HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սպասման օրեր

Պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան հար­ցին շուրջ ստեղ­ծուած փա­կու­ղին կը շա­րու­նա­կէ ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն զբա­ղեց­նել հա­մայն­քա­յին օ­րա­կար­գը։ Այս օ­րե­րուն հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը ու­շի ու­շով կը հե­տե­ւին վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։ Ար­դա­րեւ, ան­ցեալ շաբթուան երկ­րորդ կէ­սէն սկսեալ սկսած են կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­նալ եւ պե­տու­թեան վե­րա­բեր­մուն­քին մէջ ալ կան կլի­մա­յի փո­փո­խու­թեան լուրջ ազ­դան­շան­ներ։

Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու ե­րէկ ու­նե­ցաւ իր նա­խա­տե­սուած հան­դի­պու­մը Վա­քըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Ատ­նան Էր­թէ­մի հետ։ Շի­րի­նօղ­լու այս մա­սին հա­կիրճ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց մե­զի եւ նշեց, որ Էր­թէմն ալ հաս­տա­տած է՝ Ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նի հան­գա­ման­քի ճա­նաչ­ման հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը։ Իր խօս­քե­րով, ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նին եւ տե­ղա­կա­լին հետ թէեւ օ­րուան ըն­թաց­քին ու­նե­ցած են եր­կար խորհր­դակ­ցու­թիւն­ներ, սա­կայն ա­նոնք ըստ էու­թեան ան­ցեալ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու ամ­փոփ­ման ու վեր­յիշ­ման ուղ­ղուած են։ Ատ­նան Էր­թէմ չէ խօ­սած մեծ նո­րու­թիւն­նե­րու մա­սին, միայն կրկնած է ան­ցեալ շա­բաթ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն կող­մէ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուի նկա­տառ­ման յանձ­նուած մօ­տե­ցու­մը, թէ նման ի­րա­վի­ճակ­նե­րու մէջ պե­տու­թիւ­նը կը նա­խընտ­րէ սա­տար հան­դի­սա­նալ ոչ թէ ան­հատ­նե­րու, այլ՝ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու։

Այ­սօր ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մե­րուն Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու պի­տի այ­ցե­լէր Իս­թան­պու­լի կու­սա­կա­լու­թիւն։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղան կը գտնուի քա­ղա­քիս մէջ՝ Շի­րի­նօղ­լուին տե­ղե­կա­ցուած է, թէ ժա­մադ­րու­թիւ­նը յե­տաձ­գուած է յետ­մի­ջօ­րէին։ Ա­տե­նա­պե­տը այս ա­ռա­ւօտ մե­զի հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին յայտ­նեց, որ ե­թէ օ­րուան ըն­թաց­քին ու­րիշ ա­նակն­կալ մը չպա­տա­հի՝ ա­պա յետ­մի­ջօ­րէին պի­տի այ­ցե­լէ կու­սա­կա­լու­թիւն։

Միւս կող­մէ, այ­սօր հա­մայն­քա­յին մա­մու­լին մէջ ալ կայ ու­շագ­րաւ ի­րա­դար­ձու­թիւն մը՝ Պատ­րիար­քա­րա­նի ճգնա­ժա­մին տե­սա­կէ­տէ։ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը Համ­բարձ­ման տօ­նի պաշ­տօ­նա­կան ազ­դին մէջ նա­խընտ­րած է չնշել հան­դի­սա­դիր ոե­ւէ սրբա­զա­նի մը ա­նու­նը։ Հա­մայն­քա­յին կեան­քի ներ­կայ պայ­ման­նե­րուն բե­րու­մով այս ե­րե­ւոյ­թը կա­րե­լի չէ են­թար­կել ա­նու­շադ­րու­թեան։

Հուսկ, սպաս­ման օ­րե­րը կը շա­րու­նա­կուին հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ժամանակ

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter