HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Մուկլիմանդիլ

Նամակ Երկրէն

Ամէն անգամ, երբ իբրեւ «Թուֆէնքեան հիմնադրամ»ի տնօրէն աշխատանքային այցով Ստեփանակերտ կը մեկնիմ, առաջնահերթութիւն կը համարեմ Արցախ տեղափոխուած սակաւաթիւ Սփիւռքահայերուն հանդիպիլ եւ ծանօթանալ անոնց պատմութիւններուն, փորձառութիւններուն, իրենց նոր կեանքի դրական ու բացասական դրուագներուն: Վերջերս, ազատագրուած տարածքներուն վրայ իրագործուող զարգացման մեր ծրագիրներուն հերթական այցելութիւնը կատարելէ ետք, երբ արդէն Ստեփանակերտ վերադարձած էի, պատահմամբ հանդիպեցայ պէյրութահայ Վարուժին, որ տարիներ առաջ տեղափոխուած էր Արցախ, լիբանանեան Ղ. Թելեքոմ ընկերութեան գլխաւոր հաշուապահի պաշտօնը ստանձնելու:

Բարեւելէ եւ փոխադարձ որպիսութիւն հարցնելէ ետք, Վարուժ առաջարկեց միասին երթալ «Մուկլիմանդիլ», բաժակ մը արցախեան գինի խմելու եւ թեթեւ ընթրիք մը ընելու համար: «Ոչ մի՛ ըսեր, չես զղջար, հաւատա՛, հաճելի տեղ մըն է, տէրն ալ Յորդանանէն եկած երիտասարդ հայ մըն է», պնդեց Վարուժ, երբ սկիզբը մերժեցի իր առաջարկը:

Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանէն Ստեփանակերտ տեղափովուած հայու մը հանդիպելու առաջարկը անդիմադրելի էր: Միտքս փոխեցի եւ Վարուժին հետ Ստեփանակերտի հրապարակէն քալելով գացինք «Մուկլիմանդիլ», ինքը գինի խմելու եւ պանիր ուտելու, ես՝ սեփականատիրոջ ծանօթանալու: Քանի մը րոպէ քալելէ ետք մտանք փոքրիկ սրճարան-ճաշարան մը, որ Երեւանի մէջ վերջերս սունկի պէս աճող «wine bar»-երը կը յիշեցնէ: Մի քանի սեղաններով, կոկիկ եւ ճաշակով կահաւորուած փոքրիկ սրահին մէկ անկիւնը սեղան մը գրաւեցինք: Մեզի միացաւ նաեւ Ղ. Թելեքոմի աշխատակիցներէն՝ զահլեցի Հաժը, որուն համար գինիէն ու պանիրէն աւելի՝ գրաւիչ էր արաբերէն իմացող մարդու մը ներկայութիւնը Ստեփանակերտի մէջ: «Միշտ հոս կու գամ, քանի որ լիբանանեան ճաշատեսակներ ունի, վրան ալ լաւ արաբերն գիտէ: Կարօտս այդպէս կ'առնեմ», ըսաւ Հաժ:

Վարուժ լիբանանեան քանի մը «մեզէ», պանիրներու տեսականի, աղցան եւ արցախեան համով գինի պատուիրեց, իսկ ես մատուցողուհիէն խնդրեցի մեր մօտ ուղարկել «Մուկլիմանդիլ»ի սեփականատէրը: Քանի մը վայրկեան յետոյ, մինչ մենք համեղ ուտեսները ու գինին կը վայելէինք, մեզի մօտեցաւ երիտասարդ մը եւ ծանօթացուց ինքզինք. «Ես Կարօ Սէրփէքեանն եմ, այստեղի սեփականատէրը, ինչպէ՞ս կրնամ օգնել»:

Կարոյին հարցուցի, թէ ո՞ր հովերը զինք բերած են Արցախ, ինչո՞ւ տուն-տեղ, ընտանիք ու հարազատ թողած էր իր ետին եւ Ամմանէն եկած էր Ստեփանակերտ:

Կարօ պատմեց, որ շատերու պէս, ինքն ալ հայկական աւանդական ընտանիքի մէջ ծնած ու մեծցած էր եւ փոքր տարիքէն սորված էր, որ իր հայրենիքը Հայաստանն է: Յորդանանի մէջ լաւ գործ ունէր: Ամմանի համալսարանը հաշուապահութիւն ուսանած էր եւ աւարտելէ յետոյ սկսած էր աշխատիլ մեծ ընկերութեան մը մէջ:

«Ամմանը արդէն մեծ քաղաք է: Ինծի համար մեծ քաղաքի հսկայ ընկերութիւններէն մէկուն մէջ աշխատիլը ոչինչ կ'ըսէր: Առաւօտուն վազքը կը սկսի ու հեւքոտ կեանքի գերին կը դառնաս: Միշտ կը մտածէի, որ եթէ բոլորս ալ համոզուած ենք, որ Հայաստանը մեր հայրենիքն է, ապա ի՞նչ կ'ընենք այստեղ: Ինչո՞ւ կը բողոքենք օտարութենէ, յոգնութենէ, վազքէ ու հեւքէ: Որոշած էի, որ օր մը անպայման Հայաստան պիտի տեղափոխուիմ»:

Քանի մը տարի առաջ Կարոն «Birthright Armenia» ծրագրով Երեւան կու գայ ու յետոյ կը մեկնի Ստեփանակերտ, ուր որոշ ժամանակ մը կամաւոր աշխատանք կատարելէ ետք, կ'որոշէ հաստատուիլ եւ նոր կեանք սկսիլ այս փոքր, բայց սիրուն ու հանդարտ քաղաքին մէջ:

«Ուզեցի տարբեր տեսակի ճաշարան մը բանալ, ուր ոչ թէ աւանդական խորոված, այլ ուրիշ տեսակի ուտեստներ կ'առաջարկենք մեր յաճախորդներուն: Ի հարկէ, արցախցիները յամառ ժողովուրդ ըլլալով, դժուար վարժուեցան մեր ճաշերուն, բայց հիմա արդէն բոլորն ալ, բայց մանաւանդ երիտասարդները, հաճոյքով կու գան այստեղ: Ես աքորտիոն կը նուագեմ, շաբաթը մէկ անգամ երիտասարդ նուագողներ կու գան՝ կիթառով ու թմբուկով եւ այսպէս հաճելի երաժշտական երեկոներ կը կազմակերպենք», պատմեց Կարօ:

Երբ հետաքրքուեցայ գործի դժուարութիւններուն մասին, Կարօ բացատրեց, որ թղթաբանութիւնը գլխաւոր դժուարութիւնն է: «Բացի դիւանակալութենէն, ուրիշ դռուարութիւն չունիմ: Ընդհակառակը, արցախցիները զիս ընդունեցին գրկաբաց եւ դիւրացուցին աշխատանքս: Իրենք կը գնահատեն, որ Ամմանը թողելով եկեր եւ Ստեփանակերտի մէջ ներդրում կ'ընեմ, իմ փոքր լումաս կը դնեմ զբօսաշրջիկութեան զարգացման մէջ: Զիս իրենց եղբայրը կը համարեն: Ասկէ աւելի լաւ զգացում աշխարհի մէջ ուրիշ որեւէ մէկ տեղ չեմ կրնար ունենալ», աւելցուց Կարօ:

«Իսկ ինչո՞ւ «Մուկլիմանդիլ» դրած ես այս սրճարանիդ անունը: Հետաքրքական կը հնչէ, բայց իմաստը կ'ուզեմ հասկնալ: Ի՞նչ կը նշանակէ «Մուկլիմանդիլ», սա ի՞նչ լեզու է», հարց տուի ես:

Կարօ ըսաւ, որ արցախեան բարբառով  մուկլիմանդիլ կը նշանակէ սարդոստայն, սարդի ցանց: «Հաւանաբար առաջին անգամ լսողը պիտի մտածէ որ օտար բառ մըն է, բայց արցախցիք սարդոստայնին մուկլիմանդիլ կ'ըսեն: Անունը հաւանաբար քեզի բան մը չ'ըսէ, բայց ինծի համար խորհրդանշական է: Կը տեսնես այդ պատին վրայի քարտէսը: Աշխարհի չորս կողմէն մօտս եկող մարդոց կը հարցնեմ, թէ որ քաղաքէն եկած են, յետոյ այդ քաղաքը գիծով մը կը կապեմ Ստեփանակերտին: Այս ձեւով, Ստեփանակերտը ցանցին կեդրոնն է, բոլոր քաղաքները իրար կապողը: Նպատակս այդ ցանցը ընդլայնել է, որպէսզի բոլորս, հայ կամ օտար, բայց մանաւանդ՝ հայ, կապուինք Ստեփանակերտին: Եթէ հայ են, ուրեմն այստե՛ղ է իրենց կեդրոնը», բացատրեց Կարօ:

Գրեցէ՛ք ինծի:

Րաֆֆի Տուտագլեան

[email protected]

Մեկնաբանություններ (1)

Գրիգոր
Յունիսին կը հանդիպինք հոն...եթէ յաջողինք զիրար ճանչնալ։

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter