HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Վերջ գտաւ «փոխանորդի» կարգավիճակը

Նախորդ շաբաթավերջին երբ Թուրքիա բոլորովին մատնուած էր «Պայրամ»ի օրակարգին Պատրիարքարանի մէջ կարեւոր անցուդարձեր կ՚արձանագրուէր։ Նախքան «Պայրամ»ի արձակուրդի սկիզբը 23 Յունիս Ուրբաթ օր Պատրիարքական Տեղապահ Գարեգին Արք. Պէքճեան Իսթանպուլի կուսակալութեան յանձնեց աղերսագիր մը ապագայ պատրիարքական ընտրութեան ձեռնարկելու խնդրանքով։ Աղերսագրին կցուած էր նաեւ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի առողջական վիճակը պարզող բժշկական տեղեկագիր եւ իր անգործունակութեան պատճառաւ Տիրամօր շնորհուած լիազօրութեան փաստաթուղթը։ Աղերսագիրը կ՚անդրադառնար նաեւ 15 Մարտ 2017-ին տեղի ունեցած տեղապահի ընտրութեան եւ ապագային ձեռնարկուելիք ընտրութեան կարգադիր յանձնախումբի մը կազմութեան նիւթերուն։ Թերթիս հրատարակութեան պատրաստուած ժամերուն Պատրիարքարանէն ստացանք 28 Յունիսի ժողովի մասին լուսաբանութիւն մը, որ ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք ստորեւ։

ԶԵԿՈՅՑ

Այ­սու կը ծա­նու­ցա­նենք թէ 28 Յու­նիս 2017, Չո­րեք­շաբթի, ժա­մը 10.00-ին, Եկե­ղեցա­կան Ընդհա­նուր Ժո­ղովը գու­մա­րուե­ցաւ, Պատ­րիար­քա­րանի դահ­լի­ճին մէջ, նա­խագա­հու­թեամբ՝ Պատ­րիար­քա­կան Տե­ղապահ՝ Բարձր. Տ. Գա­րեգին Ար­քե­պիս­կո­պոս Պէք­ճեանի։

Տե­ղապահ Սրբա­զան Հայ­րը ժո­ղովին տե­ղեկու­թիւն փո­խան­ցեց Գերշ. Տ. Արամ Ար­քե­պիս­կո­պոս Աթէ­շեանի հետ ու­նե­ցած իր հան­դի­պու­մին մա­սին։ Բարձր. Տ. Գա­րեգին Սրբա­զան Հայ­րը, Գերշ. Տ. Արամ Սրբա­զան Հօր յայտնած էր թէ որ­պէսզի Պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թիւննե­րը ու­նե­նան առողջ գոր­ծընթաց եւ կան­խուին հա­ւանա­կան սխալ հաս­կա­ցողու­թիւններ անհրա­ժեշտ է իր հրա­ժարա­կանը։ Նաեւ յայտնած էր թէ կա­յանա­լիք Եկե­ղեցա­կան Ընդհա­նուր Հա­մագու­մա­րը պի­տի քննար­կէ սոյն պա­րագան եւ որո­շում պի­տի կա­յաց­նէ։ Ուստի Տե­ղապահ Սրբա­զան Հայ­րը, Գերշ. Տ. Արամ Սրբա­զան Հօր առա­ջար­կած էր ինքնա­բերա­բար ներ­կա­յաց­նել գրա­ւոր հրա­ժարա­կան՝ յա­նուն հա­մերաշ­խութեան։ Գերշ. Տ. Արամ Ար­քե­պիս­կո­պոս յայտնած էր թէ չէ մտադ­րուած հրա­ժարա­կան ներ­կա­յաց­նել ու պի­տի յար­գէ ժո­ղովոյ որո­շումնե­րը։

Ուստի Եկե­ղեցա­կան Ընդհա­նուր Հա­մագու­մար Ժո­ղովը, կա­տարուած քուէար­կութեամբ 22 դրա­կան, 2 ժխտա­կան եւ 1 ձեռնպահ քուէով վա­ւերա­ցուց ստո­րեւի բա­նաձե­ւը եւ որո­շեց թէ՝ Գերշ. Տ. Արամ Ս. Ար­քե­պիս­կո­պոս Աթէ­շեան դադ­րած է Պատ­րիար­քա­կան Ընդհա­նուր Փո­խանոր­դի իր պաշ­տօ­նէն եւ ընդհա­նուր Փո­խանոր­դի վա­յելած իրա­ւասու­թիւննե­րէն եւ պա­տաս­խա­նատուու­թիւննե­րէն։

«26 Հոկ­տեմբեր 2016 թուակա­նին կա­տարուած Եկե­ղեցա­կան Ընդհա­նուր Հա­մագու­մար Ժո­ղովը հաս­տա­տած էր թէ Պատ­րիար­քա­կան Աթո­ռը թա­փուր է, եւ հանգստեան կո­չած՝ Ն.Ա.Տ. Մես­րոպ Ս. Պատ­րիարք Հայ­րը։

15 Մարտ 2017ին թա­փուր մնա­ցած Աթո­ռին Տե­ղապահ ընտրուած էր Բարձր. Տ. Գա­րեգին Ս. Ար­քե­պիս­կո­պոս Պէք­ճեանը, Եկե­ղեցա­կան Ընդհա­նուր Հա­մագու­մար Ժո­ղովի կող­մէ։

Նկա­տի ու­նե­նալով տե­ղապա­հի ընտրու­թիւն կա­տարուած ըլ­լա­լը եւ մեր հնա­ւանդ եկե­ղեցա­կան կա­նոն­նե­րուն ուղղու­թեամբ ցնոր Պատ­րիար­քի ընտրու­թիւն, թէ վար­չա­կան եւ թէ ներ­կա­յացուցչա­կան առու­մով Պատ­րիար­քա­կան Աթո­ռոյ լիազօրն է Տե­ղապահ Սրբա­զան Հայ­րը։ Եկե­ղեցա­կան հնա­ւանդ կա­նոն­նե­րուն հա­մաձայն Տե­ղապա­հի ընտրու­թեամբ վերջ գտած է Ընդհա­նուր Փո­խանոր­դի պաշ­տօ­նի պա­հանչքը։ Ուստի բնա­կանօ­րէն վերջ կը գտնէ Գերշ. Տ. Արամ Ս. Ար­քե­պիս­կո­պոս Աթէ­շեանի Պատ­րիար­քա­կան Ընդհա­նուր Փո­խանոր­դի պաշ­տօ­նը։

Եկե­ղեցա­կան Հա­մագու­մար Ժո­ղովը, որ­պէսզի Պատ­րիար­քա­կան Ընտրու­թեան գոր­ծընթա­ցի մէջ կան­խուին հա­ւանա­կան սխալ հաս­կա­ցողու­թիւններ, 28 Յու­նիս 2017 թուակա­նի ժո­ղովին կա­տարուած քուէար­կութեամբ կը հաս­տա­տէ թէ Գերշ. Տ. Արամ Ս. Ար­քե­պիս­կո­պոս Աթէ­շեան դադ­րած է Պատ­րիար­քա­կան Ընդհա­նուր Փո­խանոր­դի իր պաշ­տօ­նէն եւ ընդհա­նուր Փո­խանոր­դի վա­յելած իրա­ւասու­թիւննե­րէն եւ պա­տաս­խա­նատուու­թիւննե­րէն։ե

ՊԱՏ­ՐԻԱՐ­ՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ

Ակոս

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter