HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Երեսփոխանէն ահազանգ

Իսթանպուլի երեսփոխան Սելինա Տողան (ՃՀՓ) Ազգային մեծ ժողովի Սահմանադրութեան յանձնաժողովին մօտ օրակարգի վրայ բերաւ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու շարք մը խնդիրները։ ԱՔ կուսակցութեան եւ ՄՀՓ-ի նախաձեռնութեամբ պատրաստուած է նախագիծ մը՝ փոփոխութեան ենթարկելու համար խորհրդարանի ներքին կանոնադրութիւնը։ Այդ նախագծին շուրջ քննարկումները կը շարունակուին խորհրդարանի Սահմանադրութեան յանձնաժողովին մօտ։ Սելինա Տողան շեշտած է, որ սոյն նախագծով կը սահմանափակուի ընդդիմութեան հակակշռման ուժը եւ կը կրճատուի անոր վերապահուած ելոյթի ժամկէտը։ Ան մէջբերած է նախագծի բովանդակութեան շարք մը դրոյթները եւ այդ ամբողջին մէջ ուշադրութիւն հրաւիրած է հետեւեալ կէտին վրայ. «Թուրք ազգի պատմութեան եւ հասարակաց անցեալին ուղղեալ անարգանք եւ մեղադրանք»։ Այս խնդիրը միջոցէ մը ի վեր արդէն առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնէ քաղաքական օրակարգը։

ՃՀՓ-ական երեսփոխան Սելինա Տողան վերոյիշեալի լոյսին տակ հարց տուած է հետեւեալը. «Անտարակոյս ոեւէ մէկը պէտք չէ անարգէ ու չի կրնար անարգել թուրք ազգի պատմութիւնն ու հասարակաց անցեալը։ Հապա միւս ազգերը։ Օրինակ՝ կարելի՞ է անարգել հայ ազգի պատմութիւնը։ Հրեաներու պարագային ոեւէ երեսփոխան կրնա՞յ անարգանք մը ընել ըստ իր փափաքին։ Ազա՞տ է յոյներուն եւ ասորիներուն դէմ անարգանքը»։ Այս հարցադրումներուն զուգահեռ Սելինա Տողան ընդգծած է, որ փորձ կը կատարուի փոքրամասնութիւններու ձայնը խափանելու համար։

Ըստ Սելինա Տողանի իշխանութիւնները երկրէն ներս այնպիսի քաղաքական միջավայր մը ստեղծած են, որ փոքրամասնութիւնները այլեւս մեծ մտահոգութեան մը մատնուած են՝ իրենց գոյութիւնը, ներկայութիւնը տեւականացնելու առումով։ Իր խօսքերով, 15 Յուլիսի զինեալ յեղաշրջման փորձէն անմիջապէս վերջ իշխանամէտ զանգուածային լրատուութեան միջոցները սկսած են թիրախ ցոյց տալ փոքրամասնութիւնները։ «Տակաւին անցեալ Կիրակի Հայոց Պատրիարքարանը աղօթք կատարեց 15 Յուլիսի նահատակներուն համար։ Թուրքիոյ հրեայ հասարակութիւնն ալ Շաբաթ օրը սինակոկներու մէջ մասնաւոր աղօթասացութիւն կատարեց 15 Յուլիսի նահատակներուն եւ մեր երկրի անդորրութեան համար։ Իսկ ի՞նչ ըրաւ իշխանամէտ մամուլը։ Ֆեթհուլլահ Կիւլէնը որպէս հայ ցոյց տուաւ ու գրեց, որ ան կը համագործակցի հրեաներու հետ։ Նոյնիսկ զինեալ յեղաշրջման առընչակից դարձուեցաւ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը, որ իր ամբողջ կեանքը ձօնած է խաղաղութեան։ Երբ որ երկրէն ներս կացութիւնը այդպէս է, ձեր ակնկալութեամբ փոքրամասնութիւնները ինչպէ՞ս պէտք է մտածեն։ Փոքրամասնութիւնները առաջին անգամ այսքան թիւով երեսփոխանով կը ներկայացուին խորհրդարանէն ներս եւ ներքին կանոնադրութեան այս փոփոխութիւնով դուք իրականութեան մէջ կը խափանէք նաեւ փոքրամասնութիւններուն ձայնը խորհրդարանէն ներս», ըսաւ Սելինա Տողան։

Ներքին կանոնադրութեան փոփոխութեան նախագիծը քննադատելով Սելինա Տողան շեշտեց նաեւ, որ իրենք կողմնակից չեն որեւէ ազգի հասարակաց անցեալի դէմ անարգանքի։ Բայց եւ այնպէս, այդ անարգանքները կանխելու ճանապարհը պատիժները չեն։ Սա միայն ու միայն կախում ունի Թուրքիոյ մէջ ատելութիւնները պատժելով ու վերջ տալով այն քաղաքական լոզունգներուն, որոնք հասարակութիւնը կը պառակտեն։ «Եթէ անպայման պիտի կատարուին փոփոխութիւններ, ապա պատժամիջոցները թող նախատեսուին այս բոլորին համար», յայտնեց երեսփոխանը։

Նիւթի աղբիւը՝ Ժամանակ

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter