HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Թռչունը վանդակէն խոյս տուա

Վարդան Էստուկյան

Եթէ իբրեւ գիտութիւն իրաւաբանութիւնը իր ամենադժուար ժամանակը կը բոլորէ Թուրքիոյ մէջ այդ երեւոյթի վառ ապացոյցներէն մէկն ալ Սեւան Նշանեանի ծիծաղաշարժ դատապարտութիւնն էր։ Այլախոհ այս ծանօթ մտաւորականը 2014-ի Յունուար ամիսէն այս կողմէ կը մնայ արգելանոցի մէջ, իբրեւ թէ իր սեփական հողին վրայ ապօրէն կերպով շինութիւն կառուցած ըլլայ։ Թրքերէնին մէջ կայ նման երեւոյթները նկարագրող ասացուածք մը՝ «ճուտիկներն ալ կը ծիծաղեն»։ Արդարեւ ամէն ոք գիտէ թէ Նշանեանի բանտարկութեան բուն պատճառը իր խիզախ ելոյթներն են։

Վերջապէս այս ծիծաղաշարժ բայց դառն բանտարկութիւնը իր աւարտին հասաւ Նշանեանի Զմիւռնիոյ մերձակայ Ֆոքայի բանտէն փախուստով։ Նշենք որ Ֆոքայի բանտը բաւական ազատութիւններ ընդձեռող կառոյց մըն է, որուն բնակիչները մերթ ընդ մերթ կրնան դուրս ելլել ու ապա վերադառնալ։ Ահա այս վերջինն էր որ չէր եղած այս անգամ, քանի որ Սեւան Նշանեան դուրս ելած եւ սակայն անգամ մըն ալ ետ չէր վերադարձած։

Նշանեան իր փախուստը յայտարարեց «թռչունը վանդակէն թռաւ, տարոսը մնացեալ 80 միլիոնին» նախադասութեամբ։ Փախուստէն ետք կապ հաստատեցինք այլախոհ մտաւորականի հետ, որ պատասխանեց «Ակօս»ի հարցումներուն։

Վարդան Էսդուգեան- Կառավարութեան մօտ ի՞նչ տեսակ ազդեցութիւն մը գործած է ձեր փախուստը։

Սեւան Նշանեան- Շիրինճէի մէջ իմ մղած պայքարը պետութեան ըմբոստանալ ըլլալով ընկալուեցաւ։ Այդ ալ պատճառ դարձաւ որ «պետութիւն» կոչուած օլիկարխներու համակարգը իր ամբողջ ոխն ու ատելութիւնը ուղղէ իմ վրայ։ Սակայն ես շարունակած ու այս անգամ ալ անհանգստութիւն պատճառած էի իսլամութեան դէմ գերզգայուն շրջանակներուն։ Ուրեմն այդ շրջանակն ալ կը փափաքէր զիս կախաղան հանել։ Իրականութեան մէջ շինութեան վերաբերեալ մեղադրանքները պատրուակներ են միայն։ Զիս իսլամը անարգելու մեղադրանքով դատապարտեցին, բայց այդպէս յայտարարելը ձեռնտու չէր իրենց համար ուրիշ տեսակ մեղադրանքներ սարքեցին։ Բանտի մէջ անցնող ժամանակի տեւողութեան զգացի որ զիս հանգիստ պիտի չթողուն։ Յատուկ միջոցներով զգացուցին այս երեւոյթը։ Վերջապէս այս Թուրքիոյ հանրապետութեան այլեւս դասականացած ռազմավարութիւնն է, որ հարիւր տարիէ կը շարունակուի՝ «ահաբեկէ որ փախչին»։ Կը դիմադրես անշուշտ, բայց մինչեւ ե՞րբ։

Վ.Է.-Նախքան որ բան մտնէք արտասահման ելած էիք եւ կրնայիք չվերադառնալ։ Հիմա ի՞նչն է որ ձեզի փախուստի առաջնորդեց։

Ս.Ն.- Յանձն առած էի մէկ-երկու տարու ազատազրկումը։ Երեքուկէս տարի քիչ մը յոգնեցուցիչ էր։ Եւս երեք տարի պիտի մնայի եւ յայտնի դարձաւ որ արձակելու նպատակ չունին։ Չէ որ անդին կար շարունակուող դատավարութիւններ, որոնք եւս պատիժով կրնային աւարտուել։Նշանեանի իրաւապաշտպան Կիւլչին Աւշար ալ իր կարգին մեկնաբանեց Սեւան Նշանեանի փախուստի դիմելու դրդապատճառները։ «Իր ապրած փորձութիւնները, մատնուած անարդարութիւնը պատճառ դարձաւ որ փախուստի դիմէ։ Վերջապէս յիշենք թէ Սեւան Նշանեան իրեն ուղղուած այդ մեղադրանքով բանտարկուած միակ անձն է այս երկրի մէջ։ Շիրինճէ գիւղի զարգացման համար իր տարած աշխատանքները անհաւատալի են։ Ան մէկ կողմ թողենք Շիրինճէի պատմական արժէքներուն վնասելը, ընդհակառակը այդ վայրին այսօրուայ օրինակելի վիճակին հասնելու հեղինակն է։ Ես տեղեակ չեմ իր փախուստի եղանակներու մանրամասնութեան, բայց որպէս զինքը ճանչցող կրնամ կռահել, թէ հիմա ազատութեան պայմաններու մէջ աւելի շատ պիտի արտադրէ։ ըսաւ իրաւապաշտպան Կիւլչին Աւշար։ 

Նյութի աղբյուրը՝ Ակոս

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter