարէին գրութիւնս եւ կը պահանջէին, որ ներողութիւն աղերսեմ բոլորէն: Եւ այդպէս ալ ըմդդիմախօսներս չհասկցան, որ դիմատետրեան գրառումս առաջնահերթութիւները ճշդելու եւ յանուն ապագային՝ ՆԵՐԿԱՅ հայրենիքը փրկելու սրտագին կոչ մըն էր, աղերսագիր մը, պոռթկում մը, յուսահատ ճիչ մը:

Երկու տարի անցած է այս գրառումէս: Այդ օրերէն մինչեւ այսօր՝ Սփիւռքի մէջ 100 միլիոն տոլարէ աւելի գումար ծախսուած է Ցեղասպանութեան մասին միայն ՄԷԿ ֆիլմ նկարելու համար: Նոյնքան գումար ծախսուած է հաւանաբար՝ աշխարհի 5 ցամաքամասերուն հարիւրաւոր քաղաքներու մէջ Ցեղասպանութեան ամեակները նշելու նպատակով: Քանի մը երկիր ի վերջոյ ճանչցած են Ցեղասպանութիւնը եւ յայտարարութիւններ կատարած են այս մասին: Եղած են ակադեմական կարեւոր հրատարակութիւններ, ցոյցեր, հարիւրաւոր յօդուածներ, լոպիինկի հսկայ աշխատանք... Եղած է շատ բան, անչափելի գործ, որուն գնահատականը բառերով կարելի չէ արտայատել, ոչ մէկ խօսք այդ մասին:

Երկու տարի անցած է այս գրառումէս: Այդ օրերէն մինչեւ այսօր՝ աւելի քան 80 հազար հայեր արտագաղթած են արդէն իսկ ժողովրդագրական աղէտ ապրող Հայաստանէն, 1994-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանը կորսնցուցած է 800 հեկտար հող, արտաքին պետական պարտքը անցած է արդէն 6 միլիառ տոլարը, տնտեսական յատկանշական ո՛չ մէկ աճ արձանագրուած է, աղքատութիւնը նուազելու փոխարէն մագլցում արձանագրած է, ազգակործան կաշառակերութիւնը կը մնայ ու կը մնայ, ժողովրդավարական ո'չ մէկ յառաջընթաց, ընդհակառակը՝ շինծու հանրաքուէներ եւ ընտրակաշառքով ընտրութիւններ ու նոր խորհրդարանի ձեւաւորում:

Աւելի՛ն, ապրիլեան պատերազմի աւելի քան 100 նահատակներու արիւնով միայն հասկցանք, որ փտախտը մտած է սրբութիւն սրբոց բանակէն ներս (այս մասին նոյնիսկ պետական բարձրաստիճան այրերը արտայայտուեցան): Պատերազմէն կարճ ժամանակ մը ետք անդրադարձանք, որ ժողովուրդին դժգոհութիւնը արդէն վաղուց յորդած է բաժակէն, դանակը հասած է ոսկորին: Այլապէս ի՞նչ բացատրութիւն պէտք է տալ Սասնայ Ծռեր անունով զինեալ խումբին ցոյց տրուած ժողովրդային աջակցութեան: Վերջապէս հասկցանք, որ երկրի թալանը հասած է այնքա՜ն ահաւոր մակարդակի, որ նոյնիսկ առաջնագծի վրայ ծառայող աղքատ, անապահով ընտանիքէ եկած զինուորներուն հացն ու զինամթերքը չի խնայեր:

Ու դեռ՝ աշխարհէն արդարութիւն պահանջող հայութիւնը չտեսա՞ւ, որ անցնող երկու տարիներուն Հայաստանի մէջ անարդար հանրաքուէներն ու ընտրութիւնները, կաշառքը, ճնշումնով ու բռնութեամբ ժողովուրդին քուէն իւրացնելու մեքենայութիւնները, օրինական բողոքներ կազմակերպող քաղաքացիներու վրայ յարձակումները, լրագրողներու խոշտանգումները, ընդդիմախօսներուն իբրեւ «օտար ուժերու ծառայողներ» վերագրումները պետութեան հիմերը քանդելէ ու Հայ Դատին մեծագոյն վնաս հասցնելէ զատ ուրիշ ոչ մէկ բանի ծառայեցին:

Անցնող երկու տարիներուն՝ Հայաստանի մէջ իշխանութիւնները նոյնքան մօտեցան իրենց ժողովուրդին, որքան անցնող 102 տարիներուն Թուրքիան... Ցեղասպանութեան ճամաչումին: Իսկ որեւէ պետութեան կայացման համար աւելի վտանգաւոր բան կա՞յ, քան ինքզինք վերարտադրող իշխանութեան եւ յուսախաբ ու բարոյալքուած ժողովուրդի միջեւ օրէ օր խորացող վիհը:

100-ամեակէն երկու տարի յետոյ, ցոյցերու մասնակցելէ, անկցի՛ Էրտողանը գոռալէ, արցունքախառն աչքերով «Խոստումը» դիտելէ ետք, հիմա արդէն երբ տուն վերադարձած ենք ազգային մեր պարտքը կատարած ըլլալու հոգեկան հանգստութեամբ ու մաքուր խղճով՝ բոլորս ալ հաւանաբար կը հաւատանք, որ շուտով Ամերիկան եւ ամբողջ աշխարհը պիտի ճանչնան Ցեղասպանութիւնը ու դատապարտեն Թուրքիոյ դրժողականութիւնը, կամ՝ կը յուսանք, որ եթէ ոչ երկու տարի, ապա 20 տարի յետոյ, կամ օրին մէկը, Թուրքիան մեղայականի պիտի գայ ու ծնկաչոք ներողութիւն խնդրէ իր մեծագոյն ոճիրին համար։

Ուրեմն, Թուրքիոյ ծնկաչոք ներողութիւնը տեսնելէն եսք, խնդրեմ պատասխանենք՝  

Յետոյ ի՞նչ, ճանաչումէն ու ներողութենէն յետոյ՝ ի՞նչ:

Հիմա ըմդդիմախօսներս պիտի ըսեն՝ ի՞նչ կը նշանակէ «յետոյ ի՞նչ»: Յետոյ՝ հողերու վերադարձ, նիւթական վնասներու հատուցում, Միացեալ Հայաստան, հայահաւաք, 10 միլիոն հայի վերադարձ դէպի Միացեալ Հայաստան ու պապենական հողեր, ազատ ու ժողովրդավար պետութեան կառուցում, անկախ ու հզօր հայրենիք...

«Իյա՜, Իրօ՞ք... Լաւ էլի՛», պիտի ըսէր Երեւանի փողոցներուն մէջ անգործ թափառող եւ աջէն ու ձախէն հայրենասիրութեան դասեր ստացող, սոված, գլանիկին գերի դարձած, ամերիկեան վիզա երազող համալսարանաւարտ, անգործ երիտասարդը:

Ճանաչում ու հողեր՝ առանց հայի Հայաստանի մը համա՞ր: Լրջանանք, ընկերներ: Երբ ներկայ Հայաստանը կը հայաթափուի, երբ հայրենիքը արիւնաքամ է, աղքատութիւնը՝ համատարած, ժողովուրդի յուսահատութիւնն ու յուսալքութիւնը՝ խոր ու աւերիչ, երբ հայրենիք ու Աստուած չճանչցող օլիգարխիան է Հայաստանի տէրն ու տիրականը, ի՞նչ հայահաւաքի ու հողահաւաքի մասին է խօսքը...

Երկու տարի յետոյ, իրերու այս ընթացքով, Հայաստանէն հեռացած պիտի ըլլան եւս 80000 հայեր, այսինքն՝ գրեթէ Վանաձորի չափ քաղաք մը դատարկուած պիտի ըլլայ իր բնակչութենէն: Արցախի հարցի «լուծման» նոր խայտառակ պայմանագրեր պիտի դրուին սեղանին վրայ, մենաշնորհները աւելի պիտի արմատաւորուին, եւ ոչ միայն առեւտուրի, այլեւ՝ քաղաքական ու մշակութային կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ եւ մշակն ու բանուորը պիտի շարունակեն կքիլ շահագործող ցեցերու լուծին տակ: Ու դեռ՝ օտար ուժերու գերին դարձած իշխանութիւնները ազգի ճակատագրին վերաբերող որոշումները պիտի առնեն ոչ թէ հայրենի ժողովուրդին անսալով, այլեւ՝ մօտիկ ու հեռու մեծ պետութիւններուն կամքին ենթարկուելով: Տակաւին, ահագնացող խնդիրներուն չափ՝ մեծ ու պոռոտախօս պիտի դառնայ կեղծ ազգայնական հռետորութիւնը, որուն ամպհովանիին տակ պիտի շարունակուի ժողովրդավարութեան բռնաբարումը, յանուն իշխանութեան պահպանման եւ օլիգարխիայի տիրակալ ներկայութեան: Ու մենք՝ պիտի շարունակենք Ցեղասպանութեան մասին ֆիլմեր նկարահանել, ցոյցեր կազմակերպել, Թուրքիայէն ճանաչում ու հող պահանջել, առանց վայրկեան մը իսկ մտածելու, որ ներկա՛յ, գոյութիւն ունեցող հայրենիքի հայաթափումը կը շարունակուի աղետալի կշռոյթով...

Եւ այդպէս ալ պիտի չհասկնանք, որ թոյլ ու մուռացկան հայրենիքով՝ ոչ մէկ հարց պիտի լուծուի ի նպաստ հայ ժողովուրդի շահերուն:

Պիտի չըմբռնենք, որ աղքատ ու յուսալքուած ժողովուրդով՝ չարաչար պիտի օգտագործուինք մեծապետական ուժերու կողմէ եւ ի վեջոյ մեր Արդար Դատը պիտի օգտագործուի իրե՛նց շահերուն համար, պիտի օգտագործուի մե՛ր իսկ դէմ, ու շատ հաւանաբար՝ մեր իսկ ձեռքով:

Պիտի չանդրադառնանք, որ մինչ մենք մեծ ու պատմական Հայաստանը կ'երազենք ու կը պահանջենք, չենք ուզեր տեսնել, որ ներկայ, գոյութիւն ունեցող Հայաստանը կ'ընկողմանի անարդարութեան մէջ, շահագործող ցեցեր կը խմեն հայրենիքի թշուառ ժողովուրդին քրտինքն ու արիւնը,  եւ անարդարութենէ ու աղքատութենէ յոգնած, յուսախաբ հայեր կը հեռանան իրենց տուն ու տեղէն: Մեծ երազներու ետեւէն ինկած՝ պիտի չտեսնենք պզտիկ Հայաստանի հայաթափումը, իմա՝ կործանումը:

Եւ յանկարծ այս բոլորին համար Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը չմեղադրենք: Այո՛, անոնք յանցաւոր են Հայասպանութեան, հայատեացութեան, շրջափակումներու, Արցախի վրայ յարձակումներու եւ շատ ու շատ մեծ ու փոքր մեղքերու հանար: Իսկ Հայաստանի մէջ փտախտին, կաշառակերութեան, բանակի եւ ազգի կողոպուտին, պետպիւտճէի թալանին, անարդարութիւններուն, ժողովուրդի քրտինքի եւ արեան շահագործումին մեղաւորները ովքե՞ր են: Ամէն տեսակ խարդաւանանքի եւ խարդախութեան, չարաշահումներու, կեղծարարութեան, գողութեան, թալանի ու կաշառքի հանդուրժումով կարելի՞ է առողջ պետութիւն կառուցել:

Այո, շատ լաւ կը հասկնամ, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ դատապարտումը, այլեւ՝ կանխումը, նախ եւ առաջ կարեւոր է Հայաստանի գոյութիւնը եւ հայ ժողովուրդի ֆիզիքական անվտանգութիւնը երաշխաւորելու առումով: Բայց արդեօ՞ք նոյնքան վտանգած չենք ըլլար Հայասատանի եւ Արցախի գոյութիւնն ու ժողովուրդի անվտանգութիւնը, եթէ թոյլ տանք, որ հայրենիքի հայաթափումը շարունակուի նոյն թափով, ապիկար ղեկավարներու ստեղծած կոռուպցիոն համակարգը շարունակէ խարխլել պետութեան հիմերը, կողոպտուի բանակին վառելանիւթն ու սնունդը... Արդեօ՞ք նոյնքան վտանգած չենք ըլլար մեր հայրենիքի եւ ժողովուրդի ապահովութիւնը, եթէ շարունակուի օլիգարխիայի կողմէ հայ աշխատաւորին՝ մշակ-բանուորի քրտինքին չարաշահումը, ազատ հայ քաղաքացիին իրաւունքներուն եւ առաջին հերթին՝ ընտրելու իրաւունքին ոտնակոխումը, մարդկային իրաւանց շարունակական խախտումները, ժողովրդավարութեան անուան տակ՝ խարդախ ընտրութիւններով նոյն այս անարդար, այլեւ ազգակործան համակարգի շարունակական վերարտադրութիւնը:

Ու հիմա կը կրկնեմ երկու տարի առաջ գրառումիս հիմնական միտքբանին՝ Հայասպանութեան մեծ ոճիրի ճանաչումը, դատապարտումը եւ հատուցումը  կրնանք իրականութիւն վերածել ա՛յն ժամանակ, երբ ունենանք հզօր հայրենիք, ժողովուրդի արդար քուէով ընտրուած հաշուետու իշխանութիւններ, լիովին ազատ, մարդկային լիարժէք իրաաւունքներով երաշխաւորուած պատասխանատու քաղաքացիներ, զարգացող տնտեսութիւն, բարեկեցիկ անհատներ եւ ընտանիքներ, քանակով եւ որակով բազմացող հայրենաբնակ ժողովուրդ, ուժեղ եւ գերարդիական զէնքերով օժտուած մարտունակ բանակ, վստահելի արդարադատութիւն, մեծ ու փոքր երկիրներէ յարգուած եւ ոչ թէ այս կամ այն ուժի խաղալիքին վերածուած պետութիւն:

Առաջնահերթութիւններու ցանկին վրայ, առաջինը պէտք է դնել հզօր եւ զարգացած, իսկապէս ժողովրդավար եւ հայութիւնը մագնիսի նման Հայաստան հրաւիրող հայրենիքի մը կառուցումը:

Խեղճ ու կրակ, թոյլ ու անտէր, պարտքերու տակ խեղդուած, ապիկար եւ ապօրինի «ընտրուած» ղեկավարներով երկիր մը, որ ոչ թէ Սփիւռքահայութեան, այլ նոյնիսկ ի՛ր հողերուն վրայ ապրող ժողովուրդի նուազագոյն կարիքներն ու իրաւունքները չի կրնար ապահովել, հայասպանութեան ճանաչման ու հայկական իրաւունքներու, այլ խօոսքով՝ Հայ Դատին համար կաթիլ մը օգուտ չունի: Ընդհակառակը, վնասէ զատ ուրիշ բան չի՛ կրնար տալ: 

Սա չի նշանակեր մէկդի դնել Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքները: Քաւ լիցի: Յանկարծ չմտածէք, որ այս աշխատանքները թերագնահատելու, արժեզրկելու նպատակ կայ տողերուս մէջ: Այս տողերը կոչ մըն են քննարկելու, տեսնելու, թէ Հայ Դատի արդար լուծման ճամբուն վրայ, ներկայ Հայաստանը զարգացող, ժողովրդավար, պետութեան մը վերածելը ամէնէն կարեւոր հանգրուանն է: Ուրեմն, ուժերու գերագոյն լարումով՝ աշխատանքները կեդրոնանցնենք նաեւ այդ ուղղութեամբ: Քանի դեռ ուշ չէ, քանի դեռ մեր Մեծ Հայաստանի փոքրիկ այս կտորը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, այս փոքր ածուն, ոտքի է, եւ միակն է, որ հայրենի՛ք է, հակառակ իր անհեռատես իշխանութիւններու բոլոր սայթաքումներուն: 

Գրեցէ՛ք ինծի:

Րաֆֆի Տուտագլեան

[email protected]

Մեկնաբանություններ (9)

Մինաս
Մեծապես իրավ է հարգելի Րաֆֆին: Սակայն ի՞ նչ պետք է անել եւ ի՞նչպես անել, երբ մենք այդպիսին ենք բնույթով, այսինքն հավաքապես քիչ բանի պիտանի ենք (եւ դա բնավ նոր երեւույթ չէ!) Մեծահամբավ Քրքը 250 մլն նվիրեց հայոց աթոռակալներին: Հուսախաբ լինելով, նա որոշեց այլեւս ֆիլմ ստեղծելու վրայ դրամ դնել! Թերեւս մի համակարգող գաղտնի խորհուրդ ու ներհայկական ներքին դատարան հարկավոր է ստեղծել, հասկանալի գործառույթներով?
Vahan Asrabian
Ռաֆֆի, Հայաստանին սպառնացող ահռելի վտանգներուն նկատմամբ ձեր անկեղծ մտահոգութիւններուն ընդդիմացողները անյոյս տկարամիտներ են: Եւ անոնք մեծամասնութիւն են ուծացող Սփիւռքի մէջ, ճի՛շտ այնպէս` ինչպէս 10000-անոցները, աւա՜ղ, մեծամասնութիւն է Հայաստանի մէջ:
Այո, այո
Հայ ժողովրդի տկարամիտ ու անպատիվ մուրացկանների հիվանդագին երևակայությունների մղձավանջներ: Ունեցածը գնահատելու և պահելու փոխարեն, կորցրածի դարդն են լացում: Ողբերգությունը վաղուց վերածվել է կատակերգության: Այո, այո, անցյալը հիշելը ու ընդվզելն ապահով է ու եկամտաբեր:
Քամ
Անիմաստ է սրանց քարոզել, Եղեռնը դարձրել է շոու սփյուռքում թէ Հայաստանում: Անցյալն հիշելը ու ընդվզելը ապահով է ու եկամտաբեր, ժամանակն է երես թեքել երկերեսանիությունից ու ամբոխավարությունից ու կենտրոնանալ ունեցածի վրա, 102 տարում ներկա ռեսուրսով հասել ենք ներկա իրականությանն ու մաքսիմումին
Վահան Ասրապեան
Ապրի՛ք, Ռաֆֆի:
Արմեն
Բրավո Րաֆֆի, հուսամ՝ սփյուռքի 'ականջը' բաց է տողերիդ ուղերձն ընկալելու ու սրտին ընդունելու համար։ Մինասի մտքերի ընթացը (վերևում) հավանեցի։
Սիւզան
Լեզուիդ ԴԱԼԱՐ ԸՆԿ ՋԱՆ. ՅՈՅԺ ԳԵՐԳՆԱՀԱՏԵԼԻ ՀԱՅ ՍՐՏԻ ՊՈՌԹԿՈՒՄ. Յաջորդ գրարումով սպասելով սփիւռքահայութեան դահիճներուն ձեռնոց նետելդ ընկեր ջան. Յաջողութիւն եւ ԶԳԱՍՏՈՒԹԻՒՆ Ազգին Մերոյ.
Anabel
Սրտիս խոսքերը ասացիք սիրելի Ռաֆֆի, ասածիտ պես միլիոններ ծախսեցինք սփիւռքի տարբեր քաղաքներում որ իմ կարծիքով ոչինչ պետք չեր, 20 տարի յետոյ հայրենիք ունենք թէ չունենք? երանի արթնանան մեր ղեկաւարները
HAROUT
Raffi, very well said we all agree with you. Unfortunately the corrupt government of Armenia is after plundering and looting Armenia and Armenian people.

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter