HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սա Մեր Ճակատագիրն է

Նամակ Երկրէն

Անցեալ տարի, Ապրիլեան պատերազմէն ետք «Թուֆէնքեան» հիմնադրամը որոշեց նորոգել ծանրօրէն վիրաւորուած եւ սոցիալապէս անապահով արցախցի զինուորներու բնակարանները: Արցախի կառավարութենէն ստացանք տարբեր կռիւներու ընթացքին ծանրօրէն վիրաւորուած շուրջ 100 զինուորներու անուններն ու հասցէները, որպէսզի անձամբ ծանօթնանք անոնց եւ տեսնենք թէ անոնցմէ ովքե՞ր դժուար պայմաններու մէջ կ'ապրին եւ կարիք ունին նոր կամ նորոգուած ու հաշմանդամութեան պայմաններուն յարմարեցուած բնակարաններու: Սա նուազագոյնն է, որ կրնայինք ընել իրենց կեանքը հայրենիքին նուիրած մեր զինուորներուն:

Բազմաթիւ այցելութիւններ արդէն կատարած էինք, երբ տեղեկացանք, որ Ստեփանակերտի բնակիչ երիտասարդ սպայ մը, որ ուսէն եւ մէջքէն ծանր վէրքեր ստացած էր, շուրջ մէկ ամիս հիւանդանոց մնալէ ետք վերադարձած է տուն: Հասցէն ստուգելէ ետք գացինք Կիմ անունով երիտասարդ սպային բնակարանը: Կիմը նոր ամուսնացած էր եւ կ'ապրէր ծնողքին հետ: Մեզ գրկաբաց ընդունեցին եւ սուրճ ու միրգ հիւրասիրեցին: Կոկիկ եւ լաւ կահաւորուած բնակարան մըն էր եւ յայտնի էր, որ Կիմն ու իր ընտանիքը համեմատաբար  աւելի լաւ պայմաններու մէջ կ'ապրէին: Սուրճ ու միրգ հիւրասիրեցին մեզի եւ Կիմը պատմեց կռիւներուն ու իր վիրաւորուելու միջադէպին մասին: Սուրճը խմած էինք եւ կը պատրաստուէինք մեկնելու, երբ նոյն ռոպէին ներս մտաւ Կիմի հայրը, նստած՝ սայլակի մը վրայ: Հաշմանդամ էր, 90-ականներու պատերազմին կորսնցուցած էր ոտքերը: Կատակասէր, ուրախ, կենսախինդ մարդ մըն էր Էդիկը, Կիմի հայրիկը, արցախեան պատերազմի վեթերան զինուորը: Չկրցանք մերժել երկրորդ սուրճ մըն ալ խմելու հրաւէրը եւ դարձեալ տեղաւորուեցանք մեր աթոռներուն վրայ:

Միշտ ժպտացող, բարձրաձայն խնդացող ու կատակող էդիկին հարցուցի 90-ականներու կռիւներուն եւ իր հաշմանդամութեան պատճառներուն մասին: Պատմեց, որ իրենք կու գան Մարտակերտի Մարաղա գիւղէն, որ ներկայիս կը գտնուի ադրբեջանական ուժերու տիրապետութեան տակ: Պատերազմի սկսզբնական տարիներուն, շատ ուժեղ, ահաւոր կռիւներ տեղի ունեցան այդ շրջանին մէջ: Մարաղան ձեռքէ ձեռք անցաւ, բայց հակառակ բուռն ինքնապաշտպանական մարտերուն, գիւղը վերջաւորութեան մնաց թուրքերուն տիրապետութեան տակ: Այդ կիւներէն մէկուն ընթացքին էր, որ ռումբի պայթումէն Էդիկ կորսնցուց իր երկու ոտքերը: Նոր ամուսնացած էր, դեռ երկու երեխաներն ալ շատ փոքր էին, երբ ստիպուած իր համագիւղացիներուն հետ զէնք վերցնել, բայց վիրաւորուելով՝  գամուեցաւ հաշմանդամութեան սայլակին: Բայց յոյսե երբեք չկորսնցուց: Պատերազմի աւարտին, Հայաստանի Կարմիր Խաչի օգնութեամբ կօշկակառութիւն սորվեցաւ Երեւանի մէջ ու Ստեփանակերտի մէջ բացաւ իր փոքրիկ խանութը:

«Արհեստ սովորեցի, խանութ բացեցի աշխատեցի եւ ընտանիք պահեցի... Փա՜ռք Աստծոյ, ոչ մի բանի կարիք չունեմ: Երկու երեխայ ունեմ, մի աղջիկ ու մի տղայ: Տղես զինուոր ա, վիրաւորուել ա, բայց ոչինչ, ուժեղ տղայ ա, շուտով արդէն ոտքի կը կանգնի: Լոխ լաւ ա, չմտահոգուէ՛ք,  ես սաղին ասել եմ, որ էս սայլակը իմն ա, ոչ ոքի չեմ տալու, յանկարծ ոտ-մոտ չկորցնէք», կատակեց Էտիկ ու բարձրաձայն խնդաց ու վարակեց նաեւ մեզ:

Երբ իմացաւ մեր այցելութեան նպատակը, ուրախացաւ եւ ըսաւ, որ իրենք բանի մը կարիքը չունին, բայց կան ուրիշներ, որ իսկապէս «վատ վիճակում են յայտնուել»:

«Գնացէ՛ք, օգնէ՛ք նրանց: Սա մեր ճակատագիրն ա, իրար պէտք է օգնենք: Ես գիտեմ, որ մի օր թոռներս էլ են զինուոր գնալու: Թող պատերազմը հեռու լինի մեզանից: Բայց ինչ անենք, 20 տարի առաջ ես էի առաջնագծում: Հիմի էլ տղես ա, 20 տարի յետոյ թոռներս են լինելու էնտեղ: Խաղաղութիւն ենք ցանկանում, բայց լաւ գիտենք մեր ճակատագիրը: Աստուած մեր հետ», ըսաւ ան:

Ամէն Ստեփանակերտ այցելելուս, երբ կ'անցնիմ Էդիկի խանութիւն առջեւէն, ականջիս կը հնչէ իր բարձր ծիծաղը, խաղաղութեան մաղթանքը եւ իր ու ազգի ճակատագրին հետ հաշտ ապրելու իր համոզումը:  

Գրեցէ՛ք ինծի:

Րաֆֆի Տուտագլեան

[email protected]

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter