HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Վերջին Զա՞նգ, թէ Դաստիարակներու եւ Տնօրէններու Տարեվերջի Պահանջները Ամբողջացնելու Օր. Բաց նամակ ՀՀ Կրթութեան եւ Գիտութեան Նախարարին

Յարգելի՛ պարոն նախարար,

Իւրաքանչիւր տարուան նման այս տարի եւս կը մօտենայ «վերջին զանգ»ը… Բայց վերջին զա՞նգ, թէ դաստիարակներու եւ տնօրէններու  գրպաններուն բացերը փակելու օր… Ասիկա երկար տարիներէ ի վեր կը զարմացնէ ու կը վրդովեցնէ զիս, հակառակ անոր, որ դպրոցականներ չունիմ։

Վերջին զանգը աշակերտի համար ամենաշատ սպասուած օրերէն մէկն է բնականաբար, եւ ամենաշատ սպասուած օրերէն մէկը չի կրնար տխրութիւն եւ մտահոգութիւն պատճառել ոեւէ մէկուն, յատկապէս ծնողներուն։ Այստեղ, սակայն, նոյնիսկ եթէ շրջանաւարտները ուրախ են, մտահոգ ու տխուր են անոնցմէ շատ շատերու ծնողները, որոնք իրենց խնայողութիւնները եւ յաճախ օրուան հացին գումարը պէտք է յատկացնեն, որպէսզի կարենան ուրախացնել իրենց զաւակները, եւ գոհացնել անոնց դաստիարակներն ու տնօրէնները։

Ամէն տարի կը լսենք այն նոյն արտայայտութիւնը, թէ շրջանաւարտները դրամ կը հաւաքեն դաստիարակներուն ու տնօրէններուն նուէրներ առնելու համար։ Եւ ասիկա դեռ բաւարար չէ, շատ կը լսենք նաեւ, որ դաստիարակներն ու տնօրէնները պայմաններ կը դնեն աշակերտներուն՝ կապուած անոնց նուէրին հետ, որ «չըլլայ այնպիսի բան բերէք, որ չգիտնամ ուր պիտի շպրտեմ», «չըլլայ սովորական ծաղկավաճառի մը քովէն ծաղիկներ բերէք ինծի», «չըլլայ այս», «չըլլայ այն», ու շատ անգամ, նոյնիսկ կը պահանջեն, որ նուէրը փոքր պահարանի (ծրար) մէջ դրուած փոխանցուի իրենց։ Այստեղ մէջս կը ծագի ՇԱՏ ՄԵԾ ինչու մը. ԻՆՉՈ՞Ւ… ինչո՞ւ այս մակարդակին պիտի իջնեն հայ ուսուցիչն ու տնօրէնը։ Ինչո՞ւ ընդհանրապէս նուէր պիտի պահանջեն աշակերտէն։ Չէ՞ որ ասիկա աշակերտին ուրախութիւնն է, եւ ուսուցիչն ու տնօրէնը իրենք են որ պիտի նուէրներ տան անոնց։

Յաճախ այս թեմայով խօսող ծնողներու դիմելով հարց կու տամ, թէ ինչո՞ւ չեն բողոքեր. բոլորէն, սակայն, միշտ կը ստանամ նոյն պատասխանը, թէ «երեխայիս առաջին ուրախութիւնն է, ինչպէ՞ս բողոքեմ»։

Մօտաւորապէս նոյնպիսի պատասխան կը ստանամ, երբ հարց կու տամ, թէ ինչո՞ւ չեն բողոքեր, երբ օրինակ, ուսուցիչը իրենց երեխաներուն կը պարտադրէ յաւելեալ ժամերով իր մօտ մասնաւոր դասերու յաճախել, որպէսզի բարելաւեն իրենց վիճակը։ Ինչո՞ւ ուսուցիչը այդ նոյն աշխատանքը դասարանին մէջ ՃԻՇԴ ձեւով չի կատարեր, որպէսզի աշակերտին վիճակը բարելաւուի։ Տարբեր պիտի ըլլար պարագան, եթէ ուսուցիչը իր դասաւանդած նիւթին լաւ չտիրապետէր եւ աշակերտը, ստիպուած, դիմէր աւելի լաւ մասնագէտի։ Ծնողները չեն բողոքեր, վախնալով, որ նոյն ուսուցիչը կրնայ հակառակիլ իր զաւակին հետ։

Ի՞նչ կը մտածէ նախարարութիւնը նման իրավիճակներու ժամանակ։ Արդեօք քայլեր կը ձեռնարկուի՞ն՝ վերջ տալու այս խեղկատակութեան։ Եւրոպայի դռներէն ներս մտնել փափաքող երկրի մը դպրոցներուն արդեօ՞ք յարիր է այսպիսի վիճակ։ Ես կը կասկածիմ, որ այս մոլորակի վրայ կայ այնպիսի երկիր մը, ինչպէս Հայաստանը, որ ունենայ այսքան հզօր ուղեղներ, այսքան հանճարներ, այսքան գիտնականներ։ Բայց ի՞նչ քայլեր կը ձեռնարկուին այս բոլորը օգտագործելու մե՛ր իսկ ժողովուրդին համար, մե՛ր իսկ երկրի զարգացման ու բարգաւաճման համար։

Մեր ԵՐԿՐԻՆ ու մեր ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ չի վայելեր ճղճիմութիւնը, չի վայելեր հին ու ողորմելի սովորոյթներէ կառչած մնալը, չի վայելեր տեղքայլը։ Ձերբազատինք այս երեւոյթներէն, որպէսզի ոչ միայն բարձրանանք, այլեւ՝ մեր հզօր ուղեղներով զարմացնենք ողջ աշխարհը…

Յարգանքներով՝

Նարինէ Տումանեան

«Եռագույն»

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter