HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Ամուր մեկնարկ

Պատրիարքական Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի քաղաքս ժամանման զուգահեռ համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը արդէն վերստին կեդրոնացած է Պատրիարքարանին վրայ։ Տագնապալի իրադարձութիւններով ծանրաբեռնուած անցումային շրջանէ մը վերջ Պատրիարքական Աթոռի գործունէութեան մէջ արդէն դարձեալ կը նկատուի կենսունակութիւն։

Այս պայմաններուն ներքեւ, պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը նպատակասլաց ձեւով յառաջ տանելու առումով նախադրեալներ կը ստեղծուին Գումգաբուի մէջ։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի վերջնականօրէն քաղաքս հասնելուն զուգահեռ՝ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին ամուր մեկնարկ մը ապահովելու առումով ազդանշաններ կը հասնին Պատրիարքարանէն, ինչ որ ընդհանուր առմամբ դրական արձագանգ կը գտնէ համայնքային կեանքէն ներս։

Ինչպէս հաղորդած էինք, երէկ առաւօտ, Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ Կրօնական ժողովի նիստ, որուն նախագահեց Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ ատենապետեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Պատրիարքարանի աղբիւրներուն կողմէ ժողովէն վերջ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ ամփոփ գիծերու մէջ բացատրութիւններ կու տայ տարուան աշխատանքին եւ ծաւալուած քննարկումներուն շուրջ։ Այսպէս, ժողովական հայրերը ողջունեցին տեղապահ Սրբազան Հօր պաշտօնի ձեռնարկելը եւ յաջողութիւն մաղթեցին իրեն։ Անոնք հաւաստիացուցին, թէ պիտի շարունակեն աջակցութիւն եւ գործակցութեան ոգի ցուցաբերել ներկայ փոխանցման շրջանին մէջ։

Ժողովական հայրերը խորհրդակցեցան պատրիարքական ընտրութեան անցեալի կիրարկումներու եւ ապագայ քայլերու շուրջ։ Անոնք կանգ առին նաեւ Պատրիարքական Աթոռի տնտեսական, դիւանական եւ գոյքերու փոխանցման գործընթացին վրայ։ Որոշուեցաւ Եկեղեցական համագումար ժողով մը գումարել յառաջիկայ Յունիսի 28-ին։ Հուսկ տեղապահ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Կրօնական ժողովի կողմէ ցարդ ծաւալուած գործունէութեան եւ ցուցաբերած աջակցութեան համար։

Մինչ այդ, երէկ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հեռաձայնով կապ հաստատեց Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հետ՝ մաղթելով բարի գալուստ եւ յաջողութիւն։ Ան Կրօնական ժողովի նիստէն կը բացակայէր ակամայ, ուստի հեռաձայնով կապ հաստատած է Նորին Սրբազնութեան հետ։

Մօտալուտ պայրամի արձակուրդի օրերէն անմիջապէս վերջ Պատրիարքարանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եկեղեցական համագումարի ժողովը։ Պատրիարքարանի աղբիւրներու հաղորդումներով, համագումարի օրակարգին վրայ պիտի գայ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ մօտաւոր անցեալին Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանին ուղարկուած նամակը, որու հիման վրայ տեղապահ Սրբազան Հայրը քաղաքս ժամանելով ձեռնարկած է պաշտօնի։ Հաշուի առնելով այդ նամակին գործնական նշանակութիւնը՝ Եկեղեցական համագումարը հաւանաբար այդ նամակը վաւերացնէ՝ որպէս հրաժարական։

Միւս կողմէ, Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան այս առաւօտ Գումգաբուի մէջ խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ մեր համայնքի խումբ մը բարերարներուն եւ ազգային գործիչներուն հետ։ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ Նորին Սրբազնութիւնը կարծիքի փոխանակումներ ունեցաւ անոնց հետ՝ պատրիարքական ընտրութեան հարցին շուրջ։ Իսկ այսօր երեկոյեան, Նորին Սրբազնութիւնը կը մասնակցի ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներուն կողմէ սարքուած իֆթարի սեղանին, որ այս տարի կազմակերպուած է ասորի համայնքի հիւրընկալմամբ։

Այս առթիւ, Նորին Սրբազնութիւնը առիթ կ՚ունենայ շփուելու պետական շրջանականերէ դէմքերու ու մանաւանդ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ, որոնց ի պատիւ կը սարքուի այս սեղանը։ Երեկոյթին ներկայ կը գտնուին նաեւ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու եւ քաղաքիս յարան-ւանութիւններու հոգեւոր առաջնորդները եւ համայնքային աշխարհական վարիչները։

Նյութի աղբյուրը՝ Ժամանակ

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter