HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Զօրակցութեան շրջան

Թրքա­հայ ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քէն ներս եր­կար ժա­մա­նակ վերջ զգա­լի դար­ձած է ո­րոշ չա­փով լից­քա­թա­փում մը։ Պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան տագ­նա­պա­լի գոր­ծըն­թա­ցէն ներս կլի­մա­յի փո­փո­խու­թեան զու­գա­հեռ այժմ կը սպա­սուի Ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նի ժա­ման­ման։

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան նա­խըն­թաց օր ի­րեն նա­մակ մը ու­ղար­կե­լով տե­ղե­կա­ցու­ցած էր, որ պատ­րաստ է Պատ­րիար­քա­րա­նի ղե­կը յանձ­նել ի­րեն։ Այս հրա­ժա­րա­կա­նին կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւ­նը, վստա­հա­բար, յա­ռա­ջի­կա­յին պի­տի բիւ­րե­ղա­նայ ա­ռա­ւել եւս։ Բայց եւ այն­պէս, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ առ­նուած ար­մա­տա­կան քայ­լին զու­գա­հեռ ստեղ­ծուած գե­տի­նը, ա­պա­հո­վուած ար­դիւն­քը պէտք է վար­պե­տօ­րէն վե­րա­ծել հա­ւա­քա­կան ձեռք­բե­րու­մի մը՝ որ­պէս­զի մեր հա­մայն­քը ող­ջու­նէ խա­ղաղ շրջան մը եւ ա­նոր առ­ջեւ ու­րուագ­ծուի զօ­րակ­ցու­թեան հո­րի­զոն մը։

Թրքա­հայ ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քէն ներս բո­լո­րուած ա­լե­կո­ծեալ շրջա­նին ամ­փո­փու­մը ու­նի էա­կան նշա­նա­կու­թիւն։ Այդ նշա­նա­կու­թիւ­նը ի զօ­րու է թէ՛ մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յին հա­մար եւ թէ ա­ւե­լի եր­կա­րա­ժամ­կէտ ա­ռու­մով։ Պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցի շա­րու­նա­կու­թեան մէջ ա­ւե­լի ա­մուր հիմ­քի մը վրայ գոր­ծե­լու հա­մար կա­րե­ւոր է այս վեր­ջին շրջա­նի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րէն քա­ղել ա­ռա­ւե­լա­գոյն դա­սը։

Մեր հա­մայն­քի բո­լոր շրջա­նակ­նե­րը ան­ցեալ տագ­նա­պա­լի շրջա­նին վա­ր-ւած են՝ ըստ ի­րենց հա­յեաց­քին եւ ի­րենց ա­մե­նաօգ­տա­կար նկա­տած ձե­ւին։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի դէմ ար­մա­տա­կան ձե­ւով տրա­մադ­րուած շրջա­նակ­նե­րը բուռն ընդ­դի­մու­թիւն մը յա­ռաջ տա­րին, բո­ղոք­նե­րով հան­դերձ։ Յա­րա­բե­րա­բար ա­ւե­լի չա­փա­ւոր կամ պա­ղա­րիւն շրջա­նակ­նե­րը նա­խընտ­րե­ցին ի­րենց պայ­քա­րը մղել՝ փոր­ձե­լով խնա­յել հա­մայն­քին ընդ­հա­նուր ան­դոր­րը։ Ա­նոնք շատ նրբան­կա­տօ­րէն փոր­ձե­ցին հա­ւա­սար վե­րա­բեր­մունք ցոյց տալ թէ՛ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նին եւ թէ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նին նկատ­մամբ։ Այ­սինքն, մար­դիկ փոր­ձե­ցին գործ­նա­կա­նօ­րէն ա­պա­ցու­ցա­նել, որ հա­կուած չեն չյար­գել պե­տու­թեան զգայ­նու­թիւն­նե­րը, բայց հա­կուած չեն նաեւ ան­տե­սել ե­կե­ղե­ցա­կան կարգ ու կա­նոն­նե­րը։ Այս նուրբ ի­րա­վի­ճա­կին մէջ ա­ռե­րե­ւոյթ կրա­ւո­րա­կան, սա­կայն շատ ազ­դու դի­մադ­րու­թեան ձեւ մըն էր այդ ա­նա­չա­ռու­թեան պահ­պա­նու­մը։

Եր­կու սրբա­զան­ներն ալ ներ­կայ ար­դիւն­քին մէջ ի­րենց դիր­քո­րո­շու­մով ու­նե­ցան լուրջ դեր մը։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան բա­ցար­ձա­կա­պէս չհա­կազ­դեց ի­րեն դէմ ստեղ-ծըւած բուռն ընդ­դի­մու­թեան։ Ան այս­պէ­սով կը ձգտէր բա­ցատ­րել, որ ամ­բո­խա­վար նպա­տակ­ներ չի հե­տապն­դեր եւ շուրջ տասն տա­րի Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին լու­ծը կրե­լէ վերջ կը ջա­նայ յա­ջողց­նել հե­զա­սահ ան­ցում մը։ Իր կար­գին, Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նի մե­ծա­գոյն ուժն էր միշտ խա­ղա­ղա­սէր մնալն ու հա­մե­րաշ­խու­թեան ձգտի­լը։ Ընտ­րեալ-տե­ղա­պա­հը վեր­ջին շրջա­նին այն­պի­սի կեր­պար մը մարմ­նա­ւո­րեց, որ բո­լո­րին վստա­հու­թիւն ներշն­չեց եւ բո­լո­րը հա­մո­զուե­ցան, թէ ան զերծ կը մնայ ար­մա­տա­կան տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րէ ու նոյ­նիսկ իր տե­սա­կէ­տէ ծանր պա­հե­րուն չի հե­ռա­նար հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թե­նէ։

Այս բո­լո­րի հան­րա­գու­մա­րով՝ մեր հա­մայն­քը այժմ ինն տա­րուան սպա­սու­մէ մը վերջ իր առ­ջեւ ու­նի պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան ձեռ­նար­կե­լու հո­րի­զոն մը, ա­ւե­լի քան եր­բեք գործ­նա­կան եւ ա­ւե­լի քան եր­բեք ե­րաշ­խա­ւո­րուած։ Ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կը իս­կա­պէս ճա­կա­տագ­րա­կան է։ Հա­շուե­յար­դար­նե­րու կամ ազ­դե­ցու­թեան պայ­քար­նե­րու հա­շիւ­նե­րէն հե­ռու՝ թրքա­հա­յու­թեան բո­լոր տար­րե­րը պէտք է կեդ­րո­նա­նան բա­ցա­ռա­պէս պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան կէտ նպա­տա­կին վրայ։ Հի­մա բա­ւա­րար ժա­մա­նակ եւ կա­րե­լիու­թիւն կայ, որ­պէս­զի ա­պա­գա­յին չծա­գի հա­ւա­նա­կան նոր յու­սա­խա­բու­թիւն մը եւ ա­նով պայ­մա­նա­ւո­րուած ան­խու­սա­փե­լի հա­ւա­նա­կան պոռթ­կու­մի մը նոր ա­լի­քը։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

 Ժամանակ

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter